«Պիտի յարատեւէ մեր ազգը, պիտի վանէ բոլոր պառակտիչ եւ մեզ ընկճել փորձող ճիգերը, պիտի հզօրացնէ մեր հայրենիքն ու ազգի հաւաքական միջոցները, պիտի դառնայ աւելի խելամիտ ու հնարամիտ քան երբեւէ, պիտի վերանորոգէ իր մարտունակութիւնը աւելի վճռականօրէն քան երբեւէ»։
Վիգեն Հովսեփյան
Դարերու ընթացքին, մեր ազգը շատ մը ուրիշ ազգերու եւ պետութիւններու նման պարտութիւններ կրած է, եւ ատոնց ընթացքին բազում կորուստներ ունեցած։ Պարզ է եւ բնական, որ անհաւասար ուժերու միջեւ կռիւները յաճախ յարաբերաբար տկարի պարտութեամբ կ՚աւարտին: Բայց մենք մեր պատմութեան դասերէն նաեւ հասկցած ենք, թէ իսկական պարտեալները միայն անոնք են, որոնք վերջնականապէս կը համակերպին իրենց կրած պարտութեան թելադրած պայմաններուն հետ։
Հասկցած ենք եւ սորված ենք, թէ պարտութիւն մը վերջնական իրականութեան կը վերածուի միայն այն ատեն երբ պարտեալը կ՚ընդունի իր պարտութիւնը բոլոր ժամանակներու համար, ու այդ պարտութիւնը կ՚իւրացնէ հոգեպէս ու էապէս։
Ահա այս պատճառով է որ մենք երբէք չենք վհատած, ու միշտ ալ նպատակի վերածած ենք մեծ ու անկարելի թուացող իտէալներ, միշտ հասկնալով թէ իրաւունքը երկարատեւ ու հետեւողական պայքարով կը վերականգնուի։
Ահա այս պատճառով եւ այս գիտակցութեամբ է, որ բանաստեղծին Սարտարապատաշունչ խօսքերը մենք ազգովին սրբազան երգի վերածած ենք, անոր ոգին փոխանցած ենք սերունդներուն, եւ իւրացուցած ենք այդ երգի խորհուրդը որ կ՚ըսէ՝
«Բայց մենք չընկանք, մենք միշտ կանք,
Մենք չհանգանք՝ դեռ կգանք,
Երբ տան զանգը, ահազանգը,
Որ մեր հոգու պարտքը տանք։»
Ասիկա մեզի համար հռետորութիւն չէ եւ պիտի չըլլայ, այլ անհաւասար կռիւներու բովէն անցած, երբեմն կոտորուած ու պարտութիւններ տեսած, բայց ինքն իրեն բազմիցս վերականգնած ազգի մը վերականգնումի կանչը, ապրելակերպը, հաւատամքը։
Եւ ինչպէս երէկ, այդպէս ալ այսօր ու վաղը, պիտի յարատեւէ մեր ազգը, պիտի վանէ բոլոր պառակտիչ եւ մեզ ընկճել փորձող ճիգերը, պիտի հզօրացնէ մեր հայրենիքն ու ազգի հաւաքական միջոցները, պիտի դառնայ աւելի խելամիտ ու հնարամիտ քան երբեւէ, պիտի վերանորոգէ իր մարտունակութիւնը աւելի վճռականօրէն քան երբեւէ, ու պիտի փաստէ իր հաւատամքի խորհուրդը, որպէսզի աանպայմանօրէն ու բոլորով՝ «մենք մեր հոգու պարտքը տանք»:
Գրառումը՝ Վիգեն Հովսեփյանի ֆեյսբուքյան էջից։