18 C
Yerevan

Պայքա­րի Հուշե­րով

Սեփա­կան ընտա­նի­քին, հարա­զատնե­րուն եւ ամբողջ հայութեան սպանդն ու հայրե­նի օճա­խին եւ Արեւմտա­հա­յաստա­նի աւե­րումը անհուն ցասումով ու վրէժխնդրութեամբ համա­կե­ցին Սողո­մոն Թեհլի­րեա­նի ողջ էութիւնը։


Նազա­րեթ Բերբերյան

Յուշա­տետր

15 ՄԱՐՏ 1921.

ԹԱԼԷԱԹԻ ԱՀԱԲԵԿՈՒՄԸ

Երբ մէկ մարդու ահա­բե­կի­չը կը դատուի, բայց մէկուկէս միլիոն մարդոց ցեղասպա­նը չի դատուիր…

Ն. Պէրպէ­րեան

15 Մարտ 2023

102 տարի առաջ, Մարտ 15ի օրը, արիւնի եւ արհաւիրքի ամբողջ պատմութիւն մը խտացնող ու խորհրդանշող արդա­րա­հա­տուցման ահա­բեկչութիւն մը գործուե­ցաւ Պերլի­նի մէջ։
15 Մարտ 1921ին, Պերլի­նի Չարլո­թընպըրկ թաղին մէջ, օր-ցերե­կով, Սողո­մոն Թեհլի­րեան անունով 25ամեայ հայ երի­տա­սարդ մը ահա­բե­կեց եղեռնա­գործ Մեհմեթ Թալէաթ փաշան՝ Օսմա­նեան Կայսրութեան երբեմնի վարչա­պե­տը։
Ժամա­նա­կաշրջա­նի միջազգա­յին քաղա­քա­կա­նութեան տխրահռչակ դէմքե­րէն էր Թալէաթ, որ իբրեւ թրքա­կան պետութիւնը կառա­վա­րող Իթթի­հա­տա­կան Եռա­պե­տութեան գլխաւոր ներկա­յա­ցուցի­չը ոչ միայն Օսմա­նեան Կայսրութիւնը մխրճած էր անհե­ռանկար ու կործա­նա­րար Աշխարհա­մարտին մէջ, այլեւ աշխարհա­սա­սան պատե­րազմի թոհուբո­հէն «օգտուե­լով»՝ հրա­հանգած էր գործադրութիւնը հայ ժողո­վուրդի բնաջնջման ցեղասպա­նա­կան ահաւոր ծրագրին։
Ինչպէս Իթթի­հա­տա­կան ղեկա­վա­րութեան բոլոր անդամնե­րը, նոյնպէս եւ Թալէաթ Պոլսէն փախուստ տուած էր՝ խուսա­փե­լու եւ ձերբա­զա­տուե­լու համար, Առա­ջին Աշխարհա­մարտի աւարտին չարա­չար պարտութիւն կրած թրքա­կան պետութեան յանցա­գործութիւննե­րուն հաշւոյն, անձնա­պէս հաշուե­տուութեան կանչուե­լու եւ դատուե­լու անխուսա­փե­լի պարտաւո­րութե­նէն։
Թալէաթ հաստա­տուած էր Պերլի­նի Չարլո­թընպըրկ թաղը, ծպտուած էր ու ինքնա­թուղթ փոխած, որպէսզի ոչ ոք գտնէ իր թագստո­ցը եւ կարե­նայ այդպէ՛ս՝ օրէնքէ եւ արդա­րա­դա­տութե­նէ խոյս տուած, «վայե­լել» իր յանցա­գործ կեանքին մեղաւոր պտուղնե­րը։
Մեծ հաւա­նա­կա­նութեամբ Թալէաթ թերեւս կարե­նար խուսա­փիլ Դաշնա­կիցնե­րու եւ մինչեւ իսկ իր իշխա­նութեան հետեւանքով ծանր կորուստ կրած թուրքե­րու հետապնդումնե­րէն կամ «արդա­րա­դա­տութե­նէն»։
Բայց Թալէա­թի ձեռքե­րուն վրայ մէկուկէս միլիոն անմեղ հայե­րու ցեղասպա­նութեան արիւն կար եւ դեռ չէր չորցած բիւրաւոր հայ նահա­տակնե­րու՝ հայ մայրե­րու եւ երե­խա­նե­րու, հայ կոյսե­րու եւ ալե­հերնե­րու անմեղ արիւնը։
Եւ յանուն հայ ժողո­վուրդին ու մէկուկէս միլիոն մեր նահա­տակնե­րուն՝ Դաշնակցութիւնը գտաւ Թալէա­թին եւ Սողո­մոն Թեհլի­րեան հասաւ Պերլին ու հրէ­շի բնա­կա­րա­նին առջեւ գետին փռեց հայ ժողո­վուրդի թիւ 1 ցեղասպա­նին։

*

  • *

Թալէա­թի «երգը շատոնց երգուած էր»…
1919ի աշնան արդէն, Երեւա­նի մէջ գումա­րուած Հ.Յ.Դ. 9րդ Ընդհա­նուր Ժողո­վին, տրուած էր որո­շումը ցեղասպա­նութեան պատասխա­նա­տունե­րու մահա­պա­տի­ժին։
Արմէն Գարո­յի եւ Շահան Նաթա­լիի գլխաւո­րութեամբ կազմուած էր յատուկ Մարմին՝ ծրագրե­լու, կազմա­կերպե­լու եւ գործադրե­լու համար Դաշնակցութեան որո­շումը։
Այդպէ՛ս կեանք առաւ թրքա­կան պետութեան գործադրած ցեղասպա­նութեան գլխաւոր պատասխա­նա­տունե­րը ահա­բե­կե­լու «Նեմե­սիս» (յունա­կան դիցա­բա­նութեան Վրէ­ժի չաստուա­ծին անուան հետեւո­ղութեամբ) գործո­ղութիւնը։
Եւ ճակա­տագրի դասաւո­րումով մինչ այդ աշխարհին ու ազգա­յին ընդգրկումով հայ ժողո­վուրդին անծա­նօթ դաշնակցա­կա­նի մը՝ Սողո­մոն Թեհլի­րեա­նի վստա­հուե­ցաւ իրա­գործումը Հայկա­կան Արդա­րա­հա­տուցման։
Եւ հայ ժողո­վուրդի արդա­րա­դատ՝ վրի­ժա­ռու բազուկը խորհրդանշող անունը դարձաւ Սողո­մոն Թեհլի­րեան։
Եւ թրքա­կան պետութեան գործադրած Հայկա­կան Ցեղասպա­նութեան թիւ 1 պատասխա­նա­տուն (ինչպէս որ Նաթա­լի կը կոչէր զայն)՝ եղեռնա­գործ Թալէա­թը կրեց իր պատի­ժը։

*

  • *

Ազգա­յին Հերո­սի դափնեպսա­կին արժա­նաւո­րա­պէս տիրա­ցած դաշնակցա­կան ահա­բե­կի­չը ծնած էր 2 Ապրիլ 1896ին, Արեւմտեան Հայաստա­նի Դարա­նա­ղեաց (Կամախ) գաւա­ռի Վարի Բագա­ռիճ գիւղը, Երզնկա­յի մերձա­կայքը։
Թրքա­կան իշխա­նութեանց կողմէ երկրէն աքսո­րուած եւ Սերպիա հաստա­տուած Խաչա­տուր Թեհլի­րեա­նը տարի­նե­րով պանդխտութեամբ հոգաց ապրուստը Երզնկա մնա­ցած իր կնոջ եւ հինգ զաւակնե­րուն, որոնց կրտսերն էր Սողո­մոն։
Սողո­մոն իր ուսումը ստա­ցաւ Երզնկա­յի նախ Բողո­քա­կա­նաց, ապա՝ Եզնի­կեան վարժա­րաննե­րուն մէջ, իսկ 1912ին աւարտեց տեղւոյն Կեդրո­նա­կան վարժա­րա­նը, ուր իր առա­ջին ծանօ­թութիւնը ունե­ցաւ դաշնակցա­կան գործիչնե­րու հետ եւ փարե­ցաւ Դաշնակցութեան։
1913ին Սողո­մոն եւս մեկնե­ցաւ Սերպիա՝ հօր ու անոր միա­ցած ընտա­նի­քին մօտ, որպէսզի տարի մը ետք անցնէր Գերմա­նիա՝ բարձրա­գոյն ուսման հետեւե­լու համար։
Բայց 1914ին պայթած Առա­ջին Աշխարհա­մարտը լրիւ փոխեց նաեւ 18ամեայ Սողո­մո­նի կեանքի ուղին։
1914ի աշնան, ծնողքէն գաղտնի, ան անցաւ Սոֆիա (Պուլկա­րիա), ուր կը հաւա­քագրուէին Կովկաս կամաւոր երթա­լու պատրաստ Պալքա­նեան թերակղզիի պանդուխտ թէ ուսա­նող հայ երի­տա­սարդնե­րը։
Սկիզբը ընթացք չի տրուե­ցաւ Սողո­մո­նի կամաւոր արձա­նագրուե­լու դիմումին, բայց ան յաջո­ղե­ցաւ, հօրը քանի մը նամակներ ղրկե­լէ ետք, ստա­նալ ծնո­ղի գրաւոր թոյլտուութիւնը ի նպաստ իր կամաւոր արձա­նագրուե­լուն։

*

  • *

Այդպէ՛ս, Հոկտեմբեր 1914ին, Սողո­մոն հասաւ Թիֆլիս եւ միա­ցաւ Սեպուհի վաշտին, որ մաս կը կազմէր Անդրա­նի­կի հրա­մա­նա­տա­րութեան տակ գործող Կամաւո­րա­կան Առա­ջին Գունդին
Երեք տարուան կամաւո­րա­կան ծառա­յութիւնը ամբողջա­պէս թրծեց Սողո­մոն Թեհլի­րեան դաշնակցա­կան մարտի­կի կերպա­րը։
Արեւմտա­հա­յաստա­նի ժամա­նա­կաւոր ազա­տագրութեան հետ, Սողո­մոն հնա­րաւո­րութիւնը ունե­ցաւ այցե­լե­լու նաեւ Երզնկա, որուն քարուքանդ վիճակն ու ամա­յութիւնը խորա­պէս ցնցե­ցին զինք այնքան ծանրօ­րէն, որ իր կենսա­գիրնե­րէն Կարօ Գէորգեա­նի վկա­յութեամբ՝ ան «ուշա­թափ կ’իյնայ գետին։ Արդա­րեւ, Երզնկա­յի եւ շրջա­կայքի ամբողջ հայութեան հետ, նաեւ իր գերդաստա­նին 85 անդամնե­րը — մայրը, երկու եղբայրնե­րուն կիներն ու զաւակնե­րը եւ մօտիկ ազգա­կաննե­րը — սպաննուած էին 1915ին։ Իսկ իրենց տունը դարձած էր թրքա­կան հանրա­կա­ցա­րան»։
Սեփա­կան ընտա­նի­քին, հարա­զատնե­րուն եւ ամբողջ հայութեան սպանդն ու հայրե­նի օճա­խին եւ Արեւմտա­հա­յաստա­նի աւե­րումը անհուն ցասումով ու վրէժխնդրութեամբ համա­կե­ցին Սողո­մոն Թեհլի­րեա­նի ողջ էութիւնը։ Խորա­պէս ցնցիչ այդ փորձա­ռութիւնը հետա­գա­յին հիմք ծառա­յեց, Թալէա­թի ահա­բե­կումէն ետք, Թեհլի­րեա­նի դատա­վա­րութեան ընթացքին դատա­պաշտան Քըրթ Նայմէ­յը­րի (Քոլո­նեը համալսա­րա­նի իրաւա­գի­տութեան դասա­խօս) կառուցած պաշտպա­նո­ղա­կա­նին։

*

  • *

1917ին, Կովկա­սեան ճակա­տի փլուզումէն եւ ռուսա­կան զօրքե­րու նահանջէն ետք, Թեհլի­րեան անցաւ Կովկաս։
Շրջե­ցաւ հիւսի­սա­յին Կովկա­սի եւ Խրի­մի քաղաքնե­րուն մէջ՝ նուի­րուե­լով արեւմտա­հայ գաղթա­կա­նութեան հետ այդ ափե­րը ինկած որբե­րու հաւաքման ու պատսպարման աշխա­տանքին։
Այդ պայմաննե­րուն մէջ, ժամա­նա­կի թաւա­լումին հետ փոխա­նակ սպիա­նա­լու, Թեհլի­րեա­նի սիրտն ու հոգին խոցած վէրքե­րը աւե­լիով բորբո­քե­ցան։
Թեհլի­րեան ուղարկուե­ցաւ Պոլիս, ուր Հ.Յ.Դ. Կ. Կոմի­տէի որո­շումով‘ 1920ի Ապրի­լին կատա­րեց ահա­բեկչա­կան իր առա­ջին գործո­ղութիւնը, մահա­պա­տի­ժի ենթարկե­լով Պէշիկթա­շի տխրահռչակ թաղա­պետ Յարութիւն Մկրտի­չեա­նը, որ գլխաւոր մեղսա­կի­ցը եղած էր 24 Ապրիլ 1915ի հայ մտաւո­րա­կա­նութեան ձերբա­կա­լութեան։
Ահա­բե­կումէն ետք ան պարտաւո­րուիե­ցաւ անցնիլ Փարիզ, ուր ապրուստի ապա­հովման համար կօշկա­կա­րութիւն սորվե­ցաւ։ Բայց քանի մը ամիս ետք կանչուե­ցաւ Ուա­շինկթըն, Մ.Նահանգներ, Հայաստա­նի Հանրա­պե­տութեան դեսպան Արմէն Գարո­յի կողմէ, որ կը ղեկա­վա­րէր թուրք եղեռնա­գործնե­րու պատժման «Նեմե­սիս» գործո­ղութեանց ծրագրին գործադրութիւնը։
Ուշագրաւ մանրա­մասնութիւն է եւ «Նեմեսիս»ի արխիւին հրա­պա­րա­կումէն ետք ծանօթ փաստ է, որ իթթի­հա­տա­կան պարագլուխնե­րու ահա­բե­կիչնե­րուն ճշդումը կատա­րուած է վիճա­կաձգութեամբ եւ այդպէս է, որ Սողո­մոն Թեհլի­րեա­նին վիճա­կուե­ցաւ Թալէա­թի ահա­բե­կումին գործադրութիւնը։

*

  • *

Արմէն Գարո­յի յանձնա­րա­րա­կա­նով՝ Թեհլի­րեան 1920ի Դեկտեմբե­րին ուղեւո­րուե­ցաւ Ժընեւ, ուրկէ անցաւ Պերլին (Գերմա­նիա), ի գործ դնե­լու համար Թալէա­թի ահա­բեկման ծրա­գի­րը։
Ջարդա­րար պարագլուխը Ալի Սալէհ Պէյ անցագրով ու ծպտուած կ’ապրէր Պերլի­նի Հայտէնպէրկ փողո­ցի վրայ։
Թեհլի­րեան, իբրեւ ուսա­նող, սենեակ մը վարձեց Թալէա­թի տան ճիշդ դիմա­ցը, ուրկէ տեւա­կան հսկո­ղութեան տակ առաւ ցեղասպան ճիւա­ղին շարժումներն ու կենցա­ղը՝ իրենց յետին մանրա­մասնութեամբ։
Եւ 15 Մարտ 1921ի առաւօ­տեան ժամը 10ին, երբ Թալէաթ իր բնա­կա­րա­նէն դուրս գալով կը յառա­ջա­նար մայթէն, Թեհլի­րեան հանդի­պա­կաց մայթէն փողո­ցը կտրեց, դէմ առ դէմ քալե­լով մօտե­ցաւ ջարդա­րա­րին եւ ատրճա­նա­կի մէկ գնդա­կով գետին կը փռէ զայն։
Անցորդնե­րը յարձա­կե­ցան Թեհլի­րեա­նի վրայ, խոշտանգե­ցին զայն՝ առանց գիտնա­լու, թէ ինչո՛ւ օր-ցերե­կով բարե­համբոյր տեսքով այդ երի­տա­սարդը ահա­բե­կած եւ անշունչ գետին փռած էր անծա­նօթ անցորդ մը…

*

  • *

Շահան Նաթա­լի կը վկա­յէ, որ Սողո­մոն Թեհլի­րեա­նին յանձնա­րա­րած էր ահա­բե­կումէն ետք փախուստ չտալ եւ յանձնուիլ գերմա­նա­կան իշխա­նութեանց, որպէսզի աշխարհով մէկ դատուէր եւ իր հետ դատա­վա­րութեան ենթարկէր Թուրքիոյ ցեղասպա­նա­կան ոճի­րը։
Թեհլի­րեան ձերբա­կա­լուե­ցաւ եւ աղմկա­լից դատա­վա­րութեան արժա­նա­ցաւ։
Գերմա­նա­կան դատա­րա­նը հաստա­տեց, որ ահա­բե­կումի ենթարկուած «զոհը»՝ Թալէաթ իսկութեան մէջ զոհ չէր, այլ՝ դահիճ էր ու, աւելի՛ն, դահճա­պետ էր, որուն ուսե­րուն կը ծանրա­նար ամբողջ ժողո­վուրդ մը ցեղասպա­նութեան ենթարկած ըլլա­լու պետա­կան յանցա­գործութեան ծանրա­գոյն պատասխա­նա­տուութիւնը։
Փաստօ­րէն Սողո­մոն Թեհլի­րեան կրկնա­կիօ­րէն պատմութիւն խտացնող խորհրդա­նիշ դարձաւ 15 Մարտ 1921ի իր Հարուա­ծով եւ Ցեղասպան Թուրքը խորհրդանշող Թալէա­թի ահա­բե­կումով։

  • Նախ՝ մարմնաւո­րեց հայոց Արդար Դատաստա­նը գործադրող բազուկը
  • Ապա՝ խորհրդանշեց միջազգա­յին ճանա­չումն ու դատա­պարտումը հայ ժողո­վուրդին դէմ Թուրքիոյ գործադրած Ցեղասպա­նութեան։
    Արդէն հանրա­յատ իրո­ղութիւն է եւ հանրա­գի­տա­կան ճշմարտութիւն, որ նոյնինքն Ցեղասպա­նութիւն բառը իր ժամա­նա­կա­կից իմաստով գործա­ծութեան յանձնած Ռաֆա­յէլ Լեմքի­նը ներշնչուե­ցաւ Թեհլի­րեա­նի դատա­վա­րութե­նէն եւ հիմնուե­ցաւ այն մեծ հարցա­կա­նին վրայ, թէ ինչո՞ւ մէկ մարդու ահա­բեկման համար կը դատուէր Թեհլի­րեան անուն հայ երի­տա­սարդը, մինչ անդին դատ ու դատաստա­նի չէր ենթարկուեր մէկուկէս միլիոն անմեղ հայե­րու ցեղասպա­նութեան գլխաւոր պատասխա­նա­տու Թալէա­թը…
    Մարտ 15ը այս առումով կրկնա­կի՛ յիշա­տա­կութեան արժա­նի էջ է հայոց Յուշա­տետրին մէջ։

*

  • *

Այդպէս է, որ Մարտ 15ին, ամէն տարի, մեր սերունդնե­րու շրթնե­րէն, հպարտութեան եւ ոգեւո­րութեան անսանձ զեղումով, բարձրա­ձայն կը հնչէ Հայասպա­նութեան մեծա­գոյն ոճի­րին թիւ 1 պատասխա­նա­տուին՝ Թալէա­թի ահա­բեկման նուի­րուած ժողովրդա­յին սրտա­բուխ «Գինի լից» երգը.

Աշխարհ պատեց հայի ահը,
Գետին ընկաւ թուրքի գահը,
Քեզ պատմեմ Թալէա­թին մահը,
Գինի լից, ընկեր ջան, գինի լից,
Խմո­ղաց անուշ:

Դաշնակցութիւն ժողով արեց,
Շուն Թալէա­թին մահ որո­շեց,
Թեհլի­րեա­նի բախտը բացուեց,
Գինի լից, ընկեր ջան, գինի լից,
Խմո­ղաց անուշ:

Թալէաթ փաշան փախաւ Պերլին,
Թեհլի­րեա­նը հասաւ ետին
Զարկաւ ճակտին, փռեց գետին,
Գինի լից, ընկեր ջան, գինի լից,
Խմո­ղաց անուշ:

Շուն Թալէա­թին գցին հորը,
Լուր ղրկե­ցին պոռնիկ մօրը,
Կեցցէ հայոց կամաւո­րը,
Գինի լից, ընկեր ջան, գինի լից,
Խմո­ղաց անուշ:

Յիշա­տակդ միշտ փառաւոր,
Շիրի­միդ լոյս Քրիստա­փոր,
Մայիս 28 շնորհաւոր,
Գինի լից, ընկեր ջան, գինի լից,
Խմո­ղաց անուշ:

Գրա­ռումը՝ Նազա­րեթ Բերբերյանի ֆեյսբուքյան էջից։

Առնչվող Հոդվածներ