Սփիւռք

Յիշելով Արմէն Գարոն՝ Կը Վերստանձնենք Անոր Կտակը

Այսօր, Արմէն Գարոյի գործունէութիւնը եւ յատկապէս անոր դիւանագիտական ջանքերուն ուղեցոյցը հանդիսացած գաղափարները եւ սկզբունքները պէտք է մղիչ ուժը հանդիսանան
հայութեան իրաւունքներու ապահովումը երաշխաւորելու ջանքերուն, Հայաստանի եւ Սփիւռքի մէջ:

ՀՅԴ ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ԱՄԵՐԻԿԱՅԻ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ԿՈՄԻՏԷ


23 Մարտ 2023ին հարիւրամեակն է Հայաստանի ամէնէն յարգուած ղեկավարներէն եւ յեղափոխականներէն Արմէն Գարոյի մահուան։
9 Փետրուար 1872ին, Կարինի (Էրզրում) մէջ ծնած Գարեգին Փաստրմաճեան, որ աւելի ուշ պիտի որդեգրէր Արմէն Գարօ անունը, աստիճանաբար պիտի մարմնաւորէր Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան գաղափարաբանութիւնը՝ հանդիսանալով ազատամարտիկ, երիտասարդութեան առաջնորդ, մտաւորական, խորհրդարանի անդամ, բանագնաց եւ դիւանագէտ՝ իւրաքանչիւր դերին մէջ անսալով ՀՅԴ Ծրագիրի սկզբունքներուն եւ սպասարկելով ազատութեան, ինքնորոշման իրաւունքին եւ արդարութեան հասնելու՝ հայ ժողովուրդի պայքարին։
Եթէ թերթատենք 1800ականներու եւ 1900ականներու սկիզբի հայոց պատմութեան էջերը, հոն պիտի հանդիպինք Արմէն Գարոյին, որ կենսական դերակատարութիւն ունէր հայութեան իղձերը իրականացնելու ջանքերուն մէջ։
Բաբգէն Սիւնիի կողքին, ան ղեկավարած էր Համիտեան ջարդերուն հակադարձելու նպատակով 1896ին իրականացած Պանք Օթոմանի գործողութիւնը, իսկ Եւրոպայի մէջ ան
կազմակերպած էր հայ երիտասարդները եւ ուսանողները յեղափոխական գործին մղելու աշխատանքը, ինչպէս նաեւ մասնակցած էր Վանի եւ Էրզրումի ինքնապաշտպանութեան ջանքերուն զօր. Դրոյի նման ղեկավարներու կողքին, իսկ աւելի ուշ, Թիֆլիսի մէջ առաջնորդած էր ազգային ինքնապաշտպանութեան ջանքերը եւ եղած Դաշնակցութեան Արեւմտեան Բիւրոյի անդամ։
1918ին, Հայաստանի անկախացումէն ետք, Արմէն Գարօ Հայաստանի Հանրապետութեան խորհրդարանի անդամ ընտրուեցաւ եւ մասնակցեցաւ Հայաստանի կառավարութեան բանակցութիւններուն ու մաս կազմեց Փարիզի խաղաղութեան բանակցութիւններուն
Աւետիս Ահարոնեանի գլխաւորած պատուիրակութեան, ականատեսը դառնալով Սեւրի դաշնագիրի ստորագրութեան։
1918-1920ին, Արմէն Գարօ դարձաւ Միացեալ Նահանգներու մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանը եւ կենսական դերակատարութիւն ունեցաւ Հայկական Հարցի ջատագովման մէջ, նախնական հիմերը դնելով մինչեւ այսօր շարունակուող Հայ Դատի համաշխարհային պայքարին։
Ուաշինկթընի մէջ, Արմէն Գարոյի ուշադրութեան կիզակէտին էր Հայաստանի անկախութեան ջատագովումը եւ հայութեան ինքնորոշման իրաւունքին նեցուկ կանգնող անկախ պետութեան ամրապնդումը։
Յիշենք նաեւ Արմէն Գարոյի ունեցած կարեւոր դերակատարութիւնը Հայոց Ցեղասպանութիւնը իրագործած ղեկավարները պատժելու նպատակով իրականացած «Նեմեսիս» գործողութեան մէջ, որ Հայ Դատի ջատագովման այլ միջոց մըն էր եւ կազմակերպուած՝ ՀՅԴ Միացեալ Նահանգներու Կեդրոնական կոմիտէի հովանիին տակ։
Այսօր, Արմէն Գարոյի գործունէութիւնը եւ յատկապէս անոր դիւանագիտական ջանքերուն ուղեցոյցը հանդիսացած գաղափարները եւ սկզբունքները պէտք է մղիչ ուժը հանդիսանան հայութեան իրաւունքներու ապահովումը երաշխաւորելու ջանքերուն, Հայաստանի եւ Սփիւռքի մէջ։ Գոյութիւն ունենալու եւ բարգաւաճելու՝ Հայաստանի իրաւունքին երաշխաւորումը եւ Հայաստանի պետականութեան ու բանակին ամրապնդումը պէտք է հանդիսանան այդ պայքարի հիմնասիւները, մինչ Հայաստան եւ հայութիւնը կը դիմագրաւեն գոյութենական արդի մարտահրաւէրներ։
Այսօր, ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական կոմիտէն կը յիշէ Արմէն Գարոյի ունեցած որոշիչ դերակատարութիւնը ազգային ազատագրական պայքարին եւ անոր նուիրուածութիւնը՝ հայութեան իղձերու իրականացման ջանքերուն մէջ, խոստանալով համայնքին բոլոր կարելիութիւնները ի սպաս դնել հայրենիքի եւ հայութեան փրկութեան նպատակին։
ՀՅԴ ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ԱՄԵՐԻԿԱՅԻ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ԿՈՄԻՏԷ 23 Մարտ, 2023

    

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *