16.9 C
Yerevan

ՀՅԴ‑ն Պետք Է Հզո­րա­նա

Երբ ՀՅԴն կը գտնուի կազմա­կերպա­կա­նօ­րէն տկար դիրքե­րու վրայ, անի­կա չի կրնար լաւ կերպով ծառա­յել հայրե­նի­քին եւ նպաստել անոր հզօ­րա­ցումին: Պէտք է հաստա­տել, որ դժբախտա­բար, Հայաստա­նի մէջ ՀՅԴն ժամա­նա­կի ընթացքին տկա­րա­ցած է:

Արա Խանջյան

Հայաստա­նի Մէջ Հզօր ՀՅԴ Մը Ունե­նա­լու Անհրա­ժեշտութիւնը

Ամէն անգամ, երբ ընկերներ կամ ծանօթներ կը քննարկեն Հայաստա­նի ծանր վիճա­կը եւ Հայաստա­նի կառա­վա­րութեան գործունէութիւնը՝ ես ինծի կը հարցնեմ. «Մենք, դաշնակցա­կաններս, ին՞չ կ՛ընենք, որպէսզի Հայաստան աւե­լի հզօ­րա­նայ եւ դիմագրաւէ իր առջեւ ծառա­ցած բազմա­թիւ մարտահրաւէրնե­րը»:

Երբ նայինք ՀՅԴի անցնող բազմա­թիւ Ընդհա­նուր ժողովնե­րուն, որոնք չորս տարին անգամ մը ուղղութիւն կու տան ՀՅԴի գործունէութեան, եւ կը վերլուծենք անոնցմէ բխած բանա­ձեւե­րը՝ կրնանք կեդրո­նա­նալ երեք գլխաւոր գաղա­փարնե­րու վրայ:

Առա­ջին՝ ՀՅԴն պէտք է ըլլայ քաղա­քա­կա­նօ­րէն ինքնուրոյն եւ անկախ: Կուսակցութեան անկա­խութիւնը կրնայ հարցա­կա­նի տակ դրուիլ, երբ մեծ քանա­կութեամբ նուի­րա­տուութիւն կը ստա­նայ գլխաւո­րա­բար մէկ աղբիւրէ: Որքա՛ն կուսակցութեան նիւթա­կան աղբիւրնե­րը ըլլան բազմա­զան եւ բազմա­թիւ, այդքա՛ն անոր անկա­խութիւնը կը բարձրա­նայ: Նաեւ, ընտրութիւննե­րու ընթացքին, փոխա­նակ ուրիշ քաղա­քա­կան ուժի մը վրայ յենե­լով՝ քուէ­ներ ստա­նա­լը, առանձին եւ ինքնուրոյն ժողո­վուրդին ներկա­յա­նա­լը ու ժողո­վուրդի քուէն ստա­նա­լը կը նպաստէ կուսակցութեան անկա­խութեան:

Երկրորդ՝ ՀՅԴն պէտք է աշխա­տի եւ գործէ՝ նպա­տակ ունե­նա­լով պետութեան հզօ­րա­ցումը անկախ այն բանէն, թէ ո՛վ է իշխա­նութեան գլուխը: Աշխա­տանք տանիլ, որ բանա­կը հզօ­րա­նայ, ոստի­կա­նութիւնը եւ դատա­կան համա­կարգե­րը ըլլան որա­կեալ ու անկա­շառ, կրթա­կան, առողջա­պա­հա­կան համա­կարգե­րը ըլլան բարձր որա­կի, երկրին ենթա­կա­ռոյցնե­րը, ինչպէս՝ ճամբա­նե­րը, ելեկտրա­կա­նութիւնը, կոյուղի­նե­րը, ջրա­յին ցանցե­րը, օդա­կա­յաննե­րը, հաղորդակցութեան միջոցնե­րը, ըլլան արդիա­կան, եւ այլն: Կառա­վա­րութեան չհա­մակրի­լը պետութեան եւ ժողո­վուրդին վնաս կը պատճա­ռէ, մանաւանդ երբ մեր կարո­ղութիւննե­րը չեն տրա­մադրուիր պետութեան հզօ­րա­ցումին: Այսպէս, պէտք է զանա­զա­նել պետութիւնը կառա­վա­րութիւնէն:

Երրորդ՝ ՀՅԴն պէտք է գործէ ուղղա­կի ժողո­վուրդին հետ՝ թաղա­յին, համայնքա­յին եւ քաղա­քա­յին մակարդակնե­րով, աշխա­տե­լով ժողո­վուրդին ընկե­րա­յին-տնտե­սա­կան հարցե­րը լուծե­լու ուղղութեամբ: ՀՅԴ բազմա­թիւ Ընդհա­նուր ժողովներ բանա­ձեւեր որդեգրած են այս ուղղութեամբ: Օրի­նակ՝ 2011ի Ընդհա­նուր ժողո­վը կ՛ըսէ. «Ժողո­վուրդին ծառա­յե­լու եւ անոր հետ աշխա­տե­լու, կապը ամրապնդե­լու, մեր ծրագրա­յին նպա­տակնե­րը ներկա­յացնե­լու եւ մեկնա­բա­նե­լու նպա­տա­կով, մղել տեղա­կան միաւորնե­րը, ընդհուպ մինչեւ առանձին խումբեր, անմի­ջա­կան աշխա­տանքա­յին ծրա­գիրներ կազմե­լու եւ գործադրե­լու: Կազմա­կերպել ժողովրդա­յին հանդի­պումներ, հաւաքներ, բացատրա­կան զրոյցներ, որդեգրե­լով «Դէպի Ժողո­վուրդ» կարգա­խօ­սը»:

Սակայն, վերո­յի­շեալնե­րը իրա­կա­նացնե­լու համար, անհրա­ժեշտ է ունե­նալ հզօր ՀՅԴ Հայաստա­նի մէջ: Երբ ՀՅԴն կը գտնուի կազմա­կերպա­կա­նօ­րէն տկար դիրքե­րու վրայ, անի­կա չի կրնար լաւ կերպով ծառա­յել հայրե­նի­քին եւ նպաստել անոր հզօ­րա­ցումին: Պէտք է հաստա­տել, որ դժբախտա­բար, Հայաստա­նի մէջ ՀՅԴն ժամա­նա­կի ընթացքին տկա­րա­ցած է: Վերջին տասնա­մեա­կին, ՀՅԴն Հայաստա­նի մէջ, բոլոր մակարդա­կի ընտրութիւննե­րուն՝ նախա­գա­հա­կան, Ազգա­յին ժողո­վի, Երեւա­նի, թէ Տեղա­կան ինքնա­կա­ռա­վարման մարմիննե­րու ընտրութիւննե­րուն ունե­ցած է աննշան արդիւնքներ: Օրի­նա­կի համար, Հայաստա­նի երեք ամէ­նէն մեծ քաղաքնե­րուն՝ Երեւա­նի, Գիւմրիի եւ Վանա­ձո­րի, աւա­գա­նի­նե­րուն մէջ, մէկ հատ դաշնակցա­կան ներկա­յա­ցուցիչ չկայ: Մէկը կոյր պէտք է ըլլայ, որ չհասկնայ, թէ Հայաստա­նի մէջ ՀՅԴն տկար դիրքե­րու վրայ կը գտնուի:

Դաշնակցութեան հանդէպ մեր սէրը ցոյց տուած չենք ըլլար, երբ չենք քննարկեր ՀՅԴի տկա­րացման պատճառնե­րը: Լաւ դաշնակցա­կա­նը ան չէ, որ ՀՅԴի վիճա­կին գծով կոյր կը ձեւա­նայ: Ընկերնե­րուս կու տամ հետեւեալ օրի­նա­կը. երբ զաւա­կի մը ծնողնե­րը առողջա­կան հարցեր կ՛ունենան, լաւ զաւա­կը ան չէ, որ կը յայտա­րա­րէ, թէ իր ծնողքը առողջ է եւ անոնց հիւանդութեան տեղ տուող պատճառնե­րը չի քննարկեր, այլ ան՝ որ կը տագնա­պի իր ծնողնե­րուն վիճա­կով եւ ամէն ձեւով կը քննարկէ ու միջոցներ կը փորձէ գտնել զանոնք առողջացնե­լու համար: Հոս չեմ խօսիր ժողովրդա­հա­ճութեան, populism‑ի, մասին, այլ՝ այն հաստա­տումին, թէ ՀՅԴի նման կուսակցութիւն մը պէտք ունի ժողո­վուրդի որո­շիչ զանգուա­ծին, որպէսզի յաջո­ղի, հետեւա­բար, անի­կա անպայման կարի­քը ունի այն ժողո­վուրդի համակրանքին, որուն դատին նուի­րուած է։

Եթէ դաշնակցա­կան մը համո­զուած է, որ ներկայ կառա­վա­րութիւնը վնա­սա­կար է հայութեան եւ Հայաստա­նի համար, այս կը նշա­նա­կէ, որ այդ դաշնակցա­կա­նը նախ եւ առաջ պէտք է աշխա­տի եւ նպաստէ Հայաստա­նի մէջ ՀՅԴի հզօ­րացման եւ, վերջա­պէս, Տեղա­կան ինքնա­կա­ռա­վարման մարմի­նիննե­րու, Ազգա­յին ժողո­վի եւ կառա­վա­րութեան ղեկը ստանձնե­լով, կամ ալ, առնուազն, կարեւոր ուժ դառնա­լով՝ հզօ­րացնէ պետութեան վերոնշեալ կառոյցնե­րը: 

Եթէ Հայաստա­նի մէջ ունե­նա­յինք զօրաւոր Դաշնակցութիւն մը, որուն թիկունք կը կանգնէր ժողո­վուրդին կարեւոր մէկ մասը, այսօր տարբեր կրնար ըլլալ Հայաստա­նի ու Արցա­խի վիճա­կը:

Տակաւին որքա՞ն պէտք է տկա­րա­նայ ՀՅԴն Հայաստա­նի մէջ, որպէսզի աշխարհի մէջ գտնուող ամէն մէկ դաշնակցա­կան մտա­հո­գութիւն ցուցա­բե­րէ: Որքա՞ն պէտք է տկա­րա­նայ ՀՅԴն Հայաստա­նի մէջ, որպէսզի աշխարհի մէջ գտնուող ամէն մէկ դաշնակցա­կան տագնա­պի, հարցապնդէ, քննարկէ եւ աշխա­տի, որպէսզի Հայաստա­նի մէջ ՀՅԴն հզօ­րա­նայ, որպէսզի աւե­լի լաւ կերպով կարե­նայ ծառա­յել հայրե­նի­քին, Արցա­խին, Հայաստա­նի բանա­կին եւ ժողո­վուրդին: Երբ աշխարհի իւրա­քանչիւր դաշնակցա­կան լուռ կը մնայ Հայաստա­նի մէջ ՅՅԴի տկա­րացման ի տես, ան եւս պատասխա­նա­տու կ՛ըլլայ ՀՅԴի տկա­րացման:

Ոմանք կ՛ըսեն, թէ այսօր ահա­զանգա­յին վիճակ գոյութիւն ունի եւ ժամա­նակ չկայ նմա­նօ­րի­նակ կազմա­կերպա­կան հարցե­րով զբա­ղե­լու: Դեռեւս այդպէս է, բայց եթէ տասը տարի առաջ սկսէինք տագնա­պիլ, վերո­յի­շեալ հարցե­րը քննարկել եւ որո­նել ՀՅԴն հզօ­րացնե­լու ճանա­պարհնե­րը, եթէ երկու տարի առաջ սկսէինք, այսօր տարբեր արդիւնք կ՛ունենայինք: Հետեւա­բար, լաւ է սկսիլ այսօր, քան թէ սպա­սել ուրիշ երկու կամ տասը տարի­ներ եւս:

Կը մաղթեմ, որ աշխարհի չորս կողմը գտնուող դաշնակցա­կաննե­րը անդրա­դառնան եւ տագնա­պին մեր ներկայ իրա­վի­ճա­կով ու իսկա­կան մտա­հո­գութեամբ սկսին նպաստ բերե­լու Հայաստա­նի մէջ ՀՅԴի հզօ­րացման, որպէսզի անի­կա արդիւնաւոր կերպով ծառա­յէ Հայաստա­նի Հանրա­պե­տութեան ու Արցա­խին:

Առնչվող Հոդվածներ