21.8 C
Yerevan

Օշա­կա­նեան Ցաւոտ Ախտա­ճա­նա­չումը

3 տասնա­մեակներ ետք, դժբախտութիւն է, որ ոչ միայն չէ կատա­րուած ՕՇԱԿԱՆԵԱՆ ԱԽՏԱՃԱՆԱՉՈՒՄԻ քննարկումը, այլ նաեւ կանո­նագրա­յին բնազդա­յին վարուե­լա­կերպե­րուն եւ ան-յեղա­փո­խա­կան կեցուածքնե­րուն վրայ աւելցած են ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԹԻՒՆԸ ՃԱՀՃԱՑՆՈՂ՝ քաղա­քա­կան ինքնուրոյնութեան եւ շարքե­րու ազատ խօսքի արտա­յայտութեան եւ ինքնաքննա­դա­տութեան նկատմամբ արգելքնե­րը։

Յարութ Գալայճեան

Աւե­լի քան 30 տարի­նե­րու կեանք ունի վաստա­կաւոր մտաւո­րա­կան՝ Դաշնակցա­կան Վահէ Օշա­կա­նի Կազմա­կերպա­կան վերքե­րու եւ խարխա­փումնե­րու մասին հրա­պա­րա­կա­յին գրա­ռումը, որ ոչ միայն կը պահէ իր ամբողջա­կան այժմեա­կա­նութիւնը ԱՅԼԵՒ՝ յաւե­լեալ տարողութեամբ/ուժգնութեամբ կը շեշտէ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՏԱԳՆԱՊԻ ՔՆՆԱՐԿՄԱՆ ՀՐԱՏԱՊՈՒԹԻՒՆԸ, այսօր, տեսա­կան եւ գործնա­կան առումնե­րով։

Ուրիշ առի­թով մը, դարձեալ Դրօ­շա­կին մէջ, Օշա­կան ահա­զանգած է, որ Դաշնակցութեան քաղա­քա­կան մուտքը Հայաստան եղած է ՍԽԱԼ ու ՀԱՊՃԵՊ։

3 տասնա­մեակներ ետք, դժբախտութիւն է, որ ոչ միայն չէ կատա­րուած ՕՇԱԿԱՆԵԱՆ ԱԽՏԱՃԱՆԱՉՈՒՄԻ քննարկումը, այլ նաեւ կանո­նագրա­յին բնազդա­յին վարուե­լա­կերպե­րուն եւ ան-յեղա­փո­խա­կան կեցուածքնե­րուն վրայ աւելցած են ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԹԻՒՆԸ ՃԱՀՃԱՑՆՈՂ՝ քաղա­քա­կան ինքնուրոյնութեան եւ շարքե­րու ազատ խօսքի արտա­յայտութեան եւ ինքնաքննա­դա­տութեան նկատմամբ արգելքնե­րը։

Այդ ախտա­ճա­նա­չումնե­րու լոյսին տակ, շատ դժուար է զարմա­նալ այսօր՝ Դաշնակցութեան պարզած ժողովրդա­յին անկումին, հեղի­նա­կազրկման եւ շարքե­րու ամլութեան իրո­ղութիւննե­րուն վրայ•••

Կ՚արժէ անգամ մը եւս՝ ուշի-ուշով կարդալ ընկեր Վահէ Օշա­կա­նի նախա­տե­սութիւնը•

— «Բաց գաղտնիք է, որ մեր կուսակցութիւնը շատ ծանր տագնապ մը կը դիմա­կա­լէ այս շրջա­նին, տեսա­կան եւ գործնա­կան իմաստով։ Անյե­տաձգե­լի արմա­տա­կան, յեղա­փո­խա­կան փոփո­խութիւններ պէտք է յառա­ջացնենք անկէ ներս՝ մենք կուսակցա­կան շարքա­յիններս… Սրբա­զան աւանդութիւններ, նուի­րա­գործուած սկզբունքներ, գրե­թէ բնազդա­յին վարուե­լա­կերպեր, կանո­նադրութիւն եւ գաղա­փա­րա­բա­նութիւն, ազգա­յին ու միջազգա­յին կեցուածքներ – ամէն, ամէն ինչ պէտք է խստա­բիբ ու լրջա­գոյն քննարկումի ենթարկուի կուսակցա­կան հիմնա­կան ուղե­գի­ծե­րու սահմաննե­րէն ներս»։

Վահէ Օշա­կան
Դրօ­շակ
1991–92 Թիւ 21

13 ՅՈՒՆՈՒԱՐ 2023
ՄՈՒՂՆԻ

Գրա­ռումը՝ Յարութ Գալայճեանի ֆեյսբուքյան էջից։

Առնչվող Հոդվածներ