18 C
Yerevan

Դաշնակցության Այբուբե­նը

Ազգա­յին Հարցի ծագումը մենք չենք կապեր քաղքե­նի հասա­րա­կարգի ձեւաւո­րումին հետ, որովհե­տեւ ազգե­րու շահա­գործման երեւոյթը ընկե­րա­ցած է մարդկա­յին քաղա­քակրթութեան բոլոր հանգրուաննե­րուն։

Նազա­րեթ Բերբերյան

Այբուբեն

ԱԶԳԵՐՈՒ ՇԱՀԱԳՈՐԾՄԱՆ ՉԱՐԻՔԸ ԵՒ ՔՐԻՍՏԱՓՈՐԻ «ՅԱՒԵԼԵԱԼ ԱՐԵԱՆ» ՏԵՍՈՒԹԻՒՆԸ

ԽԱԺԱԿ

Մարդկա­յին աշխա­տանքի եւ աշխա­տաւոր դասա­կարգե­րու շահա­գործման վրայ հիմնուած ընկե­րա­յին տարբեր դրութիւննե­րու թւումը եւ դատա­պարտումը կատա­րե­լէ ետք, Հ.Յ.Դ. Ծրա­գի­րը կը կատա­րէ ախտա­ճա­նա­չումը հասա­րա­կա­կան վէրքի մը. որմէ ամէ­նէն աւե­լի տուժած է յատկա­պէս հայ ժողո­վուրդը։
Քրիստա­փո­րի «յաւե­լեալ արեան» տեսութեան ընկերվա­րա­կան բանա­ձեւումն է ատի­կա եւ կը վերա­բե­րի աշխարհա­կա­լա­կան-կայսե­րա­պե­տա­կան այն դրութեան, որ հաստա­տուած է «միջազգա­յին մակարդա­կի վրայ»՝ ամբողջ ազգե­րու շահա­գործման ճամբով։
Հիմնա­դիր Մեր Երրորդութեան երի­ցա­գոյն անդա­մը ըստ ամե­նայնի կը լուծէր դաշնակցա­կան մտքի դիմագրաւած ամէ­նէն կնճռոտ խնդի­րը, երբ յանուն մարքսա­կա­նութեան օր ու գիշեր «յաւե­լեալ արժէք»ի տեսութիւններ մշա­կող եւ որո­ճա­ցող մեր ընդդի­մա­խօսնե­րուն ուշադրութեան կը յանձնէր, որ նոյնինքն ընկերվա­րա­կան աշխարհա­յեացքով ո՛չ ոք իրաւունք ունի անտարբեր մնա­լու հայ ժողո­վուրդին պարտադրուած «յաւե­լեալ արեան» տուրք վճա­րե­լու ստրկացման իրա­վի­ճա­կին հանդէպ։
Քրիստա­փո­րի առա­ջադրած լուծումը, անկախ հայ ժողո­վուրդի ազգա­յին-քաղա­քա­կան իրադրութե­նէն թելադրուած ըլլա­լու իր հանգա­մանքէն, նաեւ կը ներշնչուէր ընկերվա­րա­կան շարժումի հրա­մա­յա­կաննե­րէն։
Յանուն աշխա­տաւորնե­րու ազա­տագրութեան ծաւա­լած համաշխարհա­յին պայքա­րը փաստօ­րէն ամէն քայլա­փո­խի կը բախէր քաղքե­նի իշխա­նութեանց յարուցած խոչընդոտնե­րուն, որոնց շարքին իրենց բախտո­րոշ նշա­նա­կութիւնը ունէին տարբեր ազգե­րու եւ ժողո­վուրդնե­րու միջեւ հրահրուած ատե­լութիւննե­րը, թշնա­մութիւննե­րը եւ արուեստա­կան վէճե­րը։

Մինչեւ Քրիստա­փո­րի ժամա­նա­կաշրջա­նը, ընկերվա­րա­կան մտա­ծո­ղութիւնը անհրա­ժեշտ կենսա­փորձը դեռ չունէր՝ ազգե­րու շահա­գործման չարի­քին համա­պա­տասխան արժէ­քը եւ կարեւո­րութիւնը ընծա­յե­լու համար։
Առաւե­լա­գոյն պարա­գա­յին՝ գերե­վա­րուած ժողո­վուրդնե­րուն հանդէպ զօրակցութեան արտա­յայտութիւննե­րով, Ընկերվար Միջազգայնա­կա­նի առաջնորդ Կաուցկի­նե­րը կը շրջանցէին Ազգա­յին Հարցի կնճի­ռը՝ քաղքե­նիութեան հաստա­տած գաղթա­տի­րութեան մէջ տեսնե­լով միայն տնտե­սա­կան նոր շուկա­նե­րու համար մղուող մրցակցութիւն։
Աւե­լի ծանրակշի­ռը՝ նոյնինքն Լենին, «Կայսե­րա­պաշտութիւնը՝ դրա­մա­տի­րութեան վերջին փուլը» խորագրեալ իր դասա­կա­նա­ցած գործին մէջ, պարզա­պէս դասա­կարգա­յին շահա­գործման աւե­լի բարդ ու կատա­րե­լա­գործուած եղա­նակ մը կը տեսնէր աշխարհա­կա­լութեան-կայսե­րա­պե­տութեան մէջ, առանց ընդունե­լու կամ խոստո­վա­նե­լու Ազգա­յին Գործօ­նին դերա­կա­տա­րութիւնը համա­պարփակ արժեւորման ենթարկե­լու հրա­մա­յա­կա­նը։
Բայց ժամա­նա­կը, յատկա­պէս քսա­նե­րորդ դարու վերջին քառորդին հոլո­վոյթը եկաւ շեշտե­լու, որ դասա­կարգե­րու եւ ազգե­րու շահա­գործման միջեւ փոխազդե­ցութեան օրի­նա­չա­փութիւն մը տեսնե­լու դաշնակցա­կան մօտե­ցումը շատ անդին կ’անցնի միայն հայ ժողո­վուրդին յատուկ կենսա­փորձի մը սահմա­նա­փա­կումէն։
Եւ իր բանա­ձեւումով՝ մեր Ծրա­գի­րը տեսա­կան մեկնա­կէ­տի ամբողջ հիմնաւո­րում մը կու տայ «յաւե­լեալ արժէք»ի չարի­քին հետ «յաւե­լեալ արեան» շահա­գործման եւս ընկերվա­րա­կա­նօ­րէն նոյնքան ուշադրութիւն ընծա­յե­լու քրիստա­փո­րեան պահանջին, երբ կ’ընդգծէ որ՝
«Միջազգա­յին մակարդա­կի վրայ, տնտե­սա­կան եւ զինուո­րա­կան կարեւոր ուժի տիրա­ցած ցեղա­պետնե­րու եւ վեհա­պետնե­րու աշխարհա­կա­լա­կան տրա­մադրութիւննե­րը, նիւթա­կան հարստութեան ամբարման թէ անսահմա­նա­փակ մենա­տի­րութեան ձգտումնե­րը, ցեղա­պաշտութիւնը, ինչպէս նաեւ մեծ պետութեանց տնտե­սա­կան եւ քաղա­քա­կան շահա­մո­լութիւնը — գաղութա­տի­րութիւն, կայսե­րա­պաշտութիւն, ռազմա­պաշտութիւն, ընկե­րա­յին-տնտե­սա­կան դրութեանց բռնի պարտադրանք եւայլն -, այս բոլո­րը զանա­զան ձեւե­րով պատճառ դարձած են, որ նաեւ ամբողջ ժողո­վուրդներ ենթարկուին շահա­գործող սակաւա­պե­տութեան մը սանձարձակ քմայքին կամ յաճախ անմարդկա­յին վերա­բերմունքին»։

Ազգա­յին Հարցի ընկալման եւ արժեւորման մէջ դաշնակցա­կա­նօ­րէն մտա­ծե­լու եւ ըստ այնմ առաջնորդուե­լու մեկնա­կէտ է, միա­ժա­մա­նակ, Հ.Յ.Դ. Ծրագրով իսկ կատա­րուած այս վերլուծումը՝ աշխարհա­կա­լութեան կազմաւորման եղե­լոյթին մասին։
Այսինքն՝ Ազգա­յին Հարցի ծագումը մենք չենք կապեր քաղքե­նի հասա­րա­կարգի ձեւաւո­րումին հետ, որովհե­տեւ ազգե­րու շահա­գործման երեւոյթը ընկե­րա­ցած է մարդկա­յին քաղա­քակրթութեան բոլոր հանգրուաննե­րուն։
Միա­ժա­մա­նակ՝ չենք ընդունիր Ազգա­յին Հարցը ինքնա­բե­րա­բար լուծուած յայտա­րա­րե­լու գաղա­փա­րա­խօ­սութիւնը բոլոր անոնց, որոնք ընկերվա­րութեան համար մղուող պայքարնե­րու ընթացքին նախա­պայմա­նի արժէք չեն տար ազգե­րու անկա­խութեան իրաւունքին։
Ազգե­րու անկա­խութեան իրաւունքին համընդհա­նուր նուի­րա­գործումո­վը միայն ընկերվա­րութիւնը կրնայ իրա­գործել բոլոր ճնշեալնե­րու ազա­տագրման ծառա­յող շարժումի իր կոչումը։
Եւ միայն ա՛յս մեկնա­կէ­տով ազգե­րու շահա­գործումը արժա­նի իր տեղը կը գտնէ շարքին այն չարիքնե­րուն, որոնք կ’արգելակեն տնտե­սա­քա­ղա­քա­կան եւ ընկե­րամշա­կութա­յին իրաւունքնե­րու եւ առիթնե­րու միջեւ հաւա­սա­րութեան ձգտող ազա­տա­տենչ մարդկութեան երթը։

Գրա­ռումը՝ Նազա­րեթ Բերբերյանի ֆեյսբուքյխն էջից։

Առնչվող Հոդվածներ