Չափազանց ցաւոտ է այն երեւոյթը, որ Սփիւռքի Ազատ Աշխարհին մէջ վաստակած եօթանասունամեայ փորձն ու ներուժը ոչ մէկ ներդրում ունեցան ՀՀ Պետական Գործընթացին մէջ եւ մնացին անկարող՝ նոր շունչ եւ պինդ աղիւս ներմուծելու պետական տատանուող շէնքին մէջ։
Յարութ Գալայճեան
Սփիւռքի Նոր Դիմագծի Կազմաւորում
Անցեալ տարին Կիլիկիոյ Հայրապետին կողմէ հռչակուեցաւ Սփիւռքի Տարի։ Կասկածէ վեր է, որ Վեհափառը այդ հռչակումով լռելեայն կ՚ահազանգէր հայկական սփիւռքին առջեւ երկար տարիներու ընթացքին կուտակուած մաշեցնող սովորականութիւններու վտանգը եւ 21-րդ դարու պահանջներուն հետ ամէնօրեայ քայլ պահելու հրամայականը։
Արդարեւ, Հայաստանի Վերանկախացումէն ետք, Սփիւռքը շարունակեց business as usual գործընթացը եւ մնաց գաղութայնացած հոգեվիճակին մէջ• ՀՀ Սփիւռքի Նախարարութեան հետ ալ որդեգրեց ֆոլքլորային գործունէութիւն եւ այդպէս՝ աւելի քան 3 տասնամեակ սփիւռքը չընկալեց Պետութեան Գաղափարը եւ ըստ այնմ՝ մտահան ըրաւ իր հսկայ ներուժի հաւաքագրումն ու կազմակերպումը ի խնդիր անինքնուրոյն ու սովետահամ պետականաշինութեան շրջադարձային վերափոխման/քաղաքակրթականացման նուիրական առաքելութեան։
Յետադարձ ակնարկով չափազանց ցաւոտ է այն երեւոյթը, որ Սփիւռքի Ազատ Աշխարհին մէջ վաստակած եօթանասունամեայ փորձն ու ներուժը ոչ մէկ ներդրում ունեցան ՀՀ Պետական Գործընթացին մէջ եւ մնացին անկարող՝ նոր շունչ եւ պինդ աղիւս ներմուծելու պետական տատանուող շէնքին մէջ։ Պարզապէս, Սփիւռքը բաւարարուեցաւ գաղութային ժանգոտած սովորութիւններով
օգնութեան ձեռք երկարել Հայաստանին, այսինքն՝ տարեկան/պարագայական հանգանակութիւններով եւ զբոսաշրջիկային երթուդարձերով։
Եւ այդպէս 2022-ն ալ անցաւ պատմութեան գիրկը եւ ոչ մէկ սփիւռքահայ հարց տուաւ թէ ԻՆՉՈՒ՜ չկայացաւ Սփիւռքի Տարին։
Այդ հարցումի բացակայութիւնը ինքնին ցնցող փաստ է, որ Սփիւռքը ԻՆՔՆԱԻՄԱՍՏԱՒՈՐՄԱՆ ԳՈՐԾՈՂՈՒԹԻՒՆ բանաձեւելու հանգրուան թեւակոխած է եւ այդ կապակցութեամբ՝ հայրենի եւ արտերկրի Մտաւոր Մարդուժը ըսելիք ունի։
Միասնաբար։
Այդ ըսելիքի նախանշանները կան• ոտնաձայները կը լսենք 2023-ին։
03 ՅՈՒՆՈՒԱՐ 2023
ՄՈՒՂՆԻ
Գրառումը՝ Յարութ Գալայճեանի ֆեյսբուքյան էջից։