21.8 C
Yerevan

ՀՅԴ‑ն՝ Ալե­կոծ Ծովուն Վրայ

33-րդ ԸԺ ը ողբե­գա­կա­նօ­րէն յատկանշա­կան էր այն երեւոյթով, որ Բիւրո­յի շրջա­նաւարտ ներկա­յա­ցուցի­չը, շուրջ 20 տարի­նե­րու ընթացքին ամբա­րած իր ստրկա­ցուցած քուէ­նե­րով կարո­ղա­ցաւ բացման ՄԻ՜ խօսքով՝ ԸԺ ը վերա­ծել դատա­կան (հավա­նա­կան մրցակցի գլուխը ջարդող) հաշուե­յարդա­րի եւ ճշդո­րո­շել՝ յաջորդ Բիւրո­յի կեանքի տեւո­ղութիւնն ու ուղե­գի­ծը:

Յարութ Գալայճեան

Դաշնակցութեան 34-րդ Ընդհա­նուր Ժողո­վի Որշումնե­րու հրա­պա­րա­կումէն ետք, շարքե­րու քուլիսնե­րուն ետին՝ սկսաւ հետզհե­տէ լայն տեղ գտնել ունայնութեամբ թաթա­խուած յուսա­խա­բութիւնը։ Շատե­րուն մօտ արդէն տեսա­նե­լի էր, որ Պատմա­կան Նաւը այլեւս անճա­նա­չե­լիօ­րէն  կերպա­րա­նա­փո­խուած է՝ փոթորկա­լից ալիքնե­րու վրայ սայթա­քած ու անկողմնա­ցոյց Մակոյկի։ 

Մեր Ժողո­վուրդին համար ՀՅԴ Հայաստա­նի Կազմա­կերպութիւնը իր իմա­ցած ՀՅԴ‑ն չէ այլեւս, անի­կա իր մորթին վրայ զգաց, որ դաշնակցա­կան կրթա­կան, ընկե­րա­յին եւ գիւղատնտե­սա­կան նախա­րարներն ու փոխ-նախա­րարնե­րը ոչինչով կը տարբե­րէին Սէյրան Օհա­նեաննե­րէն եւ անոր նմա­նակնե­րու  դղեա­կա­մետ «հայրե­նա­սի­րութե­նէն»… աւելի՜ն, ժողո­վուրդը իր աչքե­րով տեսաւ այդ նախա­րարնե­րու եւ իրենց շեֆե­րու դիտորդա­կան աջակցութիւնը շարքա­յին ընտիր դաշնակցա­կաննե­րու՝ Պողոս Պողոսյա­նի եւ Հրաչ Մուրատյա­նի մաֆիա­յա­կան սպաննութիւննե­րու ոճրա­գործնե­րը արդա­րութեան հպա­տա­կեցնե­լու հրա­մա­յա­կա­նին։ Եւ այդ բոլո­րը զզուե­լի տեսա­րաններ էին Հայաստա­նի հասա­րա­կութեան ջախջա­խիչ մեծա­մասնութեան համար։ Ու ճիշդ այդ բոլո­րին պատճա­ռով, Քոչարյա­նի կողո­պուտնե­րէն սնա­նող փողո­ցա­յին առաջնորդնե­րու դատարկա­խոս ցոյցե­րը արժա­նա­ցան ժողովրդա­յին բազմա­թիւ մերժումնե­րուն։ 

Ներկուսակցա­կան առումով, 1998-էն սկսեալ, դաշնակցա­կան պարագլուխա­յին ղեկա­վա­րութիւնը գործեց առա­վե­լա­պաշտա­կան մօտե­ցումնե­րով, շարքե­րուն անյայտ քաղա­քա­կան գործարքնե­րով եւ կարճ ժամա­նա­կի մէջ պատճառ հանդի­սա­ցաւ, որ կազմա­կերպութիւնը ամբողջո­վին դատա­պարտուի ԻՆՔՆՈՒՐՈՅՆՈՒԹԵԱՆ ԲՌՆԱԲԱՐՄԱՆ։ Պատճառ դարձաւ նաեւ, որ Սփիւռքի շարքե­րուն մեծ մասը՝ կտրուած Հայաստա­նի իրո­ղա­կան կացութե­նէն եւ ազդուած ղեկա­վարնե­րու ապա­տե­կա­տուա­կան արշաւէն վերա­ծուե­ցաւ հակա­նի­կո­լա­կան ամբո­խի, իսկ միւս մասը՝ ընկա­լե­լով հանդերձ բոլոր ճշմարտութիւննե­րը, նախընտրեց համբե­րել, քիչ մըն ալ սպա­սել ու առ այդ՝ մնալ գոնէ ՀՅԴ Կանո­նագրին հետ:

33-րդ ԸԺ‑ը ողբերգա­կա­նօ­րէն յատկանշա­կան էր այն երեւոյթով, որ Բիւրո­յի շրջա­նաւարտ ներկա­յա­ցուցի­չը, շուրջ 20 տարի­նե­րու ընթացքին ամբա­րած իր ստրկա­ցուցած քուէ­նե­րով կարո­ղա­ցաւ բացման ՄԻ՜ խօսքով՝ ԸԺ‑ը վերա­ծել դատա­կան (հաւա­նա­կան մրցակցի գլուխը ջարդող) հաշուե­յարդա­րի եւ ճշդո­րո­շել՝ յաջորդ Բիւրո­յի կեանքի տեւո­ղութիւնն ու ուղե­գի­ծը:

34-րդ ԸԺ‑ը պարզա­պէս բնա­կան արդիւնքն էր իր նախորդի խամա­ճի­կա­յին մթնո­լորտին, դարձեալ՝ ձախո­ղած հին դէմքե­րով, քաղա­քա­կան հանդի­սա­տե­սա­զուրկ բեմադրութիւնը կրկնօ­րի­նա­կե­լու յոխորտանքով եւ քարոզչա­կան այլամերժ/դատարկ երկու լոզունքնե­նե­րով՝ Արցա­խի Հայաթափում/Հայաստանի Թուրքա­ցում, որոնք շուտով զոհ պիտի երթա­յին փողո­ցա­յին կերակրա­դաշտի պոռչտուքնե­րուն, խորհրդա­րա­նա­կան շիշակռիւնե­րուն եւ մանաւանդ՝ եղնի­կանման մի տխրահռչակ փախուստի:

Եւ ահա այդպէս է, որ տարի­ներ անընդհատ պատմութիւն փառաբանելով/շահագործելով եւ ժողովուրդ/պետութիւն ստո­րա­դա­սե­լով՝ ԱԼԵՀԵՐ ՆԱՒԸ ծնաւ մի Մակոյկ։ 

Կը խորտա­կուի՞՞՞ այդ Մակոյկը,  շարքե­րը կը ստանձնե՞՞ն անոր թիա­վա­րումը: 

Շուտով ԺԱՄԱՆԱԿԸ կու տայ ճի’շդ պատասխա­նը։ 

07 ՅՈՒՆՈՒԱՐ 2023 ՄՈՒՂՆԻ

Առնչվող Հոդվածներ