Սփիւռք

ՀՅԴ-ն Պետք Է Հզորանա

Երբ ՀՅԴն կը գտնուի կազմակերպականօրէն տկար դիրքերու վրայ, անիկա չի կրնար լաւ կերպով ծառայել հայրենիքին եւ նպաստել անոր հզօրացումին: Պէտք է հաստատել, որ դժբախտաբար, Հայաստանի մէջ ՀՅԴն ժամանակի ընթացքին տկարացած է:

Արա Խանջյան

Հայաստանի Մէջ Հզօր ՀՅԴ Մը Ունենալու Անհրաժեշտութիւնը

Ամէն անգամ, երբ ընկերներ կամ ծանօթներ կը քննարկեն Հայաստանի ծանր վիճակը եւ Հայաստանի կառավարութեան գործունէութիւնը՝ ես ինծի կը հարցնեմ. «Մենք, դաշնակցականներս, ին՞չ կ՛ընենք, որպէսզի Հայաստան աւելի հզօրանայ եւ դիմագրաւէ իր առջեւ ծառացած բազմաթիւ մարտահրաւէրները»:

Երբ նայինք ՀՅԴի անցնող բազմաթիւ Ընդհանուր ժողովներուն, որոնք չորս տարին անգամ մը ուղղութիւն կու տան ՀՅԴի գործունէութեան, եւ կը վերլուծենք անոնցմէ բխած բանաձեւերը՝ կրնանք կեդրոնանալ երեք գլխաւոր գաղափարներու վրայ:

Առաջին՝ ՀՅԴն պէտք է ըլլայ քաղաքականօրէն ինքնուրոյն եւ անկախ: Կուսակցութեան անկախութիւնը կրնայ հարցականի տակ դրուիլ, երբ մեծ քանակութեամբ նուիրատուութիւն կը ստանայ գլխաւորաբար մէկ աղբիւրէ: Որքա՛ն կուսակցութեան նիւթական աղբիւրները ըլլան բազմազան եւ բազմաթիւ, այդքա՛ն անոր անկախութիւնը կը բարձրանայ: Նաեւ, ընտրութիւններու ընթացքին, փոխանակ ուրիշ քաղաքական ուժի մը վրայ յենելով՝ քուէներ ստանալը, առանձին եւ ինքնուրոյն ժողովուրդին ներկայանալը ու ժողովուրդի քուէն ստանալը կը նպաստէ կուսակցութեան անկախութեան:

Երկրորդ՝ ՀՅԴն պէտք է աշխատի եւ գործէ՝ նպատակ ունենալով պետութեան հզօրացումը անկախ այն բանէն, թէ ո՛վ է իշխանութեան գլուխը: Աշխատանք տանիլ, որ բանակը հզօրանայ, ոստիկանութիւնը եւ դատական համակարգերը ըլլան որակեալ ու անկաշառ, կրթական, առողջապահական համակարգերը ըլլան բարձր որակի, երկրին ենթակառոյցները, ինչպէս՝ ճամբաները, ելեկտրականութիւնը, կոյուղիները, ջրային ցանցերը, օդակայանները, հաղորդակցութեան միջոցները, ըլլան արդիական, եւ այլն: Կառավարութեան չհամակրիլը պետութեան եւ ժողովուրդին վնաս կը պատճառէ, մանաւանդ երբ մեր կարողութիւնները չեն տրամադրուիր պետութեան հզօրացումին: Այսպէս, պէտք է զանազանել պետութիւնը կառավարութիւնէն:

Երրորդ՝ ՀՅԴն պէտք է գործէ ուղղակի ժողովուրդին հետ՝ թաղային, համայնքային եւ քաղաքային մակարդակներով, աշխատելով ժողովուրդին ընկերային-տնտեսական հարցերը լուծելու ուղղութեամբ: ՀՅԴ բազմաթիւ Ընդհանուր ժողովներ բանաձեւեր որդեգրած են այս ուղղութեամբ: Օրինակ՝ 2011ի Ընդհանուր ժողովը կ՛ըսէ. «Ժողովուրդին ծառայելու եւ անոր հետ աշխատելու, կապը ամրապնդելու, մեր ծրագրային նպատակները ներկայացնելու եւ մեկնաբանելու նպատակով, մղել տեղական միաւորները, ընդհուպ մինչեւ առանձին խումբեր, անմիջական աշխատանքային ծրագիրներ կազմելու եւ գործադրելու: Կազմակերպել ժողովրդային հանդիպումներ, հաւաքներ, բացատրական զրոյցներ, որդեգրելով «Դէպի Ժողովուրդ» կարգախօսը»:

Սակայն, վերոյիշեալները իրականացնելու համար, անհրաժեշտ է ունենալ հզօր ՀՅԴ Հայաստանի մէջ: Երբ ՀՅԴն կը գտնուի կազմակերպականօրէն տկար դիրքերու վրայ, անիկա չի կրնար լաւ կերպով ծառայել հայրենիքին եւ նպաստել անոր հզօրացումին: Պէտք է հաստատել, որ դժբախտաբար, Հայաստանի մէջ ՀՅԴն ժամանակի ընթացքին տկարացած է: Վերջին տասնամեակին, ՀՅԴն Հայաստանի մէջ, բոլոր մակարդակի ընտրութիւններուն՝ նախագահական, Ազգային ժողովի, Երեւանի, թէ Տեղական ինքնակառավարման մարմիններու ընտրութիւններուն ունեցած է աննշան արդիւնքներ: Օրինակի համար, Հայաստանի երեք ամէնէն մեծ քաղաքներուն՝ Երեւանի, Գիւմրիի եւ Վանաձորի, աւագանիներուն մէջ, մէկ հատ դաշնակցական ներկայացուցիչ չկայ: Մէկը կոյր պէտք է ըլլայ, որ չհասկնայ, թէ Հայաստանի մէջ ՀՅԴն տկար դիրքերու վրայ կը գտնուի:

Դաշնակցութեան հանդէպ մեր սէրը ցոյց տուած չենք ըլլար, երբ չենք քննարկեր ՀՅԴի տկարացման պատճառները: Լաւ դաշնակցականը ան չէ, որ ՀՅԴի վիճակին գծով կոյր կը ձեւանայ: Ընկերներուս կու տամ հետեւեալ օրինակը. երբ զաւակի մը ծնողները առողջական հարցեր կ՛ունենան, լաւ զաւակը ան չէ, որ կը յայտարարէ, թէ իր ծնողքը առողջ է եւ անոնց հիւանդութեան տեղ տուող պատճառները չի քննարկեր, այլ ան՝ որ կը տագնապի իր ծնողներուն վիճակով եւ ամէն ձեւով կը քննարկէ ու միջոցներ կը փորձէ գտնել զանոնք առողջացնելու համար: Հոս չեմ խօսիր ժողովրդահաճութեան, populism-ի, մասին, այլ՝ այն հաստատումին, թէ ՀՅԴի նման կուսակցութիւն մը պէտք ունի ժողովուրդի որոշիչ զանգուածին, որպէսզի յաջողի, հետեւաբար, անիկա անպայման կարիքը ունի այն ժողովուրդի համակրանքին, որուն դատին նուիրուած է։

Եթէ դաշնակցական մը համոզուած է, որ ներկայ կառավարութիւնը վնասակար է հայութեան եւ Հայաստանի համար, այս կը նշանակէ, որ այդ դաշնակցականը նախ եւ առաջ պէտք է աշխատի եւ նպաստէ Հայաստանի մէջ ՀՅԴի հզօրացման եւ, վերջապէս, Տեղական ինքնակառավարման մարմինիններու, Ազգային ժողովի եւ կառավարութեան ղեկը ստանձնելով, կամ ալ, առնուազն, կարեւոր ուժ դառնալով՝ հզօրացնէ պետութեան վերոնշեալ կառոյցները: 

Եթէ Հայաստանի մէջ ունենայինք զօրաւոր Դաշնակցութիւն մը, որուն թիկունք կը կանգնէր ժողովուրդին կարեւոր մէկ մասը, այսօր տարբեր կրնար ըլլալ Հայաստանի ու Արցախի վիճակը:

Տակաւին որքա՞ն պէտք է տկարանայ ՀՅԴն Հայաստանի մէջ, որպէսզի աշխարհի մէջ գտնուող ամէն մէկ դաշնակցական մտահոգութիւն ցուցաբերէ: Որքա՞ն պէտք է տկարանայ ՀՅԴն Հայաստանի մէջ, որպէսզի աշխարհի մէջ գտնուող ամէն մէկ դաշնակցական տագնապի, հարցապնդէ, քննարկէ եւ աշխատի, որպէսզի Հայաստանի մէջ ՀՅԴն հզօրանայ, որպէսզի աւելի լաւ կերպով կարենայ ծառայել հայրենիքին, Արցախին, Հայաստանի բանակին եւ ժողովուրդին: Երբ աշխարհի իւրաքանչիւր դաշնակցական լուռ կը մնայ Հայաստանի մէջ ՅՅԴի տկարացման ի տես, ան եւս պատասխանատու կ՛ըլլայ ՀՅԴի տկարացման:

Ոմանք կ՛ըսեն, թէ այսօր ահազանգային վիճակ գոյութիւն ունի եւ ժամանակ չկայ նմանօրինակ կազմակերպական հարցերով զբաղելու: Դեռեւս այդպէս է, բայց եթէ տասը տարի առաջ սկսէինք տագնապիլ, վերոյիշեալ հարցերը քննարկել եւ որոնել ՀՅԴն հզօրացնելու ճանապարհները, եթէ երկու տարի առաջ սկսէինք, այսօր տարբեր արդիւնք կ՛ունենայինք: Հետեւաբար, լաւ է սկսիլ այսօր, քան թէ սպասել ուրիշ երկու կամ տասը տարիներ եւս:

Կը մաղթեմ, որ աշխարհի չորս կողմը գտնուող դաշնակցականները անդրադառնան եւ տագնապին մեր ներկայ իրավիճակով ու իսկական մտահոգութեամբ սկսին նպաստ բերելու Հայաստանի մէջ ՀՅԴի հզօրացման, որպէսզի անիկա արդիւնաւոր կերպով ծառայէ Հայաստանի Հանրապետութեան ու Արցախին:

    

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *