20.9 C
Yerevan

Տեղա­փո­խութիւն, Գաղթ Եւ Տեղա­շարժ

Անհրա­ժեշտ է գիտակցիլ, որ միայն մենք չենք, որ այս վիճա­կին մատնուած ենք, կան նաեւ այլ ժողո­վուրդներ, որոնք աւե­լի դժուար իրա­վի­ճակնե­րու մէջ եղած են եւ ե՛ն: Իրլանտա­յէն, 1820–1930 ժամա­նա­կա­հա­տուա­ծին, մինչեւ 4.5 միլիոն մարդ արտա­գաղթած է Ամե­րի­կա, յատկա­պէս 1845ի սովին իբրեւ հետեւանք (potato famine): Հապա ի՞նչ ըսել ափրի­կեան երկիրնե­րու անե­րեւա­կա­յե­լի թշուա­ռութեան մասին:


Աւօ Պօղո­սեան

Ցեղե­րու, ժողո­վուրդնե­րու, նոյնիսկ ազգե­րու զանգուա­ծա­յին տեղա­փո­խութիւննե­րը եւ գաղթե­րը նոր երեւոյթներ չեն. անոնք եղած են մարդկա­յին պատմութեան անբա­ժա­նե­լի մէկ մասը: Ադամն ու Եւան դրախտէն դուրս վտա­րուե­ցան, Նոյի զաւակնե­րը Արա­րա­տեան դաշտէն իրենց ունե­ցուածքով հեռա­ցան դէպի տարբեր ուղղութիւններ: Մարդա­բաններ կ՛ըսեն, թէ մարդկութիւնը (Homo sapiens) Ափրի­կէի մէջ սկիզբ առաւ, անոնցմէ մաս մը դէպի հիւսիս ուղղուե­ցաւ եւ սկզբնա­կան շրջա­նին հաստա­տուե­ցաւ Միջին Արեւելքի մէջ, ուր քաղա­քակրթութիւն հիմնեց, ապա անկէ տարա­ծուե­ցաւ դէպի մոլո­րա­կին բոլոր կողմե­րը: Աւե­լի ուշ, գիտենք, որ արեւելքէն վաչկա­տուն ցեղե­րը դէպի արեւմուտք արշաւե­ցին եւ տիրա­պե­տե­ցին, երբեմն՝ իրենց ճանա­պարհին վրայ եղողնե­րուն քշե­լով իրենց բնօ­րաննե­րէն դուրս: Գիտենք, օրի­նակ, որ պուլկար ազգը պարզա­պէս իր Վոլկա­յի բնօ­րաննը լքե­լով՝ եկաւ ու հիմնեց իր ներկայ երկի­րը:

Ներկան ալ չի տարբե­րիր անցեա­լէն… մենք կը տեսնենք այդ ժողովրդա­յին շարժե­րուն շարունա­կութիւնը՝ արեւելքէն դէպի արեւմուտք, հարաւէն հիւսիս: Այս գաղթե­րը պայմա­նաւո­րուած են բազմա­թիւ պատճառնե­րով, սկսեալ կրօ­նա­կան հալա­ծանքնե­րէ, ինչպէս էր պարա­գան հրեայ ժողո­վուրդին, երբ երկու հազար տարի առաջ իր ծննդա­վայրէն հեռա­ցաւ ու սփռուե­ցաւ աշխարհով մէկ, կամ՝ Հայկա­կան լեռնաշխարհէն թոնդրա­կե­ցի­նե­րուն հալա­ծանքն ու վտա­րումը: Այլ պատճառներ են սովը, երաշտը, պատե­րազմնե­րը, բնա­կան աղէտնե­րը եւ աւե­լի ապա­հով ու բարե­կե­ցիկ կեանք մը ապրե­լու ցանկութիւնը, եւ այլն:

Գաղթի ալիքնե­րը, ներկա­յիս, առաւե­լա­բար ափրի­կեան երկիրնե­րէն դէպի եւրո­պա­կան ցամա­քա­մաս կը թափին, մասնաւո­րա­բար՝ դէպի Արեւմտեան Եւրո­պա­յի հարուստ երկիրնե­րը, իսկ ըստ գիտնա­կաննե­րու կանխա­տե­սումնե­րուն, մթնո­լորտի տաքացման իբրեւ հետեւանք՝ մօտաւո­րա­պէս 3էն 6 աստի­ճան յետա­գա­յի բարձրա­ցումը՝ առաւե­լա­բար Ափրի­կէի եւ ընդհանրա­պէս հասա­րա­կաց գօտիի շրջաննե­րուն մէջ, երաշտ եւ սով պիտի յառա­ջացնէ, ինչ որ պիտի մղէ ժողո­վուրդնե­րը դէպի քաղաքներ գաղթի, որուն ալ իբրեւ հետեւանք՝ պիտի յառա­ջա­նայ ընկե­րա­յին բազմա­թիւ հարցեր ու ապա­կա­յուն քաղա­քա­կան իրա­վի­ճակ, ինչ որ իր հերթին պիտի մղէ զանգուածնե­րը արտա­գաղթե­լու դէպի հիւսիս եւ Եւրո­պա: Այդ ալիքնե­րը եւրո­պա­կան երկիրնե­րուն մէջ պիտի ստեղծեն ներքին հարցեր, տնտե­սա­կան ճգնա­ժամ, ընկե­րա­յին ընդվզումներ, ազգայնա­կա­նութեան աճ եւ աջա­կողմեան քաղա­քա­կան հոսանքնե­րու իշխա­նութեան վերա­դարձ՝ իր անցեա­լի արհաւիրքնե­րը յիշեցնող մթնո­լորտով: Միայն ափրի­կեան ցամա­քա­մա­սի բնակչութիւնը այս դարաշրջա­նին կը նախա­տե­սուի աւելնալ 3–4 միլիա­ռով…

Գաղթի ալիքնե­րը արգե­լա­կող ազդակներ գրե­թէ չկան: Ակա­նա­տես կ՛ըլլանք մահն աչք առնե­լով եւ ծովա­մոյն ըլլա­լու գնով անգամ՝ գաղթողնե­րուն դէպի Եւրո­պա խուժե­լը: Նոյնինքն Եւրո­պա­յի մէջ, երկա­թէ վարա­գոյրի փլուզման յաջորդած էր արեւե­լեան Եւրո­պա­յի երկիրնե­րէն՝ Ռումա­նիա­յէն, Հունգա­րիա­յէն, Լեհաստա­նէն, Ռուսիա­յէն, Ուքրա­նիա­յէն եւ այլ երկիրնե­րէ, հարիւր հազա­րաւորնե­րու արտա­գաղթը: Այսօր դժուար է գտնել գէթ մէկ մեծ քաղաք՝ թէ՛ Ամե­րի­կա­յի Միա­ցեալ Նահանգնե­րու եւ թէ արեւմտեան Եւրո­պա­յի տարածքին, ուր չկան ռուսա­կան, հնդկա­կան, չինա­կան, եւ այլ ազգութեանց համայնքներ:

Դէպի արեւմտեան զարգա­ցած երկիրներ գաղթէն մաս մը, անշուշտ, նոյնինքն այդ երկիրնե­րու ցանկութեամբ տեղի կ՛ունենայ, որովհե­տեւ աշխա­տող ձեռքե­րու կարի­քը ունին այդտեղ: Փաստ է, որ արեւմտեան երկիրնե­րը ժողովրդագրա­կան աճ չեն արձա­նագրեր, այլ ընդհա­կա­ռա­կը՝ նոյնիսկ կը նուա­զին, կեանքի սուղ պայմաննե­րու եւ առհա­սա­րակ կանանց եւ տղա­մարդկանց միջեւ հաւա­սա­րութեան իրաւունքի հաստատման պատճա­ռով, որուն իբրեւ արդիւնք՝ կանայք ալ հաւա­սա­րա­պէս ընդգրկուած են աշխա­տանքի բոլոր ոլորտնե­րուն մէջ, հետեւա­բար՝ բազմա­զաւա­կութիւնը շատ հազուա­գիւտ երեւոյթ դարձած է: Տնտե­սութիւնը կայուն պահե­լու եւ աշխա­տուժի բացը գոցե­լու համար, օտա­րազգի­ներ պիտի շարունա­կուին պահանջուիլ:

Թէ ինչպէս առաջքը առնել անվե­րահսկե­լի գաղթա­կա­նա­կան այս ալիքնե­րու հետեւանքնե­րուն, մանաւանդ Եւրո­պա­յի մէջ սպա­սուող ափո­քա­լիբթի­քա­յին իրա­վի­ճակնե­րուն՝ կը մնայ միայն մէկ ռազմա­վա­րութիւն, որ մասամբ կրնայ մեղմացնել անոր սրութիւնը: Զարգա­ցած արեւմուտքը եւ մեծ պետութիւննե­րը ընդհանրա­պէս, պարտին ծրագրել ոչ զարգա­ցած եւ աղքատ երկիրնե­րու տնտե­սութիւննե­րու վերա­կանգնումը, զարգա­ցումը, առողջա­ցումը, որպէսզի մարդիկ կառչած մնան իրենց տունե­րուն, հողին եւ երկրին: Այդ կրնայ նոյնիսկ հակա­ռակ ուղղութեամբ գաղթ պատճա­ռել (reverse migration): 1990ականներուն, Լեհաստա­նէն գաղթած եւ ուրիշ երկիրներ ապաստան գտնողնե­րուն դէպի մայր երկիր վերա­դարձ արձա­նագրուած էր ու տակաւին կը շարունա­կուի արձա­նագրուիլ, պարզա­պէս երբ լեհա­կան տնտե­սութիւնը սկսաւ վերա­կանգնե­լու, երբ լեհ գործա­րարներ վերա­դարձան եւ գործա­րաններ հիմնե­ցին իրենց երկրին մէջ: Այդ օրի­նա­կը ամէ­նէն աւե­լի տեսա­նե­լի է թէ՛ հնդիկ, թէ՛ չինա­ցի գործա­րարնե­րու, եւ ինչու չէ՝ նաեւ իրենց ուսումը արտերկրի՝ Միա­ցեալ Նահանգնե­րու եւ Եւրո­պա­յի մայրա­քա­ղաքնե­րուն մէջ ստա­նա­լէ ետք հայրե­նիքնե­րուն մէջ ներդնող երի­տա­սարդնե­րու պարա­գա­յին:

Մեր հայրե­նի­քի՝ Հայաստա­նի պարա­գան ալ չէր կրնար տարբե­րիլ միւս երկիրնե­րէն, եւ այստեղ տարօ­րի­նակ բան չկայ: Անկա­խութե­նէն ետք, երկա­թէ անի­ծեալ վարա­գոյրի փլուզման պիտի յաջորդէր բազմութիւննե­րու փախուստը, երկրա­շարժին յաջորդած անյուսութեան եւ անօգնութեան իբրեւ հետեւանք, որ շարունա­կուե­ցաւ նաեւ երկրին մէջ ծայր առած ու չդադրած կողո­պուտին, անարդա­րութեան, անգործութեան եւ Արցա­խեան պատե­րազմի շարունա­կա­կա­նութեան:

Այդ արտա­գաղթը, ցաւ ի սիրտ, դեռ չէ դադրած եւ կը շարունա­կէ արիւնա­քամ ընել երկի­րը, սակայն յոյսի նշոյլ կա՛յ: Կ՛երեւի որոշ կամք արտերկրի հայե­րու մօտ՝ վերա­դառնա­լու եւ հիմնե­լու տնտե­սութիւն, կ՛երեւին զայն վերա­կանգնե­լու փորձե­րը եւ անգամ նախա­ձեռնութիւննե­րը, կը կազմա­կերպուին խորհրդա­ժո­ղովներ՝ միասնա­կան հայութեամբ հայրե­նի երկրին եւ ժողո­վուրդին օգնե­լու, վերա­կանգնե­լու եւ զարգացման ուղիի վրայ դնե­լու տնտե­սութիւնը, գիտութիւնը, արդիւնա­բե­րութիւնը, զբօ­սաշրջութիւնը, եւ այլն: Անհրա­ժեշտ է գիտակցիլ, որ պատմութիւն կերտած, հազա­րա­մեակներ դիմա­ցած ու կանգուն մնա­ցած ազգերն են միա՛յն, որոնք մերժած են անձնա­տուր ըլլալ: Անհրա­ժեշտ է գիտակցիլ, որ միայն մենք չենք, որ այս վիճա­կին մատնուած ենք, կան նաեւ այլ ժողո­վուրդներ, որոնք աւե­լի դժուար իրա­վի­ճակնե­րու մէջ եղած են եւ ե՛ն: Իրլանտա­յէն, 1820–1930 ժամա­նա­կա­հա­տուա­ծին, մինչեւ 4.5 միլիոն մարդ արտա­գաղթած է Ամե­րի­կա, յատկա­պէս 1845ի սովին իբրեւ հետեւանք (potato famine): Հապա ի՞նչ ըսել ափրի­կեան երկիրնե­րու անե­րեւա­կա­յե­լի թշուա­ռութեան մասին:

Մենք նոյնիսկ դեռ աւե­լի բախտաւոր ենք շատ այլ երկիրնե­րէ: Մենք առնուազն ունինք միա­տարր բնակչութիւն, որ միասնա­կան ըլլա­լու պարա­գա­յին կրնայ հրաշքներ գործել: Այսօր Եւրո­պա­կան Միութեան եւ ընդհանրա­պէս ամբողջ Եւրո­պա­յի տարածքին չկայ գոնէ մէկ երկիր, որ ներքին փոքրա­մասնութիւննե­րու խնդիր կամ հողա­յին թէկուզ անթե­ղուած վէճեր չունե­նայ հարեւան մէկէ աւե­լի երկիրնե­րու հետ, որոնք աջա­կողմեան հոսանքնե­րու իշխա­նութեան հասնե­լու պարա­գա­յին՝ թարա­խա­կա­լած վերքե­րու նման կրնան պայթիլ:

Այո՛, մենք պէտք է վճռենք ապրիլ, միասնա­կան ըլլալ, զարգա­նալ, զարգացնել, վերա­կանգնել մեր տնտե­սութիւնը, որպէսզի դէպի երկիր վերա­դառնան աշխարհով մէկ թափա­ռող մեր բեկորնե­րը, որովհե­տեւ մարդ միայն իր երկրին եւ իր նմաննե­րուն մէջ է որ լիարժէք ըլլա­լու զգա­ցո­ղութիւնը կ՛ապրի:

Հոդվա­ծը՝ Asbarez.am կայքից։

Առնչվող Հոդվածներ