Սփիւռք

Դաշնակցությունը Ճանապարհ Է

Դաշնակցութեան նպատակը յաջող օրէնք մը առաջարկելը չէ կամ ալ յաջող գործունէութիւն մը ընելը եւ անորմով հպարտանալը, այլ յաջող ու օգտակար օրէնք մը մէջտեղ բերելն է եւ գործունէութիւն մը ընելն է ու աշխատանք տանիլն է, որպէսզի իր այդ յաջող օրէնքը եւ գործունէութիւնը ժողովուրդին տարբեր խաւերու կողմէ, կամ ալ պետութեան կողմէ որդեգրուի ու լայնածաւալ կերպով գործադրուի։

Արա Խանճեան

Ընկեր Սարգիս Զէյթլեանի 1979ի Ճառէն Կարգ Մը Միտքեր

Ընկեր Սարգիս Զէյթլեան 1979ին, Լիբանանի Պուրճ Համուտ շրջանին մէջ, ՀՅԴի 89ամեակին առիթով արտասանած էր հոյակապ ճառ մը, որուն մէջ ՀՅԴի մասին շեշտած էր բազմաթիւ գաղափարներ եւ կատարած յատկութիւններ, որոնց պէտք է ամէն դաշնակցական գիտակցի եւ զորս պէտք է լաւապէս միտքը պահէ: 

Պէտք է երախտապարտ ըլլանք հանգուցեալ Դանիէլ Մածունեանին, որ 44 տարիներ առաջ, այս ճառը ձայնագրած էր եւ պահած իր արխիւներուն մէջ:

Ճառը այնքան հիանալի եւ այժմէական է, որ մտածեցի կարգ մը, իմ ակնոցով դիտած, յատկանշական բաժիններ արտատպել անոնց համար, որոնք ժամանակ չունին 35 վայրկեան տեւողութեամբ ճառը մտիկ ընելու:

Վերջաւորութեան, կը յիշեմ անձնական փորձառութիւն մը ընկեր Զէյթլեանի հետ: Անշուշտ ճառը իր ամբողջութեան մէջ մտիկ ընելը շատ աւելի լաւ է, որովհետեւ լսողը կը վայելէ ընկեր Զէյթլեանի շեշտերը, որոնք օգտակար են միտքերը աւելի լաւ ձեւով հասկնալու:

Դաշնակցութիւնը «միջոց է, ճանապարհ է, նպատակ չէ»

Ճառին 6րդ վայրկեանին, ընկեր Զէյթլեան կ՛ըսէ, թէ Դաշնակցութիւնը«միջոց է, ճանապարհ է, նպատակ չէ»։

Այս հաստատումը կարեւոր է, որովհետեւ կարգ մը դաշնակցականներ եւ համակիրներ կը մոռնան, թէ նպատակը հայութիւնը ու Հայաստանն են, այլ ոչ թէ Դաշնակցութիւնը։

«Վայ դաշնակցական այն շարքայինին, որ արհամարհանք ունի իր ժողովուրդի զանգուածներուն հանդէպ»

Մօտաւորապէս 18։12րդ վայրկեանին, ան կ՛ըսէ. «Առանց ժողովուրդին Դաշնակցութիւնը ոչինչ է։ Իր ժողովուրդին հետ ամէն ինչ է։ Եւ հետեւաբար, մենք ամէն տեղ, ամէն ճակատի վրայ ժողովուրդին հետ պիտի մնանք»։

Ան կը շարունակէ՝ ըսելով, թէ պէտք չէ արհամարհանք ունենալ մեր ժողովուրդին հանդէպ։

«Վայ Դաշնակցական այն շարքայինին, որ արհամարհանք ունի իր ժողովուրդի զանգուածներուն հանդէպ։ Վայ այն երիտասարդութեան, որ կը կարծէ փրկութիւնը միայն իր մէջ է, բայց զանգուածները կ՛անտեսէ։ Վայ այն շարքերուն, Դաշնակցական կամ այլ, որ կը կարծեն թէ հինգ կամ հազար հերոսութիւն ընելով, պարտաւոր է ամբողջ ժողովուրդներ իրենց կամքին ենթարկել։ Այդ տեսակ շարքերուն, այդ տեսակ երիտասարդութեան, այդ տեսակ կուսակցութեանց ճակատագիրը անխուսափելիօրէն դէպի սնանկութիւն կ՚ընդանա՛յ»։ 

Այս տողերը շատ այժմէական են, որովհետեւ երբեմն դաշնակցականներ ժողովուրդը կ՛արհամարհեն, կ՛այպանեն եւ նոյնիսկ կ՛անարգեն, երբ ժողովուրդը իրենց ետեւէն չ՛երթար կամ ալ պէտք եղածին չափ Յետին քուէ չի տար։ Այս վարուելակերպը, ինչպէս ընկեր Զեյթունն կ՛ըսէ, շատ վնասակար է եւ՝ վտանգաւոր։

Դաշնակցութեան «ուժը ոչ թէ իր շարքերուն մէջ է, այլ բովանդակ հայութեան կազմակերպման մէջ է»

Մօտաւորապէս 19։35րդ վայրկեանին ընկեր Զէյթունն կ՛ըսէ. «Հայ ժողովուրդին ծառայութեան ճամբուն վրայ, ամէն ինչ տալով, ոչինչ չպահանջելու պայմանով, ահա Դաշնակցութեան գաղափարական բարոյական ըմբռնումի ուղին։ Ամէն ինչ առնել ժողովուրդէն, բայց ամէն ինչին բազմապատկումովը, վերադարձնել այդ նոյն ժողովուրդին։ Ասկէ դուրս, Դաշնակցութիւնը ընելիք չունի, ոչ ալ իրաւունք ունի, իրաւունքներ կամ պատիւ պահանջելու։ Իր պատիւը իր տալու ժեսթին մէջ է։ Իր վարձատրութիւնը իր բարոյական բաւարարութեան մէջ է։ Իր յաջողութիւնը հայ ժողովուրդի կամքին, հոգեբանութեան եւ մտքին յեղափոխականացման մէջ է։ իր ուժը ոչ թէ իր շարքերուն մէջ է, այլ բովանդակ հայութեան կազմակերպման մէջ է»։

Այս միտքը եւս շատ կարեւոր է։ ՀՅԴի համար զօրաւոր եւ աշխոյժ շարքեր ունենալը չի բաւեր, այլ անհրաժեշտ է բովանդակ հայութեան կազմակերպումը, որ կ՛ենթադրէ մօտէն գործել, շփուիլ ժողովրդային խաւերուն հետ ու ծառայել անոնց։ Առանց անմիջականօրէն գործելու ժողովուրդին հետ՝ կարելի չէ կազմակերպել ժողովուրդը։

Բովանդակ հայ ժողովուրդը կազմակերպելու կարեւորութեան գաղափարը, ընկեր Զէյթլեան կը շարունակէ քննարկել 27։50 վայրկեանին, երբ ան կ՛ըսէ. «Չի բաւեր ըսել որ մենք հարիւր հերոս տուինք, եթէ ժողովուրդին մէջ, այն ժողովուրդին՝ որուն ծառայելու կոչուած ես, տասնեակ հազարներ դերեւս տալու պատրաստակամութիւն չկայ։ Չի բաւեր ըսել, որ ես հազար գաղափարական շարքային ունիմ, եթէ երբեք այդ հազարին տեղ տասնեակ հազարներ վերստին զինուորագրելու եւ քու գաղափարական պայքարին պատրաստակամ ժողովուրդ չկայ։» 

Ընկեր Զէյթլեան կը հաստատէ, թէ Դաշնակցութեան նպատակը յաջող օրէնք մը առաջարկելը չէ կամ ալ յաջող գործունէութիւն մը ընելը եւ անորմով հպարտանալը, այլ յաջող ու օգտակար օրէնք մը մէջտեղ բերելն է եւ գործունէութիւն մը ընելն է ու աշխատանք տանիլն է, որպէսզի իր այդ յաջող օրէնքը եւ գործունէութիւնը ժողովուրդին տարբեր խաւերու կողմէ, կամ ալ պետութեան կողմէ որդեգրուի ու լայնածաւալ կերպով գործադրուի։

Եթէ ժողովուրդը չ՛որդեգրեր ՀՅԴի օգտակար օրէնքը եւ գործունէութիւնը, ՀՅԴն պէտք է ուրիշ ձեւ մը, միջոց մը գտնէ բացատրելու ու ներշնչելու ժողովուրդը։ Շատ մեծ սխալ կեցուածք է, երբ ժողովուրդը ՀՅԴին չի հետեւիր, եւ դաշնակցականը փոխանակ ուրիշ ձեւով բացատրելու ու ներշնչելու ժողովուրդը՝ կը քննադատէ, կ՛արհամարհէ կամ կ՛անարգէ այն ժողովուրդը, որուն ծոցէն Դաշնակցութիւնը ստեղծուած է եւ կոչուած է անոր ծառայելու։

«Դաշնակցութիւնը… իր շարքերէն… պահանջեց ըլլալ իր ժամանակին հետ ուգաղափարներուն ամէնէնյառաջդիմականին հետ»

Ճառին 16րդ վայրկեանին, ընկեր Զէյթլեան կ՛ըսէ. «Դաշնակցութիւնը այս բանին համար իր շարքերէն տեւաբար եւ իր ժողովուրդէն միշտ պահանջեց՝ ըլլալ իր ժամանակին հետ, ըլլալ գաղափարներուն ամէնէն յառաջդիմականին հետ, ըլլալ յեղափոխական ամէնէն արդար շարժումներուն հետ…»։

Այս եւս շատ այժմէական գաղափար է, որովհետեւ երբեմն դաշնակցականներ կը նոյնացնեն ազգային գաղափարախօսութիւնը յետադիմութեան, պահպանողականութեան եւ այլամերժութեան հետ։ Ընկեր Զէյթլեանի սերունդը, եւ մանաւանդ ՀՅԴի հիմնադիր սերունդը, որոնք Եւրոպայի համալսարաններուն մէջ ուսանած էին, այն ժամանակուան հայութեան ամէնէն յառաջդիմական եւ ժամանակակից գաղափարներուն ջատագովներն էին։

Աշխարհի չորս կողմը գտնուող բոլոր հայերը մաս կը կազմեն հայ ժողովուրդին

Կ՛ուզեմ հոս շեշտել, թէ ընկեր Զէյթլեանի համար հայութիւնը միայն իրեն անմիջականօրէն ծանօթ Միջին Արեւելքի հայութիւնը չէր, այլ՝ ամբողջ հայութիւնը՝ աշխարհի չորս կողմը։ Ճիշդ է, որ իւրաքանչիւր շրջանի հայութիւն ունի իր իւրայատկութիւնները կամ մշակոյթը, սակայն բոլորն ալ մաս կը կազմեն այն հայութեան, որուն մասին ընկեր Զէյթլեան իր ճառին մէջ կը խօսի։

Կը յիշեմ երբ 1980ական թուականներուն սկիզբը ուսանող էի Նիւ Եորք քաղաքին մէջ, ընկեր Զէյթլեան այցելեց Նիւ Եորքի գաղութը։ Այդ շրջանին, անհատական համակարգիչները նորութիւն էին եւ մենք խանդավառ՝ կ՛ուզէինք գաղութի Դաշնակցութեան համակիրներուն հասցէները համակարգիչի միջոցաւ դասաւորել եւ կապ հաստատել անոնց հետ։ Ընկեր Զէյթլեան երբ իմացաւ, թէ մենք միայն Դաշնակցութեան համակիրներուն հասցէները կը հաւաքէինք եւ կը դասաւորէինք՝ մեզի ըսաւ, որ Նիւ Եորքի բոլոր հայերը կը պատկանին հայ ժողովուրդին, եւ մենք պէտք է բոլորին հասցէները հաւաքենք ու բոլորը տեղեակ պահենք մեր գործունէութեան ու գաղափարներուն մասին, նոյնիսկ եթէ անոնցմէ ոմանք զօրաւոր կերպով կը հակադրուէին Դաշնակցութեան։ Ընկեր Զէյթլեանի համար հայը աշխարհի որ անկիւն ալ գտնուի, նոյնիսկ եթէ Դաշնակցութեան չի համակրիր եւ կը գործէ ՀՅԴի ուղղութեան հակառակ՝ մաս կը կազմէ իր ճառին մէջ նշած հայ ժողովուրդին եւ արժանի էր Դաշնակցութեան հոգածութեան։

Ընկեր Զէյթլեանի խօսքերը պէտք է փոխանցել նոր սերունդին, որպէսզի անիկա ճիշդ կերպով ընկալէ ՀՅԴի էութիւնը, գործելաոճը եւ Դաշնակցութեան գաղափարաբանութիւնը։

Հոդվածը՝ Asbarez.am կայքից։

    

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *