26 C
Yerevan

Սպառնա­լիքնե­րու Եւ Ռիսքե­րու Օրա­կարգ

Ուքրայնա­յի դէմ պատե­րազմ սանձա­զերծե­լու՝ Փութի­նի վարչա­խումբին գաղա­փա­րը այն աստի­ճա­նի ակնյայտ վնա­սա­կար էր, որ, ճիշդն ըսած, մինչեւ վերջին պահը ես չէի հաւա­տար, որ ան կրնայ երթալ նման ինքնասպա­նութեան քայլի մը՝ անկախ իմ ի սկզբա­նէ վերա­բերմունքէս։

Ռուբեն Մեհրաբյան

Հայաստա­նի քաղա­քա­կան գործիչնե­րէն Ռուբէն Մեհրա­պեա­նի համոզմամբ, Ռուսաստա­նի Ուքրայնա­յի դէմ շղթա­յա­զերծուած պատե­րազմը ինքնասպա­նութիւն է։ Ռուբէն Մեհրա­պեան, որ  «Յանուն Հանրա­պե­տութեան» կուսակցութեան փոխ-նախա­գահն է, մեզի հետ բաժնեց իր մօտե­ցումնե­րը քաղա­քա­կան հրա­տապ հարցե­րու շուրջ։ Ստո­րեւ կը ներկա­յացնենք իր տեսա­կէտնե­րը։

-Եւրո­միութեան դիտորդնե­րու Հայաստա­նի սահմա­նին վրայ տեղա­կա­յումը բաւա­կան մեծ անհանգստութիւն պատճա­ռած է Ռուսաստա­նին։ Ան Արեւմուտքը կը մեղադրէ՝ զինք տարա­ծաշրջա­նէն դուրս մղե­լով։ Ձեր կարծի­քով՝ ռուսա­կան այս յանկերգը պատճառ կրնա՞յ հանդի­սա­նալ, որ նոր սադրանք մը կատա­րուի Հայաստա­նի դէմ կամ ան արտօ­նէ, որպէսզի Ատրպէյճա­նը ռազմա­կան նոր արկա­ծախնդրութեան մը երթայ։

-Մոսկուա­յի այս խիստ արձա­գանգը պէտք չէ որեւէ տարա­կուսանք յառա­ջացնէ ո՛չ Հայաստա­նի քաղա­քա­կան դասին, ո՛չ ալ հասա­րա­կութեան տեսա­կէ­տէ, թէ ընդունուած որո­շումը ճիշդ է ու կը բխի Հայաստա­նի եւ տարա­ծաշրջա­նի արմա­տա­կան շահե­րէն։ Միանշա­նա­կօ­րէն, ան պայմա­նաւո­րուա­ծութիւն մըն է Երեւա­նի եւ Պրիւքսե­լի միջեւ եւ կ՚իրականանայ բացա­ռա­պէս Հայաստա­նի միջազգայնօ­րէն ճանչցուած սահմաննե­րէն ներս, ուղղուած չէ որեւէ կողմի դէմ, այլ կը ծառա­յէ տարա­ծաշրջա­նին մէջ նոր պատե­րազմի հրահրման հաւա­նա­կա­նութեան նուա­զեցման։ Իսկ Մոսկուա­յի այս արձա­գանգը ուղղա­կի կու գայ վկա­յե­լու, թէ ի՛նչ են իր իսկա­կան շահե­րը։ Հաստա­տա­պէս, այդ մէկը տարա­ծաշրջա­նի տեւա­կան եւ համա­պարփակ խաղա­ղութիւնը չէ, այլ ընդհա­կա­ռակն՝ թշնա­մանք, անո­րո­շութիւն, քաոս եւ, ամե­նա­կա­րեւո­րը՝ տեղե­կա­տուա­կան դատարկութիւն յառա­ջացնե­լը, ինչ որ թոյլ կու տայ գործի դնել ռուսա­կան քարոզչութիւնը եւ ապա­տե­ղե­կա­տուութիւը ընդդէմ թէ՛ Հայաստա­նի եւ թէ Արեւմուտքի։ Ըստ էութեան, փաստը այն է, Հայաստանն ու Եւրա­միութիւնը ճշդած են շահե­րու, նպա­տակնե­րու եւ արժէքնե­րու ընդհանրութիւնը տարա­ծաշրջա­նին մէջ եւ, ընդհանրա­պէս, մինչդեռ Հայաստա­նի եւ Ռուսաստա­նի միջեւ չկայ անոնցմէ որեւէ մէկը։ Հիմա, բնա­կա­նա­բար, Ռուսաստան կը փորձէ շարունա­կել Ատրպէյճա­նը օգտա­գործել՝ որպէս թնդա­նօթ ընդդէմ Հայաստա­նի, սակայն, Ալիեւ քաջ կը գիտակցի, որ այդ կրա­կո­ցի քաղա­քա­կան գինը ինք պիտի վճա­րէ։ Իսկ պարզ հաշուարկը ցոյց կու տայ, որ Պաքու պատրաստ չէ այդ գինը վճա­րե­լու՝ մանաւանդ, երբ ան հետզհե­տէ կը թանկա­նայ եւ ա՛լ աւե­լի պիտի թանկա­նայ։ Ահա՛, թէ ինչն է, որ կը բարկացնէ Մոսկուան։ Ասոր պէտք է շատ հանգիստ, փիլի­սո­փա­յօ­րէն վերա­բե­րիլ եւ շարունա­կել կատա­րել բոլոր քայլե­րը, որոնք կը բխին մեր շահե­րէն, ինչպէս նաեւ տարա­ծաշրջա­նի խաղա­ղութեան, կայունութեան եւ անվտանգութեան շահե­րէն։

-Հայաստան վերջին ժամա­նակնե­րուն կտրուկ մօտե­ցումներ ունե­ցաւ ՀԱՊԿ‑ի վերա­բե­րեալ։ Վերջին քայլը ՀԱՊԿ‑ի ընդհա­նուր քարտուղա­րի տեղա­կա­լի պաշտօ­նէն հրա­ժա­րիլն էր։ Այս քայլե­րուն մէջ կա՞ն որոշ վտանգներ, թէ այդ քայլը միայն դրա­կան ցոլքեր պիտի ունե­նայ երկրին համար։ Դրա­կա­նի մասին խօսե­լով հարկ է, անշուշտ, դիտարկել այս խնդրով Արեւմուտքի մեծ փափաքնե­րը՝ ՀԱՊԿ-էն դուրս գալու վերա­բե­րեալ։

-Հայաստա­նի ձեր վկա­յա­կո­չած կտրուկ մօտե­ցումնե­րը հետեւանքն են այն քաղա­քա­կա­նութեան, որ որդեգրած է Փութի­նի Ռուսաստա­նը իրեն դէմ։ Այդ քաղա­քա­կա­նութիւնը ուղղուած է Հայաստա­նը ուժասպառ ընե­լու՝ յետա­գա­յին կլա­նե­լու նպա­տա­կով, ինչպէս որ է պարա­գան այլ յետխորհրդա­յին երկիրնե­րու. օրի­նակ՝ Վրաստան, Սպի­տակ Ռուսիա, նոյնիսկ Ատրպէյճան կամ Ուքրայնա։ Այս վերջնոյն դէմ Ռուսաստան յանցաւոր պատե­րազմ մը սանձա­զերծած է։ Այն ճակա­տա­գի­րը, զոր մեզի համար նախագծած է Ռուսաստան, բնա­կա­նա­բար, չի կրնար մեր կողմէ ընդունուիլ եւ բնա­կան է, որ այդ քաղա­քա­կա­նութիւնը, ինչպէս նաեւ այդ քաղա­քա­կա­նութեան բոլոր գործիքնե­րը. ինչպէս՝ ՀԱՊԿ‑ն եւ ո՛չ միայն՝ Հայաստա­նի կողմէ կ՚ընկալուին եւ պիտի ընկա­լուին որպէս սպառնա­լիք։ Պարզ է, որ պիտի փորձենք հնա­րաւո­րինս հեռու մնալ սպառնա­լի­քի այդ աղբիւրէն։ Ուստի, Հայաստա­նի քայլը պէտք է դիտարկել ա՛յս պարունա­կին մէջ եւ ակնկա­լել, որ այն իր շարունա­կութիւնը ունե­նայ, քանզի մեր անդա­մակցութիւնը այդ կազմա­կերպութեան՝ ՀԱՊԿ-ին ո՛չ միայն իմաստազրկուած է, այլեւ վերա­ծուած՝ խոչընդո­տի, Հայաստա­նի նոր, հեռանկա­րա­յին գործընկերնե­րու հետ անվտանգա­յին եւ պաշտպա­նա­կան գործընկե­րութիւն հաստա­տե­լու ճանա­պարհին վրայ։ Ի հարկէ, այստեղ ռիսքեր կան, սակայն, Հայաստան նոյնիսկ տեսա­կա­նօ­րէն չունի առանց ռիսքի որեւէ տարբե­րակ։ Հետեւա­բար, այլընտրանքնե­րը այս տարբե­րակներն են։ Անոնք ռիսքի հետ միա­սին նաեւ հնա­րաւո­րութիւն կը պարունա­կեն՝ մանաւանդ, երբ ակնյայտ է, որ հինի անշարժութեան յանձնուի­լը ուղղա­կի յետաձգուած կործա­նում կը նշա­նա­կէ, ինչպէս նաեւ կորսուած հնա­րաւո­րութիւններ, պատմա­կան առի­թի մսխում եւ այլն։ Իսկ սա կը նշա­նա­կէ, որ առա­ջին հերթին այդ մե՛զի պէտք է եւ մե՛զի կը վերա­բե­րի, անկախ անկէ, թէ Ռուսաստան որքան բացա­սա­բար կը վերա­բե­րի անոր դէմ, իսկ Արեւմուտքը՝ որքան դրա­կան։

-Միւս կողմէ եւ վերա­դառնա­լով Ուքրայնա­յի պատե­րազմա­կան իրա­վի­ճա­կին… Ձեր կարծի­քով, Ռուսաստա­նի կողմէ համաշխարհա­յին բեւեռ մը ստեղծե­լու պատրանքնե­րը սպառա՞ծ են արդէն, թէ այդ առումով շատ կարեւոր կրնայ ըլլալ Չինաստա­նի կողմէ նոր դիրքո­րո­շումի մը յայտնուի­լը։

-Ուքրայնա­յի դէմ պատե­րազմ սանձա­զերծե­լու՝ Փութի­նի վարչա­խումբին գաղա­փա­րը այն աստի­ճա­նի ակնյայտ վնա­սա­կար էր, որ, ճիշդն ըսած, մինչեւ վերջին պահը ես չէի հաւա­տար, որ ան կրնայ երթալ նման ինքնասպա­նութեան քայլի մը՝ անկախ իմ ի սկզբա­նէ վերա­բերմունքէս։ Սակայն, ցաւօք, այդ մէկը տեղի ունե­ցաւ եւ տեղի ունե­ցաւ նաեւ անոր օրի­նա­չա­փա­կան հետեւանքը։ Ռուսաստան ինք իսկ նախա­ձեռնեց եւ արա­գա­ցուց իր իսկ կործա­նումը՝ յանձնուե­լով այդ «նոր բեւեռ» ձեւաւո­րե­լու, Արեւմուտքի դէմ անմիտ առճա­կատման իր ամբողջ պաշա­րը տրա­մադրե­լու, անոր ուղղա­կի անհա­մարժէք բացատրութիւններ տալու քաղա­քա­կա­նութեան։ Ռուսաստան կը ձգտի Ուքրայնա­յի «ֆինլանտացման»՝ մինչդեռ ստա­ցաւ Ֆինլանտիա­յի «ուքրա­նա­ցում», Շուէ­տինն ալ՝ վերա­դիր, իր դիմաց ստա­նա­լով Եւրո­պա­յի լաւա­գոյն բանա­կը, որու մէջքին Ռամշթայնի դաշինքն է՝ միաւո­րուած 50 եւ աւե­լի երկիր, որոնց տնտե­սութիւննե­րը հաւա­քա­կա­նօ­րէն կը կազմեն համաշխարհա­յին տնտե­սութեան աւե­լի քան երկու երրորդը՝ արհեստա­գի­տութեան յառա­ջա­տար Ամե­րի­կա­յի Միա­ցեալ Նահանգնե­րու գլխաւո­րութեամբ։ Մէկ տարի շարունա­կուող պատե­րազմին հետեւանքով Ուքրայնա ազա­տագրած է կորսնցուցած տարածքնե­րու մօտ կէսը, իսկ յառա­ջի­կայ շաբաթնե­րուն կը նախա­պատրաստէ լայնա­ծաւալ հակա­յարձա­կում մը, որուն իբրեւ արդիւնք, արդէն իսկ 150 հազար զոհ տուած ռուսա­կան բանա­կի ողնա­շա­րը պիտի կոտրի։ Իսկ ինչ կը վերա­բե­րի Չինաստա­նին, ապա դժուար է պատկե­րացնել, որ չինա­ցի ղեկա­վարնե­րը չեն հաշուարկեր, թէ ինչ աղէ­տա­լի հետեւանքներ կրնայ ունե­նալ միլիա­ռա­նոց երկրին համար, եթէ փորձէ Ռուսաստա­նին զէնք մատա­կա­րա­րել։ Անոր մասին ուղիղ խօսե­լով զգուշա­ցուցած են Ուա­շինկթը­նէն եւ կը թուի, թէ Փեքին այդ նախազգուշա­ցումնե­րուն շատ լուրջ կը վերա­բե­րի։ Յամե­նայնդէպս, Չինաստա­նի մասով՝ կ՚ապրինք եւ կը տեսնենք։

-Խօսինք նաեւ ներքին ճակա­տի վրայ նախա­տե­սուող զարգա­ցումնե­րուն մասին։ Ի՞նչ կը խորհիք՝ արդա­րա­նա­լի՞ են ընդդի­մութեան ակնկա­լութիւննե­րը՝ կապուած Ռուսաստա­նէն կանաչ լոյսի մը, որ, անշուշտ, զուգակցուած պէտք է ըլլայ Ուքրայնա­յի ճակա­տին վրայ ռուսա­կան դրա­կան տեղա­շարժով։ Այլ խօսքով, Հայաստա­նի ընդդի­մութիւնը անկիւն մը նստած կը սպա­սէ ռուսա­կան կանաչ լոյսին։ Պիտի վառի՞ այդ լոյսը, մտա­հո­գութիւններ ունի՞ք։

-Այդ խումբե­րը, որոնք իրենք զի-րենք ընդդի­մութիւն կը կոչեն, այդ լոյսին կը սպա­սեն շատ վաղուց, դեռ 2018-էն՝ մինչդեռ իրենք չեն հասկցած, որ Ռուսաստան իրենց համար այդ լոյսը մշտա­պէս վառ պահած է եւ կը պահէ։ Այլ հարց է, որ այդ լոյսը անոնց ոչինչով կ՚օգնէ եւ պիտի չօգնէ, քանզի անոնք մերժուած են հայ ժողո­վուրդին կողմէ, ինչ որ զիրենք ուղղա­կի անպէտք կը դարձնէ ռուսե­րուն համար։ Ռուսաստան աւանդա­բար միշտ կը նախընտրէ իր նպա­տակնե­րուն հասնիլ այլոց ձեռքե­րով, այդ նպա­տա­կով ձեւաւո­րե­լով «փրոքսի»ներու ցանցեր։ Սակայն, յաջո­ղութեան համար Ռուսաստան գոնէ նուա­զա­գոյն համակրանքի պաշար մը պէտք է ունե­նայ հասա­րա­կա­կան զանա­զան շերտե­րու մէջ։ Սակայն, փաստը այն է, որ իր քաղա­քա­կա­նութեան հետեւանքով, Մոսկուա­յի առջեւ բացուած է իր նախկին ազդե­ցութեան աւե­րակնե­րու համայնա­պատկեր մը եւ այդ մէկը Քրեմլի­նի ներկայ վարչա­խումբն է, ինչ որ գործնա­կա­նօ­րէն անվե­րա­կանգնե­լի է։ Չեմ բացա­ռեր, որ գարնա­նա­յին արեւը որոշ խումբե­րուն գայթակղեցնէ փողով դուրս գալու եւ ինչ-ինչ քաղա­քա­կան կամ մերձքա­ղա­քա­կան խօսքեր արտա­բե­րե­լու, սակայն, սա որեւէ ազդե­ցութիւն չի կրնար ունե­նալ հանրա­յին տրա­մադրութիւննե­րուն վրայ։ Իսկ տրա­մադրութիւննե­րը յայտնի են, այդ ուժե­րը մէկընդմիշտ մերժուած են, ինչպէս եւ մերժուած է իրենց «գաղա­փա­րա­կան հայրը». յանձինս՝ Քրեմլի­նի ներկայ տիրա­կա­լը։

-Մենք նաեւ կը նկա­տենք Ռուբէն Վարդա­նեան անունով նոր խաղա­ցող մը, որ մեծ հաշուով կը համա­րուի ռուսա­կան ծրա­գիր։ Ի՞նչ կը մտա­ծէք այս մասին։

-Ռուբէն Վարդա­նեան՝ որպէս քաղա­քա­կան գործօն, գոյութիւն չունի եւ մեծ հաշուով ոչ ալ կ՚ունենայ։ Մոսկուա անոր խաղի մէջ մտցուց կարճա­ժամկէտ խնդիր մը լուծե­լու համար, հասաւ իր նպա­տա­կին եւ ձեռքե­րը լուաց։ Իսկ խնդի­րը այն էր, որ խափա­նուի Ուա­շինկթը­նի մէջ Գրի­գո­րեան-Սալը­վըն-Հաճիեւ ձեւա­չա­փով ձեռք բերուած պայմա­նաւո­րուծութիւնը, ըստ որում Հայաստան եւ Ատրպէյճան պէտք է կնքեն խաղա­ղութեան պայմա­նա­գիր՝ հիմնուած 1991 թուա­կա­նի Ալմա­թըի հռչա­կագրի եւ ՄԱԿ‑ի Կանո­նադրութեան վրայ, իսկ Պաքուի եւ Ստե­փա­նա­կերտի միջեւ միջազգա­յին, առա­ջին հերթին ամե­րի­կեան հովա­նիին ներքոյ ձեւաւո­րուի երկխօ­սութեան ձեւա­չափ՝ Լեռնա­յին Ղարա­բա­ղի հայե­րու իրաւունքնե­րու եւ անվտանգութեան երաշխիքնե­րու օրա­կարգով։ Սա անցեալ տարուան սեպտեմբե­րի 27-ին էր։ Անկէ ետք Արցա­խի մէջ կը յայտնուի Ռուբէն Վարդա­նեան, որ կը սկսի երկի­մաստ յայտա­րա­րութիւննե­րով քարեր նետել Երեւա­նի վրայ, իսկ Պաքու պատրուակ կը ստա­նայ՝ Ուա­շինկթը­նի պայմա­նաւո­րուա­ծութիւնը շրջանցե­լու։ Անկէ ետք ի յայտ կու գայ «բնա­պահպա­նա­կան» կեղծ օրա­կարգ մը եւ Լաչի­նի միջանցքի՝ Ռուսաստան-Ատրպէյճան, ըստ էութեան, շրջա­փա­կումը, իսկ յաջորդած դէպքե­րու ընթացքը յայտնի է։ Մինչդեռ Մոսկուա իր կարճա­ժամկէտ հարցե­րը լուծե­լէ ետք, արտա­քին գործոց նախա­րար Լաւրո­վի շուրթե­րով, ուղիղ ձեւով յայտա­րա­րեց. «Գործա­րար Վարդա­նեա­նին հետ Ռուսաստան որեւէ առընչութիւն չունի»։ Հետեւա­բար, այլեւս միեւնոյնն է, որ քաղա­քա­կան հարթութեան վրայ ի՛նչ կ՚ըսէ կամ ինչ կ՚ընէ Ռուբէն Վարդա­նեան, ան ժողովրդա­կան յենա­րան չունի Հայաստա­նի կամ Արցա­խի մէջ։

-Ամէն առի­թով, որ կը խօսինք կամ անդրա­դառնանք Հարաւա­յին Կովկա­սի ընդհա­նուր դրութեան, մտա­վա­խութիւններ յառաջ կու գան, թէ այս անգամ ալ Արեւմուտքը պիտի լքէ այս տարածքը եւ Հայաստա­նի ճակա­տա­գի­րը պիտի վերա­դարձնէ զերօ կէտի մը կամ այլ խօսքով՝ Հայաստա­նը յանձնէ Ռուսաստա­նին։ Այս մասին ի՞նչ կը խորհիք։

-Վստահ եմ, որ այս բոլո­րը պատմա­կան վախեր են, անոնք, ի հարկէ, միանգա­մայն բացատրե­լի են, սակայն աղերս չունին ժամա­նա­կա­կից աշխարհին հետ։ Հարիւր տարի առաջ թէ՛ մենք ուրիշ վիճա­կի մէջ էինք, թէ՛ Արեւմուտքը, թէ՛ Ռուսաստա­նը, թէ՛ ուժե­րու յարա­բե­րակցութիւնը, թէ փիլի­սո­փա­յութիւնը եւ արժէքնե­րը, որոնցմով միջազգա­յին կառոյցնե­րը կ՚առաջնորդուին։ Դարաշրջա­նը փոխուած է, մարդիկ փոխուած են, ներկայ հնա­րաւո­րութիւննե­րը այլ են, անոնցմէ պէտք է օգտուիլ ի նպաստ մեր պետա­կա­նութեան։ Հայաստան ունի այդ ներուժը՝ դէպքե­րու ընթացքը իր շահե­րու հունին համա­պա­տասխա­նեցնե­լու համար։

-Նկա­տե­ցինք Վրաստա­նի մէջ բաւա­կա­նին լուրջ իրա­դարձութիւններ, որ կարծես թէ այս փուլին հանգուցա­լուծման մը յանգե­ցան։ Խնդի­րը, սակայն, խորքա­յին խաղ մը կը թուի ըլլալ, անոր հերո­սը դարձեալ Ռուսաստանն է։ Ինչպէ՞ս կը գնա­հա­տէք Հայաստա­նի հարեւան Վրաստա­նի մէջ կատա­րուած զարգա­ցումնե­րը եւ այդ առումով Հայաստան կրնա՞յ վնասներ կրել։

-Վրաստան ո՛չ միայն մեր բարի հարեւանն է՝ պատմութեան դասա­գիրքի առա­ջին իսկ էջէն, այլեւ կեանքի ճանա­պարհն է դէպի քաղա­քա­կիրթ աշխարհ։ Բաց աստի, Հայաստան եւ Վրաստան երկու ժողովրդա­վա­րա­կան կղզի­ներն են մենա­տի­րա­կան ովկիա­նո­սին մէջ։ Վրա­ցի հասա­րա­կութիւնը, ներա­ռեալ Վրաստա­նի բազմա­թիւ հայեր, ատրպէյճանցի­ներ՝ զգա­լով ժողովրդա­վա­րութեան եւ ազա­տութիւննե­րուն դէմ ուղղուած սպառնա­լի­քը, իշխա­նութիւննե­րը ստի­պե­ցին ետ կանգնե­լու իրենց իսկ նախա­ձեռնութե­նէն, որ կոչուած էր «ռուսա­կան օրէնք»։ Սա լաւ նորութիւն մըն էր Հայաստա­նի եւ հայկա­կան ժողովրդա­վա­րութեան համար։ Ես առիթն ունե­ցայ շնորհաւո­րե­լու իմ բազմա­թիւ վրա­ցի ընկերներս եւ բաժնե­ցի անոնց ուրա­խութիւնը՝ այդ բոլո­րը առանց արիւնա­հե­ղութեան եւ զոհե­րու աւարտե­լու համար։ Որովհե­տեւ կ՚առաջնորդուիմ այն կանխադրոյթով, որ այն, ինչ որ լաւ է Վրաստա­նի համար՝ լաւ է նաեւ Հայաստա­նի համար եւ ընդհա­կա­ռակն։ Նոյնն է՝ սպառնա­լի­քի պարա­գա­յին։ Ներկա­յիս, հաշուի առնե­լով այն փոփո­խութիւննե­րը, որոնք արդէն իսկ տեղի ունե­ցած են եւ անպայման տեղի կ՚ունենան մեր տարա­ծաշրջա­նին մէջ՝ անհրա­ժեշտ է հայ-վրա­ցա­կան յարա­բե­րութիւննե­րուն հաղորդել ռազմա­վա­րա­կան մակարդակ եւ բովանդա­կութիւն՝ յենլով մեր շահե­րուն, նպա­տակնե­րուն եւ արժէքնե­րուն, ինչպէս նաեւ ապա­գա­յի տեսլա­կաննե­րու ընդհանրութեան վրայ։

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Երեւան

Հոդվա­ծը՝ jamanak.am կայքից։

Առնչվող Հոդվածներ