Հայաստան

Տեղափոխութիւն, Գաղթ Եւ Տեղաշարժ

Անհրաժեշտ է գիտակցիլ, որ միայն մենք չենք, որ այս վիճակին մատնուած ենք, կան նաեւ այլ ժողովուրդներ, որոնք աւելի դժուար իրավիճակներու մէջ եղած են եւ ե՛ն: Իրլանտայէն, 1820-1930 ժամանակահատուածին, մինչեւ 4.5 միլիոն մարդ արտագաղթած է Ամերիկա, յատկապէս 1845ի սովին իբրեւ հետեւանք (potato famine): Հապա ի՞նչ ըսել ափրիկեան երկիրներու աներեւակայելի թշուառութեան մասին:


Աւօ Պօղոսեան

Ցեղերու, ժողովուրդներու, նոյնիսկ ազգերու զանգուածային տեղափոխութիւնները եւ գաղթերը նոր երեւոյթներ չեն. անոնք եղած են մարդկային պատմութեան անբաժանելի մէկ մասը: Ադամն ու Եւան դրախտէն դուրս վտարուեցան, Նոյի զաւակները Արարատեան դաշտէն իրենց ունեցուածքով հեռացան դէպի տարբեր ուղղութիւններ: Մարդաբաններ կ՛ըսեն, թէ մարդկութիւնը (Homo sapiens) Ափրիկէի մէջ սկիզբ առաւ, անոնցմէ մաս մը դէպի հիւսիս ուղղուեցաւ եւ սկզբնական շրջանին հաստատուեցաւ Միջին Արեւելքի մէջ, ուր քաղաքակրթութիւն հիմնեց, ապա անկէ տարածուեցաւ դէպի մոլորակին բոլոր կողմերը: Աւելի ուշ, գիտենք, որ արեւելքէն վաչկատուն ցեղերը դէպի արեւմուտք արշաւեցին եւ տիրապետեցին, երբեմն՝ իրենց ճանապարհին վրայ եղողներուն քշելով իրենց բնօրաններէն դուրս: Գիտենք, օրինակ, որ պուլկար ազգը պարզապէս իր Վոլկայի բնօրաննը լքելով՝ եկաւ ու հիմնեց իր ներկայ երկիրը:

Ներկան ալ չի տարբերիր անցեալէն… մենք կը տեսնենք այդ ժողովրդային շարժերուն շարունակութիւնը՝ արեւելքէն դէպի արեւմուտք, հարաւէն հիւսիս: Այս գաղթերը պայմանաւորուած են բազմաթիւ պատճառներով, սկսեալ կրօնական հալածանքներէ, ինչպէս էր պարագան հրեայ ժողովուրդին, երբ երկու հազար տարի առաջ իր ծննդավայրէն հեռացաւ ու սփռուեցաւ աշխարհով մէկ, կամ՝ Հայկական լեռնաշխարհէն թոնդրակեցիներուն հալածանքն ու վտարումը: Այլ պատճառներ են սովը, երաշտը, պատերազմները, բնական աղէտները եւ աւելի ապահով ու բարեկեցիկ կեանք մը ապրելու ցանկութիւնը, եւ այլն:

Գաղթի ալիքները, ներկայիս, առաւելաբար ափրիկեան երկիրներէն դէպի եւրոպական ցամաքամաս կը թափին, մասնաւորաբար՝ դէպի Արեւմտեան Եւրոպայի հարուստ երկիրները, իսկ ըստ գիտնականներու կանխատեսումներուն, մթնոլորտի տաքացման իբրեւ հետեւանք՝ մօտաւորապէս 3էն 6 աստիճան յետագայի բարձրացումը՝ առաւելաբար Ափրիկէի եւ ընդհանրապէս հասարակաց գօտիի շրջաններուն մէջ, երաշտ եւ սով պիտի յառաջացնէ, ինչ որ պիտի մղէ ժողովուրդները դէպի քաղաքներ գաղթի, որուն ալ իբրեւ հետեւանք՝ պիտի յառաջանայ ընկերային բազմաթիւ հարցեր ու ապակայուն քաղաքական իրավիճակ, ինչ որ իր հերթին պիտի մղէ զանգուածները արտագաղթելու դէպի հիւսիս եւ Եւրոպա: Այդ ալիքները եւրոպական երկիրներուն մէջ պիտի ստեղծեն ներքին հարցեր, տնտեսական ճգնաժամ, ընկերային ընդվզումներ, ազգայնականութեան աճ եւ աջակողմեան քաղաքական հոսանքներու իշխանութեան վերադարձ՝ իր անցեալի արհաւիրքները յիշեցնող մթնոլորտով: Միայն ափրիկեան ցամաքամասի բնակչութիւնը այս դարաշրջանին կը նախատեսուի աւելնալ 3-4 միլիառով…

Գաղթի ալիքները արգելակող ազդակներ գրեթէ չկան: Ականատես կ՛ըլլանք մահն աչք առնելով եւ ծովամոյն ըլլալու գնով անգամ՝ գաղթողներուն դէպի Եւրոպա խուժելը: Նոյնինքն Եւրոպայի մէջ, երկաթէ վարագոյրի փլուզման յաջորդած էր արեւելեան Եւրոպայի երկիրներէն՝ Ռումանիայէն, Հունգարիայէն, Լեհաստանէն, Ռուսիայէն, Ուքրանիայէն եւ այլ երկիրներէ, հարիւր հազարաւորներու արտագաղթը: Այսօր դժուար է գտնել գէթ մէկ մեծ քաղաք՝ թէ՛ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու եւ թէ արեւմտեան Եւրոպայի տարածքին, ուր չկան ռուսական, հնդկական, չինական, եւ այլ ազգութեանց համայնքներ:

Դէպի արեւմտեան զարգացած երկիրներ գաղթէն մաս մը, անշուշտ, նոյնինքն այդ երկիրներու ցանկութեամբ տեղի կ՛ունենայ, որովհետեւ աշխատող ձեռքերու կարիքը ունին այդտեղ: Փաստ է, որ արեւմտեան երկիրները ժողովրդագրական աճ չեն արձանագրեր, այլ ընդհակառակը՝ նոյնիսկ կը նուազին, կեանքի սուղ պայմաններու եւ առհասարակ կանանց եւ տղամարդկանց միջեւ հաւասարութեան իրաւունքի հաստատման պատճառով, որուն իբրեւ արդիւնք՝ կանայք ալ հաւասարապէս ընդգրկուած են աշխատանքի բոլոր ոլորտներուն մէջ, հետեւաբար՝ բազմազաւակութիւնը շատ հազուագիւտ երեւոյթ դարձած է: Տնտեսութիւնը կայուն պահելու եւ աշխատուժի բացը գոցելու համար, օտարազգիներ պիտի շարունակուին պահանջուիլ:

Թէ ինչպէս առաջքը առնել անվերահսկելի գաղթականական այս ալիքներու հետեւանքներուն, մանաւանդ Եւրոպայի մէջ սպասուող ափոքալիբթիքային իրավիճակներուն՝ կը մնայ միայն մէկ ռազմավարութիւն, որ մասամբ կրնայ մեղմացնել անոր սրութիւնը: Զարգացած արեւմուտքը եւ մեծ պետութիւնները ընդհանրապէս, պարտին ծրագրել ոչ զարգացած եւ աղքատ երկիրներու տնտեսութիւններու վերականգնումը, զարգացումը, առողջացումը, որպէսզի մարդիկ կառչած մնան իրենց տուներուն, հողին եւ երկրին: Այդ կրնայ նոյնիսկ հակառակ ուղղութեամբ գաղթ պատճառել (reverse migration): 1990ականներուն, Լեհաստանէն գաղթած եւ ուրիշ երկիրներ ապաստան գտնողներուն դէպի մայր երկիր վերադարձ արձանագրուած էր ու տակաւին կը շարունակուի արձանագրուիլ, պարզապէս երբ լեհական տնտեսութիւնը սկսաւ վերականգնելու, երբ լեհ գործարարներ վերադարձան եւ գործարաններ հիմնեցին իրենց երկրին մէջ: Այդ օրինակը ամէնէն աւելի տեսանելի է թէ՛ հնդիկ, թէ՛ չինացի գործարարներու, եւ ինչու չէ՝ նաեւ իրենց ուսումը արտերկրի՝ Միացեալ Նահանգներու եւ Եւրոպայի մայրաքաղաքներուն մէջ ստանալէ ետք հայրենիքներուն մէջ ներդնող երիտասարդներու պարագային:

Մեր հայրենիքի՝ Հայաստանի պարագան ալ չէր կրնար տարբերիլ միւս երկիրներէն, եւ այստեղ տարօրինակ բան չկայ: Անկախութենէն ետք, երկաթէ անիծեալ վարագոյրի փլուզման պիտի յաջորդէր բազմութիւններու փախուստը, երկրաշարժին յաջորդած անյուսութեան եւ անօգնութեան իբրեւ հետեւանք, որ շարունակուեցաւ նաեւ երկրին մէջ ծայր առած ու չդադրած կողոպուտին, անարդարութեան, անգործութեան եւ Արցախեան պատերազմի շարունակականութեան:

Այդ արտագաղթը, ցաւ ի սիրտ, դեռ չէ դադրած եւ կը շարունակէ արիւնաքամ ընել երկիրը, սակայն յոյսի նշոյլ կա՛յ: Կ՛երեւի որոշ կամք արտերկրի հայերու մօտ՝ վերադառնալու եւ հիմնելու տնտեսութիւն, կ՛երեւին զայն վերականգնելու փորձերը եւ անգամ նախաձեռնութիւնները, կը կազմակերպուին խորհրդաժողովներ՝ միասնական հայութեամբ հայրենի երկրին եւ ժողովուրդին օգնելու, վերականգնելու եւ զարգացման ուղիի վրայ դնելու տնտեսութիւնը, գիտութիւնը, արդիւնաբերութիւնը, զբօսաշրջութիւնը, եւ այլն: Անհրաժեշտ է գիտակցիլ, որ պատմութիւն կերտած, հազարամեակներ դիմացած ու կանգուն մնացած ազգերն են միա՛յն, որոնք մերժած են անձնատուր ըլլալ: Անհրաժեշտ է գիտակցիլ, որ միայն մենք չենք, որ այս վիճակին մատնուած ենք, կան նաեւ այլ ժողովուրդներ, որոնք աւելի դժուար իրավիճակներու մէջ եղած են եւ ե՛ն: Իրլանտայէն, 1820-1930 ժամանակահատուածին, մինչեւ 4.5 միլիոն մարդ արտագաղթած է Ամերիկա, յատկապէս 1845ի սովին իբրեւ հետեւանք (potato famine): Հապա ի՞նչ ըսել ափրիկեան երկիրներու աներեւակայելի թշուառութեան մասին:

Մենք նոյնիսկ դեռ աւելի բախտաւոր ենք շատ այլ երկիրներէ: Մենք առնուազն ունինք միատարր բնակչութիւն, որ միասնական ըլլալու պարագային կրնայ հրաշքներ գործել: Այսօր Եւրոպական Միութեան եւ ընդհանրապէս ամբողջ Եւրոպայի տարածքին չկայ գոնէ մէկ երկիր, որ ներքին փոքրամասնութիւններու խնդիր կամ հողային թէկուզ անթեղուած վէճեր չունենայ հարեւան մէկէ աւելի երկիրներու հետ, որոնք աջակողմեան հոսանքներու իշխանութեան հասնելու պարագային՝ թարախակալած վերքերու նման կրնան պայթիլ:

Այո՛, մենք պէտք է վճռենք ապրիլ, միասնական ըլլալ, զարգանալ, զարգացնել, վերականգնել մեր տնտեսութիւնը, որպէսզի դէպի երկիր վերադառնան աշխարհով մէկ թափառող մեր բեկորները, որովհետեւ մարդ միայն իր երկրին եւ իր նմաններուն մէջ է որ լիարժէք ըլլալու զգացողութիւնը կ՛ապրի:

Հոդվածը՝ Asbarez.am կայքից։

    

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *