ՄԵՐ ՈՒՂԻՆ

Արժանին Մատուցել Հայոց Եռագույնին

Մենք դարձանք Եռագոյն Դրօշի սերունդ՝ կրկնակի՛ առումով։
Նախ՝ տարագիր հայու ազգային-գաղափարական կազմաւորման իմաստով, որովհետեւ աշխարհով մէկ հռչակուած Հայոց Եռագոյնը, իր խորհուրդով ու փառքով, եղաւ գաղափարական կենարար աղբիւրը ազգային մեր ինքնաճանաչումին, հպարտութեան եւ տեսլականին։

Նազարեթ Պէրպէրեան

ՅՈՒՇԱՏԵՏՐ

11 Մարտ 1923.

Հայոց անմահ Եռագոյնը արժանաւոր տեղը գրաւեց
Փարիզի Ինվալիտի զինուորական թանգարանին մէջ

Ն. Պէրպէրեան

Մարտ 11ին, հարիւր տարի առաջ, Հայաստանի անկախութեան եւ հայոց ազգային պետականութեան վերականգնման խորհրդանիշ դրօշը՝ անփոխարինելի Եռագոյնը իր արժանաւոր տեղը գտաւ Փարիզի Ինվալիտի աշխարհահռչակ Զինուորական Թանգարանին մէջ։
Ազատն Ֆրանսան, որ 1921ին իր հերթին Պիղատոսի պէս ձեռքերը լուացած էր հայ ժողովուրդին ազգային օճախ մը ապահովելու միջազգային յանձնառութենէն եւ հայութենէ պարպած էր Կիլիկիան, 11 Մարտ 1923ին պաշտօնապէս Հայոց Եռագոյնին տուաւ իր արժանի տեղը՝ Ինվալիտի Թանգարանին մէջ միջազգային ճանաչումի արժանացած ազգային ու պետական դրօշներու շարքին։

1923ը Քեմալական Թուրքիոյ Հանրապետութեան հիմնադրութեան ժամնակաշրջանն էր եւ Առաջին Աշխարհամարտի յաղթական Դաշնակիցները, գաղթատիրական իրենց մրցապայքարով կլանուած, ըստ կամս կը վերաձեւէին աշխարհի մեծ քարտէսը՝ իր մանրամասնութիւններով հանդերձ։
Միաժամանակ՝ 1923ը Խորհրդային Միութեան պետական ու վարչական հիմնաւորման խառնակ ու դժուարին ժամանակաշրջանն էր։
Կարմիր Բանակի սուիններով բռնագրաւուած Հայաստանի Հանրապետութիւնը այդ օրերուն կը բռնակցուէր այսպէս կոչուած Անդրկովկասեան Խորհրդային Հանրապետութիւններու Դաշնութեան։
Այդպէս, Եռագոյն դրօշով Ազատ, Անկախ եւ Միացեալ հռչակուած Հայաստանի Հանրապետութիւնը զինու զօրութեամբ կը ներառնուէր Խորհրդային Սոցիալիստական Հանրապետութիւններու Միութեան կազմին մէջ։
Բայց ստալինեան Երկաթէ Վարագոյրով աշխարհէն խզուած խորհրդային սարսափի կայսերական արգելարանէն դուրս, Մեծ Եղեռնէն վերապրած եւ Հայաստանի անկախութիւնը կերտած հայութիւնը, տարագրութեան դաժանագոյն պայմաններուն մէջ անգամ, բոլոր ուժերով կը մերժէր համակերպիլ հայ ժողովուրդին եւ ամբողջ ժողովուրդներու պարտադրուող ազատազրկումին ու ազգային գերեվարումին։
Ահա՛ այդպիսի ժամանակ եւ նման պայմաններու տակ, իր տեսակին մէջ համաշխարհային մեծ վարկ վայելող Ինվալիտի Զինուորական Թանգարանը պաշտօնական եւ միջազգային ճանաչում շնորհեց Եռագոյնին՝ իբրեւ հայոց ազգային ու պետական Դրօշի։
Այդ քայլով, նաեւ, 11 Մարտ 1923ը ըստ ամենայնի դարձաւ Հայոց Եռագոյնի միջազգային ճանաչման Օրը։

Մենք դարձանք Եռագոյն Դրօշի սերունդ՝ կրկնակի՛ առումով։
Նախ՝ տարագիր հայու ազգային-գաղափարական կազմաւորման իմաստով, որովհետեւ աշխարհով մէկ հռչակուած Հայոց Եռագոյնը, իր խորհուրդով ու փառքով, եղաւ գաղափարական կենարար աղբիւրը ազգային մեր ինքնաճանաչումին, հպարտութեան եւ տեսլականին։
Եռագոյնի սերունդ դարձանք, ապա, Հայաստանի վերանկախացման ու Եռագոյնին, իբրեւ հայոց պետական դրօշի, պաշտօնական վերարժեւորումն ու վերականգնումը՝ յաւէտ ծածանումը նուաճելու Համազգային Ուխտին իրականացման մասնակիցը դարձած սերունդի առումով։
Շուրջ եօթանասուն տարի, իրերայաջորդ երեք սերունդ, ազգային-քաղաքական եւ գաղափարական իր դեգերումներուն, թռիչքներուն եւ հակադրութեանց կիզակէտին ունեցաւ Եռագոյնը։
Յանուն եւ ընդդէմ Եռագոյնի կազմաւորուեցան եւ դրսեւորուեցան հայ քաղաքական մտքի ոգորումները.

  • Յանուն Եռագոյնի՝ իր հոգեմտաւոր թաքուն սրբութիւնը ունեցաւ եւ աչքի լոյսի պէս պահպանեց հայրենի հողի վրայ ապրող հայը։
  • Ընդդէմ Եռագոյնի՝ շարունակ մոլեգնեցաւ խորհրդային ամբողջատիրութեան այս կամ այն մղումով անձնատուր դարձած իբր թէ «հայաստանասէր» հայը։
  • Յանուն Եռագոյնի՝ Երկաթէ Վարագոյրին այս կողմը եւ աշխարհի մեծ ու փոքր բոլոր փողոցներուն վրայ, Ուխտ Արարատի ներշնչումով՝ միս ու ոսկոր կապեցին, ամէնուր Եռագոյն փնտռեցին եւ Մեր Հայրենիք երգելով Հայ Դատի պայքարի շղթայազերծման ուղին հարթեցին նոր սերունդները սփիւռքահայութեան:
    Անոնք բոլորուեցան Դաշնակցութեան շուրջ, որ անվեհեր դրօշակիրը եղաւ Եռագոյնի ծածանումին՝ ընդդէմ Ազատ, Անկախ եւ Միացեալ Հայաստանի ուրացման ու ձաղկման տխրահռչակ փորձերուն։
    Իսկ ընդդէմ Եռագոյնի՝ սփիւռքեան ափերու վրայ, խորհրդայիններու ամբողջական եւ դաւադիր օրհնութեամբ, յարդարուեցաւ կեղծ «հայաստանասէրներ»ու ճակատը՝ հակադաշնակցական պայքարը իր գոյութեան իմաստ դարձուցած խաժամուժ ճամբարը, որ հայոց Եռագոյնի ուրացման ու վարկաբեկման մէջ փնտռեց իր այսպէս կոչուած «իրատեսութեան» եւ «ողջմտութեան» դափնեպսակը։
    Եռագոյնին եւ անոր խորհրդանշած ազգային-քաղաքական անկորնչելի արժէքներուն ուրացման մաղձովերկար տարիներ մոլեգնեցաւ հակադաշնակցական այդ ճամբարը, որուն մերկացումն ու խարազանումը ամէնէն բուռն կերպով կատարեց անկրկնելի Նժդեհը՝ 1930ականներուն գրելով. «Ժխտելով Միացեալ եւ Անկախ Հայաստանի գաղափարականը խորհրդանշող Եռագոյնը, հակադաշնակցականը մատնում է ցեղօրէն կենտրոնախոյս իր հոգեբանութիւնը: Վտարուած հայ ցեղայնութիւնից նա սարսափում է Եռագոյնի միացուցիչ իդէալից – անկախ եւ ամբողջական հայութեան հեռանկարից: Պատմականօրէն այս տիպը միշտ էլ եղել է պառակտիչ, հատուածական ու այդպիսին է եւ այսօր»:

Անցած-գացած են այդ ժամանակներն ու խորհրդային խորշակը։

Կանգուն մնացած՝ վերարժեւորուած է Եռագոյնը եւ իբրեւ Հայոց ազգային ու պետական Դրօշը անխռով կը ծածանի։

Եւ ոչ միայն Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքին ու երկնակամարին, այլեւ՝ միջազգային ընտանիքի բոլոր ատեաններուն եւ մեծ, միջին թէ փոքր պետութիւններու դիւանագիտական բոլոր կառոյցներուն ճակտին։

Հայոց եռագոյնը նաեւ վերածուած է հայ ժողովուրդի մերօրեայ ազգային միասնականութիւնը խորհրդանշող դրօշի։ Մէկդի նետուած են անմիջական թէ հեռաւոր անցեալի ամէն կարգի նախապաշարումները, ուրացումներն ու հակադրութիւնները։

Իր ամբողջական մաքրութեամբ եւ պարզութեամբ ընդգրկուած է Եռագոյնը՝ իր երեք գոյներու խորհուրդով ու փառքով։

Եռագոյնի բիւրեղեայ այդ խորհուրդը չեն կրնար արատաւորել, նաեւ, մեր օրերուն հայրենի որոշ երգիչներու եւ իշխանաւորներու կողմէ Եռագոյնին «նարնջագոյն»ը այսպէս կոչուած «ծիրանագոյն»ով փոխարինելու անհեթեթ փորձերը։

Հայրենի մտաւորականութիւնը այսօր ինք կը պայքարի նման խեղաթիւրումներու դէմ, որքան ալ բարեմտութեամբ կատարուին անոնք։ Ահա՛ Եռագոյնի աւանդին տէր կանգնող հայրենական ձայն մը.

«Անկախ Հայաստանի դրօշին՝ Եռագոյնի գոյներուն լաւագոյն մեկնաբանութիւնը տուած է Անդրանիկ Ծառուկեանը.

Արիւնից ծորած երիզ մի կարմիր,

Երկնքից պոկուած կտոր մի կապոյտ,

Հասուն հասկերի շողք նարնջագոյն,

Եւ վեց դարերի խաւարի վրայ՝ Դրօշ Եռագոյն:

«Նարնջագոյն, այլ ո՜չ ծիրանագոյն, որ վերջերս որոշ քարոզչական ճիգով նետուած է հրապարակ՝ իբրեւ փոխարինող: Որքան էլ ծիրանը հայկական է ու գոյնը իւրայատուկ, մեր ներաշխարհին մէջ ամուր խարսխուած է նարնջագոյնը՝ իբրեւ Եռագոյնի երրորդ երիզը: Մոռնանք այս ամուլ վէճը ու կեդրոնանանք Եռագոյնին վրայ՝ իբրեւ մեր ազգային դրօշը, որուն հանդէպ սրբազան ակնածանք, սէր ու նուիրուածութիւն ցուցաբերած են տարագիր սերունդներ, եւ որ արդարօրէն վերագրաւեց իր տեղը, իր դիրքը վերանկախացած Հայաստանի մէջ՝ իբրեւ պետական խորհրդանիշ»:

Ինչպէս որ 1918ին Հայաստանի անկախութեան կերտիչները որոշեցին, բազմադարեան գերութենէ եւ պետականազուրկ կեանքէ դուրս եկած եւ ազգերու մեծ ընտանիքին մէջ ազատ ու անկախ ապրելու իր արժանաւորութիւնը նուաճած հայ ժողովուրդը ամբողջ կենսափորձ մը խտացուց ազգային-պետական մեր դրօշի երեք գոյներուն մէջ.

  • Կարմիրը միշտ պիտի վկայէ արեան այն գերագոյն զոհաբերումին մասին, որուն հարկադրուեցաւ տուրք տալու Հայը՝ աջէն թէ ձախէն ասպատակող բռնագրաւողներու հարուածներուն տակ, բայց եւ որուն միշտ պատրաստ գտնուեցաւ՝ ի խնդիր ինքնապաշտպանութեան եւ Իրաւունքի ու Արդարութեան նուաճումին։
  • Կապոյտը միշտ պիտի յուշէ պայծառ երկինքն ու անեզր հորիզոնը Հայոց աշխարհին, Հայու հոգեմտաւոր պայծառութեան ու խորախորհուրդ արարումներուն, որոնք ազգային մեր ինքնապահպանման եւ ինքնահաստատման անպարտելի զէնքերը եղան, պարտութեան մէջ անգամ բարոյական յաղթանակ ապահովելով, մահացու հարուածներու զգետնումէն անգամ վերստին ոտքի կանգնելու եւ արարելու ուժականութիւն ներշնչելով։
  • Նարնջագոյնը յաւիտեան պիտի խորհրդանշէ փառաւորումը հայրենի մեր հողին եւ բերքատու դաշտերուն, որոնց Հայը միախառնեց իր ճակտի քրտինքը՝ արդար վաստակն ու համայնական եւ հասարակական համերաշխութիւնը գերագոյն արժէք դաւանելով, այդ ներշնչումով հողը հերկելու ժամանակ մինչեւ իսկ… եղբայրանալով իր եզին հետ։
    Ահա ա՛յս գիտակցութեամբ, 11 Մարտ 1923ին, Հայոց եռագոյնը Փարիզի Ինվալիտի Զինուորական Թանգարանին մէջ բարձրացնողները, ամէն բանէ վեր, յարգանքի իրենց տուրքը կը մատուցանէին ամբողջ մարդկութեան մեծ ընտանիքը հարստացուցած Հայոց փոքր, բայց խորհուրդով եւ փառքով մեծ Ածուին։

Հոդվածը՝ Նազարեթ Պէրպէրեանի ֆեյսբուքյան էջից։

    

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *