ՀՅԴ Պատմութիւնը կը վկայէ, որ հայ ժողովուրդի ստրկատիրական վիճակին նոր յոյս ու թարմ գաղափար ներշնչողը հանդիսացած է յեղափոխական երիտասարդութիւնը:
Յարութ Գալայճեան
Իսկապէս ողջունելի է ՀՅԴ Երիտասարդական/Համահայկական Համագումարի կայացումը Գորիսի մէջ, յատկապէս՝ Արցախը Հայ Դատի կարեւորագոյն օղակը համարող եւ ազգային օրակարգի շուրջ համախմբուելու գաղափարները վերաշեշտելու հաստատակամութեան իմաստով։
Սակայն կը սպասուէր, որ Դաշնակցական Երիտասարդութիւնը յաւելեալ ինքնուրոյնութիւն եւ անկաշկանդ ազատութիւն ցուցաբերէր քաղաքական եւ գաղափարական հիմնահարցերու նկատմամբ եւ հեռու մնար «ապազգային պիտակաւորում»ներէ։
Մամլոյ Ասուլիսի ընթացքին ոչ մէկ անդրադարձ կար Հայաստանի Ինքնիշխանութիւնը վտանգող ռւսական քաղաքական ճնշումներու մասին։
Չկար նաեւ՝ ոչ մէկ խօսք դաշնակցական գաղափարական ինքնութեան պահպանման առնչութեամբ։
Ի վերջոյ, Դաշնակցական Երիտասարդութիւնը խորապէս կ՚ըմբռնէ, որ «Հայաստան Դաշինք»ը Դաշնակցութեան գաղափարական ամօթն է, որմէ վայրկեան առաջ դուրս գալու յանձնառութիւնը դժբախտաբար չորդեգրեց Գորիսի Համագումարը։
ՀՅԴ Պատմութիւնը կը վկայէ, որ հայ ժողովուրդի ստրկատիրական վիճակին նոր յոյս ու թարմ գաղափար ներշնչողը հանդիսացած է յեղափոխական երիտասարդութիւնը• իսկ Դաշնակցութեան այլափոխումը յատկապէս վերջին երեք տասնամեակներուն անհամեմատ խորացումներով պատահեցաւ այն առիթներով՝ երբ կազմակերպութեան համահայկական ուժը առեւանգուեցաւ Հայաստանեան Բաբելոնեան Կառոյցին կողմէ եւ մանաւանդ երբ՝ երիտասարդական/ուսանողական ապակեդրոն միութիւններուն պարտադրուեցաւ ուղղորդուած քաղաքականութիւն եւ Կանոնագրի Անունով ու Վերէն-Վար գործադրուեցան դիպուկահարուած անառարկելի/անվերաքննելի հրահանգներ։
Եւ կազմակերպական այդ մարտավարութեամբ էր, որ 2019-ին ջախջախուեցաւ Նիկոլ Աղբալեան Ուսանողական Միութեան շուրջ 50 հաշուող երիտասարդութիւնը, որուն ի տես՝ քար-լռութիւն պահպանեցին Սփիւռքի բոլոր քոյր-միութիւնները•••
ՀՅԴ Երիտասարդական Համահայկական Համագումարը կը դառնայ իսկապէս կառուցողական եւ յեղափոխականամետ՝ երբ համագումարի նախաձեռնութիւնը, օրակարգն ու կազմակերպումը թռիչք առնեն Վարէն-Վեր ինքնաբուխ սաւառնումով եւ ժամանակին հետ քայլ պահելու հարեւանութեամբ։
Ոչ՝ կուսակցական/գաղութայնացած տրամաբանութեամբ• այլ՝ դաշնային ողջախոհութեամբ•••
13 ՓԵՏՐՈՒԱՐ 2023
ՄՈՒՂՆԻ
Գրառումը՝ Յարութ Գալայճեանի ֆեյսբուքյան էջից։