Դժբախտաբար, մենք այլ գործընթաց սկսած ենք վերեւէն՝ գործադիր իշխանութեան հասնելու համար, ժողովուրդին մօտ երթալու փոխարէն։
Գէորգ Քեփէնէկեան
Դաշնակցութիւնը Նոր Մտածողութեան Կարիքը Ունի
Ստորեւ՝ Կիրակի, Մարտ 5ին՝ ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական կոմիտէին կազմակերպած ՀՅԴ Օրուան տօնակատարութեան ընթացքին՝ Ֆրանսայի Լիոն քաղաքի քաղաքային խորհրդական եւ Լիոնի նախկին քաղաքապետ՝ տոքթ. Գէորգ Քեփէնէկեանի արտասանած ֆրանսերէն խօսքին թարգմանութիւնը.
Կուսակցութիւնը (ՀՅԴ)՝ որպէս հիմնական դերակատար, կարեւոր տեղ կը գրաւէ հայութեան կեանքին մէջ։ Միեւնոյն, անփոփոխ անունով անիկա 130 տարիներու երկար ճամբայ կտրած է եւ այդ մէկը քիչ բան չէ հայ միտքի պատմական զարգացման տեսանկիւնէն։
Կուսակցութիւնը համայն հայութեան կեանքին անբաժան մասն է նախ՝ թէ հայրենիքի, ապա Սփիւռքի մէջ, հետեւաբար պատմական կարեւոր եւ շինիչ դերակատարութիւն ունի հայ ազգի կեանքին մէջ՝ հիմնական արժէքներու պահպանման առումով:
Կարիք չկայ վերադառնալու պատմական այն ժամանակահատուածին, երբ միաձուլուած էին ռազմական գործողութիւնները եւ համաշխարհային քաղաքական իրադարձութիւնները, բայց պահ մը (այժմ դժուար է այդ մէկուն յստակ գնահատական տալ) մեր կուսակցութիւնը չկրցաւ դերակատարութիւնը կատարել այն բոլոր դէպքերու հոլովոյթին մէջ, որ կը կատարուէր աշխարհի եւ Հայաստանի մէջ։ Այս մէկը կը բացատրեմ այն փաստով, որ 1991ի անկախութենէն առաջ չպատկերացուցինք գալիք իրավիճակը, ղարաբաղեան շարժման ի յայտ գալը եւ մեծածաւալ ցոյցերը՝ Երեւանի եւ Ստեփանակերտի մէջ։
Ապա եկաւ անկախութիւնը, որ նուիրական երազանքի մէկ մասն էր (ինծի համար ազատ, անկախ եւ միացեալ Հայաստանը անիրագործելի իղձ էր), բայց, կը կարծեմ որ այդ ժամանակ մենք չկրցանք մեր իսկական տեղը գտնել նորաստեղծ պետութեան մէջ․ Լեւոն Տէր Պետրոսեանի շուրջ համախմբուած առաջին դէմքերը՝ նոյնպէս։
Մենք մեր փորձառութիւնը ի սպաս չդրինք իրաւական պետութիւն ստեղծելու գործին։ Անշուշտ՝ ժողովրդավարական պետութիւն, օրէնքի գերակայութեան պետութիւն, ուր տարանջատուած են գործադիր, օրէնսդիր եւ դատական իշխանութիւնները։ Այլ խօսքով, այն հիմնասիւները, որոնք Հանրապետութեան պատշաճ գործունէութեան երաշխաւորներն են: Անշուշտ, մենք խնդիրներ ունէինք․ բաւական է յիշել Խորհրդային Միութեան փլուզումը, Ատրպէյճանի հետ պատերազմի հետեւանքները, Թուրքիոյ կողմէ Հայաստանի շրջափակումը, ինչպէս նաեւ երկրաշարժը։ Այս շրջանը շատ դժուար էր ժողովուրդին համար, եւ ես չէ որ պիտի դատեմ այն կանանց եւ տղամարդկանց, որոնք ապրած են այդ դժուար ժամանակաշրջանը։
Այսօր տեղին է նշել որ մենք չկրցանք միասնաբար անկիւնադարձային այս հանգրուանին պետութիւն կառուցել։
Կը կարծեմ, որ այդ թուլութեան նշան էր, յատկապէս՝ կուսակցութեան պարագային։ Քաղաքական կազմակերպութիւններու դերը առաջնակարգ է ազգի կեանքին մէջ։ Ես ֆրանսայի քաղաքական կազմակերպութիւններէն մէկուն անդամ եմ, ուր կը մշակենք միաժամանակ ե՛ւ հեռաւոր տեսլական՝ երկիրի ապագային համար, ե՛ւ յստակ ծրագիրներ՝ առօրեայ կեանքի համար:
Այդ պատճառով մենք պէտք է հիմնուինք բնակչութեան, մարդկանց (ոչ թէ ընդհանրապէս ազգի, այլ ժողովուրդի) աջակցութեան վրայ․ միայն այս ձեւով մենք ի վիճակի կ՛ըլլանք լուծել ընկերային խնդիրները, որովհետեւ մենք (եւ ինծի համար այդ մէկը միշտ կարեւոր եղած է) ընկերային, այլ խօսքով՝ ընկերվարական տեսլականի կրողներն ենք։
Դժբախտաբար, մենք այլ գործընթաց սկսած ենք վերեւէն՝ գործադիր իշխանութեան հասնելու համար, ժողովուրդին մօտ երթալու փոխարէն։
Այս մէկը ինծի համար գլխաւոր խնդիրներէն մէկն է, որովհետեւ այդ պահէն սկսած դրութիւնը աւելի վատթարացաւ ծանր իրադարձութիւններով՝ 92ին Հրայր Մարուխեանի հեռացումը, ապա կուսակցութեան արգիլումը։ Այս բոլորը աւելի բորբոքեցին եւ սխալ ուղղութեամբ ընթացանք, օրինակ՝ համակարգումը մեր կուսակցութենէն ներսը՝ հայաստանցիներու եւ սփիւռքահայերի միջեւ։ Այդ միասնութիւնը ամէն գնով կը փորձէր մեծ ներուժ ստեղծել։ Յաճախ կ՛ըսեն, որ Հայաստանի մէջ օգտակար հանածոներով հարուստ հանքեր չունինք, քարիւղ չունինք, բայց մեր թշնամիներէն շատերուն համար Սփիւռքը ուժ է, պայմանով որ երկու կողմերը իրարու հետ համակարգուած գործեն, նոյն նախագիծի շուրջ։
Այսօր աշխարհը անկայուն վիճակի մէջ է․ Ուքրանիոյ պատերազմը լարուածութեան մէջ կը պահէ Եւրոպան եւ ամբողջ Արեւմուտքը։ Մեր պատերազմը, որ պարտուեցանք 2020ին, մեզի հոգեբանական եւ ֆիզիքական սարսափելի վիճակի մէջ դրաւ։ Ժողովուրդը դեռ կաթուածահար է 4500 երիտասարդի կորուստէն։
Աշխարհը սկսած է փոխուիլ եւ մենք այս պատերազմէն յետոյ պիտի յայտնուինք աշխարհաքաղաքական անյայտ իրավիճակի մը մէջ։
Հարաւային Կովկասի լարուածութիւնը կարգաւորելու միտումներ կան Արեւմուտքին, հաւանաբար նաեւ Ռուսիոյ եւ Հայաստանի իշխանութիւններուն կողմէ՝ հայկական կողմին պարտադրուած սարսափելի զիջումներ:
Այսօր մենք այլեւս չենք կրնար միասին (խօսքս Հայաստանի եւ քաղաքական կարեւոր դերակատարութիւն ունեցող երկիրներու սփիւռքներու մասին է) մեր տեսլականները հիմնաւորող առաջարկներ կատարել, որովհետեւ մենք նախ պէտք է յաջողինք ի նպաստ մեզի հասարակական կարծիք ձեւաւորել եւ այսօր այդ մէկը կարեւոր է։ Որովհետեւ քաղաքականութիւնը չեն մշակեր միմիայն պետութիւնները, այլ նաեւ քաղաքացիական հասարակութիւնները։ Հետեւաբար անհրաժեշտ է, որ համախմբենք բոլոր դերակատարները։
Համախմբենք մեզ իրարմէ բաժան-բաժան ընող հոսանքները, վերագտնենք յեղափոխական մտածողութեան այն ուղիները, որոնց օգնութեամբ մեր կուսակցութիւնը յաջողած է դիմագրաւել բոլոր վտանգներուն։ Դաշնակցական նոր մտածողութեան կարիքը ունինք։
Ֆրանսայի Հայ Դատի Մարմնի նախկին Ատենապետ, ՀՅԴ ԿԿ-ի նախկին Ներկայացուցիչ՝Գէորգ Քեփէնէկեան
Հոդվածը՝ Asbarez.am կայքից։