27.2 C
Yerevan

Ողջունե­լի Նախա­ձեռնութիւն՝ 2 Բայց-ով

ՀՅԴ Պատմութիւնը կը վկա­յէ, որ հայ ժողո­վուրդի ստրկա­տի­րա­կան վիճա­կին նոր յոյս ու թարմ գաղա­փար ներշնչո­ղը հանդի­սա­ցած է յեղա­փո­խա­կան երի­տա­սարդութիւնը:

Յարութ Գալայճեան

Իսկա­պէս ողջունե­լի է ՀՅԴ Երիտասարդական/Համահայկական Համա­գումա­րի կայա­ցումը Գորի­սի մէջ, յատկա­պէս՝ Արցա­խը Հայ Դատի կարեւո­րա­գոյն օղա­կը համա­րող եւ ազգա­յին օրա­կարգի շուրջ համախմբուե­լու գաղա­փարնե­րը վերա­շեշտե­լու հաստա­տա­կա­մութեան իմաստով։

Սակայն կը սպա­սուէր, որ Դաշնակցա­կան Երի­տա­սարդութիւնը յաւե­լեալ ինքնուրոյնութիւն եւ անկաշկանդ ազա­տութիւն ցուցա­բե­րէր քաղա­քա­կան եւ գաղա­փա­րա­կան հիմնա­հարցե­րու նկատմամբ եւ հեռու մնար «ապազգա­յին պիտակաւորում»ներէ։

Մամլոյ Ասուլի­սի ընթացքին ոչ մէկ անդրա­դարձ կար Հայաստա­նի Ինքնիշխա­նութիւնը վտանգող ռւսա­կան քաղա­քա­կան ճնշումնե­րու մասին։
Չկար նաեւ՝ ոչ մէկ խօսք դաշնակցա­կան գաղա­փա­րա­կան ինքնութեան պահպանման առնչութեամբ։

Ի վերջոյ, Դաշնակցա­կան Երի­տա­սարդութիւնը խորա­պէս կ՚ըմբռնէ, որ «Հայաստան Դաշինք»ը Դաշնակցութեան գաղա­փա­րա­կան ամօթն է, որմէ վայրկեան առաջ դուրս գալու յանձնա­ռութիւնը դժբախտա­բար չորդեգրեց Գորի­սի Համա­գումա­րը։

ՀՅԴ Պատմութիւնը կը վկա­յէ, որ հայ ժողո­վուրդի ստրկա­տի­րա­կան վիճա­կին նոր յոյս ու թարմ գաղա­փար ներշնչո­ղը հանդի­սա­ցած է յեղա­փո­խա­կան երի­տա­սարդութիւնը• իսկ Դաշնակցութեան այլա­փո­խումը յատկա­պէս վերջին երեք տասնա­մեակնե­րուն անհա­մե­մատ խորա­ցումնե­րով պատա­հե­ցաւ այն առիթնե­րով՝ երբ կազմա­կերպութեան համա­հայկա­կան ուժը առեւանգուե­ցաւ Հայաստա­նեան Բաբե­լո­նեան Կառոյցին կողմէ եւ մանաւանդ երբ՝ երիտասարդական/ուսանողական ապա­կեդրոն միութիւննե­րուն պարտադրուե­ցաւ ուղղորդուած քաղա­քա­կա­նութիւն եւ Կանո­նագրի Անունով ու Վերէն-Վար գործադրուե­ցան դիպուկա­հա­րուած անառարկելի/անվերաքննելի հրա­հանգներ։
Եւ կազմա­կերպա­կան այդ մարտա­վա­րութեամբ էր, որ 2019-ին ջախջա­խուե­ցաւ Նիկոլ Աղբա­լեան Ուսա­նո­ղա­կան Միութեան շուրջ 50 հաշուող երի­տա­սարդութիւնը, որուն ի տես՝ քար-լռութիւն պահպա­նե­ցին Սփիւռքի բոլոր քոյր-միութիւննե­րը•••

ՀՅԴ Երի­տա­սարդա­կան Համա­հայկա­կան Համա­գումա­րը կը դառնայ իսկա­պէս կառուցո­ղա­կան եւ յեղա­փո­խա­կա­նա­մետ՝ երբ համա­գումա­րի նախա­ձեռնութիւնը, օրա­կարգն ու կազմա­կերպումը թռիչք առնեն Վարէն-Վեր ինքնա­բուխ սաւառնումով եւ ժամա­նա­կին հետ քայլ պահե­լու հարեւա­նութեամբ։

Ոչ՝ կուսակցական/գաղութայնացած տրա­մա­բա­նութեամբ• այլ՝ դաշնա­յին ողջա­խո­հութեամբ•••

13 ՓԵՏՐՈՒԱՐ 2023
ՄՈՒՂՆԻ

Գրա­ռումը՝ Յարութ Գալայճեանի ֆեյսբուքյան էջից։

Առնչվող Հոդվածներ