21.8 C
Yerevan

Մեր Հոգու Պարտքը

«Պիտի յարա­տեւէ մեր ազգը, պիտի վանէ բոլոր պառակտիչ եւ մեզ ընկճել փորձող ճիգե­րը, պիտի հզօ­րացնէ մեր հայրե­նիքն ու ազգի հաւա­քա­կան միջոցնե­րը, պիտի դառնայ աւե­լի խելա­միտ ու հնա­րա­միտ քան երբեւէ, պիտի վերա­նո­րո­գէ իր մարտունա­կութիւնը աւե­լի վճռա­կա­նօ­րէն քան երբեւէ»։

Վիգեն Հովսեփյան

Դարե­րու ընթացքին, մեր ազգը շատ մը ուրիշ ազգե­րու եւ պետութիւննե­րու նման պարտութիւններ կրած է, եւ ատոնց ընթացքին բազում կորուստներ ունե­ցած։ Պարզ է եւ բնա­կան, որ անհաւա­սար ուժե­րու միջեւ կռիւնե­րը յաճախ յարա­բե­րա­բար տկա­րի պարտութեամբ կ՚աւարտին: Բայց մենք մեր պատմութեան դասե­րէն նաեւ հասկցած ենք, թէ իսկա­կան պարտեալնե­րը միայն անոնք են, որոնք վերջնա­կա­նա­պէս կը համա­կերպին իրենց կրած պարտութեան թելադրած պայմաննե­րուն հետ։

Հասկցած ենք եւ սորված ենք, թէ պարտութիւն մը վերջնա­կան իրա­կա­նութեան կը վերա­ծուի միայն այն ատեն երբ պարտեա­լը կ՚ընդունի իր պարտութիւնը բոլոր ժամա­նակնե­րու համար, ու այդ պարտութիւնը կ՚իւրացնէ հոգե­պէս ու էապէս։

Ահա այս պատճա­ռով է որ մենք երբէք չենք վհա­տած, ու միշտ ալ նպա­տա­կի վերա­ծած ենք մեծ ու անկա­րե­լի թուա­ցող իտէալներ, միշտ հասկնա­լով թէ իրաւունքը երկա­րա­տեւ ու հետեւո­ղա­կան պայքա­րով կը վերա­կանգնուի։

Ահա այս պատճա­ռով եւ այս գիտակցութեամբ է, որ բանաստեղծին Սարտա­րա­պա­տա­շունչ խօսքե­րը մենք ազգո­վին սրբա­զան երգի վերա­ծած ենք, անոր ոգին փոխանցած ենք սերունդնե­րուն, եւ իւրա­ցուցած ենք այդ երգի խորհուրդը որ կ՚ըսէ՝

«Բայց մենք չընկանք, մենք միշտ կանք,
Մենք չհանգանք՝ դեռ կգանք,
Երբ տան զանգը, ահա­զանգը,
Որ մեր հոգու պարտքը տանք։»

Ասի­կա մեզի համար հռե­տո­րութիւն չէ եւ պիտի չըլլայ, այլ անհաւա­սար կռիւնե­րու բովէն անցած, երբեմն կոտո­րուած ու պարտութիւններ տեսած, բայց ինքն իրեն բազմիցս վերա­կանգնած ազգի մը վերա­կանգնումի կանչը, ապրե­լա­կերպը, հաւա­տամքը։

Եւ ինչպէս երէկ, այդպէս ալ այսօր ու վաղը, պիտի յարա­տեւէ մեր ազգը, պիտի վանէ բոլոր պառակտիչ եւ մեզ ընկճել փորձող ճիգե­րը, պիտի հզօ­րացնէ մեր հայրե­նիքն ու ազգի հաւա­քա­կան միջոցնե­րը, պիտի դառնայ աւե­լի խելա­միտ ու հնա­րա­միտ քան երբեւէ, պիտի վերա­նո­րո­գէ իր մարտունա­կութիւնը աւե­լի վճռա­կա­նօ­րէն քան երբեւէ, ու պիտի փաստէ իր հաւա­տամքի խորհուրդը, որպէսզի աանպայմա­նօ­րէն ու բոլո­րով՝ «մենք մեր հոգու պարտքը տանք»:

Գրա­ռումը՝ Վիգեն Հովսեփյանի ֆեյսբուքյան էջից։

Առնչվող Հոդվածներ