20.9 C
Yerevan

Հայաստան Եւ ՀԱՊԿը

Իսկ եթէ պարզուի, որ Արցա­խի եօթը շրջաննե­րը կը պատկա­նին հայ ժողո­վուրդին եւ Հայաստա­նին, ապա պրն. Լաւրո­վը ի՞նչ պատասխան ունի տալիք մեր 4000 նահա­տակնե­րու ծնողնե­րուն եւ ընդհանրա­պէս հայ ժողո­վուրդին։ Պրն. Լաւրո­վին պէտք է հարցնել նաեւ, թէ ինչպէս ընդունած են Հայաստա­նի անդա­մակցութիւնը ՀԱՊԿին երբ անոր սահմաննե­րը անո­րոշ են։

Գէորգ Թորոեան

Նոյեմբեր 23ին, Երեւա­նի մէջ գումա­րուե­ցաւ ՀԱՊԿի (Հաւա­քա­կան անվտանգութեան պայմա­նա­գի­րի կազմա­կերպութիւն) վեհա­ժո­ղո­վը։ Հայաստա­նը 2018էն ի վեր կը նախա­գա­հէր այս կառոյցը եւ այս ժողո­վի աւարտին իր լիա­զօ­րութիւննե­րը փոխանցեց նոր նախա­գա­հութեան՝ Պելո­ռուսի։

ՀԱՊԿը հիմնուած է 1992 Մայիս 15ին։ Անոր հիմնադրման մասնակցած են Ռուսիան, Ղազախստա­նը, Տաճի­կիստա­նը, Իւզպէ­քիստա­նը, Ղրխզստա­նը եւ Հայաստա­նը։ Աւե­լի ուշ, նոյն տարուան Դեկտեմբե­րին, Պելո­ռուսը եւս միա­ցաւ այս կազմա­կերպութեան իսկ Իւզպէ­քիստա­նը դուրս եկաւ անկէ։

ՀԱՊԿի հիմնա­կան առա­քե­լութիւնը ամփո­փուած է պայմա­նա­գի­րի 4րդ յօդուա­ծին մէջ, ուր կ՛ըսուի. «Եթէ անդամ պետութիւննե­րէն որեւէ մէկը ենթարկուի յարձակման որեւէ պետութեան կամ պետութիւննե­րու կողմէ, ապա այդ յարձա­կումը անդամ պետութիւննե­րու կողմէ կը համա­րուի որպէս յարձա­կում սոյն պայմա­նա­գի­րի մասնա­կից բոլոր պետութիւննե­րուն դէմ»:

Թէ՛ անցնող Սեպտեմբե­րին ատրպէյճա­նա­կան յարձա­կումէն ետք եւ թէ այս վեհա­ժո­ղո­վի նախօ­րէին, Հայաստա­նի քաղա­քա­կան բազմա­թիւ ուժեր եւ գործիչներ ինչպէս նաեւ հանրութեան կողմէ արդա­րօ­րէն բարձրա­ձայնուե­ցաւ եւ Հայաստա­նի իշխա­նութիւննե­րէն պահանջուե­ցաւ՝ ՀԱՊԿէն դուրս գալ։

2021 թուա­կա­նի Մայի­սին, ապա Նոյեմբե­րին եւ վերջա­պէս այս տարուան Սեպտեմբե­րին տեղի ունե­ցած ատրպէյճա­նա­կան յարձա­կումնե­րուն դիմաց ՀԱՊԿը ոչ միայն չարձա­գանքեց իր հիմնա­րար սկզբունքնե­րուն հիման վրայ, այլ նոյնիսկ չդա­տա­պարտեց ատրպէյճա­նա­կան յարձա­կումնե­րը, իսկ այս վեհա­ժո­ղո­վը նոյնիսկ քաղա­քա­կան գնա­հա­տա­կան չկա­տա­րեց, որուն պատճա­ռով Հայաստա­նի վարչա­պետ Ն. Փաշի­նեան մերժեց ստո­րագրել վեհա­ժո­ղո­վին յայտա­րա­րութիւնը։

Դէպքե­րու ընթացքին հետեւողնե­րու համար անակնկալ չէր Հայաստա­նի հանդէպ ՀԱՊԿի ցուցա­բե­րած անգործութիւնը։ Ատրպէյճա­նա­կան իւրա­քանչիւր յարձա­կումէ յետոյ ռուսա­կան կողմը պատրուակներ հնա­րեց ՀԱՊԿի չմի­ջամտե­լը արդա­րացնե­լու համար։ Ամէ­նէն վառ օրի­նա­կը կը հանդի­սա­նայ Ռուսիոյ արտա­քին գործոց նախա­րար Սերկէյ Լաւրո­վի յայտա­րա­րութիւնը։ Սեպտեմբեր 13ի ատրպէյճա­նա­կան յարձա­կումէն ետք ան յայտա­րա­րեց, թէ ՀԱՊԿը չի կրնար միջամտել որովհե­տեւ Հայաստա­նի եւ Ատրպէյճա­նի միջեւ սահմա­նագծում չէ կատա­րուած… Պէտք է հարց տալ պրն. Լաւրո­վին. եթէ սահմա­նագծում եւ սահմա­նա­զա­տում չէ կատա­րուած ի՞նչ հիման վրայ կազմուե­ցաւ այն, որ կը կոչուի «Լաւրո­վեան փլան» (ծրա­գիր)։ Իսկ եթէ պարզուի, որ Արցա­խի եօթը շրջաննե­րը կը պատկա­նին հայ ժողո­վուրդին եւ Հայաստա­նին, ապա պրն. Լաւրո­վը ի՞նչ պատասխան ունի տալիք մեր 4000 նահա­տակնե­րու ծնողնե­րուն եւ ընդհանրա­պէս հայ ժողո­վուրդին։ Պրն. Լաւրո­վին պէտք է հարցնել նաեւ, թէ ինչպէս ընդունած են Հայաստա­նի անդա­մակցութիւնը ՀԱՊԿին երբ անոր սահմաննե­րը անո­րոշ են։ Թէեւ կազմա­կերպութեան կանո­նադրութեան մէջ սահմաննե­րու մասին խօսք չկայ այլ սեւով սպի­տա­կի վրայ գրուած է. «Եթէ անդամ պետութիւննե­րէն որեւէ մէկը ենթարկուի յարձակման որեւէ պետութեան կամ պետութիւննե­րու կողմէ»։ Հետեւա­բար հարց կը ծագի, արդեօ՞ք Լաւրով (իմա Ռուսիա) Հայաստա­նը չի ճանչնար իբրեւ պետութիւն։
 Ատրպէյճա­նի նախա­գահ Իլհամ Ալիեւ աւե­լի անկեղծ գտնուե­ցաւ քան Ռուսիոյ արտա­քին գործոց նախա­րա­րը։ Երեւա­նի մէջ կայա­ցած վեհա­ժո­ղո­վի նախօ­րեա­կին, Ալիեւ յայտա­րա­րեց, թէ Ատրպէյճա­նը ՀԱՊԿի մէջ աւե­լի շատ բարե­կամներ ունի քան Հայաստա­նը։ Սա պատգամն էր Հայաստա­նին, թէ մեծ ակնկա­լութիւններ չունե­նայ այդ վեհա­ժո­ղո­վէն։ Աւե­լին. ՀԱՊԿը, լռութիւն պահե­լով ատրպէյճա­նա­կան պատե­րազմա­կան գործո­ղութիւննե­րուն նկատմամբ, անուղղա­կիօ­րէն կը քաջա­լե­րէ անոր սանձարձակ գործո­ղութիւննե­րը։ Եթէ ՀԱՊԿը, թէկուզ քաղա­քա­կան գնա­հա­տա­կան տուած ըլլար անցնող Մայի­սին կատա­րուած ատրպէյճա­նա­կան յարձա­կումին, յաջորդ երկու պատե­րազմնե­րը (2021 Նոյեմբեր եւ 2022 Սեպտեմբեր) կրնա­յին տեղի չունե­նալ։

Արդ, հարց կը ծագի. ՀԱՊԿը Հայաստա­նի անվտանգութեան երաշխաւո՞րն է։

Անցնող մէկուկէս տարուան դէպքե­րը եւ մանաւանդ 2021 Յունուա­րին Ղազախստա­նի մէջ պատա­հած դէպքե­րը եւ ՀԱՊԿի արագ արձա­գանքը կը վկա­յեն, որ անի­կա ռուսա­կան կայսրութեան (եւ ոչ թէ պետութեան) շահե­րուն սպա­սարկող եւ ծառա­յող կազմա­կերպութիւն է եւ Լաւրո­վի տխրահռչակ յայտա­րա­րութիւնը պէտք է հասկնալ այս պարունա­կին մէջ։

Հայաստան պէ՞տք է շարունա­կէ անդա­մակցիլ ՀԱՊԿին թէ՞ պէտք է դուրս գայ այդ կազմա­կերպութե­նէն։

Պատմա­կա­նօ­րէն հայութիւնը եղած է արեւմտեան քաղա­քակրթութիւննե­րու կրո­ղը։ ՀԱՊԿի անդամնե­րէն երե­քը ցեղա­կից են մեր թշնա­մի­նե­րուն՝ Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճա­նի։ Ոչ քաղա­քակրթա­կան, ոչ մշա­կութա­յին ոչ ցեղա­յին-կրօ­նա­կան եւ վերջին մէկուկէս տարուան իրա­դարձութիւններն ալ հաստա­տե­ցին նաեւ, որ ոչ ալ քաղա­քա­կան-ապա­հո­վա­կան կապ կայ այս երկիրնե­րուն հետ։ ՀԱՊԿը շինծու կառոյց մըն է, ռուսա­կան ազդե­ցութիւնը պահե­լու եւ հզօ­րացնե­լու նախկին Խորհրդա­յին Միութեան անդամ երկիրնե­րուն վրայ։ Ահա այս տեսանկիւնէն կ՛արդարանայ Լաւրո­վի չքմե­ղանքը, երբ կը յայտա­րա­րէր, թէ Հայաստա­նի եւ Ատրպէյճա­նի սահմա­նա­զա­տում եւ սահմա­նագծում չէ կատա­րուած։

Հայաստա­նի իշխա­նութիւննե­րը պարտաւոր են հաշուի առնել ամէն նրբութիւն այդ կազմա­կերպութեան հետ կապուած։ Հայաստան պետութեան գոյութիւնը ինքնանպա­տակ չէ։ Անի­կա հայութեան մշա­կութա­յին ինքնուրոյնութեան պահպանման եւ զարգացման գրաւա­կանն է եւ այս իմաստով անոր անդա­մակցութիւնը ՀԱՊԿի նման կառոյցի արհեստա­կան է եւ մեր ժողո­վուրդի արժե­հա­մա­կարգին հետ խոտոր համե­մա­տող։ Այդ կառոյցը, թէեւ անգործունեայ է, բայց անոր անդա­մակցութիւնը կրնայ աղի­տա­բեր դառնալ Հայաստա­նի եւ հայ ժողո­վուրդին համար։

Հոդվա­ծը՝ asbarez.am կայքից։

Առնչվող Հոդվածներ