ՄԵՐ ՈՒՂԻՆ

Լուսավորության Առաքյալը

Նիկոլ Աղբալեան, ճիշդ ա՛յս առումով, եղաւ առաքեալը հայ ազգային որակի եւ Հայաստան Աշխարհի ՀԱՅԱՑՄԱՆ՝ ինքնամաքրման եւ որակական բարձրացման մեծ մարտահրաւէրին արժանաւորապէս ընդառա՛ջ քալելով, յաղթակա՛ն սլացք նուաճելով։

Նազարեթ Պերպերյան

ՄԵՐ ՈՒՂԻՆ

Յուշատետր

ՆԻԿՈԼ ԱՂԲԱԼԵԱՆ (1873-1947).
Հայ ժողովուրդի ազգային որակի վեհացման եւ հայացման առաքեալը

Ն. Պէրպէրեան

24 Մարտ 2023

Մարտ 24ին կը նշենք ծնունդը առաքելատիպ Մեծ Հայուն՝ Նիկոլ Աղբալեանի։
Բազմաշնորհ ու տաղանդաշատ մտքի մշակ, ազգային-պետական ղեկավար գործիչ եւ քաղաքական-հասարակական անձնուէր առաջնորդն է Նիկոլ Աղբալեան, որ ընդ հուր եւ ընդ սուր անցնելէ եւ միշտ պատնէշի վրայ աներեր պայքարելէ ետք, իր կեանքը աւարտեց տարագրութեան մէջ՝ իբրեւ մեծ մանկավարժի եւ հանրային դաստիարակի իր անունը անջնջելիօրէն կապելով Պէյրութի մէջ Լեւոն Շանթի հետ իր հիմնադրած Համազգայինի Հայ Ճեմարանին։
Բառին խորագոյն եւ ընդգրկուն իմաստով՝ Հայաստանի ու հայութեան արդի ժամանակներ մուտքին եւ ազգային ինքնահաստատումին կոչուած Առաքեալ մը եղաւ Նիկոլ Աղբալեան։
Անսակարկ եւ անձնուէր ծառայութեան լծուեցաւ հոն, ուր հայ ժողովուրդը կարիքը ունէր իր տաղանդին, իմաստութեան եւ մղիչ ուժին։
Եւ ուր որ ալ գործեց՝ Աղբալեան արժանաւորապէս տէր կանգնեցաւ հայ Ժողովուրդի ազգային որակին բարձրացման ու բիւրեղացման, ինչպէս եւ Հայաստան Աշխարհի հայացման ի սպաս անսակարկ եւ բոլոր ուժերով նուիրուելու իր վսեմագոյն կոչումին։
ՀԱՅԱՑՄԱՆ մարտահրաւէրը թիւ 1 խնդիրն էր Ն․ Աղբալեանին եւ անոր պատկանած Անկախութեան անզուգական Սերունդին։
Քսաներորդ դարասկիզբին Հայաստանն ու հայութիւնը կը դիմագրաւէին ե՛ւ ֆիզիքական-ժողովրդագրական, ե՛ւ հոգեմտաւոր առումներով հայացման՝ հայ ազգային որակի ինքնամաքրման եւ բիւրեղացման մարտահրաւէրը։

Դարաւոր գերութիւնը ոչ միայն Հայաստան Աշխարհը վերածած էր վաչկատուն, եկուոր եւ հայամերժ տարրերով բնակուած խառնարան երկրի մը, այլեւ աւելի հիմնականը՝ այլասերման ու տժգունացման դատապարտած էր նոյնինքն հայ ազգային կերպարը։
Հայոց ազգային-ազատագրական պայքարը նոր սկսած էր թափ առնել եւ իր առաջին քայլերէն իսկ դէմ յանդիման կանգնած էր ՀԱՅԱՑՄԱՆ մարտահրաւէրին։
Օսմանեան, Պարսկական թէ Ցարական տիրապետութեանց տակ կոտորակուած ու տարտղնուած՝ մեր ժողովուրդը ոչ միայն ամէն քայլափոխի կռնակէն դաշունահար կ’ըլլար եկուոր եւ հայամերժ տարրերու կողմէ, այլեւ՝ կը բախէր իր իսկ շարքերը վարակած ստրկական համակերպումի եւ սեփական մորթը ամէն գնով փրկելու պատեհապաշտութեան Չարիքին։
Հայը կանգնած էր իր ազգային նկարագիրն ու մարդկային որակը բնորոշող ու պայմանաւորող արժէքներն ու արժանիքները վերջնականապէս կորսնցնելու ծանրագոյն վտանգին առջեւ։
Ազատ աշխատանքի, արժանապատիւ կեանքի եւ հոգեմտաւոր լոյսի արարման համար ամէն կարգի բռնութեան, կաշկանդումի եւ ստրկացման դէմ ծառացող Հայկ Նահապետի եւ Մեսրոպ Մաշտոցի մարմնաւորած ՀԱՅը ուծացման անդունդն ի վար թաւալգլոր անկումի մէջ էր։
Հարկ էր շրջել պատմութեան կործանարար անկումի ընթացքը։
Հարկ էր վերականգնել Հայաստան Աշխարհին եւ հայ ժողովուրդին ազգային նկարագիրն ու դէմքը՝ ե՛ւ էութեամբ, ե՛ւ աշխարհաքաղաքական իմաստով, ֆիզիքապէ՛ս։
Նիկոլ Աղբալեան, ճիշդ ա՛յս առումով, եղաւ առաքեալը հայ ազգային որակի եւ Հայաստան Աշխարհի ՀԱՅԱՑՄԱՆ՝ ինքնամաքրման եւ որակական բարձրացման մեծ մարտահրաւէրին արժանաւորապէս ընդառա՛ջ քալելով, յաղթակա՛ն սլացք նուաճելով։

Ծնած Թիֆլիս՝ 1873ի Մարտ 24ին, Նիկոլ Աղբալեան համեստ ընտանիքի զաւակ էր։
Թիֆլիսի «Ներսիսեան» վարժարանը եւ Էջմիածնի «Գէորգեան» Ճեմարանը աւարտելէ ետք, նուիրուեցաւ ուսուցչութեան եւ գրական-քննադատական յօդուածներով կանոնաւորաբար աշխատակցեցաւ ատենի թիֆլիսեան հեղինակաւոր «Մուրճ» ամսագրին՝ անմիջապէս ուշադրութիւն գրաւելով եւ հռչակի արժանանալով։
Հակառակ նիւթական իր անձուկ պայմաններուն, ան ամէն ճիգ թափեց եւ յաջողեցաւ բարձրագոյն ուսման դասընթացքներու հետեւիլ Մոսկուայի, Փարիզի եւ Լօզանի համալսարաններուն մէջ։
Երիտասարդ տարիքէն Աղբալեան միացաւ Դաշնակցութեան եւ իր ամբողջ կեանքն ու հասարակական գործունէութիւնը կապեց իր պաշտած կուսակցութեան հետ, որուն հոգեմտաւոր եւ բարոյական աւանդներու ստեղծման մէջ անզուգական ներդրում ունեցաւ։
1900ականներու սկզբնաւորութեան, Նիկոլ Աղբալեան արժանաւորապէս իրագործեց հայոց հոգեմտաւոր աշխարհի հայացման իր առաքելութեան առաջին փուլը․- Հունաւորե՛ց ռուսական եւ եւրոպական ազատախոհ ու յառաջադէմ արժէքներով հայ գրական-մշակութային կեանքը պատուաստելու եւ վերաշխուժացնելու ազգային ուղին։
Իր անբաժան զինակից Յովհաննէս Թումանեանի հետ՝ Աղբալեան յառաջապա՛հը եղաւ Թիֆլիսի հայ երիտասարդ մտաւորականութեան «Վերնատան հանդիպումներ»ու կազմակերպումին եւ աշխուժացումին։
Աղբալեան դարձաւ դրօշակիրը քսաներորդ դարասկիզբի հոգեմտաւոր այն մեծ շարժումին, որ հայոց բազմադարեան հարստութեան վերանորոգումին մէջ տեսաւ եւ արմատաւորեց վաղուան հայ մշակոյթի որակական ոստումին ակունքները։
1909էն 1912, Աղբալեան վարեց Թեհրանի հայոց ազգային վարժարանի տնօրէնութիւնը, իսկ 1913ին՝ Թիֆլիս վերադառնալով՝ Արշակ Ջամալեանի հետ խմբագրեց Հ.Յ.Դ. պաշտօնաթերթ «Հորիզոն»ը, որ մինչեւ Հայաստանի անկախութեան կերտումն ու Հանրապետութեան հռչակումը արեւելահայ իրականութեան մէջ կատարեց հանրային լուսաւորումի մեծ գործ՝ ամբողջացնելով առաքելութիւնը Պոլսոյ Հ.Յ.Դ. պաշտօնաթերթ «Ազատամարտ»ի, որ արեւմտահայ իրականութեան մէջ մտաւորական վերածնունդի հնոցը հանդիսացած էր։

Առաջին Աշխարհամարտի բռնկումին հետ, Նիկոլ Աղբալեան յառաջամարտիկներէն եղաւ Հայոց Ազգային Խորհուրդի ստեղծումին՝ իր հեղինակութիւնն ու կազմակերպական շնորհը ծառայեցնելով Հայ Կամաւորական Շարժման կազմակերպումին ու յաղթարշաւին։
Իսկ երբ ռուսական զօրքերու նահանջին հետ Արարատեան Դաշտը լեցուեցաւ արեւմտահայ գաղթականութեամբ, Աղբալեան հոգածու հօր անձնուիրումով՝ փարեցաւ գաղթականներու պատսպարման, սնման եւ բուժման դժուարին գործին։
Հայաստանի անկախացումով՝ ան պատգամաւոր ընտրուեցաւ յաջորդաբար Հայաստանի Խորհուրդին եւ Հայաստանի Խորհրդարանին (1918 եւ 1919ին)՝ պատմական նշանակութեամբ մեծ ներդրում ունենալով Հայաստանը թաթարներէ մաքրելու գործին մէջ, Ռուբէնի հետ միասնաբար։
1919էն սկսեալ, Ալ. Խատիսեանի կառավարութեան մէջ ստանձնելով Լուսաւորութեան նախարարի պատասխանատուութիւնը՝ Աղբալեան հիմը դրաւ Երեւանի Պետական Համալսարանին, ինչպէս եւ ստանձնեց պետական հովանաւորութիւնը նորահաս արժէքներու, մինչեւ անգամ Չարենցի օրինակով օրուան դաշնակցական իշխանութեանց հակադրուած այլախոհ գրողներու եւ մտաւորականներու, ի խնդիր հայ մշակոյթի եւ արուեստի պետական ծաղկումին։
Հայաստանի խորհրդայնացումէն ետք Աղբալեան իր կարգին, Փետրուար 9ին, ձերբակալուեցաւ եւ բանտ նետուեցաւ պոլշեւիկներու կողմէ, որոնց գործադրած չարչարանքներէն եւ հաւատաքննչական խժդժութիւններէն փրկուեցաւ միայն Փետրուարեան համաժողովրդական ապստամբութեան շնորհիւ, երբ ըմբոստացած ժողովուրդը խուժեց բանտերը եւ պոլշեւիկեան կապանքներէն ազատ արձակեց իր պաշտած հերոսներն ու հեղինակութիւնները։

Ապստամբութեան ընկրկումէն ետք եւ Հանրապետութեան դաշնակցական ղեկավարութեան երկրէն հեռացումին հետ, Աղբալեան անցաւ Ատրպատական, ուրկէ՝ կարճ ժամանակ ետք՝ մեկնեցաւ Աղեքսանդրիա, Եգիպտոս։
Մինչեւ 1928, մանկավարժական գործունէութիւն ծաւալեց Եգիպտոսի մէջ, ուր Լեւոն Շանթի հետ նախաձեռնեց «Հայ Կրթական եւ Հրատարակչական Համազգային Միութեան» հիմնադրութեան։ Այնուհետեւ՝ երկուքով անցան Պէյրութ (Լիբանան), ուր 1930ին հիմնեցին Համազգայինի «Հայ Ճեմարան»ը։
Մինչեւ իր մահը՝ 15 Օգոստոս 1947, Լեւոն Շանթի կողքին անխոնջ կանգնած՝ Աղբալեան ծաւալեց ե՛ւ մանկավարժական, ե՛ւ հայագիտական եռուն գործունէութիւն։
Դասաւանդեց Հայ Գրականութեան Պատմութիւն, Գրաբար Հայերէն եւ Հայ Մատենագիտութիւն։
Նաեւ՝ Ժողովրդային Լսարաններ կազմակերպեց, որպէսզի տարագիր ու գաղթական հայութեան լայն բազմութիւններուն մէջ սերմանէ հայ մշակոյթին եւ արուեստին պաշտամունքը։
Այդ տարիներու իր տքնաջան աշխատանքին արգասիքը եղան գրական-քննադատական, բանասիրական եւ ազգային-գաղափարաբանական արժէքաւոր գործեր։ Այդ շարքին՝ «Սայաթ-Նովա» մենագրութիւնը, «Հայ Մատենագիտութիւն» դասագիրքը, «Մտածումներ Հ.Յ.Դաշնակցութեան մասին» կոթողական աշխատութիւնը ու համազգային հնչեղութեամբ առանձին դէմքերու եւ դրուագներու նուիրուած իր արժէքաւոր յօդուածները։

Առիթով մը եւ Ճեմարանի առաքելութեան անդրադառնալով՝ Աղբալեան գրած է, թէ՝«Ճեմարանը մի տաճար է, ուր կ’աղօթեն հայ մշակոյթի սուրբերուն»։
Հայացման մեծ առաքեալին համար, խորքին մէջ, Հայաստանն ու հայ ժողովուրդն էին այդ «Ճեմարան»ը, ուր Աղբալեան Մեծ Հայուն անձը, կեանքն ու վաստակը անլռելի աղօթք մը եղան ի պահպանութիւն, օրհնութիւն եւ վերամկրտութիւն հայ հոգիի սրբութիւններուն։
Այդ ներշնչումով ալ Հայկական Յեղափոխութեան գաղափարական եւ բարոյական արժէքներուն անկրկնելի մեկնաբանն ու քարոզիչը հանդիսացաւ Աղբալեան, որ ԴԱՇՆԱԿՑԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ սորվեցուց իրերայաջորդ սերունդներու, շարքային կուսակցականներ ըլլան անոնք թէ Հ․Յ․Դ․ համակիր հայորդիներ, պատգամելով բոլորին՝

«Դաշնակցականն իր անձին մէջ վերակազմում է նոր հայութեան տիպարը, բորբոքելով ժառանգական արութեան կայծերը, որ մնացած են անթեղուած եւ յարաճուն խիզախութեամբ խարանելով ու սպիացնելով ժառանգական ստրկութեան վէրքերը։
«Այս բարոյական յեղաշրջումը ամէնից աւելի յատկորոշ գիծն է մեր կուսակցութեան։
«Սասունցի Դաւթի աւանդական տիպարն է, որ [կուսակցութիւնը – Ն.] կենդանացնում է «դաշնակցական»ի մէջ՝ յեղաշրջելով մի դարաւոր մտայնութիւն։ Այս յեղաշրջման ճամբին «դաշնակցական»ը կորցնում է շատ անձնական շահեր եւ խզում է շատ թանկագին կապեր, բայց նրա աչքին չեն երեւում այդ կորուստները, որովհետեւ մի կողմից խթանում է Կանոնագրի [դաշնակցականի երդման մէջ սահմանուած] պահանջը՝ «ամէն ջանք թափել», որին նա յանձնառու է դարձած, միւս կողմից կշտամբում կամ քաջալերում է նահատակ ընկերների թանկագին յիշատակը, որ հսկում է անմար. Ընկերներ՝ որ ոչ մէկ բանով պակաս էին նրանից եւ յաճախ շատ բանով առաւել, եւ որոնք սակայն մեռան պայքարի ճամբին, կուսակցութեան դրօշը թողնելով իրան։
«Դաշնակցականն այսպիսով մի ուրոյն բարոյական աշխարհ է, ուրոյն ըմբռնումներով ու բարքերով, որ ստեղծում եւ սնուցանում է ուրոյն տիպարներ։
«Համեմատեցէք ուրիշ քաղաքական կուսակցութիւններ նրա հետ եւ կը տեսնէք անդնդախոր տարբերութիւնը։
«Սա ոչ թէ շահակից անձերի միութիւն է, այլ արիացող տիպարների ընկերութիւն։
«Այստեղ ոչ թէ անձնական եւ նիւթական շահն է, որ կապում է մարդկանց, այլ բարոյական ուխտի նոյնութիւնն է, որ դարձնում է ընկեր եւ Ծրագիր-Կանոնագրի միութիւնը՝ համընթաց»։

Ընդգրկուն այսպիսի՛ խոհականութեամբ եւ աշխարհայեացքով՝ Նիկոլ Աղբալեան հայ ժողովուրդի երկնակամարին վրայ ճառագայթեց իբրեւ գաղափարական ամուր նկարագրի, բարոյական անեղծ վարքի եւ համազգային լայնախոհութեան տէր առաքեալը։
Հայ հոգիի եւ Հայաստան Աշխարհի որակաւորման եւ հայացման դրօշակիրը։
Իր ծննդեան150ամեակին առիթով՝ Ն. Աղբալեանի անձով, գործով ու մտածումներով հաղորդուելու յուշատետրի այս կարճ պահը կ’արժէ եզրափակել Աղբալեան Իրա՛ւ Մարդուն բնորոշ մտածումի հետեւեալ շիթերով՝ սիրոյ, մարդկայնականութեան, ընկերային համերաշխութեան, անկեղծութեան եւ փոխադարձ յարգալիրութեան մասին.

«… Մեր անհատապաշտ դարում յաճախ է պատահում, որ մարդիկ ընկերանում են՝ առանց մտածելու, թէ ընկերութիւնը փոխադարձ զիջում է, որ կա՛մ պէտք է սիրով կատարել, կա՛մ արդարութեամբ: Լաւ է, անշո՛ւշտ, որ սիրով կատարուի, այն ժամանակ հաշիւ չի պահուի, ինչպէս մայրն իր երեխայի հանդէպ, բայց գոնէ արդարութեամբ պէտք է զիջեն կողմերը, որ կարենան հաշտ ընթանալ: Զուր չէ, որ լուծ են ասել ամուսնութեան մասին, կամովին առած լուծ՝ կեանքի ակօսը վարելու: Բարդ է նոր մարդու հոգին եւ շատ զգայուն, սէրն անշուշտ ամենագէտ է եւ կարող է ամէն սուր անկիւն մաշել մեղմօրէն, բայց սէրն այնքան նոյնացած է հիմա սեռի հետ, որ անտեսւում է եւ մարդու աչքին երեւում է, որ կարող է կորցնել իր թարմութիւնը: Մարդը սիրելով կին պէտք է առնել եւ ոչ կին սիրելով մարդ որոնել նրա մէջ: Երբ մարդը սիրուի կնոջ մէջ՝ նա վախ չունի տարիքից, որին օգնել չեն կարող ո՛չ հագուստի նոր ձեւը եւ ոչ շպարը…

«Երկար ապրելու չէք. ամենաշատը հարիւր տարի. ուրիշ անգամ աշխարհ գալու չէք. ա՛յս է, որ կայ. յետոյ գալու է յաւերժական խաւար եւ հանգիստ: Պէտք է խաղաղ ու սիրով անցնել կարճ ճամբան. հաշտ ու համերաշխ: Եթէ մարդիկ սովորութիւն դարձնեն վշտի, բարկութեան, սրտնեղութեան եւ սրանց նման պահերին անդրադառնալ, որ առջեւները մահ կայ՝ ամէն ինչ կը դիւրանայ եւ անսահման ներողամտութեամբ կը համակուեն ու թեթեւ կ’ապրեն այս աշխարհում: Ոմանք սարսափում են մահից, իմ աչքում նա մի մեծ բարիք է, որ անհունօրէն բարձրացնում է ամէն մի վայելքի եւ հաճոյքի արժէքը:
«Եթէ մտածենք, որ այսօրը անցնում է եւ վերադարձ չունի՝ պիտի զղջանք, որ այդ անցնող օրը դառնութիւն բերեց մեր պատճառով սրան կամ նրան, բայց մանաւանդ մեր սիրածին:
«Ինչ պիտի տար սրտնեղութիւնը, վիրաւորանքը, անուշադրութիւնը, արհամարհանքը, մռայլ կնճիռը, զայրացկոտ խօսքը, յարգանքի պակասը, հնարաւորի մերժումը եւ սրանց նման աննշան բաները, որ խանգարում են սիրած մարդոց ներդաշնակութիւնը. յաւիտեան ապրելո՞ւ ենք, միշտ երիտասա՞րդ պիտի մնանք, դիւրի՞ն է լաւ կին ու բարեկամ գտնելը. տիեզերական ուժերը վարում են մեզ դէպի մահ, ինչո՞ւ իրար սիրտ կոտրենք այդ խուճապի մէջ, ինչո՞ւ իրար չօգնենք, իրար վրայ չգուրգուրանք, իրար չսիրենք, խէթ-խէթ իրար նայելով, իրար զարկելով, իրար սիրտ կոտրելով՝ աւելի դանդա՞ղ պիտի վարէ տիեզերքը մեզ դէպի մահ, նա՝ որ չգիտէ իսկ, թէ մարդիկ սիրել ու ապրել գիտեն»…

Գրառումը՝ Նազարեթ Բերբերյանի ֆեյսբուքյան էջից։

    

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *