21.9 C
Yerevan

Քարոզչա­կան Պատե­րազմը

Ներկա­յիս երբ Արցա­խը կը դիմագրաւէ գոյութեան խնդիր եւ Հայաստան կը գտնուի ծանր իրա­վի­ճա­կի մէջ, Հայաստա­նի պետութեան ձեռնարկե­լիք հակաատրպէյճա­նա­կան քարոզչա­կան արշաւին պէտք է լծուինք բոլո­րով։ Կուսակցութիւններ, միութիւններ, հասա­րա­կա­կան կազմա­կերպութիւններ, լրա­տուա­կաններ եւ ինչպէս նաեւ անհատներ՝ մասնաւո­րա­բար, պատմա­բաններ, ազգագրա­գէտներ, իրաւա­բաններ․ այլ խօսքով՝ բոլորս։

Գէորգ Թորո­յեան

Օրեր առաջ, Հայաստա­նի հանրա­յին հեռա­տե­սի­լով «Հանրա­յին Քննարկում» հաղորդման նիւթը Ատրպէյճա­նի կողմէ սանձա­զերծուած քարոզչա­կան պատե­րազմն էր։ Հրաւի­րեալնե­րը տարբեր բնա­գաւառնե­րու մասնա­գէտներ էին՝ պատմա­բան, ազգագրա­գէտ, արեւե­լա­գէտ, ատրպէյճա­նա­գէտ եւայլն։ Մասնա­կիցնե­րը հանգա­մա­նօ­րէն վեր առին Ատրպէյճա­նի կեղծ քարոզչութեան հակա­դարձե­լու անհրա­ժեշտութիւնը եւ պատմա­կան եւ երբեմն նաեւ ոչ-հայկա­կան աղբիւրնե­րու հիման վրայ ատրպէյճա­նա­կան թէզե­րու հերքումը կատա­րե­ցին։

Ուրա­խա­լի է, որ վերջա­պէս քարոզչա­կան պատե­րազմին հակա­դարձե­լու կարեւո­րութեան մասին քննարկում կատա­րուե­ցաւ։ Պատե­րազմի մը, որ նոյնքան աղի­տա­բեր է մեզի համար, թէկուզ կարճա­ժամկէտ իմաստով, որքան զինուո­րա­կան պատե­րազմը։ Եւ այս արձա­գանգը պետա­կան հեռա­տե­սի­լէն, կ՛ապացուցէ, որ արդէն անհրա­ժեշտ է, եւ քննարկումին մասնա­կիցնե­րու պնդումով, որ արդէն ուշա­ցած ենք։ Պետա­կան մակարդա­կով այս հարցը լուսարձա­կի տակ առնե­լու փաստը, կը վկա­յէ որ անհրա­ժեշտ է կազմա­կերպուած աշխա­տանքի ձեռնարկել այս մարզին մէջ։

Նախ ցաւով պէտք է արձա­նագրենք, որ անկա­խութեան առա­ջին օրէն իսկ անտես ըրինք քարոզչութեան կարեւոր դերը մեր պայքա­րի իրաւա­ցիութեան իբրեւ ապա­ցոյց։ Այլեւ պատա­հե­ցաւ հակա­ռա­կը։ Ատրպէյճան օգտա­գործեց քարոզչա­կան բոլոր հարթակնե­րը թէ՛ միջազգա­յին հանրութեան եւ թէ միջին հետաքրքրութիւն ունե­ցող Արեւմուտքի քաղա­քա­ցիին պնդե­լով, թէ հայե­րը բռնագրաւած են իր հողե­րը եւ այս քարոզչութիւնը տարուե­ցաւ մեծ գումարներ ծախսուե­լով, պատմութիւնը կեղծե­լով, կամ ճիշդ պիտի ըլլայ ըսել, պատմութիւնը նորո­վի գրե­լով, աղբիւրներ կեղծե­լով եւայլն։ Վերեւ նշուած քննարկման մասնա­կիցնե­րը նշե­ցին կարեւոր կէտ մը, որ ատրպէյճանցի ակա­դե­մա­կաններ կը խուսա­փին բանա­վէ­ճէ, որովհե­տեւ անոնց տարա­ծած եւ պաշտպա­նած թէզե­րը եւ փաստե­րը չեն հիմնուած գիտա­կան տուեալնե­րու վրայ։ Աւե­լին, նոյնիսկ ապա­ցոյց բերուե­ցաւ օսմա­նեան արխիւէն նիւթ մը, որ կ՛ապացուցէ, թէ 1590ին Երեւա­նի բնակչութեան բացարձակ մեծա­մասնութիւնը եղած են հայեր։

Ատրպէյճա­նի քարոզչա­կան մեքե­նան նոյն թափով շարունա­կեց աշխա­տիլ նաեւ 44օրեայ պատե­րազմի ընթացքին եւ անկէ ետք մինչեւ օրս կ՛աշխատի, անդա­դար կեղծե­լու պատմութիւնը։ Անի­կա ներկայ է քիչ մը ամէն տեղ՝ միջազգա­յին մամուլ, քաղա­քա­կան տարբեր հարթակներ, հեռա­տե­սի­լի ալիքներ, ընկե­րա­յին ցանցեր։ Նոյնիսկ մեծ թիւով ատրպէյճանցի­ներ անդա­մագրուած են հայկա­կան լրա­տուա­մի­ջոցնե­րու ընկե­րա­յին ցանցե­րու էջե­րուն, կամ հայկա­կան խումբե­րուն եւ իրենց մեկնա­բա­նութիւննե­րով կը փորձեն տրա­մադրութիւններ կամ մթնո­լորտ ստեղծել։ Տակաւին չենք խօսիր այն ատրպէյճանցի­նե­րու մասին, որոնք կը ներկա­յա­նան հայկա­կան անուննե­րով եւ յատուկ կերպով լծուած են «կրա­կին վրայ իւղ թափե­լու» աշխա­տանքին։ Եւ եթէ այս բոլո­րին վրայ աւելցնենք նաեւ այն, որ անոնց կը սատա­րեն իրենց թուրք եւ երբեմն փաքիստանցի եղբայրնե­րը եւ անոնցմէ շատե­րը նիւթա­պէս կը հովա­նաւո­րուին պետութեան կողմէ, ապա պարզ կը դառնայ, թէ կազմա­կերպուած բանա­կի մը դէմ է մեր քարոզչա­կան պատե­րազմը։

Դժբախտա­բար երե­սուն տարի, ինչպէս բազմա­թիւ ոլորտներ, այս ոլորտը եւս անտե­սե­ցինք։ Արցա­խեան առա­ջին պատե­րազմի յաղթա­նա­կէն գինովցած, անգի­տա­ցանք, որ շահուա­ծը սոսկ ճակա­տա­մարտ մըն էր։ Զգա­ցա­կան հայրե­նա­սի­րութեամբ եւ գեղե­ցիկ նշա­նա­խօսքե­րով ու բաժա­կա­ճա­ռե­րով գինովցած, կը կարծէինք, թէ արդէն անպարտե­լի ենք։ Ինչպէս քաղա­քա­կա­նութեան եւ ռազմա­կան ոլորտնե­րու պարա­գա­յին, այս ոլորտին մէջ ալ զոհ դարձանք ուրի­շին վստա­հե­լու մեր ապի­կա­րութեան եւ այսօ­րուան դրութեամբ, զինուո­րա­կան պատե­րազմի պարտութեան կողքին, պարտուած ենք նաեւ քարոզչա­կան պատե­րազմին մէջ։ Բնա­կա­նա­բար, մեր անպատրաստ ըլլա­լու հանգա­մանքը կապուած է նաեւ շարք մը ազդակնե­րու հետ, ինչպէս մեր պատմութեան անծա­նօթ ըլլա­լու փաստը, թուրք-ատրպէյճա­նա­կան թէզե­րուն մեր անտե­ղեա­կութիւնը, մեր հաւա­քա­կան թէ անհա­տա­կան անտարբե­րութիւնը ինչպէս նաեւ համարձա­կութեան պակա­սը։

Բնա­կա­նա­բար պէտք է դուրս գալ հատուա­ծա­կա­նութե­նէ եւ գործել իբրեւ մէկ ամբողջութիւն, իբրեւ ազգ։ Իւրա­քանչիւր թիրա­խաւո­րուած քարոզչութիւն անհրա­ժեշտ է որդեգրել եւ տարա­ծել։ Չի բաւեր ըսել «Արցա­խը մերն է», «Արցա­խը հայկա­կան է եւ պիտի մնայ» կամ «Արցա­խը Ատրպէյճա­նի կազմին մէջ պիտի չըլլայ»։ Միջազգա­յին հանրութիւնը այսօ­րի­նակ լոզունգնե­րը կը մեկնա­բա­նէ իբրեւ ատրպէյճա­նա­կան տարածքի մը բռնագրաւում, որովհե­տեւ, ինչպէս նշուե­ցաւ, երե­սուն տարի հնա­րաւոր բոլոր հարթակնե­րը օգտա­գործե­լով եւ պատմութիւնը կեղծե­լով, անի­կա բոլո­րին ենթա­գի­տակցութեան մէջ դրոշմած է, որ Արցա­խը ատրպէյճա­նա­կան տարածք է եւ հայե­րը զայն գրաւած են։ Այժմ մենք պարտաւոր ենք պատմա­կան փաստե­րով, մասնաւո­րա­բար օտար պատմա­գիրնե­րու, դիւա­նա­գէտնե­րու, քաղա­քա­կան գործիչնե­րու, միջազգա­յին տարբեր ատեաննե­րու միջո­ցաւ, այլ խօսքով, հնա­րաւոր եւ անհնար բոլոր ապա­ցոյցնե­րը երեւան հանե­լով, Արցա­խի հայկա­կա­նութիւնը փաստե­լու, որպէսզի մեր պահանջը միջազգա­յին տարբեր ատեաննե­րու մէջ պատմաի­րաւա­կան հիմք ունե­նայ։

Ներկա­յիս երբ Արցա­խը կը դիմագրաւէ գոյութեան խնդիր եւ Հայաստան կը գտնուի ծանր իրա­վի­ճա­կի մէջ, Հայաստա­նի պետութեան ձեռնարկե­լիք հակաատրպէյճա­նա­կան քարոզչա­կան արշաւին պէտք է լծուինք բոլո­րով։ Կուսակցութիւններ, միութիւններ, հասա­րա­կա­կան կազմա­կերպութիւններ, լրա­տուա­կաններ եւ ինչպէս նաեւ անհատներ՝ մասնաւո­րա­բար, պատմա­բաններ, ազգագրա­գէտներ, իրաւա­բաններ․ այլ խօսքով՝ բոլորս։

Ժամա­նա­կը ի նպաստ Ատրպէյճա­նին է։ Անհրա­ժեշտ է թէ՛ հաւա­քա­բար եւ թէ անհա­տա­բար ձեռնարկենք քարոզչա­կան քայլե­րու, յստակ թիրախներ ունե­նա­լով։

Այլա­պէս այս պատե­րազմը եւս կորսնցնե­լով, Արցա­խի հայկա­կա­նութիւնը մեր ձեռքե­րով կրնանք հարցա­կա­նի տակ դնել։

Հոդվա­ծը՝ Asbarez.am կայքից։

Առնչվող Հոդվածներ