16.3 C
Yerevan

Միասնա­կան Հայություն

Պատգամ որ յստա­կօ­րէն կը հաստա­տէ թէ Արցա­խի ապա­գա­յի հարցով, ինքը Արցա­խա­հա­յութիւնը վճռա­կամ է եւ պահանջա­տէր բոլո­րէն՝ որպէսզի ինքը կարե­նայ ապա­հով եւ ինքնիշխան ապրիլ իր պապե­նա­կան հողին վրայ։

Վիգեն Հովսեփյան

Որքան հպարտա­ռիթ եւ գօտեպնդիչ երեւոյթ է տեսնել այն հոծ բազմութիւնը որ երէկ հաւա­քուած էր Ստե­փա­նա­կերտի մէջ։ Գործող իշխա­նութիւններ՝ նախա­գա­հէն մինչեւ նախա­րարներ, նախկին նախա­գահներ, ընդդի­մա­դիր ուժեր եւ հեղի­նա­կութիւններ ի մի եկած ՄԷԿ ՆՊԱՏԱԿԻ համար։ Արդա­րեւ, պատե­րազմի օրե­րէն այսդին, սա միասնա­կա­նութեան եզա­կի երեւոյթ է։ Բոլո­րին զիրար միացնո­ղը ինքնիշխան, հայկա­կան եւ ամբողջա­կան Արցա­խի տեսլա­կանն է։

Անշուշտ որ տարա­տե­սակ եւ երբեմն ալ անհե­թեթ մեկնա­բա­նութիւննե­րու տեղի տուած է այս հաւա­քը, բայց պարզ այն հանգա­մանքը որ անոր կազմա­կերպումին եւ զօրակցութեան մէջ դերա­կա­տար եղած են ԲՈԼՈՐԸ, այնքա­նով ալ հզօր է նաեւ անոր պատգա­մը։ Պատգամ որ կը վերա­հաստա­տէ Արցա­խի բնակչւթեան յանձնա­ռութիւնը եւ յստակ պահանջ կը ներկա­յացնէ միջազգա­յին հանրութեան՝ ըսե­լու համար թէ երբ Արցա­խի ապա­գան է խնդրոյ առարկան, ապա ներքին խնդիրնե­րը, հաւակնութիւններն ու ճաշակնե­րը մէկ կողմ կը դրուին։ Պատգամ որ յստա­կօ­րէն կը հաստա­տէ թէ Արցա­խի ապա­գա­յի հարցով, ինքը Արցա­խա­հա­յութիւնը վճռա­կամ է եւ պահանջա­տէր բոլո­րէն՝ որպէսզի ինքը կարե­նայ ապա­հով եւ ինքնիշխան ապրիլ իր պապե­նա­կան հողին վրայ։

Վերջա­պէս, փաստօ­րէն եւ ոչ պարզ զուգա­դի­պութեամբ մը ճշտուած իր կայա­ցած պահով, այս միասնա­կան հաւաքն ու Ազգա­յին Ժողո­վի պատգա­մը ուղղուած են ժամեր ետք Սոչիի մէջ կայա­նա­լիք հանդիպման մասնա­կիցնե­րուն եւ ընդհանրա­պէս միջազգա­յին հանրութեան, անոնց ըսե­լու համար թէ ժողովրդա­վար Արցա­խը չի կրնար մաս դառնալ բռնա­պե­տա­կան Ատրպէյճա­նին՝ ոչ տրա­մա­բա­նութեամբ, ոչ ալ միջազգա­յին օրէնքնե­րու ու համա­մարդկա­յին արժէքնե­րու հիման վրայ։

Կը մնայ որ միջազգա­յին ուժերն ու հանրութիւնը հասկնան թէ համա­պա­տասխան ճնշումնե­րը պէտք է բանե­ցուին ոչ թէ Հայաստա­նի վրայ, այլ Ատրպէյճա­նի։

Արցա­խը տէրն է իր ապա­գա­յին,
Արցա­խը տէրն է իր իրաւունքնե­րուն,
իսկ մենք՝ ամբողջ ազգով Արցա­խի կողքին ենք։

Գրա­ռումը՝ Վիգեն Հովսեփյա­նի ֆեյսբուքյան էջից։

Առնչվող Հոդվածներ