24.9 C
Yerevan

Ռուս-Ուքրա­նա­կան Պատե­րազմէն Մէկ Տարի Ետք

Մարդկութիւնը պատրա՞ստ է եւ կը փափա­քի՞ հետընթաց ապրե­լու, այնպէս ինչպէս 12–15 դարե­րուն պատա­հե­ցաւ, երբ թրքա­ցեղ ժողո­վուրդնե­րու արշաւանքնե­րուն դիմաց Արեւմուտքը չմիաւո­րուե­ցաւ եւ Պոլի­սը իյնա­լով արեւելքը եւ արեւմտեան բազմա­թիւ երկիրներ քաղա­քակրթա­կան նահանջ ապրե­ցան:

Գէորգ Թորո­յեան

Ռուս-ուքրա­նա­կան պատե­րազմը արդէն թեւա­կո­խեց երկրորդ տարին (պատե­րազմը սկիզբ առաւ 24 Փետրուար 2022ին) եւ հորի­զո­նին վրայ անոր աւարտին պատկե­րը տակաւին չերեւիր:

Պատե­րազմի անցնող մէկ տարուան ընթացքին շատ բան խօսուե­ցաւ եւ գրուե­ցաւ անոր մասին: Արդէն մէկ տարի է աշխարհի բոլոր լրա­տուա­կաննե­րու կեդրո­նա­կան լուրը այդ պատե­րազմն է: Ինչպէս նաեւ մեկնա­բա­նութիւննե­րու եւ վերլուծումնե­րու հեղե­ղը կը շարունա­կուի նոյն թափով, ինչպէս որ էր պատե­րազմի առա­ջին օրե­րուն:

Պատե­րազմը շղթա­յա­զերծած Ռուսիան եւ անոր դաշնա­կիցնե­րը ինչպէս նաեւ անոր համա­կիր լրա­տուա­կաննե­րը առա­ջին օրե­րուն կը նախա­տե­սէին կարճ պատե­րազմ եւ Ուքրա­նիոյ արագ գրաւում: Միւս կողմէ, աւե­լի իրա­տեսնե­րը կը նախա­տե­սէին, որ Ուքրա­նիա կրնայ նոր Աֆղա­նիստան մը ըլլալ եւ Ռուսիոյ դէմ հայդուկա­յին կռիւնե­րով ուքրա­նա­ցիք կրնա­յին ջախջա­խել ռուսա­կան բանա­կը: Սակայն առա­ջին քանի մը շաբաթնե­րու այդ նախա­տե­սութիւննե­րը ջուր ինկան: Ռուսա­կան բանա­կը առա­ջին շաբաթնե­րու փոքր յաջո­ղութիւններ արձա­նագրեց եւ քանի մը քաղաքներ գրաւեց որմէ ետք սկսաւ մղձաւանջը Ռուսիոյ համար: Ուքրա­նա­ցիք անկանխա­տե­սե­լի դիմադրութիւն ցոյց տուին յարձա­կող բանա­կին եւ ժամա­նակ մը անց հակա­յարձա­կո­ղա­կաննե­րով որոշ շրջաննե­րէ դուրս մղե­ցին ռուսա­կան բանա­կը: Պատե­րազմի բռնկումէն եւ ուքրա­նա­կան դիմադրութե­նէն քանի մը շաբաթ ետք արդէն պարզ դարձաւ որ պատե­րազմը կրնայ տարի­ներ տեւել: Տակաւին օրեր առաջ Միա­ցեալ Նահանգնե­րու պաշտպա­նութեան նախա­րա­րութե­նէն բարձրաստի­ճան պաշտօ­նեայ մը յայտա­րա­րեց թէ ռուս-ուքրա­նա­կան պատե­րազմը դեռ կրնայ տեւել երկու-երեք տարի:

Ժամա­նա­կի ընթացքին ռուսա­կան բանա­կի ձախո­ղութիւննե­րը աւելցան, որուն հետեւանքով ռուսա­կան կողմը իր ամէ­նէն բարձր պատասխա­նա­տունե­րու բերա­նով սկսաւ հիւլէա­կան ռումբ գործա­ծե­լու սպառնա­լիք կատա­րել: Միայն այսօ­րի­նակ յայտա­րա­րութիւննե­րը բաւա­րար են ապա­ցուցե­լու, որ ռուսա­կան կողմը զինուո­րա­պէս պարտութեան ուրուա­կա­նը կը դիմագրաւէ: 

Բնա­կա­նա­բար, Ուքրա­նիոյ զինուո­րա­կան այս յաջո­ղութիւննե­րուն մէջ մեծ դերա­կա­տա­րութիւն ունի հաւա­քա­կան Արեւմուտքը: Եթէ պատե­րազմի բռնկումէն առաջ եւ անոր յաջորդող քանի մը օրե­րուն Արեւմուտքի մէջ կային որոշ տարա­կարծութիւններ, ապա ժամա­նակ մը ետք կարե­լի եղաւ միաւո­րուիլ եւ ամէն տեսա­կի օժանդա­կութիւններ տրա­մադրուե­ցան եւ կը տրա­մադրուին Ուքրա­նիոյ: Այլ խօսքով, այս պատե­րազմը վերա­ծուած է անուղղա­կիօ­րէն Արեւմուտք- Ռուսիա պատե­րազմի, որ Արեւմուտքը կը մղէ ուքրա­նա­ցի­նե­րուն միջո­ցով եւ անոնց հողին վրայ: 

Արեւմուտքին քաղա­քա­կան, տնտե­սա­կան եւ զինուո­րա­կան աջակցութեան շնորհիւ է, որ Ուքրա­նիա աւե­լի քան մէկ տարիէ ի վեր կը դիմա­կա­յէ ռուսա­կան յարձա­կումը: Արեւմուտքը, մասնաւո­րա­բար Միա­ցեալ Նահանգնե­րը ամէ­նէն խիստ տնտե­սա­կան պատժա­մի­ջոցնե­րը որդեգրած են Ռուսիոյ դէմ, որոնց հետեւանքով ռուսա­կան տնտե­սութիւնը շատ շուտ փուլ եկաւ: 

Ռուսիոյ ելեւմուտքի նախա­րա­րութիւնը յայտնեց, թէ այս տարի Յունուար եւ Փետրուար ամիսնե­րուն պիւտճէն արձա­նագրած է 2.58 եռի­լիոն ռուբլիի բաց, մինչ անցեալ տարի նոյն ամիսնե­րուն Ռուսիոյ պիւտճէն ունե­ցած 415 միլիառ ռուբլիի յաւե­լուրդ: Այս տարուան անկման հիմնա­կան պատճա­ռը քարիւղի եւ կազի վաճառքէն եկա­մուտնե­րու անկումն է: Անկախ տնտե­սա­կան պատժա­մի­ջոցնե­րէն, Արեւմուտքը գրե­թէ մեկուսա­ցուցած է Ռուսիան: Մարզա­կան, մշա­կութա­յին, արուեստի եւ տարբեր բնա­գաւառնե­րու մէջ միջազգա­յին մրցոյթնե­րուն թէ այլ ձեռնարկնե­րուն անոր մասնակցութիւնը արգի­լուե­ցաւ: Միա­ցեալ Նահանգներ արդէն կը սպառնայ նոյնիսկ այն երկիրնե­րուն, որոնք գաղտնա­բար կը գործակցին Ռուսիոյ հետ, անոր փոխանցե­լով բոլոր այն ապրանքա­տե­սակնե­րը, որոնք կենսա­կան նշա­նա­կութիւն ունին մասնաւո­րա­բար զինուո­րա­կան մարզին համար: Այս սպառնա­լի­քը մղեց Չինաստա­նին յայտա­րա­րե­լու, թէ ինք այս պատե­րազմի կողմե­րէն ոչ մէկուն զինա­կան օժանդա­կութիւն կը տրա­մադրէ:

Այս պատե­րազմը նաեւ երեւան հանեց ռուսա­կան բանա­կի հզօ­րութեան առասպե­լին կեղծի­քը: Վերջերս տակաւին տարա­կարծութիւններ ծագե­ցան ռուսա­կան բանա­կին եւ »Վակներ« մասնա­յա­տուկ ջոկա­տա­յիննե­րուն միջեւ։ Այս բոլո­րը ցոյց կու տան ռուսա­կան բանա­կի անկազմա­կերպ վիճա­կը, որուն հետեւանքով անոր կորուստնե­րը, ըստ արեւմտեան աղբիւրնե­րու, կը հասնին 100,000 զոհի եւ կրկնա­պա­տի­կը՝ վիրաւորներ:

Այսօր ամէ­նէն թունդ ռուսա­կան արեւե­լում ունե­ցողներն անգամ արդէն չեն հաւա­տար ռուսա­կան յաղթա­նա­կին: Նոյնիսկ ռուս պաշտօ­նա­տարներ տողա­տա­կով կը յայտնեն այդ մասին երբ կ՛ըսեն, թէ Ռուսիոյ պարտութիւնը կը նշա­նա­կէ Ռուսա­կան Դաշնութեան մասնա­տումը:

Եթէ Ուքրա­նիոյ դիմադրութիւնը հնա­րաւոր դարձաւ շնորհիւ Արեւմուտքի անվե­րա­պահ եւ ամբողջա­կան աջակցութեան, ապա անոր պարտութիւնը պիտի նշա­նա­կէ Արեւմուտքին պարտութիւնը: Իսկ ի՞նչ կը նշա­նա­կէ եւ ինչի՞ կրնայ յանգեցնել հաւա­քա­կան Արեւմուտքին պարտութիւնը:

Այսօ­րուան արեւմտեան երկիրնե­րը իրենց քաղա­քակրթա­կան աստի­ճա­նով ուղղա­կի շարունա­կութիւնն են յունա-հռո­մէա­կան քաղա­քակրթութիւննե­րուն: Այսինքն այդ երկիրնե­րու պարտութիւնը կը նշա­նա­կէ աւե­լի քան 2500 տարի­նե­րու քաղա­քակրթութիւննե­րուն պարտութիւնը:

Արեւմուտքի պարտութիւնը կը նշա­նա­կէ այդ երկիրնե­րու գիտա­կան (բժշկութիւն, արհեստա­գի­տութիւն, եւայլն), մարդկա­յին արժէքնե­րու (ժողովրդա­վա­րութիւն, ազա­տութիւններ, ընկե­րա­յին որո­շա­կի արդա­րութիւն եւայլն), արուեստնե­րու, մշա­կոյթի եւ այլ բնա­գաւառնե­րու պարտութիւնը, որուն հետեւանքով մարդկութիւնը պիտի կորսնցնէ հարիւրա­մեակնե­րու իր նուա­ճումնե­րը:

Արդ, մարդկութիւնը պատրա՞ստ է եւ կը փափա­քի՞ հետընթաց ապրե­լու, այնպէս ինչպէս 12–15 դարե­րուն պատա­հե­ցաւ, երբ թրքա­ցեղ ժողո­վուրդնե­րու արշաւանքնե­րուն դիմաց Արեւմուտքը չմիաւո­րուե­ցաւ եւ Պոլի­սը իյնա­լով արեւելքը եւ արեւմտեան բազմա­թիւ երկիրներ քաղա­քակրթա­կան նահանջ ապրե­ցան:

Հոդվա­ծը՝ Asbarez.am կայքից։

Առնչվող Հոդվածներ