26.4 C
Yerevan

Արդեն՝ 120 Օր

Այս եւ նման դատա­կան վճիռնե­րը ցոյց կու տան, որ Իրա­նի վարչա­կարգին մէջ եւ խուլ մրցակցութիւն կայ պահպա­նո­ղա­կաննե­րուն եւ բարե­կարգչա­կաննե­րուն միջեւ։ Դատա­կան այս վճիռնե­րով իշխա­նութիւննե­րը կը փակեն դուռը ոչ միայն ցուցա­րարնե­րու պահանջնե­րուն առջեւ, այլ նոյնիսկ իշխա­նութե­նէն ներս բարե­կարգչա­կաննե­րուն կ՛ուղղուի յստակ պատգամ մը, որ իսլա­մա­կան յեղա­փո­խութեան արժէքնե­րէն ետդարձ պիտի չկա­տա­րուի։

Գէորգ Թորո­յեան

2022ի Սեպտեմբե­րի կէսե­րէն Իրա­նի իսլա­մա­կան հանրա­պե­տութիւն կ՛ապրի բախտո­րոշ եւ ճակա­տագրա­կան օրեր։ «Բարո­յա­կա­նութեան պահակներ» կոչուող ոստի­կա­նա­կան միաւո­րի կողմէ ծագումով քիւրտ 22ամեայ երի­տա­սարդուհի Մահսա (Զինա) Ամի­նի նկատմամբ կատա­րած բռնութիւննե­րու հետեւանքով Ամի­նի մահա­ցաւ հիւանդա­նո­ցին մէջ (22ամեայ Ամի­նի լաչա­կը պատշաճ ձեւով կապած չըլլա­լուն պատճա­ռով դաժան ծեծի ենթարկուած էր)։ Ոստի­կա­նութիւնը մերժեց իրեն ուղղուած ամբաստա­նութիւնը Ամի­նիի մահուան համար։ Բայց ոստի­կա­նութեան արդա­րացման այս ճիգը բաւա­րար չեղաւ, որ ամբողջ երկի­րով մէկ բողո­քի ցոյցեր ծայր առնեն։

Արդէն չորս ամիս է, որ Իրա­նի տարբեր քաղաքնե­րու մէջ կը շարունա­կուին ցոյցե­րը, որոնք մերթ մեծ թափ կը ստա­նան մերթ կը մեղմա­նան, սակայն ցայսօր ոչ մէկ օր չեն դադրած։ Բողո­քի այս ալի­քը տարբեր գոյներ ստա­ցաւ, կրօ­նա­կա­նէն մինչեւ ցեղա­յին, սակայն ի վերջոյ սահմա­նա­փա­կուե­ցան մարդկա­յին տարրա­կան իրաւունքնե­րու արդար պահանջով։ Առա­ջին օրէն ակնյայտ է, որ ցոյցե­րուն մասնա­կիցնե­րուն մեծա­մասնութիւնը երի­տա­սարդ աղջիկներ են, ընդհանրա­պէս համալսա­րա­նա­կաններ։ Այս փաստը նաեւ նեղ կացութեան մատնէ կառա­վա­րութեան ուժե­րը։

Իրա­նի այս ցոյցե­րը, բնա­կա­նա­բար իրենց վրայ պիտի հրաւի­րէին բազմա­թիւ երկիրնե­րու ուշադրութիւնը, նկա­տի ունե­նա­լով Իրա­նի աշխարհա­քա­ղա­քա­կան կարեւոր դիրքն ու դերա­կա­տա­րութիւնը։ Արեւմուտքը, որ սկսած էր բանակցիլ Իրա­նի հիւլէա­կան ծրա­գիրնե­րու իրա­գործման շուրջ եւ անոր դէմ կիրա­ռուող պատժա­մի­ջոցնե­րու դադրեցման գծով, առա­ջին հանգրուա­նին դանդաղկո­տութիւն ցոյց տուաւ, սպա­սե­լով դէպքե­րու զարգացման հոլո­վոյթին եւ ժամա­նա­կէ մը ի վեր գրե­թէ սառե­ցուած են այդ բանակցութիւննե­րը։ Շրջան մը ստեղծուե­ցաւ այն տպաւո­րութիւնը, որ ռուս-ուքրա­նա­կան պատե­րազմին պատճա­ռով Ամե­րի­կա ռուսա­կան կազին եւ քարիւղին այլընտրանք կրնայ իրա­նեան կազն ու քարիւղը գործա­ծել։

Իրա­նի դրա­ցի-թշնա­մի­նե­րը ակնդէտ կը հետեւին այս ցոյցե­րուն, երկի­րէն ներս կայա­նա­լիք որեւէ փոփո­խութեան պարա­գա­յին առաւե­լա­գոյն օգուտնե­րը քաղե­լու յոյսով։ Այստեղ պէտք չէ թերագնա­հա­տել կամ զանց առնել իսրա­յէ­լեան գործօ­նը, որ սահմա­նա­կից չըլլա­լով հանդերձ կը համա­րուի Իրա­նի գլխաւոր թշնա­մին։ Նշենք, որ Իրան, բացի Հայաստա­նէն, իր սահմա­նա­կից բոլոր երկիրնե­րու հետ քաղա­քա­կան հարցեր ունի։ Այս իմաստով միակ ապա­հով սահմա­նը Հայաստա­նի հետ իր սահմանն է։ Իսկ չորս ամիս է ի վեր շարունա­կուող ցոյցե­րուն թրքա­կան կամ ատրպէյճա­նա­կան միջամտութիւններ անպայմա­նօ­րէն կան։ Ատրպէյճա­նի նախա­գահ Ալիեւ բացա­յայտօ­րէն չէ յայտա­րա­րած, որ հողա­յին յաւակնութիւններ ունի Իրա­նէն, սակայն ատրպէյճա­նա­կան աղբիւրնե­րու նշած հարաւա­յին Ատրպէյճա­նը նոյնինքն Իրա­նէն տարածքներ են։ Նշենք, որ Իրա­նի հիւսի­սը կը բնա­կին թրքա­խօս իրանցի­ներ, որոնք կը կազմեն երկի­րի բնակչութեան 16–20 առ հարիւրը։ Իրա­նի մէջ կ՛ապրին նաեւ 1.5– 2 միլիոն արաբներ, որոնք կրնան օգտա­գործուիլ Իրա­նի հակա­ռա­կորդ եւ մրցա­կից Ծոցի երկիրնե­րուն կողմէ։ Իսկ քիւրտե­րը, որոնք կը հաշուեն շուրջ 10 միլիոն, միշտ ալ անջա­տո­ղա­կան տրա­մադրութիւններ ցոյց տուած են։    

Սակայն վերջին օրե­րուն ուշագրաւ իրա­դարձութիւններ աւե­լիով լուսարձակնե­րը կեդրո­նա­ցուցին Իրա­նի ներքա­ղա­քա­կան կեանքին վրայ։ Պաշտպա­նութեան նախկին նախա­րար Ալի Ռեզա Աքպա­րիի, որ 2019ին ձերբա­կա­լուած էր Բրի­տա­նիոյ ի նպաստ լրտե­սութիւն կատա­րած ըլլա­լու յանցանքով, մահա­պա­տի­ժի ենթարկուե­ցաւ։ Աքպա­րի քաղա­քա­կա­նօ­րէն կը թեքէր բարե­կարգչա­կան Շամա­խա­նիի եւ Լարի­ճա­նիի կողմը։ Միւս կողմէ, նախկին նախա­գահնե­րէն Հաշե­մի Ռաֆսանճա­նիի աղջի­կը դատա­պարտուե­ցաւ հինգ տարուան բանտարկութեան, ցուցա­րարնե­րուն կողքին սադրիչ գործո­ղութիւններ կատա­րած ըլլա­լու յանցանքով։

Այս եւ նման դատա­կան վճիռնե­րը ցոյց կու տան, որ Իրա­նի վարչա­կարգին մէջ եւ խուլ մրցակցութիւն կայ պահպա­նո­ղա­կաննե­րուն եւ բարե­կարգչա­կաննե­րուն միջեւ։ Դատա­կան այս վճիռնե­րով իշխա­նութիւննե­րը կը փակեն դուռը ոչ միայն ցուցա­րարնե­րու պահանջնե­րուն առջեւ, այլ նոյնիսկ իշխա­նութե­նէն ներս բարե­կարգչա­կաննե­րուն կ՛ուղղուի յստակ պատգամ մը, որ իսլա­մա­կան յեղա­փո­խութեան արժէքնե­րէն ետդարձ պիտի չկա­տա­րուի։ Թէեւ բարե­կարգչա­կաննե­րուն ի նպաստ արտա­յայտուե­ցաւ նաեւ նախկին նախա­գահ Ահմա­տի­նա­ճա­տը եւ խորհրդա­րա­նի ներկայ նախա­գահ Քալի­պաֆին, սակայն ըստ երեւոյթին պահպա­նո­ղա­կաննե­րը կը մնան անդրդուե­լի։

Կը խօսուի նաեւ հոգեւոր առաջնորդի՝ Խամե­նէի առողջութեան մասին, որուն յաջորդը կրնայ վերահսկո­ղութիւնը կորսնցնել երկի­րի իշխա­նա­կան լծակնե­րուն վրայ։ Նաեւ պէտք ընդգծել, որ պատժա­մի­ջոցնե­րու հետեւանքով երկի­րը կ՛ապրի տնտե­սա­կան աննա­խընթաց տագնապ մը, որ յառա­ջի­կայ գարնան կրնայ նորա­նոր ցոյցե­րու եւ բողո­քի ալիքնե­րու կամ մեղմա­ցած ցոյցե­րուն նոր կայծ մը տալ, արդէն նորա­նոր եւ յաւե­լեալ պահանջնե­րով։

Հայաստա­նի համար Իրա­նը կը մնայ իր բնա­կան եւ ամէ­նէն վստա­հե­լի դաշնա­կիցնե­րէն մէկը։ Արեւմուտքը թոյլ պիտի տա՛յ Իրա­նի քայքայման։ Այս իմաստով, քարտէզներ անգամ շրջա­նա­ռութեան մէջ դրուած են։ Այդ քայքա­յումը կրնայ աղէ­տա­բեր ըլլալ նաեւ Հայաստա­նի համար։ Բայց մեկնե­լով արեւմտեան Հիւսիս-Հարաւ ծրա­գի­րէն, որ ըստ էութեան Ռուսիոյ եւ Չինաստա­նի շրջանցումն է, պարզ կը դառնայ, որ Իրա­նի ամբողջա­կա­նութիւնը ձեռնտու է նաեւ Արեւմուտքին։

Իրանցիք հմուտ դիւա­նա­գէտներ են եւ իրենց պատմութիւնը լաւա­գոյն վկան է այդ դիւա­նա­գի­տութեան։ Այս հանգրուա­նին անոնք առաւե­լա­բար պիտի դիմեն պատմա­կան իրենց փորձա­ռութեան, փրկե­լու համար իշխող վարչա­կարգը եւ ամբողջա­կան Իրա­նը իբրեւ պետութիւն։

Իրա­նի մէջ վերջին 20–25 տարի­նե­րուն նմա­նօ­րի­նակ ցոյցեր միշտ ալ եղած են։ Բայց Սեպտեմբե­րին ծայր առած բողո­քի այս ցոյցե­րը թէ՛ իրենց ծաւա­լով եւ թէ իրենց տեւո­ղութեամբ աննա­խընթաց են։ Իրա­նի քաղա­քա­կան ղեկա­վա­րութիւնը պարտաւոր է վերա­քաղ ընել եւ ճկունութիւն ցուցա­բե­րել, այլա­պէս գարնան բողո­քի նորա­նոր ցոյցե­րը կրնան Իրա­նը դնել անա­խորժ քաղա­քա­կան կացութիւննե­րու դէմ յանդի­ման։

Հոդվա­ծը՝ Asbarez.am կայքից։

Առնչվող Հոդվածներ