18 C
Yerevan

Արժա­նին Մատուցել Հայոց Եռա­գույնին

Մենք դարձանք Եռա­գոյն Դրօ­շի սերունդ՝ կրկնա­կի՛ առումով։
Նախ՝ տարա­գիր հայու ազգա­յին-գաղա­փա­րա­կան կազմաւորման իմաստով, որովհե­տեւ աշխարհով մէկ հռչա­կուած Հայոց Եռա­գոյնը, իր խորհուրդով ու փառքով, եղաւ գաղա­փա­րա­կան կենա­րար աղբիւրը ազգա­յին մեր ինքնա­ճա­նա­չումին, հպարտութեան եւ տեսլա­կա­նին։

Նազա­րեթ Պէրպէ­րեան

ՅՈՒՇԱՏԵՏՐ

11 Մարտ 1923.

Հայոց անմահ Եռա­գոյնը արժա­նաւոր տեղը գրաւեց
Փարի­զի Ինվա­լի­տի զինուո­րա­կան թանգա­րա­նին մէջ

Ն. Պէրպէ­րեան

Մարտ 11ին, հարիւր տարի առաջ, Հայաստա­նի անկա­խութեան եւ հայոց ազգա­յին պետա­կա­նութեան վերա­կանգնման խորհրդա­նիշ դրօ­շը՝ անփո­խա­րի­նե­լի Եռա­գոյնը իր արժա­նաւոր տեղը գտաւ Փարի­զի Ինվա­լի­տի աշխարհահռչակ Զինուո­րա­կան Թանգա­րա­նին մէջ։
Ազատն Ֆրանսան, որ 1921ին իր հերթին Պիղա­տո­սի պէս ձեռքե­րը լուա­ցած էր հայ ժողո­վուրդին ազգա­յին օճախ մը ապա­հո­վե­լու միջազգա­յին յանձնա­ռութե­նէն եւ հայութե­նէ պարպած էր Կիլի­կիան, 11 Մարտ 1923ին պաշտօ­նա­պէս Հայոց Եռա­գոյնին տուաւ իր արժա­նի տեղը՝ Ինվա­լի­տի Թանգա­րա­նին մէջ միջազգա­յին ճանա­չումի արժա­նա­ցած ազգա­յին ու պետա­կան դրօշնե­րու շարքին։

1923ը Քեմա­լա­կան Թուրքիոյ Հանրա­պե­տութեան հիմնադրութեան ժամնա­կաշրջանն էր եւ Առա­ջին Աշխարհա­մարտի յաղթա­կան Դաշնա­կիցնե­րը, գաղթա­տի­րա­կան իրենց մրցա­պայքա­րով կլա­նուած, ըստ կամս կը վերա­ձեւէին աշխարհի մեծ քարտէ­սը՝ իր մանրա­մասնութիւննե­րով հանդերձ։
Միա­ժա­մա­նակ՝ 1923ը Խորհրդա­յին Միութեան պետա­կան ու վարչա­կան հիմնաւորման խառնակ ու դժուա­րին ժամա­նա­կաշրջանն էր։
Կարմիր Բանա­կի սուիննե­րով բռնագրաւուած Հայաստա­նի Հանրա­պե­տութիւնը այդ օրե­րուն կը բռնակցուէր այսպէս կոչուած Անդրկովկա­սեան Խորհրդա­յին Հանրա­պե­տութիւննե­րու Դաշնութեան։
Այդպէս, Եռա­գոյն դրօ­շով Ազատ, Անկախ եւ Միա­ցեալ հռչա­կուած Հայաստա­նի Հանրա­պե­տութիւնը զինու զօրութեամբ կը ներառնուէր Խորհրդա­յին Սոցիա­լիստա­կան Հանրա­պե­տութիւննե­րու Միութեան կազմին մէջ։
Բայց ստա­լի­նեան Երկա­թէ Վարա­գոյրով աշխարհէն խզուած խորհրդա­յին սարսա­փի կայսե­րա­կան արգե­լա­րա­նէն դուրս, Մեծ Եղեռնէն վերապրած եւ Հայաստա­նի անկա­խութիւնը կերտած հայութիւնը, տարագրութեան դաժա­նա­գոյն պայմաննե­րուն մէջ անգամ, բոլոր ուժե­րով կը մերժէր համա­կերպիլ հայ ժողո­վուրդին եւ ամբողջ ժողո­վուրդնե­րու պարտադրուող ազա­տազրկումին ու ազգա­յին գերե­վա­րումին։
Ահա՛ այդպի­սի ժամա­նակ եւ նման պայմաննե­րու տակ, իր տեսա­կին մէջ համաշխարհա­յին մեծ վարկ վայե­լող Ինվա­լի­տի Զինուո­րա­կան Թանգա­րա­նը պաշտօ­նա­կան եւ միջազգա­յին ճանա­չում շնորհեց Եռա­գոյնին՝ իբրեւ հայոց ազգա­յին ու պետա­կան Դրօ­շի։
Այդ քայլով, նաեւ, 11 Մարտ 1923ը ըստ ամե­նայնի դարձաւ Հայոց Եռա­գոյնի միջազգա­յին ճանաչման Օրը։

Մենք դարձանք Եռա­գոյն Դրօ­շի սերունդ՝ կրկնա­կի՛ առումով։
Նախ՝ տարա­գիր հայու ազգա­յին-գաղա­փա­րա­կան կազմաւորման իմաստով, որովհե­տեւ աշխարհով մէկ հռչա­կուած Հայոց Եռա­գոյնը, իր խորհուրդով ու փառքով, եղաւ գաղա­փա­րա­կան կենա­րար աղբիւրը ազգա­յին մեր ինքնա­ճա­նա­չումին, հպարտութեան եւ տեսլա­կա­նին։
Եռա­գոյնի սերունդ դարձանք, ապա, Հայաստա­նի վերանկա­խացման ու Եռա­գոյնին, իբրեւ հայոց պետա­կան դրօ­շի, պաշտօ­նա­կան վերարժեւո­րումն ու վերա­կանգնումը՝ յաւէտ ծածա­նումը նուա­ճե­լու Համազգա­յին Ուխտին իրա­կա­նացման մասնա­կի­ցը դարձած սերունդի առումով։
Շուրջ եօթա­նա­սուն տարի, իրե­րա­յա­ջորդ երեք սերունդ, ազգա­յին-քաղա­քա­կան եւ գաղա­փա­րա­կան իր դեգե­րումնե­րուն, թռիչքնե­րուն եւ հակադրութեանց կիզա­կէ­տին ունե­ցաւ Եռա­գոյնը։
Յանուն եւ ընդդէմ Եռա­գոյնի կազմաւո­րուե­ցան եւ դրսեւո­րուե­ցան հայ քաղա­քա­կան մտքի ոգո­րումնե­րը.

  • Յանուն Եռա­գոյնի՝ իր հոգեմտաւոր թաքուն սրբութիւնը ունե­ցաւ եւ աչքի լոյսի պէս պահպա­նեց հայրե­նի հողի վրայ ապրող հայը։
  • Ընդդէմ Եռա­գոյնի՝ շարունակ մոլեգնե­ցաւ խորհրդա­յին ամբողջա­տի­րութեան այս կամ այն մղումով անձնա­տուր դարձած իբր թէ «հայաստա­նա­սէր» հայը։
  • Յանուն Եռա­գոյնի՝ Երկա­թէ Վարա­գոյրին այս կողմը եւ աշխարհի մեծ ու փոքր բոլոր փողոցնե­րուն վրայ, Ուխտ Արա­րա­տի ներշնչումով՝ միս ու ոսկոր կապե­ցին, ամէ­նուր Եռա­գոյն փնտռե­ցին եւ Մեր Հայրե­նիք երգե­լով Հայ Դատի պայքա­րի շղթա­յա­զերծման ուղին հարթե­ցին նոր սերունդնե­րը սփիւռքա­հա­յութեան:
    Անոնք բոլո­րուե­ցան Դաշնակցութեան շուրջ, որ անվե­հեր դրօ­շա­կի­րը եղաւ Եռա­գոյնի ծածա­նումին՝ ընդդէմ Ազատ, Անկախ եւ Միա­ցեալ Հայաստա­նի ուրացման ու ձաղկման տխրահռչակ փորձե­րուն։
    Իսկ ընդդէմ Եռա­գոյնի՝ սփիւռքեան ափե­րու վրայ, խորհրդա­յիննե­րու ամբողջա­կան եւ դաւա­դիր օրհնութեամբ, յարդա­րուե­ցաւ կեղծ «հայաստանասէրներ»ու ճակա­տը՝ հակա­դաշնակցա­կան պայքա­րը իր գոյութեան իմաստ դարձուցած խաժա­մուժ ճամբա­րը, որ հայոց Եռա­գոյնի ուրացման ու վարկա­բեկման մէջ փնտռեց իր այսպէս կոչուած «իրա­տե­սութեան» եւ «ողջմտութեան» դափնեպսա­կը։
    Եռա­գոյնին եւ անոր խորհրդանշած ազգա­յին-քաղա­քա­կան անկորնչե­լի արժէքնե­րուն ուրացման մաղձովերկար տարիներ մոլեգնեցաւ հակադաշնակցական այդ ճամբարը, որուն մերկացումն ու խարազանումը ամէնէն բուռն կերպով կատարեց անկրկնելի Նժդեհը՝ 1930ականներուն գրելով. «Ժխտելով Միացեալ եւ Անկախ Հայաստանի գաղափարականը խորհրդանշող Եռագոյնը, հակադաշնակցականը մատնում է ցեղօրէն կենտրոնախոյս իր հոգեբանութիւնը: Վտարուած հայ ցեղայնութիւնից նա սարսա­փում է Եռա­գոյնի միա­ցուցիչ իդէա­լից — անկախ եւ ամբողջա­կան հայութեան հեռանկա­րից: Պատմա­կա­նօ­րէն այս տիպը միշտ էլ եղել է պառակտիչ, հատուա­ծա­կան ու այդպի­սին է եւ այսօր»:

Անցած-գացած են այդ ժամա­նակներն ու խորհրդա­յին խորշա­կը։

Կանգուն մնա­ցած՝ վերարժեւո­րուած է Եռա­գոյնը եւ իբրեւ Հայոց ազգա­յին ու պետա­կան Դրօ­շը անխռով կը ծածա­նի։

Եւ ոչ միայն Հայաստա­նի Հանրա­պե­տութեան տարածքին ու երկնա­կա­մա­րին, այլեւ՝ միջազգա­յին ընտա­նի­քի բոլոր ատեաննե­րուն եւ մեծ, միջին թէ փոքր պետութիւննե­րու դիւա­նա­գի­տա­կան բոլոր կառոյցնե­րուն ճակտին։

Հայոց եռա­գոյնը նաեւ վերա­ծուած է հայ ժողո­վուրդի մերօ­րեայ ազգա­յին միասնա­կա­նութիւնը խորհրդանշող դրօ­շի։ Մէկդի նետուած են անմի­ջա­կան թէ հեռաւոր անցեա­լի ամէն կարգի նախա­պա­շա­րումնե­րը, ուրա­ցումներն ու հակադրութիւննե­րը։

Իր ամբողջա­կան մաքրութեամբ եւ պարզութեամբ ընդգրկուած է Եռա­գոյնը՝ իր երեք գոյնե­րու խորհուրդով ու փառքով։

Եռա­գոյնի բիւրե­ղեայ այդ խորհուրդը չեն կրնար արա­տաւո­րել, նաեւ, մեր օրե­րուն հայրե­նի որոշ երգիչնե­րու եւ իշխա­նաւորնե­րու կողմէ Եռա­գոյնին «նարնջագոյն»ը այսպէս կոչուած «ծիրանագոյն»ով փոխա­րի­նե­լու անհե­թեթ փորձե­րը։

Հայրե­նի մտաւո­րա­կա­նութիւնը այսօր ինք կը պայքա­րի նման խեղա­թիւրումնե­րու դէմ, որքան ալ բարեմտութեամբ կատա­րուին անոնք։ Ահա՛ Եռա­գոյնի աւանդին տէր կանգնող հայրե­նա­կան ձայն մը.

«Անկախ Հայաստա­նի դրօ­շին՝ Եռա­գոյնի գոյնե­րուն լաւա­գոյն մեկնա­բա­նութիւնը տուած է Անդրա­նիկ Ծառուկեա­նը.

Արիւնից ծորած երիզ մի կարմիր,

Երկնքից պոկուած կտոր մի կապոյտ,

Հասուն հասկե­րի շողք նարնջա­գոյն,

Եւ վեց դարե­րի խաւա­րի վրայ՝ Դրօշ Եռա­գոյն:

«Նարնջա­գոյն, այլ ո՜չ ծիրա­նա­գոյն, որ վերջերս որոշ քարոզչա­կան ճիգով նետուած է հրա­պա­րակ՝ իբրեւ փոխա­րի­նող: Որքան էլ ծիրա­նը հայկա­կան է ու գոյնը իւրա­յա­տուկ, մեր ներաշխարհին մէջ ամուր խարսխուած է նարնջա­գոյնը՝ իբրեւ Եռա­գոյնի երրորդ երի­զը: Մոռնանք այս ամուլ վէճը ու կեդրո­նա­նանք Եռա­գոյնին վրայ՝ իբրեւ մեր ազգա­յին դրօ­շը, որուն հանդէպ սրբա­զան ակնա­ծանք, սէր ու նուի­րուա­ծութիւն ցուցա­բե­րած են տարա­գիր սերունդներ, եւ որ արդա­րօ­րէն վերագրաւեց իր տեղը, իր դիրքը վերանկա­խա­ցած Հայաստա­նի մէջ՝ իբրեւ պետա­կան խորհրդա­նիշ»:

Ինչպէս որ 1918ին Հայաստա­նի անկա­խութեան կերտիչնե­րը որո­շե­ցին, բազմա­դա­րեան գերութե­նէ եւ պետա­կա­նա­զուրկ կեանքէ դուրս եկած եւ ազգե­րու մեծ ընտա­նի­քին մէջ ազատ ու անկախ ապրե­լու իր արժա­նաւո­րութիւնը նուա­ճած հայ ժողո­վուրդը ամբողջ կենսա­փորձ մը խտա­ցուց ազգա­յին-պետա­կան մեր դրօ­շի երեք գոյնե­րուն մէջ.

  • Կարմի­րը միշտ պիտի վկա­յէ արեան այն գերա­գոյն զոհա­բե­րումին մասին, որուն հարկադրուե­ցաւ տուրք տալու Հայը՝ աջէն թէ ձախէն ասպա­տա­կող բռնագրաւողնե­րու հարուածնե­րուն տակ, բայց եւ որուն միշտ պատրաստ գտնուե­ցաւ՝ ի խնդիր ինքնա­պաշտպա­նութեան եւ Իրաւունքի ու Արդա­րութեան նուա­ճումին։
  • Կապոյտը միշտ պիտի յուշէ պայծառ երկինքն ու անեզր հորի­զո­նը Հայոց աշխարհին, Հայու հոգեմտաւոր պայծա­ռութեան ու խորա­խորհուրդ արա­րումնե­րուն, որոնք ազգա­յին մեր ինքնա­պահպանման եւ ինքնա­հաստատման անպարտե­լի զէնքե­րը եղան, պարտութեան մէջ անգամ բարո­յա­կան յաղթա­նակ ապա­հո­վե­լով, մահա­ցու հարուածնե­րու զգետնումէն անգամ վերստին ոտքի կանգնե­լու եւ արա­րե­լու ուժա­կա­նութիւն ներշնչե­լով։
  • Նարնջա­գոյնը յաւի­տեան պիտի խորհրդանշէ փառաւո­րումը հայրե­նի մեր հողին եւ բերքա­տու դաշտե­րուն, որոնց Հայը միա­խառնեց իր ճակտի քրտինքը՝ արդար վաստակն ու համայնա­կան եւ հասա­րա­կա­կան համե­րաշխութիւնը գերա­գոյն արժէք դաւա­նե­լով, այդ ներշնչումով հողը հերկե­լու ժամա­նակ մինչեւ իսկ… եղբայրա­նա­լով իր եզին հետ։
    Ահա ա՛յս գիտակցութեամբ, 11 Մարտ 1923ին, Հայոց եռա­գոյնը Փարի­զի Ինվա­լի­տի Զինուո­րա­կան Թանգա­րա­նին մէջ բարձրացնողնե­րը, ամէն բանէ վեր, յարգանքի իրենց տուրքը կը մատուցա­նէին ամբողջ մարդկութեան մեծ ընտա­նի­քը հարստա­ցուցած Հայոց փոքր, բայց խորհուրդով եւ փառքով մեծ Ածուին։

Հոդվա­ծը՝ Նազա­րեթ Պէրպէ­րեա­նի ֆեյսբուքյան էջից։

Առնչվող Հոդվածներ