21.4 C
Yerevan

Հայրե­նա­դարձման Համա­կարգման Ուղիով

Մաս 2- րդ Հարցազրույց Ռուբեն Գարա­գաշյա­նի հետ

Միջին Արեւելքի գաղութնե­րու քայքա­յումով եւ տարտղնումով, ինչպէս նաեւ ցեղասպա­նութե­նէն վերապրած առա­ջին եւ երկրորդ սերունդնե­րու կեանքէն հեռա­նա­լով, այլեւս նման կազմա­կերպուած եւ կեդրո­նա­ցած գաղութա­յին կեանքով ապրե­լու կարե­լիութիւննե­րը շատ աւե­լի նուազ են եւ ցուլումի վտանգը շատ աւե­լի սուր:

Ռուբեն Գարա­գաշյան

Սփիւռքը ՀՀ Հզօ­րացման Գործօն

  1. Հայաստա­նում գոյություն  ունե­ցող խնդիրնե­րից մեկը երբեք չդա­դա­րող արտա­գաղթն է եղել։ Ինչո՞վ կբա­ցատրեք այդ երև­ույթը։

Ըստ իս կան արտա­գաղթը խթա­նող 3 գլխաւոր պատճառներ‘

ա. Անվտանգա­յին — պատե­րազմա­կան իրա­վի­ճա­կը եւ հետեւա­բար անո­րո­շութիւնը եւ վախը ապա­գա­յի նկատմամբ։

բ. Տնտե­սա­կան — բարե­կե­ցիկ կեանք ապա­հո­վող աշխա­տանքի սահմա­նա­փակ կարե­լիութիւննե­րը։

գ. Հոգե­բա­նա­կան – տեսլա­կան ունե­ցող, հաւատք ներշնչող եւ հաւա­քա­կան պայքա­րի ոգի կերտող ընտրա­նիի մը եւ ղեկա­վա­րութեան մը բացա­կա­յութիւնը։

Կարե­լի է նաեւ աւելցնել, թէ նկա­տի ունե­նա­լով այն հսկա­յա­կան զանգուա­ծը որ արդէն իսկ գաղթած է Հայաստա­նէն, հաստա­տուած զանա­զան երկիրնե­րու մէջ եւ մեծ մասամբ յաջո­ղած, անոնց ազգա­կաննե­րու եւ բարե­կամնե­րու արտա­գաղթը կը դառնայ աւե­լի հեշտ եւ կը դադրի ըլլա­լէ քայլ մը դէպի անծա­նօ­թը եւ անո­րո­շը։

  1. 2020թ պատե­րազմից հետո ՀՀ-ում շատե­րի մոտ ուժե­ղա­ցել է երկրից հեռա­նա­լու ձգտումը։ Արդյո՞ք պարտությունը պատե­րազմում իրոք անվտանգա­յին ծայրա­հեղ խնդիրներ է առա­ջացրել ՀՀ բնա­կիչնե­րի համար, թե այդ տրա­մադրություննե­րը առա­վե­լա­պես հետպա­տե­րազմյան բախումներն ուղեկցող ու պարտությունից հետո մնա­ցած ընկճվա­ծություն է։

2020 թուա­կա­նի պարտութիւնը վստա­հա­բար մեծ դեր ունե­ցաւ շատե­րու մօտ կոտրե­լու հաւատքը դէպի ապա­գան եւ զարգացնե­լու արտա­գաղթի տրա­մադրութիւն։ Այդ պարտութիւնը նախ եւ առաջ մերկա­ցուց մեր հզօր եւ մարտունակ բանակ, ինչպէս նաեւ վստա­հե­լի դաշնա­կից ունե­նա­լու զոյգ սուտե­րը, առասպելնե­րը։ Մենք յանկարծ ինքզինքնիս գտանք միս մինակ, լքուած, եւ չափա­զանց խոցե­լի կացութեան մէջ, երբ թշնա­մին կը գործէ սանձարձակ եւ անպա­տիժ եւ մենք չունինք կամ չենք գտներ միջոցնե­րը զայն զսպե­լու։ Այդ պարտութիւնը նաեւ շատ սուղ գինն էր մեր 30 տարուայ անհո­գութեան, անլրջութեան, մեծամտութեան, ինչպէս նաեւ աւա­զա­կա­պե­տա­կան այն համա­կարգին, որ քանդեց երկի­րը ներսէն, համայն հայութեան ուղղա­կի թէ անուղղա­կի մեղսակցութեամբ։ Ազգա­յին չափա­զանց բարձր գիտակցութիւն եւ Նժդե­հեան ոգի եւ կամք են պէտք այս բոլո­րով հանդերձ շարունա­կե­լու հաւատք փայփա­յել ապա­գա­յի նկատմամբ, չընկճուիլ եւ չհրա­ժա­րիլ պայքա­րե­լէ։

  1. Մշտա­պես շեշտվել է, թե ինչ հսկա­յա­կան վնասներ է հասցրել արտա­գաղթը հայ ժողովրդին, իսկ ի՞նչ վիճա­կում է գտնվում ՀՀ Սփյուռքը։ Որո՞նք են Սփյուռքի հիմնա­կան խնդիրնե­րը։

Սփիւռքի հիմնա­կան խնդիրնե­րը կամ դժուա­րութիննե­րը կը վերա­բե­րին հայկա­կան ինքնութեան եւ գիտակցութեան աստի­ճա­նա­կան կորուստին։ Անցեա­լին, Սփիւռքը կեդրո­նա­ցած էր Միջին Արեւելքի մէջ, եւ շնորհիւ իր եկե­ղե­ցի­նե­րուն, դպրոցնե­րուն, կուսակցութիւննե­րուն եւ բարե­գործա­կան, մարզա­կան թէ մշա­կութա­յին հաստա­տութիւննե­րուն, կարե­լի կը դարձնէր հայ անհա­տին շարունա­կել ապրիլ իբրեւ “հայ“ թէկուզ “օտար“ միջա­վայրի մէջ։ Միջին Արեւելքի գաղութնե­րու քայքա­յումով եւ տարտղնումով, ինչպէս նաեւ ցեղասպա­նութե­նէն վերապրած առա­ջին եւ երկրորդ սերունդնե­րու կեանքէն հեռա­նա­լով, այլեւս նման կազմա­կերպուած եւ կեդրո­նա­ցած գաղութա­յին կեանքով ապրե­լու կարե­լիութիւննե­րը շատ աւե­լի նուազ են եւ ցուլումի վտանգը շատ աւե­լի սուր։ Հայա­պահպանման անցեա­լի մարտա­վա­րութի­նը, որ ազդե­ցիկ էր Միջին Արեւելքի մէջ, այլեւս չի գործեր Եւրո­պա­նե­րու եւ Ամէ­րի­կա­նե­րու մէջ։ Այն կազմա­կերպութիւննե­րը եւ հաստա­տութիւննե­րը որոնք անցեա­լի կառա­վա­րած են Սփիւռքեան գաղութնե­րը, այլեւս չեն վայե­լեր անհրա­ժեշտ հեղի­նա­կութիւնը շարունա­կե­լու այդ առա­քե­լութիւնը։ Սփիւռքը դադրած է կազմա­կերպուած հաւա­քա­կա­նութիւն մը ըլլա­լէ, եւ հետեւա­բար չունի այլեւս իրմէ ակնկա­լուած ուժա­կա­նութիւնը։

  1. Արդյո՞ք ՀՀ և Սփյուռքի հայե­րը լեզվամտա­ծո­ղությամբ արդեն իսկ տարբեր մշա­կութա­յին խմբեր չեն ներկա­յացնում իրենցից։ Ինչպե՞ս կարող են տարբեր հոգե­բա­նություն և մտա­ծե­լա­կերպ ունե­ցող մարդիկ մեկ ընդհա­նուր համա­ձայնության գալ միմյանց հետ ցանկա­ցած հարցում։

Սփիւռքը միա­տարր եւ միա­ձոյլ հաւա­քա­կա­նութիւն մը չէ եւ հետեւա­բար կարե­լի չէ խօսիլ Սփիռքեան լեզուամտա­ծո­ղութեան, մշա­կոյթի եւ հոգե­բա­նութեան մասին։ Այդ բոլո­րով իրարմէ շատ կը տարբե­րին Լիբա­նա­հա­յը, Ամէ­րի­կա­հա­յը, Իրա­նա­հա­յը, Ֆրանսա­հա­յը, Թրքա­հա­յը, Հայաստա­նէն նոր եկած հայը, եւայլն։ Այս բոլոր հայե­րուն կարե­լի է համախմբել միայն ազգա­յին իտէա­լի մը եւ գերա­գոյն մէկ նպա­տա­կի շուրջ, որն է հզօր հայկա­կան պետա­կա­նութիւն կերտե­լու նպա­տա­կը, եւ այդ կարե­լի է ընել միայն տեսլա­կան ունե­ցող, հաւատք ներշնչող, անհա­տա­կան վարք ու բարքով օրի­նակ ծառա­յող, անշա­հախնդիր եւ նուի­րուած համազգա­յին ղեկա­վա­րութեամբ։ Հրեա­նե­րը անցեա­լին յաջո­ղե­ցան այդ մէկը իրա­գործել։ Շատ դժուար է, բայց յուսամ ոչ անկա­րե­լի։ Նման ղեկա­վա­րութիւն այսօր գոյութիւն չունի։ Ոչ Եկե­ղե­ցին, ոչ կուսակցութիւննե­րը, ոչ ալ զանա­զան բարե­գործա­կան միութիւննե­րը որոնք անցեա­լին կատա­րած են այդ դերը, այսօր ունին անհրա­ժեշտ հեղի­նա­կութիւնը եւ կենսունա­կութիւնը զայն վերստին ստանձնե­լու, եւ ընդհա­կա­ռա­կը, անոնք արգելք կը հանդի­սա­նան նոր եւ առողջ ղեկա­վա­րութեան մը ծնունդին։

  1. ՀՀ և Սփյուռքի հայե­րը շատ հարցե­րում փոխվստա­հություն չունեն միմյանց նկատմամբ։ Ո՞րն է հիմնա­կան պատճա­ռը և ինչպե՞ս լուծել այդ հարցը։

Փոխվստա­հութեան պակա­սը ունի զանա­զան առարկա­յա­կան թէ ենթա­կա­յա­կան պատճառներ։ Սփիւռքա­հա­յե­րը ընդհանրա­պէս վերա­պահ են Հայաստանցի­նե­րու նկատմամբ եւ ունին այն տպաւո­րութիւնը որ Հայաստանցի­նե­րու միակ նպա­տա­կը Սփիւռքա­հա­յին օգտա­գործել է եւ անոր դրա­մը շորթել։ Կայ նաեւ որոշ Սփիւռքա­հա­յե­րու մօտ այն համո­զումը որ շատ մը Հայաստանցի­ներ, մանաւանդ կառա­վա­րա­կան շրջա­նակնե­րու պատկա­նող, աննկա­րա­գիր եւ կաշա­ռա­կերներ մարդիկ են, որոնց կարե­լի չէ վստա­հիլ ազգա­նուէր եւ անշա­հախնդիր գործ տանե­լու մէջ։ Անդին, շատ մը Հայաստանցի­նե­րու համար, Սփիւռքա­հա­յե­րը խփնուած ազգայնա­կաններ են, որոնք դուրսը նստած, իրենց ապա­հով եւ բարե­կե­ցիկ պայմաննե­րուն մէջ, մեծ մեծ կը խօսին ու դասեր կու տան, սակայն փոխա­րէ­նը շատ քիչ օգտա­կա­րութիւն կը ցուցա­բե­րեն։ Կայ նաեւ այս փոխա­դարձ անվստա­հութեան  քաղա­քա­կան երե­սը, երբ որոշ սփիւռքա­հա­յեր իրաւունքը կը պահանջեն կարծիք տալու եւ դերա­կա­տար ըլլա­լու Հայաստա­նի ներքին թէ արտա­քին քաղա­քա­կան որո­շումնե­րուն մէջ, մինչ շատ մը Հայաստանցի­ներ այդ իրաւունքը կը պայմա­նաւո­րեն Հայաստան բնա­կե­լով, այն տրա­մա­բա­նութեամբ, որ այդ քաղա­քա­կան որո­շումնե­րու հետեւանքնե­րը պէտք է անձնա­կան մորթի վրայ զգալ։ Օրի­նա­կի համար, դիւրին է Սփիւռքի մէջ նստած ըլլալ առաւե­լա­պաշտ եւ դատա­պարտել որեւէ զիջում երբ քու զաւակդ չէ որուն կեանքը կրնայ զոհուիլ սահմա­նին։ Այս փոխա­դարձ անվստա­հութիւնը բնա­կա­նա­բար խորա­ցած է 30 տարի­նե­րու մեր ապաշնորհ ղեկա­վարնե­րու յանցաւոր գործունէութեան եւ վերա­բերման իբրեւ արդիւնք, ներա­ռեալ շատ մը սփիւռքեան ղեկա­վարնե­րու։ Որպէսզի կարե­լի ըլլայ փոխա­դարձ վստա­հութիւն եւ Սփիւռքի կարո­ղա­կա­նութիւնը լաւա­գոյնս օգտա­գործել, մէկ կողմէն պէտք են վստա­հե­լի եւ ազգա­նուէր իշխա­նութիւններ Հայաստա­նի մէջ եւ միւս կողմէն պէտք է Սփիւռքի ուժե­րը համադրող եւ Սփիռքի անունով խօսե­լու եւ գործե­լու իրաւունքը վաստա­կած նոր կառոյց / կազմա­կերպութիւն։

  1. ՀՀ-Սփյուռք հարա­բե­րություննե­րում ժամա­նակ առ ժամա­նակ առա­ջա­ցող լարվա­ծությունը ի՞նչ պատճառնե­րով է առա­ջա­ցել և ի՞նչ հետև­անքներ է թողնում ինչպես Հայաստա­նի, այնպես էլ Սփյուռքի վրա։

Փոխա­դարձ անվստա­հութեան ընդհա­նուր մթնո­լորտին արդէն անդրա­դարձած ենք վերեւ։ Ինչ կը վերա­բե­րի Սփիւռք-Հայաստան քաղա­քա­կան լարուա­ծութեա­նը, ըստ իս ան մեծ մասամբ պայմա­նաւո­րուած է ՀՅԴ-Իշխա­նութիւն յարա­բե­րութիւննե­րու մակընթա­ցութեամբ եւ տեղա­տուութեամբ։ Երբ այդ յարա­բե­րութիւննե­րը ջերմ են, ինչպէս Քոչա­րեա­նի եւ Սարգսեա­նի իշխա­նութիւննե­րու օրօք, Սփիւռք-Հայաստան յարա­բե­րութիւննե­րը կը գտնեն իրենց բնա­կա­նոն ընթացքը. անհե­ռա­սես, կեղծ, եւ յաճախ շահախնդիր ու յանցաւոր գործակցութիւն, համա­գումարներ, շքանշաններ, կենացներ, անվերջ պոռո­տա­խօ­սութիւն, եւ փոխա­րէ­նը շատ քիչ լուրջ աշխա­տանք ամուր եւ հզօր պետա­կա­նութեան մը հիմե­րը կերտե­լու։ Երբ այդ յարա­բե­րութիւննե­րը կը սրին, ինչպէս Տէր Պէտրո­սեա­նի եւ Ներկա­յիս Փաշի­նեա­նի իշխա­նութիւննե­րու օրօք, Սփիւռք-Հայաստան յարա­բե­րութիւննե­րը կը մտնեն քաղա­քա­կան լարուա­ծութեան բուլ. կրքոտ եւ քայքա­յիչ պայքար, փոխա­դարձ ամբաստա­նութիւններ, հայհո­յանք եւ համա­տա­րած պառակտում։ Թէ ինչով կարե­լի է բացատրել ՀՅԴ-Իշխա­նութիւն յարա­բե­րութիւննե­րու այդ ելեւէջնե­րը այլ երկար եւ ցաւոտ թեմա է որուն կարե­լի է անդրա­դա­ռալ այլ առի­թով։

  1. Շատերն այն կարծի­քին են, որ արտա­գաղթն ավե­րում է Հայաստա­նը և մեզ հիմա կազմա­կերպված ու զանգվա­ծա­յին հայրե­նա­դարձություն է պետք։ ՀՀ‑ը և Սփյուռքը պատրա՞ստ են զանգվա­ծա­յին հայրե­նա­դարձության։

ՈՉ։ Զանգուա­ծա­յին հայրե­նա­դարձութիւն կազմա­կերպել անկա­րե­լի է։ Այդ մէկը կարե­լի էր 40-ական թուա­կաննե­րուն, երբ սփիւռքա­հա­յութեան մեծա­մասնութիւնը տակաւին ցեղասպա­նութիւնը վերապրողնե­րու առա­ջին սերունդին կը պատկա­նէր, կ՛ապրէր Միջին Արեւելքեան մերձա­կայ գաղթօ­ճախնե­րու մէջ, եւ որոնց կարե­լի էր խաբել երկա­թեայ վարա­գոյրի ետեւ իրենց սպա­սող դրախտա­յին պայմաննե­րով։ Այսօր, սփիռքա­հա­յե­րը մեծ մասամբ կ՛ապրին հեռաւոր Եւրո­պա­նե­րու եւ Ամէ­րի­կա­նե­րու մէջ, հաստա­տուած եւ արմատ նետած քաղա­քա­ցի­ներ են այդ երկիրնե­րու, եւ Հայաստա­նի իրա­կա­նութիւնը շատ յստակ է բոլո­րին։ Ոմանք կրնան, հզօր ազգա­յին գիտակցութե­նէ մղուած, որո­շել հաստա­տուիլ Հայաստան, բայց երա­զել որ նման որո­շում առնողնե­րու թիւը կարող է վերա­ծուիլ զանգուա­ծա­յին հայրե­նա­դարձութեան դժբախտա­բար պատրանք մըն է։

  1. Որո՞նք են  հայրե­նա­դարձությա­նը խանգա­րող հիմնա­կան պատճառնե­րը։ Սփյուռքը ցանկանո՞ւմ է հայրե­նա­դարձություն։

Հայրե­նա­դարձութիւնը խանգա­րող գլխաւոր պատճա­ռը ըստ իս Հայաստա­նի անվտանգա­յին ճգնա­ժա­մը եւ անո­րո­շութիւնն են, ինչպէս նաեւ անվստա­հութիւնը Հայաստա­նի իշխա­նութիւննե­րու եւ մեր ազգը առաջնորդող բոլոր ինքնասպառ կառոյցնե­րու հանդէպ։ Շոշա­փե­լի մակարդա­կով հայրե­նա­դարձութիւն որպէսզի սկիզբ առնէ, անհրա­ժեշտ է նուա­զա­գոյնը փայլուն ապա­գա­յի մը հաւա­նա­կան հեռանկար, եւ այդ ապա­գա­յի հանդէպ հաւատք ներշնչող եւ դէպի այդ ապա­գան առաջնորդող նոր եւ վստա­հե­լի համազգա­յին ղեկա­վա­րութիւն։

  1. ՀՀ-ից արտա­գաղթող և ՀՀ վերա­դարձող հայե­րը սովո­րա­բար ի՞նչ հիմնա­կան խնդիրնե­րի են բախվում ամեն մեկն իր առումով և ո՞ւմ համար է ավե­լի բարդ նոր միջա­վայրին հարմարվե­լը։

Ըստ իս ՀՀ-էն արտա­գաղթող հայե­րը աւե­լի դիւրութեամբ կը յարմա­րուին իրենց սփիւռքեան օտար միջա­վայրին քան հայրե­նա­դարձ հայե­րը իրենց հայրե­նի միջա­վայրին։ Նախ եւ առաջ, Հայաստա­նէն արտա­գաղթած հայե­րը այլեւս փոքրա­մասնութիւն մը չեն Սփիւռքի հայ համայնքնե­րուն մէջ։ Մեծա­մասնութիւնը արդէն վարժ է սփիւռքեան միջա­վայրին, նետած է արմատներ, ունի փորձ եւ կարող է օգտա­կար ըլլալ իր նոր արտա­գաղթող ազգա­կաննե­րուն եւ բարե­կամնե­րուն։ Առաւել, շատ մը երկիրնեորւ մէջ գոյութիւն ունին զանա­զան կառա­վա­րա­կան թէ բարե­գործա­կան ծրա­գիրներ, որոնք օգտա­կար կ՛ըլլան նոր եկողնե­րու մէջ կարի­քաւորնե­րուն։ Հայրե­նարդարձնե­րուն օգտա­կար եղող լուրջ ծրա­գիրներ եւ համա­կարգ գոյութիւն չունին։ Եթէ եկողնե­րը ունեւոր եւ ձեռնե­րէց մարդիկ են, յաճախ դիւրութեամբ կը յարմա­րուին նոր միջա­վայրին եւ կը ծաղկին ու կը ծաղկեցնեն։ Անոնք որոնք աւե­լի համեստ պայմաններ ունին եւ լաւ վարձատրուուղ գիտե­լիքնե­րու չեն տիրա­պէ­տեր, կը բախին մեծ դժուա­րութիւննե­րու, եւ Հայաստա­նը իրենց համար կը դառնայ ժամանկաւոր կանգառ, ուրկէ կը պատրաստուի գաղթը դէպի Եւրո­պա կան Ամէ­րի­կա­ներ։ Վերա­դառնա­լով անոնց, որոնք կը յաջո­ղին յարմա­րուիլ եւ բարգաւա­ճիլ, շատ յատկանշա­կան է այն երեւոյթը, որ անոնցմէ շատե­րը կը խուսա­փին դիմել հպա­տա­կութեան իրենց տղայ զաւակնե­րուն համար, զանոնք զինուո­րա­կան ծառա­յութե­նէ խնա­յե­լու մտա­հո­գութեամբ, եւ անոնց համար շատ դիւրին է վերա­դառնալ Սփիւռքեան իրենց երկիրնե­րը անհրա­ժեշտութեան պարա­գա­յին։

  1. Եթե զանգվա­ծա­յին հայրե­նա­դարձություն տեղի ունե­նա, դա նշանակո՞ւմ է, որ Սփյուռքը նվա­զե­լու է ինչպես մարդկա­յին ռեսուրսի, այնպես էլ ֆինանսա­կան և նյութա­կան առումով։ Եվ եթե այո, արդյո՞ք դա վտանգներ չի առա­ջացնի, քանի որ հայկա­կան Սփյուռքը այսօր ոչ միայն օտար երկրնե­րում ապրող հայե­րի խումբ է, այլև քաղա­քա­կան, ֆինանսա­կան, նյութա­կան հզոր խաղա­թուղթ։

Կը կարծեմ որ այս մասին խօսի­լը անհե­թե­թութիւն է։ Նախ եւ առաջ, զանգուա­ծա­յին հայրե­նա­դարձութիւն տեղի պիտի չունե­նայ։ Այն հայե­րը որոնք շատ բարձր ազգա­յին գիտակցութե­նէ եւ դաստիա­րա­կութե­նէ մղուած կը հաստա­տուին Հայաստան, շատ փոքր թիւ կը ներկա­յացնեն։ Անոնք որոնք կը փափա­քին Հայաստան հաստա­տուիլ աւե­լի բարե­կե­ցիկ կեանքի մը ակնկա­լումով, կը կասկա­ծիմ որ իրենց հայրե­նա­դարձութեամբ զգա­լիօ­րէն տկա­րացնեն Սփիւռքը։  Իսկ այն սփուռքա­հա­յե­րը որոնք իրենց գիտե­լիքնե­րը կամ դրա­մագլուխը կը ներդրեն Հայաստան, այդ մէկը յաճախ կ՛ընեն առանց լքե­լու Սփիւռքը եւ առանց իրենց կապե­րը միանգամ ընդմիշտ խզե­լու Սփիւռքի հետ։ Եթէ հասնի այն օրը երբ հայրե­նա­դարձութիւնը հասնի այն աստի­ճան զանգուա­ծա­յին մակարդա­կի որ ստի­պուինք մտա­հո­գուիլ Սփիւռքի ապա­գա­յով, ես շատ ուրախ պիտի ըլլամ։

  1. Ինչպե՞ս եք գնա­հա­տում այս տարվա հոկտեմբե­րին տեղի ունե­ցած համա­հայկա­կան խորհրդա­ժո­ղո­վը։

Չեմ կրնար գնա­հա­տա­կան տալ որովհե­տեւ ներկայ չէի եւ չհե­տեւե­ցայ։ Սակայն կը կասկա­ծիմ որ նախկին համա­գումարնե­րուն լրջօ­րէն գերա­զանցէ, որովհե­տեւ հիմնա­կան փոփո­խութիւններ տակաւին չեմ տեսներ Հայաստան-Սփիւռք յարա­բե­րութիւննե­րու օրի­նա­չա­փութեան մէջ։

  1. Հայաստան-Սփյուռք հարա­բե­րություննե­րը շատե­րի համար ամփոփվում են Հայաստան Համա­հայկա­կան Հիմնադրա­մին ամեն տարի կատարվող նվի­րատվություննե­րի սահմաննե­րում։ Արդյո՞ք միայն ֆինանսա­կան աջակցությունը բավա­կան է, թե իրա­կա­նում դա էլ իր տեսա­կի խնդիր է։

Միայն ֆինանսա­կան աջակցութիւնը բնա­կա­նա­բար բաւա­րար չէ, մանաւանդ երբ չկայ համազգա­յին համա­ձայնե­ցուած ռազմա­վա­րութիւն այդ գումարնե­րու թիրա­խաւո­րուած եւ բարե­խիղճ օգտա­գործման համար, եւ չկայ վստա­հե­լի եւ թափանցիկ կառաւարման համա­կարգով հիմնադրամ, այդ գումարնե­րը հաւա­քե­լու ու տնօ­րի­նե­լու համար։ Համա­հայկա­կան Հիմնադրա­մը այդ կառոյցը չէ։ Սփիւռքի ֆինանսա­կան կարե­լիութիւննե­րը առաւե­լա­գոյնս զօրա­շարժե­լու համար պէտք է ստեղծել հիմնադրամ որ կառա­վա­րուած է միմիայն սփիւռքա­հա­յե­րով, որոնք պարզա­պէս ներկա­յա­ցուցիչնե­րը չեն մեր դասա­կան կուսակցութիւննե­րու, բարե­գործա­կան կազմա­կերպութիւննե­րու կամ եկե­ղե­ցիի, այլ անկախ, անշա­հախնդիր, կարող եւ նուի­րուած հայորդի­ներ, եւ որոնք կրնան հետզհե­տէ  սփիւռքա­հա­յե­րու մեծա­մասնութեան յարգանքը եւ վստա­հութիւնը վաստա­կիլ։ Իմ երազս է, որ նման հիմնադրամ մը այնքան յաջո­ղի որ կարո­ղա­նայ օր մը ազգա­յին տուրք գանձել բոլոր սփիւռքա­հա­յե­րէն, եւ այդ գումարնե­րու առիւծի բաժի­նը յատկացնե­լով հանդերձ Հայաստա­նի պետա­կա­նութիւնը հզօ­րացնող ծրա­գիրնե­րու, բաժին մըն ալ յատկացնէ Սփիւռքի կարիքնե­րուն։

  1. Ի՞նչ կարող են և պիտի անեն ՀՀ‑ը և Սփյուռքը միմյանց համար։

Սփիւռքը պէտք է հայկա­կան պետա­կա­նութեան հզօ­րացման սատա­րէ իր ողջ ֆինանսա­կան կարե­լիութիւննե­րով, գիտե­լիքնե­րով եւ ցանցով (network), եւ Հայաստա­նը պէտք է դիւրացնէ հայկա­կան ինքնութեան պահպա­նումը Սփիւռքի մէջ։

  1. Արդյո՞ք ՀՀ և Սփյուռքը համա­հայկա­կան մասշտա­բով ունեն մեկ ընդհա­նուր գաղա­փա­րա­խո­սություն և նպա­տակ։

ՀՀ‑ն եւ Սփիւռքը չունին նման ընդհա­նուր գաղա­փա­րա­խօ­սութիւն եւ նպա­տակ։ Նման բան գոյութիւն չունի նոյնիսկ ՀՀ-էն ներս կամ Սփիւռքի մէջ։ Ըստ իս այդ համազգա­յին գերա­գոյն նպա­տա­կը կրնայ միայն ըլլալ հայկա­կան պետա­կա­նութեան հզօ­րա­ցումը։ Այլ նպա­տակնե­րու հետապնդումը ինչպէս օրի­նակ ցեղասպա­նութեան ճանա­չում եւ հողա­յին պահանջքներ, ըստ իս այլեւս անհե­թեթ են։ Եթէ մենք իբրեւ ազգ անկա­րող էինք պահպա­նել այն ինչ ազա­տագրած էինք, եւ անկա­րող ըլլանք պահպա­նել եւ հզօ­րացնել այն անկախ պետա­կա­նութիւնը որ ունինք, ուրեմն մենք արժա­նի չենք նոյնիսկ այնինչին որ այսօր ունինք։ Իսկ եթէ յաջո­ղինք ստեղծել հզօր հայկա­կան պետա­կա­նութիւն, ան կրնայ ըլլալ գրաւա­կա­նը մեր ազգի գոյա­տեւման, բարգաւաճման եւ ապա­գայ նորա­նոր յաջո­ղութիւննե­րու։

  1. Հայաստան-Սփյուռք հարա­բե­րություննե­րի ձեր իդեա­լա­կան մոդե­լը։

Ինչպէս արդէն նախա­պէս կ՛ըսէի, Սփիւռքը այսօր կարի­քը ունի ինքզինք վերա­կազմա­կերպե­լու եւ անցեա­լի ինքնասպառ եւ յաճախ վարկա­բե­կուած կառոյցնե­րը փոխա­րի­նե­լու նոր, թարմ, առողջ եւ կարող առաջնորդե­րով, այլա­պէս անկա­րե­լի պիտի ըլլայ զօրա­շարժի ենթարկել Սփիւռքի ողջ կարե­լիութիւննե­րը եւ կարո­ղա­կա­նութիւնը։ Միա­ժա­մա­նակ, Հայաստա­նը, որպէսզի կարե­նայ լաւա­գոյնս օգտուիլ նման կազմա­կերպուած Սփիւռքի մը կարո­ղա­կա­նութե­նէն, պէտք է իրա­կա­նացնէ համա­կարգա­յին լուրջ եւ խորքա­յին բարե­փո­խումներ, դառնա­լու համար իրօք ժողովրդա­վար եւ օրէնքի երկիր։ Պէտք է նաեւ որդեգրէ Սփիւռքի հետ անկեղծ գործակցութեան եւ ոչ զայն օգտա­գործե­լու քաղա­քա­կա­նութիւն։ 

Կարե­լի է որդեգրել ցանկա­ցած Հայաստան-Սփիւռք յարա­բե­րութիւննե­րու մոդել, բայց ոչ մէկ մոդել կրնայ մեզի տալ տարբեր արդիւնք քան անցեա­լին, եթէ չկան վերո­յի­շեալ խորքա­յին փոփո­խութիւննե­րը թէ՛ Սփիւռքի եւ թէ՛ Հայաստա­նի մէջ։ Չեմ ուզեր նսե­մացնել այն բոլոր գործունէութիւնը որ Սփիւռքի զանա­զան կառոյցներ եւ անհատներ տարած են Հայաստա­նի մէջ անցեալ 30 տարի­նե­րուն եւ կը շարունա­կեն տանիլ։ Անոնք շատ գնա­հա­տե­լի եւ քաջա­լե­րե­լի ըլլա­լով հանդերձ, շատ հեռու են բաւա­րար ըլլա­լէ, նկա­տի ունե­նա­լով մեր ազգի առջեւ ծառա­ցած մարտահրաւէրնե­րը։

Բնա­կան է, որ կարե­լի չէ ձեռնա­ծալ նստիլ եւ սպա­սել այս բոլոր փոփո­խութիւննե­րուն։ Ընե­լիք շատ կայ եւ ժամա­նակ շատ քիչ։ Բացա­ռիկ գործունէութիւն ծաւա­լած մեծ թուուվ անհա­տա­կան թէ հաւա­քա­կան նախա­ձեռնութիւններ կան, որոնց որեւէ սփիւռքա­հայ կրնայ մասնակցիլ եւ օժանդա­կել։ Պէտք է ձգտիլ խորքա­յին փոփո­խութիւննե­րուն, բայց մինչ այդ քիչ խօսիլ եւ շատ գործել։

Ռուբէն Գարա­գա­շեան՝

Economics/MBA, Aviation Consultant    

Առնչվող Հոդվածներ