Մէկ բան յստակ է, թէ Նոյեմբեր 9ի յայտարարագրով ռուսական բանակը նախատեսուած խաղաղարար գործառոյթները կատարելու ի վիճակի չէ կամ տրամադրուած չէ զանոնք կատարելու։ Այս հանգամանքը հայ քաղաքական ղեկավարութիւնը, ըստ էութեան եւ ըստ արժանւոյն պէտք է գնահատէ։
Գէորգ Թորոյեան
Երկուշաբթի 12 Դեկտեմբերին իրենք զիրենք բնապահպաններ յորջորջող խմբակ մը, երկրորդ անգամ ըլլալով փակեց Բերձորի (Լաչինի) միջանցքը։
Այս միջադէպը իր տեսակին մէջ երկրորդն է վերջին տասը օրերուն, իսկ 44օրեայ պատերազմէն ետք, ատրպէյճանական հերթական ահաբեկչական գործողութիւնն է, որով ան կը ձգտի հայաթափել Արցախը, սարսափի մթնոլորտ ստեղծելով ։ Այս տարուան սկիզբներուն ատրպէյճանցիք դէպի Արցախ ուղղուող կազատարը փակեցին։ Անոնք նաեւ յաճախակիօրէն կը կրակեն Արցախցի խաղաղ բնակիցներուն վրայ, թոյլ չտալով, որ անոնք կատարեն իրենց հողագործական աշխատանքները։
Այստեղ պէտք է նշել, որ Ատրպէյճանի բնապահպանութեան ECOFRONT կազմակերպութեան առաջնորդ Ճաւիտ Կարա յայտարարութեամբ մը հանդէս եկաւ, յայտնելով, թէ իբրեւ բնապահպան ներկայացող այդ անձերուն իրենք բնաւ չեն տեսած բնապահպանութեան համար կազմակերպած իրենց բողոքի ելոյթներու ընթացքին։ Ան հարց տուաւ, թէ ո՞ւր էին այս բնապահպանները երբ ալիեւեան իշխանութիւնները հողին կը հաւասարեցնէին անտառներն ու զբօսայգիները, որպէսզի այդ տարածքները ծախեն։ Ան աւելցուց, թէ բնապահպանութեան բողոքի հաւաքը, որ այսօր տեղի կ՛ունենայ Բերձորի մէջ, ոչ մէկ առնչութիւն ունի բնապահպանութեան հետ։
Ատրպէյճանցի քաղաքական մեկնաբան Շահին Ջեֆերլի աւելի առաջ երթալով յայտնեց, թէ այս արարքին նպատակը հայկական «անջատողականութեան» դէմ դնելն է։ Ան աւելցուց, թէ եթէ Ատրպէյճանի իշխանութիւնները հիմա չկարենան լուծել այս հարցը, ապա ժամանակ մը ետք անիկա պիտի դառնայ անլուծելի խնդիր։ «Ատրպէյճանի իշխանութիւնները պարտաւոր են առնուազն վերահսկել այս միջանցքը որպէսզի զէնք չտեղափոխուի այնտեղ», պնդեց ան։
Նոյնինքն ատրպէճանցիներու կողմէ հնչած այս զոյգ յայտարարութիւնները կը փաստեն միայն մէկ բան, որ Ատրպէյճանը պատրաստ է ամէն քայլի դիմելու, ճնշելու արցախահայութեան եւ Հայաստանի վրայ, նպատակ ունենալով առաջին հերթին հայաթափել Արցախը եւ այդ ձեւով հասնիլ Արցախի հարցի «լուծման», իսկ երկրորդ՝ այս բռնամիջոցները իբրեւ խաղաքարտ օգտագործելու՝ կորզելու համար «Զանգեզուրի միջանցք»ը։
Միամտութիւն է կարծել, թէ այսօրինակ դէպքերը կը կատարուին ռուսական կողմի կամքին հակառակ։ Հայկական լրատուամիջոցներ դէմքով, անունով ապացուցեցին, թէ Բերձորի միջանցքը փակող ատրպէյճանցիներու առաջնորդը, ով հայերէն ալ կը խօսի, մաս կը կազմէ ատրպէյճանական գաղտնի սպասարկութեան, ոչ մէկ առընչութիւն ունի բնապահպանութեան հետ եւ մասնակցած է 44օրեայ պատերազմին։ Եթէ հայկական լրատուամիջոցները այս բոլոր բացայայտած են, ապա ռուսական կողմը անտեղեա՞կ է, թէ ովքեր են մասնակիցները։ Պարզ է, որ Արցախի գծով տարակարծութիւն կայ Ատրպէյճանի եւ Ռուսիոյ միջեւ, բայց բոլոր երեւոյթները ցոյց կու տան, թէ միջանցքին հարցով անոնք համակարգուած կերպով կը ճնշեն Հայաստանի վրայ։ Սակայն Ալիեւ այս ձեւով նաեւ կը փորձէ վարկաբեկել ռուս խաղաղապահները եւ միջազգային ընտանիքին առջեւ հարցականի տակ առնել անոնց ներկայութիւնն ու դերակատարութիւնը։ Շատ հաւանաբար այս դէպքերը կրնան հիմք ծառայել երեք տարի ետք պահանջելու ռուսական զօրքի դուրսբերումը Արցախէն։ Բայց ակնյայտ է, որ խորտակուող ռուսական նաւը կրնայ մեզ ալ իր հետ խորտակել։
Մէկ բան յստակ է, թէ Նոյեմբեր 9ի յայտարարագրով ռուսական բանակը նախատեսուած խաղաղարար գործառոյթները կատարելու ի վիճակի չէ կամ տրամադրուած չէ զանոնք կատարելու։ Այս հանգամանքը հայ քաղաքական ղեկավարութիւնը, ըստ էութեան եւ ըստ արժանւոյն պէտք է գնահատէ։ Ակնյայտ է նաեւ, որ ռուսական քաղաքականութիւնը հայանպաստ չէ։ Պէտք է դուրս գալ անձնական նախասիրութիւններէ կամ նախատրամադրուածութիւններէ եւ սթափ քայլերու ձեռնարկել։ Արցախը գոյաբանական լինելութեան վտանգի առաջ կանգնած է եւ Հայաստանի թէ Սփիւռքի քաղաքական բոլոր ուժերը պարտաւոր են բոլորուիլ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՊԵՏԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ շահերուն շուրջ։ Դժբախտաբար Հայաստանի քաղաքական ամայացած դաշտին մէջ տակաւին լռութիւն է։
Հայաստանի իշխանութիւնները, ընդունին կամ ոչ, պատասխանատու են ստեղծուած այս իրավիճակին եւ պարտաւոր են քաղաքական անհրաժեշտ բոլոր քայլերուն դիմել։ Ճիշդ է որ միջանցքը փակելու դէմ յայտարարութիւններ կամ դատապարտումներ եղան, բայց այդ բոլորը խօսքի սահմաններէն դուրս պէտք է գան եւ վերածուին գործի։ Զուգադիպութի՞ւն է թէ՞ քաղաքական դասաւորումներու նոր շղթայի մը արդիւնք, որ նոյն այս օրերուն Քոսովոյի մէջ եւս նմանօրինակ դէպքեր կը պատահին։ Պէտք է օգտուիլ այս դասաւորութենէն եւ Արցախի հարցը հասցնել նոյնիսկ ՄԱԿին, նոյնինքն Քոսովոյի հարցի պարունակին մէջ։
Վերջապէս, այս դէպքերուն առաջին եւ վերջին պատասխանատուն Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանն է։ 2020ի Նոյեմբեր 9ի յանձնուողական յայտարարութեան իր ստորագրութիւնը արդարացնելու համար, Հայաստանի վարչապետը օրին յայտնեց, թէ ինք այդ ձեւով փրկած է 20-30 հազար հայ զինուորներու կեանքը։ Իսկ այսօր, այդ ստորագրութեան հետեւանքով ստեղծուած ռազմաքաղաքական կացութեամբ, վտանգուած է 120,000 արցախահայերու կեանքը։ Հետեւաբար իբրեւ Հայաստանի վարչապետ, ան պարտաւոր է հնարաւոր եւ անհնարին բոլոր միջոցներուն դիմել ընդհուպ մինչեւ․․․պատերազմ։
Հոդվածը՝ asbarez.am կայքից։