27.2 C
Yerevan

Հայրե­նա­դարձման Համա­կարգման Ուղիով

Մաս 5‑րդ՝ «Մեր Ուղի­նի» հարցազրույցը Դոկտ. Հրայր Ճէպէ­ճեա­նի հետ

Զանգուա­ծա­յին՞ թէ այլ վիճա­կի հայրենադարձութիւն՝սփիւռքը պիտի շարունա­կէ մնալ որպէս ապրող ներկա­յութիւն։ Եւ այս իրա­կա­նութիւնէն մեկնե­լով արժէ  դիտարկել եւ տեսնել սփիւռքը որպէս «մնա­յուն» ներկա­յութիւն որ երեւի կրնայ դրա­կան ազդե­ցութիւն եւ ներդրում ունե­նալ  համա­հայկա­կան տարբեր օրա­կարգե­րու համար եթէ լաւա­պէս համադրուի եւ կազմա­կերպուի։

Հրայր Ճէպէ­ճեան

Պետք է սահմա­նել Հայաստան-Սփյուռք հարա­բե­րություննե­րը

  1. Հայաստա­նում գոյություն  ունե­ցող խնդիրնե­րից մեկը երբեք չդա­դա­րող արտա­գաղթն է եղել։ Ինչո՞վ կբա­ցատրեք այդ երև­ույթը։

Հայաստա­նի Հանրա­պե­տութիւնը իր անկա­խութիւնը ստա­ցաւ 1991 տարին։ Դժբախտա­բար արտա­գաղթը չի դադրե­ցաւ այդ թուա­կա­նէն սկսեալ եւ մինչեւ այսօր։ Հիմնա­կան պատճա­ռը եթէ տնտե­սա­կան էր եւ քաղա­քա­ցիին համար բարւոք կեանք ապա­հո­վե­լու պակաս՝նաեւ շրջա­նա­յին քաղա­քա­կան անո­րո­շութիւնը ու տակաւին Հայաստա­նի վրայ կիրարկուած սահմա­նա­յին շրջա­փա­կումը դրա­ցի երկիրնե­րու կողմէ։ Պիտի նաեւ տեսնել թէ Հայաստա­նի պատմութեան երե­սուն եւ աւե­լի երկար ժամա­նա­կա­հա­տուա­ծի մէջ կարե­լի չեղաւ պետա­կա­նութիւն մը ամրագրել երկրի վարչա­մե­քե­նա­յի որպէս ամուր կռուան՝ուր քաղա­քա­ցիին պիտի շնորհէր յոյս  ու անոր քաղա­քա­կան ղեկա­վա­րութեան նկատմամբ վստա­հութիւն։ Այս բոլո­րին վրայ պիտի աւելցնել նաեւ Հայաստա­նեան կեանքի մէջ ընդհանրա­ցած կաշառակերութիւնը՝ինչ որ հայրե­նի քաղա­քա­ցիա­կան կեանքի յառաջխա­ղացքին օգտա­կար չեղաւ։ 

  1. 2020թ պատե­րազմից հետո ՀՀ-ում շատե­րի մոտ ուժե­ղա­ցել է երկրից հեռա­նա­լու ձգտումը։ Արդյո՞ք պարտությունը պատե­րազմում իրոք անվտանգա­յին ծայրա­հեղ խնդիրներ է առա­ջացրել ՀՀ բնա­կիչնե­րի համար, թե այդ տրա­մադրություննե­րը առա­վե­լա­պես հետպա­տե­րազմյան բախումներն ուղեկցող ու պարտությունից հետո մնա­ցած ընկճվա­ծություն է։

Քառա­սուն եւ չորս օրե­րու պատե­րազմը եւ պարտութիւնը ծանր հետեւանքներ ձգեց հայութեան հոգե­բա­նութեան վրայ եթէ Հայաստա­նի բայց նոյնքան սփիւռքեան մակարդակնե­րու վրայ։ Կայ յուա­սա­հա­տութեան եւ յուսա­խա­բութեան մէջ ապրող հայկա­կան իրա­կա­նութիւն մը որ նաեւ մղած է զայն անտարբե­րութեան։ Այս իրա­վի­ճա­կին վրայ եթէ պատե­րազմը եւ պարտութիւնը իրենց բաժի­նը թողած են՝նոյնքան նաեւ յետ-պատե­րազմեան անմիա­բա­նութիւնը հայաստա­նեան իրա­կա­նութեան մէջ։ Հայկա­կան կեանքի մէջ ներքին պառակտուա­ծութիւնը,  անհա­մե­րաշխութիւնը եւ զիրար չ՚ընդունելու տրա­մադրութիւննե­րը այսօր մեծա­պէս կ՚ազդեն հայուն իր երկրէն հեռա­նա­լու տրա­մադրութիւննե­րուն վրայ։ Պատե­րազմի պարտութիւնը  եւ անոր ստեղծած հոգե­կան ներկայ օրե­րու այս  դժուար  տրա­մադրութիւնը կարե­լի պիտի ըլլար որոշ չափով աւե­լի դրա­կան կեցուածքով ամո­քել եթէ հայութիւնը աւե­լի միասնա­կան եւ համա­խո­հա­կան ձեւով իր ազգա­յին-քաղա­քա­կան եւ ընկե­րա­յին համա­կարգե­րը համադրեր։ Ազգա­յին միասնա­կան կեցուածք մը շատ աւե­լի «բուժիչ» միջո­ցա­ռում մը պիտի ունե­նար եւ հայ ժողո­վուրդը հոգե­պէս աւե­լի լաւ պիտի կարե­նար դէմ դնել պատե­րազմին պատճա­ռած յուսա­խա­բութեան եւ յուսալքութեան տրա­մադրութիւննե­րը։ Այս իմաստով՝  եթէ պարտութիւնը իր բաժի­նը ունի ներկայ օրե­րու այս տրա­մադրութիւննե­րուն, նոյնքան նաեւ յետ-պատե­րազմի ստեղծած  անմիա­բա­նութիւնը եւ ներքին պառակտումե­րը ու արճա­կա­տումնե­րը։ 

  1. Մշտա­պես շեշտվել է, թե ինչ հսկա­յա­կան վնասներ է հասցրել արտա­գաղթը հայ ժողովրդին, իսկ ի՞նչ վիճա­կում է գտնվում ՀՀ Սփյուռքը։ Որո՞նք են Սփյուռքի հիմնա­կան խնդիրնե­րը։

Հայկա­կան սփիւռք-սփիւռքնե­րը նոյնպէս կապրին յուսա­հա­տութեան եւ յուսա­խա­բութեան տրա­մադրութիւննե­րը եւ հոգե­վի­ճա­կը։ Հայաստա­նեան քաղա­քա­կան եւ ընկե­րա­յին կեանքի իրա­վի­ճակնե­րը եւ  իրա­կա­նութիւննե­րը նոյնպէս իր ժխտա­կան ազդե­ցութիւննե­րը կունե­նան սփիռքա­հայ իրա­կա­նութիւննե­րու վրայ։ Այս մէկը շեշտա­կի կերպով ակնյայտ եղաւ քառա­սուն եւ չորս օրե­րու պատե­րազմէն ետք ու անոր պատճա­ռած ներ-հայկա­կան անմիա­բա­նութեան համար։ Հայաստա­նեան քաղա­քա­կան տարա­կարծութիւննե­րը նոյնպէս եւ նոյնքան կը տեղա­փո­խուին սփիւռքա­հայ իրա­կա­նութիւննե­րու մէջ՝եւ այս ուղղա­կի կամ անուղղա­կի կերպով։ Սփիւռքն ալ այսօր կապրի իր ներ-հայկա­կան տարա­կարծութիւննե­րը եւ բաժա­նումնե­րը եւ տակաւին պառակտումներ սկսած են  իւրա­քանչիւր ազգա­յին-կուսակցա­կան միաւոր ինք իր կառոյցին մէջ։ Այս բոլո­րին վրայ կուգայ աւելնա­լու Սփիւռքա­հայ իրա­կա­նութիւննե­րու եւ կեանքե­րու վերա­նո­րո­գումի եւ վեա­րաշխուժա­ցումի հրա­մա­յա­կա­նը։ Անհրա­ժեշտ դարձած է ներկայ աշխարհի պարտադրած կեանքի պայմաննե­րուն նկատմամբ որդեգրել անհրա­ժեշտ պատրաստուա­ծութիւն սփիւռքա­հայ բոլոր իրա­կա­նութիւննե­րու մէջէն։

  1. Արդյո՞ք ՀՀ և Սփյուռքի հայե­րը լեզվամտա­ծո­ղությամբ արդեն իսկ տարբեր մշա­կութա­յին խմբեր չեն ներկա­յացնում իրենցից։ Ինչպե՞ս կարող են տարբեր հոգե­բա­նություն և մտա­ծե­լա­կերպ ունե­ցող մարդիկ մեկ ընդհա­նուր համա­ձայնության գալ միմյանց հետ ցանկա­ցած հարցում։

Հայաստա­նի մէջ ապրող հայե­րը եւ դասա­կան սփիւռքի հայութիւնը ունին  լեզուամտա­ծո­ղութեան տարբե­րութիւննե­րը եւ այս արեւե­լա­հա­յե­րէ­նի եւ արեւմտա­հա­յե­րէ­նի մէջէն։ Ու տակաւին կան կենցա­ղա­յին եւ ապրե­լա­կերպի ու նոյնքան նաեւ դաստիա­րա­կութեան տարբե­րութիւններ։ Պէտքը չէ նաեւ դերագնա­հա­տել սփիւռքի մէջ ծնած եւ մեծցած հայուն կեանքի պայմանները՝իր ազգա­յին ու քաղա­քա­ցիա­կան պիտակնե­րո­վը որ կը տարբե­րի Հայաստա­նի մէջ ապրող հայուն կեցուածքնե­րէն։ Այս բոլոր տարբե­րութիւննե­րուն մէջէն կայ մէկ հիմնա­կան եւ կարեւոր յայտա­րար մը՝ որ բոլորս ալ ՀԱՅ ենք եւ ունինք եւ կը պատկա­նինք նոյն մշա­կութա­յին աւանդին։ Այս իմաստով պիտի աշխա­տիլ որպէսզի Հայաստա­նը եւ Սփիւռքը զիրար գօտեպնդող օղակներ եւ միջո­ցա­ռումներ ստեղծեն։ Եւ հոս պիտի կայա­նայ Հայաստան- Սփիւռք յարա­փե­րութիւննե­րու կարեւո­րութիւնը ուր կարե­լի պիտի ըլլայ կամուրջներ հաստա­տել որպէսզի ընդհա­նուր յայտա­րարներ ստեղծել։ Այս իմաստով՝Սփիւռքի Նախա­րա­րութեան վերստեղծումը եւ վերաշխուժա­ցումը շատ անհրա­ժեշտ միջո­ցա­ռումներ են որպէսզի Հայաստա­նի եւ սփիւռքի հայութեան մէջ ստեղծուի հասա­րա­կաց գիծեր։ Այս բոլո­րին վրայ կուգայ աւելնա­լու սփիւռքեան նոր իրականութիւնը՝ուր դասա­կան սփիւռքի կողքին այսօր կազմաւո­րուած է Հայաստա­նէն արտա­գաղթած հայորդի­ներ։ Եւ հոս ալ կան տարբե­րութիւններ որ պէսք է կամրջուին։ Այս երկու սփիւքնե­րու միջեւ ալ չիկան պէտք եղած համակրման միջո­ցա­ռումներ։ Անհրա­ժեշտութիւնը կայ հասա­րա­կաց գիծեր ստեղծել նաեւ սփիւռքեան մակարդակնե­րու մէջ։ Հայաստա­նի եւ անոր Սփիւռքի նախա­րա­րութեան դերը նոյնպէս անհրա­ժեշտութիւն է այս իրա­վի­ճակնե­րուն համար։

  1. ՀՀ և Սփյուռքի հայե­րը շատ հարցե­րում փոխվստա­հություն չունեն միմյանց նկատմամբ։ Ո՞րն է հիմնա­կան պատճա­ռը և ինչպե՞ս լուծել այդ հարցը։

Առա­ջին հերթին պէտք է սահմա­նել Հայաստան-Սփիւռք յարա­բե­րութիւննե­րը։ Սփիւռքը Հայաստա­նի համար ինչ՞ կրնայ նշա­նա­կել։ Եթէ կայ համա­խո­հութիւն մը՝ինչ որ ներկայ օրե­րուն քանիցս կը յիշուի՝որ սփիւռքը Հայաստա­նի դաշնա­կիցն է եւ երեւի միա՞կ դաշնա­կի­ցը։ Այս իմաստով՝ինչ՞ կրնայ նշա­նա­կել դաշնա­կից եւ ինչ՞ են պարտաւո­րութիւննե­րը եւ երկուստեք։ Հայաստա­նի համար սփիւռքը ինչ կրնայ ըլլալ եւ հակա­ռակն ալ ճիշդ է։ Արդյո՞ք սփիւռքը Հայաստա­նի համար նիւթա­կան ապա­հո­վող իրա­կա­նութիւն է եւ միայն այդ։ Թէ կայ նաեւ անհրա­ժեշտութիւնը հայրե­նի­քը կերտել ՄԻԱՍԻՆ։ Եթէ սփիւռքեան տնտե­սա­կան ներուժը անհրա­ժեշտ է՝բայց նոյնքան նաեւ պիտի աշխա­տիլ որպէսզի սփիւռքեան մտաւոր ու մասնա­գի­տա­կան ներուժը ներմուծել հայրե­նա­շի­նութեան եւ Հայաստա­նա­շի­նութեան գործընթա­ցին մէջ։ Անհրա­ժեշտութիւնը կայ Հայաստա­նեան եւ սփիւռքա­հայ մտաւոր, տնտե­սա­կան եւ մասնա­գի­տա­կան  ՈՒԺԵՐԸ համախմբե­լու եւ համադրե­լու եւ իրար հետ-միջեւ ներմուծե­լու գրաւա­կա­նը։

Կայ նաեւ ներ-Հայաստա­նեան իրա­վի­ճա­կը որ նոյնպէս իր ազդե­ցութիւնը ունի այս իմաստով։ Ինչպէս վերեւ յիշեցինք՝կայ զորաւոր պետա­կա­նութիւն մը ունե­նա­լու անհրա­ժեշտութիւնը որ կրնայ վայե­լել յարգանք եւ վստա­հութիւն բոլոր հայե­րու կողմէ եւ որ կրնայ մեծա­պէս նպաստել որպէսզի փոխ վստա­հութիւն ստեղծուի երկու հայկա­կան «բեւեռնե­րու» միջեւ։ Ուժեղ եւ անկողմնա­կալ պետա­կա­նութիւն մը լաւա­պէս պիտի կարե­նայ հայութիւնը իր տարբեր մտա­ծո­ղութիւննե­րով իրար քով բերել եւ հայկա­կան կեանքը համադրել։ Եւ այս տեսա­կի պետա­կա­նութիւն մըն է որ  համա­հայկա­կան իրա­կա­նութիւննե­րու համար յաջո­ղութեան լաւա­գոյն գրաւա­կա­նը կրնայ դառնալ։

  1. ՀՀ-Սփյուռք հարա­բե­րություննե­րում ժամա­նակ առ ժամա­նակ առա­ջա­ցող լարվա­ծությունը ի՞նչ պատճառնե­րով է առա­ջա­ցել և ի՞նչ հետև­անքներ է թողնում ինչպես Հայաստա­նի, այնպես էլ Սփյուռքի վրա։

Նախ պէտք է ներկա­յացնել Հայաստան-սփիւռք յարա­բե­րութիւննե­րու պատմա­կան ենթա­հո­ղը որպէսզի աւե­լի լաւ հասկնալ եւ տեսնել ներկայ օրե­րու մթնո­լորտնե­րը։ Սովե­տա­կան ժամա­նա­կա­հա­տուա­ծին կար «Սփիւռքա­հա­յութեան հետ մշա­կութա­յին կապի կոմի­տէն» որ լաւ աշխա­տանք տարաւ Հայաստան-սփիւռք մշա­կութա­յին, կրթա­կան եւ այլ ոլորտնե­րու եւ անոնց յարա­փե­րութիւննե­րու զարգացմա­նը մէջ։ Անկա­խութե­նէ ետք ստեղծուե­ցաւ Սփիւռքի նախա­րա­րութիւնը որ լաւ աշխա­տանք տարաւ որպէսզի Հայաստան եւ սփիւռք փոխ յարա­բե­րութիւննե­րը ստեղծուին եւ երկու միաւորնե­րը զիրար աւե­լի լաւ ճանչնան։ Բայց այս գործընթա­ցը դիւրին եւ արագ չեղաւ։ Երկար ժամա­նակ խլեց որպէսզի Հայաստան եւ սփիւռք զիրար «ճանչնան»։ Եւ ճանչնա­լէն ետք փոխ-վստա­հութիւն հաստա­տել։ Եւ հոս արժէ յիշել թէ կրցանք արձա­նագրել յաջո­ղութիւններ։ 2018 թուա­կա­նէն  եւ յատկա­պէս քառա­սուն եւ չորս օրե­րու պատեէազմէն ետք՝ճեղքը Հայաստա­նի եւ սփիւռքի միջեւ խորա­ցաւ եւ այն ինչ որ կրցանք իրա­կա­նացնել  տարի­նե­րու վրայ երկա­րած՝ փոխուե­ցաւ եւ նոյնիսկ պիտի համարձա­կիմ ըսե­լու վերա­ցաւ։ Ասոր պատճառնե­րը մէկէ աւե­լի է։ Սփիւռքեան տեսա­դաշտէն ելլելով՝այսօր կայ յուսա­հա­տութեան եւ յուսա­խա­բութեան մթնո­լորտ մը Հայաստա­նի իրա­վի­ճա­կի նկատմամբ բայց նաեւ կայ անտարբե­րութիւն եւ անվստա­հութիւն։ Յարա­բե­րութիւննե­րու միջեւ կայ անջրպետ եւ այս իրա­վի­ճա­կը որեւէ ձեւով օգտա­կար չէ ոչ սփիւռքի համար եւ նոյնքան ալ Հայաստա­նի։ Կայ կարեւոր առա­քե­լութիւնը վերա­կազմա­կերպել յարա­բե­րութիւնը եւ վստա­հութիւնը եւ այս իմաստով անհրա­ժեշտութիւնը կը տեսնենք սփիւռքի նախա­րա­րութեան վերստեղծումին։ 

  1. Շատերն այն կարծի­քին են, որ արտա­գաղթն ավե­րում է Հայաստա­նը և մեզ հիմա կազմա­կերպված ու զանգվա­ծա­յին հայրե­նա­դարձություն է պետք։ ՀՀ‑ը և Սփյուռքը պատրա՞ստ են զանգվա­ծա­յին հայրե­նա­դարձության։

Ես չեմ կրնար տեսնել թէ ներկայ իրա­վի­ճա­կի մէջ կարե­լի է «զանգուա­ծա­յին հայրե­նա­դարձութիւն»։ Հայաստա­նի ընկե­րա-տնտե­սա­կան եւ քաղա­քա­կան իրա­վի­ճակնե­րը չեն կրնար կազմա­կերպել այս մէկը։ Սփիւռքն ալ պէտք ունի վերա­հաստա­տել Հայաստա­նի նկատմամբ իր վստա­հութիւնը եւ մեկնարկէ այս իրա­դարձութեան որ դուք կը մատնանշէք։ Բայց կարե­լի՞ է մեկնարկել «փուլա­յին-փաթե­թա­յին» հայրե­նա­դարձութիւն։  Յատկա­պէս այն գաղութնե­րը, ինչպէս է միջին արեւե­լեա­նը, ուր քաղա­քա­կան եւ տնտե­սա­կան ճգնա­ժամ կապրին եւ այս երկիրնե­րու կացութիւնը անյստակ է, կարե­լի է  քաջա­լե­րել հայեր այս երկիրնե­րէն, օրի­նա­կի համար, որպէսզի Հայաստան հաստա­տուին։ Այս վերջի­նը իրա­կա­նացնե­լու համար նոյնքան անհրա­ժեշտ է ընկե­րա-տնտե­սա­կան ու քաղա­քա­ցիա­կան լաւ մշա­կուած ծրա­գիրնե­րու։

Կայ այլ իրա­կա­նութիւն եւ տուեալ մը։ Ներկայ աշխարհի մէջ  շատ են իրա­վի­ճակներ ուր մարդիկ կապրին երկու տարբեր երկիրնե­րու մէջ։ Աշխա­տանքա­յին թէ այլ պատճառնե­րու համար, բաւա­կան է թիւը նաեւ հայորդի­նե­րու որոնց մէկ ոտքը մէկ երկրի մէջ է իսկ միւսը այլ։ Այս երեւոյթը նաեւ կարե­լի է քաջա­լե­րել որպէսզի սփիւռքա­հա­յեր նկա­տի ունե­նան իրենց «մէկ ոտքը» զետե­ղել հայրե­նիք։ Եւ այս կրնայ Հայաստա­նի եւ սփիւռքի հայուն համար փոխ շահաւէտ ըլլալ եւ տարբեր իրա­կա­նութիււնե­րու մէջէն։

Այս բոլոր իրա­վի­ճակնե­րէն  անդին կայ այլ իրա­կա­նութիւն մը որ պէտք է նկա­տի ունե­նալ։ Զանգուա­ծա­յին՞ թէ այլ վիճա­կի հայրենադարձութիւն՝սփիւռքը պիտի շարունա­կէ մնալ որպէս ապրող ներկա­յութիւն։ Եւ այս իրա­կա­նութիւնէն մեկնե­լով արժէ  դիտարկել եւ տեսնել սփիւռքը որպէս «մնա­յուն» ներկա­յութիւն որ երեւի կրնայ դրա­կան ազդե­ցութիւն եւ ներդրում ունե­նալ  համա­հայկա­կան տարբեր օրա­կարգե­րու համար եթէ լաւա­պէս համադրուի եւ կազմա­կերպուի։

  1. Որո՞նք են  հայրե­նա­դարձությա­նը խանգա­րող հիմնա­կան պատճառնե­րը։ Սփյուռքը ցանկանո՞ւմ է հայրե­նա­դարձություն։

Այս հարցին երեւի վերը յիշե­ցի եւ բաւա­կան մանրա­մասնութեամբ։ Պիտի ուզէի մէկ հարց մըն ալ աւելցնել հոս եւ վերը յիշուած բոլոր ըսուածնե­րը վերա­հաստա­տե­լով։ 

Հայաստա­նը հայութեան ամրոցն է թէ սփիւռքի, Արցա­խի եւ նոյնինքն Հայաստա­նի համար։ Հայաստա­նը հայրե­նիք է, որ ինքնութիւն, պատկա­նե­լիութիւն եւ ապրե­լու ուժ կը սրսկէ համայն հայութեան համար եւ ի մասնաւո­րի սփիւռքա­հա­յուն։ Շատ են պարա­գա­նե­րը ուր սփիւռքա­հա­յեր իրենց ազգա­յին պատկա­նե­լիութիւնը վերագտած են եւ ամրա­ցուցած Հայաստան իրենց այցե­լութեամբ եւ հայրե­նի­քի հետ իրենց փոխ կապուա­ծութեամբ։ Այնպէս որ Հայաստա­նի ուժե­ղա­ցումը եւ վերա­կազմա­կերպումը անհրա­ժեշտ գրաւա­կան է մէկ կողմէ  հայրե­նա­դարձութեան օրա­կարգի դիտանկիւնէն բայց նոյնքան նաեւ սփիւռքա­հա­յուն ազգա­յին ինքնութեան ամրապնդումին, երբ ան որո­շած է, որ գէթ մէկ կարեոր միաւո­րը՝ ապրիլ սփիւռքեան պայմաննե­րուն մէջ։ Այս վերջին մատնանշումը նոյնքան կարեւոր  գոյծընթաց է ինչպէս որ է հայրե­նա­դարձութիւնը։

  1. ՀՀ-ից արտա­գաղթող և ՀՀ վերա­դարձող հայե­րը սովո­րա­բար ի՞նչ հիմնա­կան խնդիրնե­րի են բախվում ամեն մեկն իր առումով և ո՞ւմ համար է ավե­լի բարդ նոր միջա­վայրին հարմարվե­լը։

Հոս կայ կենցա­ղա­յին եւ մտա­ծո­ղութեան, ապրե­լա­կերպի ու ընկե­րա­յին սովո­րութիւննե­րու տարբե­րութիւննե­րը որ երբեմն կրնան մեծ ըլլալ։ Բոլորս հայ ենք բայց տարբեր ենք։ Ու տակաւին, սփիւռքա­հա­յը ինք իր մէջ ունի տարբերութիւններ՝ինչպէս օրի­նա­կի համար լիբա­նա­նա­հա­յը կրնայ տարբեր ըլլալ Ֆրանսա­հա­յէն ՝բայց նոյնքան նաեւ եւ աւե­լի Հայաստա­նի հայէն։ Եւ այս իրա­վի­ճա­կը կրնայ ստեղծել համարկման մէկ մեծ մարտահրաւէր։ Եթէ մէկ կողմէ լեզուա­կան բայց նոյնքան նաեւ հոգե-մտա­ծո­ղութեամբ եւ կենցա­ղա­յին։ Այս իմաստով անհրա­ժեշտ է ստեղծել համարկման միջո­ցա­ռումներ եւ այս պետա­կան թէ այլ նախա­ձեռնութիւննե­րով՝ որ պիտի կարե­նայ յաղթա­հա­րել այս իրա­վի­ճակնե­րը եւ գոյա­կե­ցութիւն ստեղծել։ Այս բոլո­րը «բնա­կան» երեւոյթներ են եւ պէտք չէ մեզ յուսալքէ։ Հայկա­կան պատմութեան «պարտադրած» իրա­վի­ճակն է  երբ ցեղասպա­նութե­նէ ետք աշխարհով մէկ տարա­ծուե­ցանք եւ դարձանք սփիւռք։ Եւ սփիւռքեան իրա­կա­նութիւննե­րու մէջէն իւրա­քանչիւր հայ իւրա­ցուց  իր ապրած երկրի նկա­րա­գի­րը եւ կենցա­ղը եւ մէջտեղ եկան հայեր եւ հայկա­կան իրա­կա­նութիւններ իրենց տարբե­րութիւննե­րով։ Բայց այս իրա­վի­ճակն ալ կարե­լի է վերա­ծել ՈՒԺԻ եթէ կրնանք բոլոր այս տարբե­րութիւննե­րը տեսնել որպէս ներդրում՝ուր յուրա­քանչիւր սփիւռքա­հայ կրնայ իր փորձա­ռութիւնը իր ապրած երկրին մէջէն ներմուծել հայրե­նի իրա­կա­նութեան եւ անոր յառաջխա­ղացքին համար։ Եւ հոս կայ պարտա­կա­նութիւն մը. թէ՞ ինչպէս հայրե­նի պետա­կա­նութիւնը պիտի ուզէ համարկման միջո­ցա­ռումներ ստեղծել որպէսզի տարբե­րութիւննե­րը վերա­ծէ յաղթող իրա­կա­նութիւննե­րու։

  1. Եթե զանգվա­ծա­յին հայրե­նա­դարձություն տեղի ունե­նա, դա նշանակո՞ւմ է, որ Սփյուռքը նվա­զե­լու է ինչպես մարդկա­յին ռեսուրսի, այնպես էլ ֆինանսա­կան և նյութա­կան առումով։ Եվ եթե այո, արդյո՞ք դա վտանգներ չի առա­ջացնի, քանի որ հայկա­կան Սփյուռքը այսօր ոչ միայն օտար երկրնե­րում ապրող հայե­րի խումբ է, այլև քաղա­քա­կան, ֆինանսա­կան, նյութա­կան հզոր խաղա­թուղթ։

Ինչպէս վերեւ յիշե­ցի, չեմ խորհիր ներկա­յիս եւ մօտիկ ապա­գա­յին կարե­լի է զանգուա­ծա­յին հայրե­նա­դարձութիւն տեղի ունե­նայ ինչպէս որ դուք կ՚ակնարկէք։ Բայց եթէ տեղի ունե­նայ, սփիւռքեան իրա­դարձութեա­նը համար այդ պիտի ըլլայ թեկուզ թիւի-մարդուժի նուա­զում։ Սփիւռքա­հայ մեր իրա­կա­նութիւններ ունինք, որոնք կրած են այս մարդուժի եւ թիւի նուա­զումնե­րը, ինչպէս է միջին արեւե­լեան հայա­շատ գաղութնե­րը։ Այս ըսելով՝պատմութիւնը եւ փորձը ցոյց կուտայ թէ նոյն այս գաղութնե­րը որոնք մարդուժի նուա­զում ունե­ցած են,  կրցած են պահել իրենց կենսունա­կութիւնը եւ իրենց ներդրումը շարունա­կել մէկ կողմէ իրենց ներ գաղութա­յին կեանքին բայց նոյնքան նաեւ համա­հայկա­կան իրա­կա­նութիւննե­րու համար։ Կայ նաեւ այլ իրա­կա­նութիւն մը որ վերեւ դարձեալ յիշե­ցի։ Ներկայ օրե­րուն կարե­լի է որ հայը ապրի եթէ Հայաստան բայց նաեւ առընչուա­ծութիւն եւ կապ ունե­նայ իր ծննդա­վայրի հետ։ Ու տակաւին՝տեղեկատուութեան աշխարհի ընձեռնած կարե­լիութիւնը եւ յառաջխա­ղացքը այսօր կրցած է աշխարհագրա­կան հեռաւո­րութիւննե­րը նուա­զեցնել եւ այս զգա­լի ձեւով։ Աշխարհ այսօր շատ աւե­լի արագ եւ դիւրին ձեւով ինք իր եւ իրար միջեւ ընդե­լուզուած է։ Հայը այս իմաստով շատ աւե­լի լաւ կերպով կրնայ ինք իր կեանքը համախմբել տարբեր մակարդակնե­րու եւ երկիրնե­րու միջեւ։ Հայուն կը մնայ կամքը եւ պատրաստա­կա­մութիւնը այս բոլոր իրա­գործե­լու համար։ 

  1. Ինչպե՞ս եք գնա­հա­տում այս տարվա հոկտեմբե­րին տեղի ունե­ցած համա­հայկա­կան խորհրդա­ժո­ղո­վը։

Հոկտեմբե­րին կայա­ցած համա­հայկա­կան խորհրդա­ժո­ղո­վը լաւ կազմա­կերպուած էր եւ նիւթե­րու ներկա­յա­ցումը եւ անոնց բովանդա­կութիւնը այժմէա­կան։ Այն ինչ որ ակնե­րեւ էր դասա­կան սփիւռքի եւ անոր տարբեր կառոյցնե­րու եւ ներկա­յա­ցուցիչնե­րու   բացա­կա­յութիւնը՝ ինչ որ չի նպաստեց խորհրդա­ժո­ղո­վի նպա­տակնե­րու իրա­գործմա­նը համար։

  1. Հայաստան-Սփյուռք հարա­բե­րություննե­րը շատե­րի համար ամփոփվում են Հայաստան Համա­հայկա­կան Հիմնադրա­մին ամեն տարի կատարվող նվի­րատվություննե­րի սահմաննե­րում։ Արդյո՞ք միայն ֆինանսա­կան աջակցությունը բավա­կան է, թե իրա­կա­նում դա էլ իր տեսա­կի խնդիր է։

Այսօր կայ մէկ մեծ անհրա­ժեշտութիւն-հրա­մա­յա­կան մը։ Հայաստան-սփիւռք յարա­բե­րութիւնը պէտք չէ դիտարկել եւ վերա­ծել զայն միայն նիւթա­կան եւ տնտե­սա­կան կապե­րու եւ իրա­գործումնե­րու համար։ Կայ մեծ կարի­քը սփիւքա­հայ մտաւոր եւ մասնա­գի­տա­կան ներուժին մասնակցութեա­նը հայրե­լի կեանքի բոլոր մարզե­րու մէջ՝ներառեալ քաղա­քա­կան կեանքին  եւ պետա­կա­նա­շի­նութեան համար։ Հայաստա­նի դիմագրաւած շատ մը տարա­ծաշրջա­նա­յին հիմնա­հարցե­րուն մէջ՝ անհրա­ժեշտութիւնը կայ սփիւռքի մասնակցութեա­նը եւ օժանդա­կութեա­նը ներ-Հայաստա­նեան կեանքի կազմաւո­րումին ի խնդիր։ Այս իմաստով պէտք է համո­զուիլ որ ժամա­նակն է փոխե­լու Հայաստան-սփիւռք փոխ յարա­բե­րութեան «ռազմա­վա­րութիւնը»։

  1. Ի՞նչ կարող են և պիտի անեն ՀՀ‑ը և Սփյուռքը միմյանց համար։

Հայ ժողո­վուրդի ընդհանրա­կան հարստութիւնը իր ՄԱՐԴՈՒԺԻՆ մէջ է։ Եւ մարդուժը իր տարբեր մասնա­գի­տա­կան ոլորտնե­րուն մէջէն։ Այս իմաստով՝Հայաստան, Արցախ եւ սփիւռք ունին հսկա­յա­կան մարդուժի ցանց մը որ կրնայ մեծ իրա­գործումներ կատա­րել եթէ համադրուի։ Այն ինչ որ կը պակսի մեզ համար այս համադրումի պատրաստա­կա­մութիւնն է եւ զայն իրա­գործե­լու ցանկութիւնը եւ միջո­ցա­ռումը։

  1. Արդյո՞ք ՀՀ և Սփյուռքը համա­հայկա­կան մասշտա­բով ունեն մեկ ընդհա­նուր գաղա­փա­րա­խո­սություն և նպա­տակ։

Երեւի այսօր չունին՝ բայց այդ չի նշա­նա­կեր թէ պէտք չէ որ ունե­նան։ Հայը իր պատմութեան բոլոր ժամա­նա­կա­հա­տուածնե­րու մէջէն անցած է շատ մը դժուար եւ ողբերգա­կան իրա­վի­ճակնե­րու մէջէն։ Բայց ան կրցած է ոչ թէ միայն ապրիլ այլ իր պատմութիւնը տանիլ հորի­զո­նէն անդին եւ ապա­հո­վել նոյնինքն իր պատմութեա­նը շարունա­կա­կա­նութեան գործընթա­ցը։ Ու տակաին՝ան կրցած է համաշխարհա­յին քաղա­քակրթութեա­նը մէջ իր կարեւոր ներդրումը ունե­նալ իր պատմա-մշա­կութա­յին մեծ աւանդի միջո­ցաւ։ Եւ այս նպա­տա­կի իրա­գործումին պիտի հաւա­տալ եւ աշխա­տիլ իրա­գործե­լու համար զայն։

  1. Հայաստան-Սփյուռք հար աբե­րություննե­րի ձեր իդեա­լա­կան մոդե­լը։

Ստեղծել Հայաստան-Արցախ եւ սփիւռք երա­միասնութեան ամուր կռուան։ Հայուն պատմութեան շարունա­կա­կա­նութեան ամուր հիմքը եւ ապա­հո­վութիւնը այս եռա­միասնութեան մէջ է։ 

Դոկտ. Հրայր Ճէպէ­ճեան

Ընդհա­նուր Քարտուղար Արա­բա­կան Ծոցի Աստուա­ծա­շունչի Ընկե­րութիւն

Քուէյթ

Առնչվող Հոդվածներ