20.9 C
Yerevan

Ատրպէյճա­նա­կան Հերթա­կան Սադրանքը

Մէկ բան յստակ է, թէ Նոյեմբեր 9ի յայտա­րա­րագրով ռուսա­կան բանա­կը նախա­տե­սուած խաղա­ղա­րար գործա­ռոյթնե­րը կատա­րե­լու ի վիճա­կի չէ կամ տրա­մադրուած չէ զանոնք կատա­րե­լու։ Այս հանգա­մանքը հայ քաղա­քա­կան ղեկա­վա­րութիւնը, ըստ էութեան եւ ըստ արժանւոյն պէտք է գնա­հա­տէ։

Գէորգ Թորո­յեան

Երկուշաբթի 12 Դեկտեմբե­րին իրենք զիրենք բնա­պահպաններ յորջորջող խմբակ մը, երկրորդ անգամ ըլլա­լով փակեց Բերձո­րի (Լաչի­նի) միջանցքը։

Այս միջա­դէ­պը իր տեսա­կին մէջ երկրորդն է վերջին տասը օրե­րուն, իսկ 44օրեայ պատե­րազմէն ետք, ատրպէյճա­նա­կան հերթա­կան ահա­բեկչա­կան գործո­ղութիւնն է, որով ան կը ձգտի հայա­թա­փել Արցա­խը, սարսա­փի մթնո­լորտ ստեղծե­լով ։ Այս տարուան սկիզբնե­րուն ատրպէյճանցիք դէպի Արցախ ուղղուող կազա­տա­րը փակե­ցին։ Անոնք նաեւ յաճա­խա­կիօ­րէն կը կրա­կեն Արցախցի խաղաղ բնա­կիցնե­րուն վրայ, թոյլ չտա­լով, որ անոնք կատա­րեն իրենց հողա­գործա­կան աշխա­տանքնե­րը։

Այստեղ պէտք է նշել, որ Ատրպէյճա­նի բնա­պահպա­նութեան ECOFRONT կազմա­կերպութեան առաջնորդ Ճաւիտ Կարա յայտա­րա­րութեամբ մը հանդէս եկաւ, յայտնե­լով, թէ իբրեւ բնա­պահպան ներկա­յա­ցող այդ անձե­րուն իրենք բնաւ չեն տեսած բնա­պահպա­նութեան համար կազմա­կերպած իրենց բողո­քի ելոյթնե­րու ընթացքին։ Ան հարց տուաւ, թէ ո՞ւր էին այս բնա­պահպաննե­րը երբ ալիեւեան իշխա­նութիւննե­րը հողին կը հաւա­սա­րեցնէին անտառներն ու զբօ­սայգի­նե­րը, որպէսզի այդ տարածքնե­րը ծախեն։ Ան աւելցուց, թէ բնա­պահպա­նութեան բողո­քի հաւա­քը, որ այսօր տեղի կ՛ունենայ Բերձո­րի մէջ, ոչ մէկ առնչութիւն ունի բնա­պահպա­նութեան հետ։

Ատրպէյճանցի քաղա­քա­կան մեկնա­բան Շահին Ջեֆերլի աւե­լի առաջ երթա­լով յայտնեց, թէ այս արարքին նպա­տա­կը հայկա­կան «անջա­տո­ղա­կա­նութեան» դէմ դնելն է։ Ան աւելցուց, թէ եթէ Ատրպէյճա­նի իշխա­նութիւննե­րը հիմա չկա­րե­նան լուծել այս հարցը, ապա ժամա­նակ մը ետք անի­կա պիտի դառնայ անլուծե­լի խնդիր։ «Ատրպէյճա­նի իշխա­նութիւննե­րը պարտաւոր են առնուազն վերահսկել այս միջանցքը որպէսզի զէնք չտե­ղա­փո­խուի այնտեղ», պնդեց ան։

Նոյնինքն ատրպէ­ճանցի­նե­րու կողմէ հնչած այս զոյգ յայտա­րա­րութիւննե­րը կը փաստեն միայն մէկ բան, որ Ատրպէյճա­նը պատրաստ է ամէն քայլի դիմե­լու, ճնշե­լու արցա­խա­հա­յութեան եւ Հայաստա­նի վրայ, նպա­տակ ունե­նա­լով առա­ջին հերթին հայա­թա­փել Արցա­խը եւ այդ ձեւով հասնիլ Արցա­խի հարցի «լուծման», իսկ երկրորդ՝ այս բռնա­մի­ջոցնե­րը իբրեւ խաղա­քարտ օգտա­գործե­լու՝ կորզե­լու համար «Զանգե­զուրի միջանցք»ը։

Միամտութիւն է կարծել, թէ այսօ­րի­նակ դէպքե­րը կը կատա­րուին ռուսա­կան կողմի կամքին հակա­ռակ։ Հայկա­կան լրա­տուա­մի­ջոցներ դէմքով, անունով ապա­ցուցե­ցին, թէ Բերձո­րի միջանցքը փակող ատրպէյճանցի­նե­րու առաջնորդը, ով հայե­րէն ալ կը խօսի, մաս կը կազմէ ատրպէյճա­նա­կան գաղտնի սպա­սարկութեան, ոչ մէկ առընչութիւն ունի բնա­պահպա­նութեան հետ եւ մասնակցած է 44օրեայ պատե­րազմին։ Եթէ հայկա­կան լրա­տուա­մի­ջոցնե­րը այս բոլոր բացա­յայտած են, ապա ռուսա­կան կողմը անտեղեա՞կ է, թէ ովքեր են մասնա­կիցնե­րը։ Պարզ է, որ Արցա­խի գծով տարա­կարծութիւն կայ Ատրպէյճա­նի եւ Ռուսիոյ միջեւ, բայց բոլոր երեւոյթնե­րը ցոյց կու տան, թէ միջանցքին հարցով անոնք համա­կարգուած կերպով կը ճնշեն Հայաստա­նի վրայ։ Սակայն Ալիեւ այս ձեւով նաեւ կը փորձէ վարկա­բե­կել ռուս խաղա­ղա­պահնե­րը եւ միջազգա­յին ընտա­նի­քին առջեւ հարցա­կա­նի տակ առնել անոնց ներկա­յութիւնն ու դերա­կա­տա­րութիւնը։ Շատ հաւա­նա­բար այս դէպքե­րը կրնան հիմք ծառա­յել երեք տարի ետք պահանջե­լու ռուսա­կան զօրքի դուրսբե­րումը Արցա­խէն։ Բայց ակնյայտ է, որ խորտա­կուող ռուսա­կան նաւը կրնայ մեզ ալ իր հետ խորտա­կել։

Մէկ բան յստակ է, թէ Նոյեմբեր 9ի յայտա­րա­րագրով ռուսա­կան բանա­կը նախա­տե­սուած խաղա­ղա­րար գործա­ռոյթնե­րը կատա­րե­լու ի վիճա­կի չէ կամ տրա­մադրուած չէ զանոնք կատա­րե­լու։ Այս հանգա­մանքը հայ քաղա­քա­կան ղեկա­վա­րութիւնը, ըստ էութեան եւ ըստ արժանւոյն պէտք է գնա­հա­տէ։ Ակնյայտ է նաեւ, որ ռուսա­կան քաղա­քա­կա­նութիւնը հայանպաստ չէ։ Պէտք է դուրս գալ անձնա­կան նախա­սի­րութիւննե­րէ կամ նախատրա­մադրուա­ծութիւննե­րէ եւ սթափ քայլե­րու ձեռնարկել։ Արցա­խը գոյա­բա­նա­կան լինե­լութեան վտանգի առաջ կանգնած է եւ Հայաստա­նի թէ Սփիւռքի քաղա­քա­կան բոլոր ուժե­րը պարտաւոր են բոլո­րուիլ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՊԵՏԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ շահե­րուն շուրջ։ Դժբախտա­բար Հայաստա­նի քաղա­քա­կան ամա­յա­ցած դաշտին մէջ տակաւին լռութիւն է։

Հայաստա­նի իշխա­նութիւննե­րը, ընդունին կամ ոչ, պատասխա­նա­տու են ստեղծուած այս իրա­վի­ճա­կին եւ պարտաւոր են քաղա­քա­կան անհրա­ժեշտ բոլոր քայլե­րուն դիմել։ Ճիշդ է որ միջանցքը փակե­լու դէմ յայտա­րա­րութիւններ կամ դատա­պարտումներ եղան, բայց այդ բոլո­րը խօսքի սահմաննե­րէն դուրս պէտք է գան եւ վերա­ծուին գործի։ Զուգադիպութի՞ւն է թէ՞ քաղա­քա­կան դասաւո­րումնե­րու նոր շղթա­յի մը արդիւնք, որ նոյն այս օրե­րուն Քոսո­վո­յի մէջ եւս նմա­նօ­րի­նակ դէպքեր կը պատա­հին։ Պէտք է օգտուիլ այս դասաւո­րութե­նէն եւ Արցա­խի հարցը հասցնել նոյնիսկ ՄԱԿին, նոյնինքն Քոսո­վո­յի հարցի պարունա­կին մէջ։

Վերջա­պէս, այս դէպքե­րուն առա­ջին եւ վերջին պատասխա­նա­տուն Հայաստա­նի վարչա­պետ Նիկոլ Փաշի­նեանն է։ 2020ի Նոյեմբեր 9ի յանձնուո­ղա­կան յայտա­րա­րութեան իր ստո­րագրութիւնը արդա­րացնե­լու համար, Հայաստա­նի վարչա­պե­տը օրին յայտնեց, թէ ինք այդ ձեւով փրկած է 20–30 հազար հայ զինուորնե­րու կեանքը։ Իսկ այսօր, այդ ստո­րագրութեան հետեւանքով ստեղծուած ռազմա­քա­ղա­քա­կան կացութեամբ, վտանգուած է 120,000 արցա­խա­հա­յե­րու կեանքը։ Հետեւա­բար իբրեւ Հայաստա­նի վարչա­պետ, ան պարտաւոր է հնա­րաւոր եւ անհնա­րին բոլոր միջոցնե­րուն դիմել ընդհուպ մինչեւ․․․պատերազմ։

Հոդվա­ծը՝ asbarez.am կայքից։

Առնչվող Հոդվածներ