Այս եւ նման դատական վճիռները ցոյց կու տան, որ Իրանի վարչակարգին մէջ եւ խուլ մրցակցութիւն կայ պահպանողականներուն եւ բարեկարգչականներուն միջեւ։ Դատական այս վճիռներով իշխանութիւնները կը փակեն դուռը ոչ միայն ցուցարարներու պահանջներուն առջեւ, այլ նոյնիսկ իշխանութենէն ներս բարեկարգչականներուն կ՛ուղղուի յստակ պատգամ մը, որ իսլամական յեղափոխութեան արժէքներէն ետդարձ պիտի չկատարուի։
Գէորգ Թորոյեան
2022ի Սեպտեմբերի կէսերէն Իրանի իսլամական հանրապետութիւն կ՛ապրի բախտորոշ եւ ճակատագրական օրեր։ «Բարոյականութեան պահակներ» կոչուող ոստիկանական միաւորի կողմէ ծագումով քիւրտ 22ամեայ երիտասարդուհի Մահսա (Զինա) Ամինի նկատմամբ կատարած բռնութիւններու հետեւանքով Ամինի մահացաւ հիւանդանոցին մէջ (22ամեայ Ամինի լաչակը պատշաճ ձեւով կապած չըլլալուն պատճառով դաժան ծեծի ենթարկուած էր)։ Ոստիկանութիւնը մերժեց իրեն ուղղուած ամբաստանութիւնը Ամինիի մահուան համար։ Բայց ոստիկանութեան արդարացման այս ճիգը բաւարար չեղաւ, որ ամբողջ երկիրով մէկ բողոքի ցոյցեր ծայր առնեն։
Արդէն չորս ամիս է, որ Իրանի տարբեր քաղաքներու մէջ կը շարունակուին ցոյցերը, որոնք մերթ մեծ թափ կը ստանան մերթ կը մեղմանան, սակայն ցայսօր ոչ մէկ օր չեն դադրած։ Բողոքի այս ալիքը տարբեր գոյներ ստացաւ, կրօնականէն մինչեւ ցեղային, սակայն ի վերջոյ սահմանափակուեցան մարդկային տարրական իրաւունքներու արդար պահանջով։ Առաջին օրէն ակնյայտ է, որ ցոյցերուն մասնակիցներուն մեծամասնութիւնը երիտասարդ աղջիկներ են, ընդհանրապէս համալսարանականներ։ Այս փաստը նաեւ նեղ կացութեան մատնէ կառավարութեան ուժերը։
Իրանի այս ցոյցերը, բնականաբար իրենց վրայ պիտի հրաւիրէին բազմաթիւ երկիրներու ուշադրութիւնը, նկատի ունենալով Իրանի աշխարհաքաղաքական կարեւոր դիրքն ու դերակատարութիւնը։ Արեւմուտքը, որ սկսած էր բանակցիլ Իրանի հիւլէական ծրագիրներու իրագործման շուրջ եւ անոր դէմ կիրառուող պատժամիջոցներու դադրեցման գծով, առաջին հանգրուանին դանդաղկոտութիւն ցոյց տուաւ, սպասելով դէպքերու զարգացման հոլովոյթին եւ ժամանակէ մը ի վեր գրեթէ սառեցուած են այդ բանակցութիւնները։ Շրջան մը ստեղծուեցաւ այն տպաւորութիւնը, որ ռուս-ուքրանական պատերազմին պատճառով Ամերիկա ռուսական կազին եւ քարիւղին այլընտրանք կրնայ իրանեան կազն ու քարիւղը գործածել։
Իրանի դրացի-թշնամիները ակնդէտ կը հետեւին այս ցոյցերուն, երկիրէն ներս կայանալիք որեւէ փոփոխութեան պարագային առաւելագոյն օգուտները քաղելու յոյսով։ Այստեղ պէտք չէ թերագնահատել կամ զանց առնել իսրայէլեան գործօնը, որ սահմանակից չըլլալով հանդերձ կը համարուի Իրանի գլխաւոր թշնամին։ Նշենք, որ Իրան, բացի Հայաստանէն, իր սահմանակից բոլոր երկիրներու հետ քաղաքական հարցեր ունի։ Այս իմաստով միակ ապահով սահմանը Հայաստանի հետ իր սահմանն է։ Իսկ չորս ամիս է ի վեր շարունակուող ցոյցերուն թրքական կամ ատրպէյճանական միջամտութիւններ անպայմանօրէն կան։ Ատրպէյճանի նախագահ Ալիեւ բացայայտօրէն չէ յայտարարած, որ հողային յաւակնութիւններ ունի Իրանէն, սակայն ատրպէյճանական աղբիւրներու նշած հարաւային Ատրպէյճանը նոյնինքն Իրանէն տարածքներ են։ Նշենք, որ Իրանի հիւսիսը կը բնակին թրքախօս իրանցիներ, որոնք կը կազմեն երկիրի բնակչութեան 16-20 առ հարիւրը։ Իրանի մէջ կ՛ապրին նաեւ 1.5– 2 միլիոն արաբներ, որոնք կրնան օգտագործուիլ Իրանի հակառակորդ եւ մրցակից Ծոցի երկիրներուն կողմէ։ Իսկ քիւրտերը, որոնք կը հաշուեն շուրջ 10 միլիոն, միշտ ալ անջատողական տրամադրութիւններ ցոյց տուած են։
Սակայն վերջին օրերուն ուշագրաւ իրադարձութիւններ աւելիով լուսարձակները կեդրոնացուցին Իրանի ներքաղաքական կեանքին վրայ։ Պաշտպանութեան նախկին նախարար Ալի Ռեզա Աքպարիի, որ 2019ին ձերբակալուած էր Բրիտանիոյ ի նպաստ լրտեսութիւն կատարած ըլլալու յանցանքով, մահապատիժի ենթարկուեցաւ։ Աքպարի քաղաքականօրէն կը թեքէր բարեկարգչական Շամախանիի եւ Լարիճանիի կողմը։ Միւս կողմէ, նախկին նախագահներէն Հաշեմի Ռաֆսանճանիի աղջիկը դատապարտուեցաւ հինգ տարուան բանտարկութեան, ցուցարարներուն կողքին սադրիչ գործողութիւններ կատարած ըլլալու յանցանքով։
Այս եւ նման դատական վճիռները ցոյց կու տան, որ Իրանի վարչակարգին մէջ եւ խուլ մրցակցութիւն կայ պահպանողականներուն եւ բարեկարգչականներուն միջեւ։ Դատական այս վճիռներով իշխանութիւնները կը փակեն դուռը ոչ միայն ցուցարարներու պահանջներուն առջեւ, այլ նոյնիսկ իշխանութենէն ներս բարեկարգչականներուն կ՛ուղղուի յստակ պատգամ մը, որ իսլամական յեղափոխութեան արժէքներէն ետդարձ պիտի չկատարուի։ Թէեւ բարեկարգչականներուն ի նպաստ արտայայտուեցաւ նաեւ նախկին նախագահ Ահմատինաճատը եւ խորհրդարանի ներկայ նախագահ Քալիպաֆին, սակայն ըստ երեւոյթին պահպանողականները կը մնան անդրդուելի։
Կը խօսուի նաեւ հոգեւոր առաջնորդի՝ Խամենէի առողջութեան մասին, որուն յաջորդը կրնայ վերահսկողութիւնը կորսնցնել երկիրի իշխանական լծակներուն վրայ։ Նաեւ պէտք ընդգծել, որ պատժամիջոցներու հետեւանքով երկիրը կ՛ապրի տնտեսական աննախընթաց տագնապ մը, որ յառաջիկայ գարնան կրնայ նորանոր ցոյցերու եւ բողոքի ալիքներու կամ մեղմացած ցոյցերուն նոր կայծ մը տալ, արդէն նորանոր եւ յաւելեալ պահանջներով։
Հայաստանի համար Իրանը կը մնայ իր բնական եւ ամէնէն վստահելի դաշնակիցներէն մէկը։ Արեւմուտքը թոյլ պիտի տա՛յ Իրանի քայքայման։ Այս իմաստով, քարտէզներ անգամ շրջանառութեան մէջ դրուած են։ Այդ քայքայումը կրնայ աղէտաբեր ըլլալ նաեւ Հայաստանի համար։ Բայց մեկնելով արեւմտեան Հիւսիս-Հարաւ ծրագիրէն, որ ըստ էութեան Ռուսիոյ եւ Չինաստանի շրջանցումն է, պարզ կը դառնայ, որ Իրանի ամբողջականութիւնը ձեռնտու է նաեւ Արեւմուտքին։
Իրանցիք հմուտ դիւանագէտներ են եւ իրենց պատմութիւնը լաւագոյն վկան է այդ դիւանագիտութեան։ Այս հանգրուանին անոնք առաւելաբար պիտի դիմեն պատմական իրենց փորձառութեան, փրկելու համար իշխող վարչակարգը եւ ամբողջական Իրանը իբրեւ պետութիւն։
Իրանի մէջ վերջին 20-25 տարիներուն նմանօրինակ ցոյցեր միշտ ալ եղած են։ Բայց Սեպտեմբերին ծայր առած բողոքի այս ցոյցերը թէ՛ իրենց ծաւալով եւ թէ իրենց տեւողութեամբ աննախընթաց են։ Իրանի քաղաքական ղեկավարութիւնը պարտաւոր է վերաքաղ ընել եւ ճկունութիւն ցուցաբերել, այլապէս գարնան բողոքի նորանոր ցոյցերը կրնան Իրանը դնել անախորժ քաղաքական կացութիւններու դէմ յանդիման։
Հոդվածը՝ Asbarez.am կայքից։