Ներկայիս երբ Արցախը կը դիմագրաւէ գոյութեան խնդիր եւ Հայաստան կը գտնուի ծանր իրավիճակի մէջ, Հայաստանի պետութեան ձեռնարկելիք հակաատրպէյճանական քարոզչական արշաւին պէտք է լծուինք բոլորով։ Կուսակցութիւններ, միութիւններ, հասարակական կազմակերպութիւններ, լրատուականներ եւ ինչպէս նաեւ անհատներ՝ մասնաւորաբար, պատմաբաններ, ազգագրագէտներ, իրաւաբաններ․ այլ խօսքով՝ բոլորս։
Գէորգ Թորոյեան
Օրեր առաջ, Հայաստանի հանրային հեռատեսիլով «Հանրային Քննարկում» հաղորդման նիւթը Ատրպէյճանի կողմէ սանձազերծուած քարոզչական պատերազմն էր։ Հրաւիրեալները տարբեր բնագաւառներու մասնագէտներ էին՝ պատմաբան, ազգագրագէտ, արեւելագէտ, ատրպէյճանագէտ եւայլն։ Մասնակիցները հանգամանօրէն վեր առին Ատրպէյճանի կեղծ քարոզչութեան հակադարձելու անհրաժեշտութիւնը եւ պատմական եւ երբեմն նաեւ ոչ-հայկական աղբիւրներու հիման վրայ ատրպէյճանական թէզերու հերքումը կատարեցին։
Ուրախալի է, որ վերջապէս քարոզչական պատերազմին հակադարձելու կարեւորութեան մասին քննարկում կատարուեցաւ։ Պատերազմի մը, որ նոյնքան աղիտաբեր է մեզի համար, թէկուզ կարճաժամկէտ իմաստով, որքան զինուորական պատերազմը։ Եւ այս արձագանգը պետական հեռատեսիլէն, կ՛ապացուցէ, որ արդէն անհրաժեշտ է, եւ քննարկումին մասնակիցներու պնդումով, որ արդէն ուշացած ենք։ Պետական մակարդակով այս հարցը լուսարձակի տակ առնելու փաստը, կը վկայէ որ անհրաժեշտ է կազմակերպուած աշխատանքի ձեռնարկել այս մարզին մէջ։
Նախ ցաւով պէտք է արձանագրենք, որ անկախութեան առաջին օրէն իսկ անտես ըրինք քարոզչութեան կարեւոր դերը մեր պայքարի իրաւացիութեան իբրեւ ապացոյց։ Այլեւ պատահեցաւ հակառակը։ Ատրպէյճան օգտագործեց քարոզչական բոլոր հարթակները թէ՛ միջազգային հանրութեան եւ թէ միջին հետաքրքրութիւն ունեցող Արեւմուտքի քաղաքացիին պնդելով, թէ հայերը բռնագրաւած են իր հողերը եւ այս քարոզչութիւնը տարուեցաւ մեծ գումարներ ծախսուելով, պատմութիւնը կեղծելով, կամ ճիշդ պիտի ըլլայ ըսել, պատմութիւնը նորովի գրելով, աղբիւրներ կեղծելով եւայլն։ Վերեւ նշուած քննարկման մասնակիցները նշեցին կարեւոր կէտ մը, որ ատրպէյճանցի ակադեմականներ կը խուսափին բանավէճէ, որովհետեւ անոնց տարածած եւ պաշտպանած թէզերը եւ փաստերը չեն հիմնուած գիտական տուեալներու վրայ։ Աւելին, նոյնիսկ ապացոյց բերուեցաւ օսմանեան արխիւէն նիւթ մը, որ կ՛ապացուցէ, թէ 1590ին Երեւանի բնակչութեան բացարձակ մեծամասնութիւնը եղած են հայեր։
Ատրպէյճանի քարոզչական մեքենան նոյն թափով շարունակեց աշխատիլ նաեւ 44օրեայ պատերազմի ընթացքին եւ անկէ ետք մինչեւ օրս կ՛աշխատի, անդադար կեղծելու պատմութիւնը։ Անիկա ներկայ է քիչ մը ամէն տեղ՝ միջազգային մամուլ, քաղաքական տարբեր հարթակներ, հեռատեսիլի ալիքներ, ընկերային ցանցեր։ Նոյնիսկ մեծ թիւով ատրպէյճանցիներ անդամագրուած են հայկական լրատուամիջոցներու ընկերային ցանցերու էջերուն, կամ հայկական խումբերուն եւ իրենց մեկնաբանութիւններով կը փորձեն տրամադրութիւններ կամ մթնոլորտ ստեղծել։ Տակաւին չենք խօսիր այն ատրպէյճանցիներու մասին, որոնք կը ներկայանան հայկական անուններով եւ յատուկ կերպով լծուած են «կրակին վրայ իւղ թափելու» աշխատանքին։ Եւ եթէ այս բոլորին վրայ աւելցնենք նաեւ այն, որ անոնց կը սատարեն իրենց թուրք եւ երբեմն փաքիստանցի եղբայրները եւ անոնցմէ շատերը նիւթապէս կը հովանաւորուին պետութեան կողմէ, ապա պարզ կը դառնայ, թէ կազմակերպուած բանակի մը դէմ է մեր քարոզչական պատերազմը։
Դժբախտաբար երեսուն տարի, ինչպէս բազմաթիւ ոլորտներ, այս ոլորտը եւս անտեսեցինք։ Արցախեան առաջին պատերազմի յաղթանակէն գինովցած, անգիտացանք, որ շահուածը սոսկ ճակատամարտ մըն էր։ Զգացական հայրենասիրութեամբ եւ գեղեցիկ նշանախօսքերով ու բաժակաճառերով գինովցած, կը կարծէինք, թէ արդէն անպարտելի ենք։ Ինչպէս քաղաքականութեան եւ ռազմական ոլորտներու պարագային, այս ոլորտին մէջ ալ զոհ դարձանք ուրիշին վստահելու մեր ապիկարութեան եւ այսօրուան դրութեամբ, զինուորական պատերազմի պարտութեան կողքին, պարտուած ենք նաեւ քարոզչական պատերազմին մէջ։ Բնականաբար, մեր անպատրաստ ըլլալու հանգամանքը կապուած է նաեւ շարք մը ազդակներու հետ, ինչպէս մեր պատմութեան անծանօթ ըլլալու փաստը, թուրք-ատրպէյճանական թէզերուն մեր անտեղեակութիւնը, մեր հաւաքական թէ անհատական անտարբերութիւնը ինչպէս նաեւ համարձակութեան պակասը։
Բնականաբար պէտք է դուրս գալ հատուածականութենէ եւ գործել իբրեւ մէկ ամբողջութիւն, իբրեւ ազգ։ Իւրաքանչիւր թիրախաւորուած քարոզչութիւն անհրաժեշտ է որդեգրել եւ տարածել։ Չի բաւեր ըսել «Արցախը մերն է», «Արցախը հայկական է եւ պիտի մնայ» կամ «Արցախը Ատրպէյճանի կազմին մէջ պիտի չըլլայ»։ Միջազգային հանրութիւնը այսօրինակ լոզունգները կը մեկնաբանէ իբրեւ ատրպէյճանական տարածքի մը բռնագրաւում, որովհետեւ, ինչպէս նշուեցաւ, երեսուն տարի հնարաւոր բոլոր հարթակները օգտագործելով եւ պատմութիւնը կեղծելով, անիկա բոլորին ենթագիտակցութեան մէջ դրոշմած է, որ Արցախը ատրպէյճանական տարածք է եւ հայերը զայն գրաւած են։ Այժմ մենք պարտաւոր ենք պատմական փաստերով, մասնաւորաբար օտար պատմագիրներու, դիւանագէտներու, քաղաքական գործիչներու, միջազգային տարբեր ատեաններու միջոցաւ, այլ խօսքով, հնարաւոր եւ անհնար բոլոր ապացոյցները երեւան հանելով, Արցախի հայկականութիւնը փաստելու, որպէսզի մեր պահանջը միջազգային տարբեր ատեաններու մէջ պատմաիրաւական հիմք ունենայ։
Ներկայիս երբ Արցախը կը դիմագրաւէ գոյութեան խնդիր եւ Հայաստան կը գտնուի ծանր իրավիճակի մէջ, Հայաստանի պետութեան ձեռնարկելիք հակաատրպէյճանական քարոզչական արշաւին պէտք է լծուինք բոլորով։ Կուսակցութիւններ, միութիւններ, հասարակական կազմակերպութիւններ, լրատուականներ եւ ինչպէս նաեւ անհատներ՝ մասնաւորաբար, պատմաբաններ, ազգագրագէտներ, իրաւաբաններ․ այլ խօսքով՝ բոլորս։
Ժամանակը ի նպաստ Ատրպէյճանին է։ Անհրաժեշտ է թէ՛ հաւաքաբար եւ թէ անհատաբար ձեռնարկենք քարոզչական քայլերու, յստակ թիրախներ ունենալով։
Այլապէս այս պատերազմը եւս կորսնցնելով, Արցախի հայկականութիւնը մեր ձեռքերով կրնանք հարցականի տակ դնել։
Հոդվածը՝ Asbarez.am կայքից։