3 տասնամեակներ ետք, դժբախտութիւն է, որ ոչ միայն չէ կատարուած ՕՇԱԿԱՆԵԱՆ ԱԽՏԱՃԱՆԱՉՈՒՄԻ քննարկումը, այլ նաեւ կանոնագրային բնազդային վարուելակերպերուն եւ ան-յեղափոխական կեցուածքներուն վրայ աւելցած են ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԹԻՒՆԸ ՃԱՀՃԱՑՆՈՂ՝ քաղաքական ինքնուրոյնութեան եւ շարքերու ազատ խօսքի արտայայտութեան եւ ինքնաքննադատութեան նկատմամբ արգելքները։
Յարութ Գալայճեան
Աւելի քան 30 տարիներու կեանք ունի վաստակաւոր մտաւորական՝ Դաշնակցական Վահէ Օշականի Կազմակերպական վերքերու եւ խարխափումներու մասին հրապարակային գրառումը, որ ոչ միայն կը պահէ իր ամբողջական այժմեականութիւնը ԱՅԼԵՒ՝ յաւելեալ տարողութեամբ/ուժգնութեամբ կը շեշտէ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՏԱԳՆԱՊԻ ՔՆՆԱՐԿՄԱՆ ՀՐԱՏԱՊՈՒԹԻՒՆԸ, այսօր, տեսական եւ գործնական առումներով։
Ուրիշ առիթով մը, դարձեալ Դրօշակին մէջ, Օշական ահազանգած է, որ Դաշնակցութեան քաղաքական մուտքը Հայաստան եղած է ՍԽԱԼ ու ՀԱՊՃԵՊ։
3 տասնամեակներ ետք, դժբախտութիւն է, որ ոչ միայն չէ կատարուած ՕՇԱԿԱՆԵԱՆ ԱԽՏԱՃԱՆԱՉՈՒՄԻ քննարկումը, այլ նաեւ կանոնագրային բնազդային վարուելակերպերուն եւ ան-յեղափոխական կեցուածքներուն վրայ աւելցած են ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԹԻՒՆԸ ՃԱՀՃԱՑՆՈՂ՝ քաղաքական ինքնուրոյնութեան եւ շարքերու ազատ խօսքի արտայայտութեան եւ ինքնաքննադատութեան նկատմամբ արգելքները։
Այդ ախտաճանաչումներու լոյսին տակ, շատ դժուար է զարմանալ այսօր՝ Դաշնակցութեան պարզած ժողովրդային անկումին, հեղինակազրկման եւ շարքերու ամլութեան իրողութիւններուն վրայ•••
Կ՚արժէ անգամ մը եւս՝ ուշի-ուշով կարդալ ընկեր Վահէ Օշականի նախատեսութիւնը•
— <<Բաց գաղտնիք է, որ մեր կուսակցութիւնը շատ ծանր տագնապ մը կը դիմակալէ այս շրջանին, տեսական եւ գործնական իմաստով։ Անյետաձգելի արմատական, յեղափոխական փոփոխութիւններ պէտք է յառաջացնենք անկէ ներս՝ մենք կուսակցական շարքայիններս… Սրբազան աւանդութիւններ, նուիրագործուած սկզբունքներ, գրեթէ բնազդային վարուելակերպեր, կանոնադրութիւն եւ գաղափարաբանութիւն, ազգային ու միջազգային կեցուածքներ – ամէն, ամէն ինչ պէտք է խստաբիբ ու լրջագոյն քննարկումի ենթարկուի կուսակցական հիմնական ուղեգիծերու սահմաններէն ներս>>։
Վահէ Օշական
Դրօշակ
1991-92 Թիւ 21
13 ՅՈՒՆՈՒԱՐ 2023
ՄՈՒՂՆԻ
Գրառումը՝ Յարութ Գալայճեանի ֆեյսբուքյան էջից։