Ազգային Հարցի ծագումը մենք չենք կապեր քաղքենի հասարակարգի ձեւաւորումին հետ, որովհետեւ ազգերու շահագործման երեւոյթը ընկերացած է մարդկային քաղաքակրթութեան բոլոր հանգրուաններուն։
Նազարեթ Բերբերյան
Այբուբեն
ԱԶԳԵՐՈՒ ՇԱՀԱԳՈՐԾՄԱՆ ՉԱՐԻՔԸ ԵՒ ՔՐԻՍՏԱՓՈՐԻ «ՅԱՒԵԼԵԱԼ ԱՐԵԱՆ» ՏԵՍՈՒԹԻՒՆԸ
ԽԱԺԱԿ
Մարդկային աշխատանքի եւ աշխատաւոր դասակարգերու շահագործման վրայ հիմնուած ընկերային տարբեր դրութիւններու թւումը եւ դատապարտումը կատարելէ ետք, Հ.Յ.Դ. Ծրագիրը կը կատարէ ախտաճանաչումը հասարակական վէրքի մը. որմէ ամէնէն աւելի տուժած է յատկապէս հայ ժողովուրդը։
Քրիստափորի «յաւելեալ արեան» տեսութեան ընկերվարական բանաձեւումն է ատիկա եւ կը վերաբերի աշխարհակալական-կայսերապետական այն դրութեան, որ հաստատուած է «միջազգային մակարդակի վրայ»՝ ամբողջ ազգերու շահագործման ճամբով։
Հիմնադիր Մեր Երրորդութեան երիցագոյն անդամը ըստ ամենայնի կը լուծէր դաշնակցական մտքի դիմագրաւած ամէնէն կնճռոտ խնդիրը, երբ յանուն մարքսականութեան օր ու գիշեր «յաւելեալ արժէք»ի տեսութիւններ մշակող եւ որոճացող մեր ընդդիմախօսներուն ուշադրութեան կը յանձնէր, որ նոյնինքն ընկերվարական աշխարհայեացքով ո՛չ ոք իրաւունք ունի անտարբեր մնալու հայ ժողովուրդին պարտադրուած «յաւելեալ արեան» տուրք վճարելու ստրկացման իրավիճակին հանդէպ։
Քրիստափորի առաջադրած լուծումը, անկախ հայ ժողովուրդի ազգային-քաղաքական իրադրութենէն թելադրուած ըլլալու իր հանգամանքէն, նաեւ կը ներշնչուէր ընկերվարական շարժումի հրամայականներէն։
Յանուն աշխատաւորներու ազատագրութեան ծաւալած համաշխարհային պայքարը փաստօրէն ամէն քայլափոխի կը բախէր քաղքենի իշխանութեանց յարուցած խոչընդոտներուն, որոնց շարքին իրենց բախտորոշ նշանակութիւնը ունէին տարբեր ազգերու եւ ժողովուրդներու միջեւ հրահրուած ատելութիւնները, թշնամութիւնները եւ արուեստական վէճերը։
Մինչեւ Քրիստափորի ժամանակաշրջանը, ընկերվարական մտածողութիւնը անհրաժեշտ կենսափորձը դեռ չունէր՝ ազգերու շահագործման չարիքին համապատասխան արժէքը եւ կարեւորութիւնը ընծայելու համար։
Առաւելագոյն պարագային՝ գերեվարուած ժողովուրդներուն հանդէպ զօրակցութեան արտայայտութիւններով, Ընկերվար Միջազգայնականի առաջնորդ Կաուցկիները կը շրջանցէին Ազգային Հարցի կնճիռը՝ քաղքենիութեան հաստատած գաղթատիրութեան մէջ տեսնելով միայն տնտեսական նոր շուկաներու համար մղուող մրցակցութիւն։
Աւելի ծանրակշիռը՝ նոյնինքն Լենին, «Կայսերապաշտութիւնը՝ դրամատիրութեան վերջին փուլը» խորագրեալ իր դասականացած գործին մէջ, պարզապէս դասակարգային շահագործման աւելի բարդ ու կատարելագործուած եղանակ մը կը տեսնէր աշխարհակալութեան-կայսերապետութեան մէջ, առանց ընդունելու կամ խոստովանելու Ազգային Գործօնին դերակատարութիւնը համապարփակ արժեւորման ենթարկելու հրամայականը։
Բայց ժամանակը, յատկապէս քսաներորդ դարու վերջին քառորդին հոլովոյթը եկաւ շեշտելու, որ դասակարգերու եւ ազգերու շահագործման միջեւ փոխազդեցութեան օրինաչափութիւն մը տեսնելու դաշնակցական մօտեցումը շատ անդին կ’անցնի միայն հայ ժողովուրդին յատուկ կենսափորձի մը սահմանափակումէն։
Եւ իր բանաձեւումով՝ մեր Ծրագիրը տեսական մեկնակէտի ամբողջ հիմնաւորում մը կու տայ «յաւելեալ արժէք»ի չարիքին հետ «յաւելեալ արեան» շահագործման եւս ընկերվարականօրէն նոյնքան ուշադրութիւն ընծայելու քրիստափորեան պահանջին, երբ կ’ընդգծէ որ՝
«Միջազգային մակարդակի վրայ, տնտեսական եւ զինուորական կարեւոր ուժի տիրացած ցեղապետներու եւ վեհապետներու աշխարհակալական տրամադրութիւնները, նիւթական հարստութեան ամբարման թէ անսահմանափակ մենատիրութեան ձգտումները, ցեղապաշտութիւնը, ինչպէս նաեւ մեծ պետութեանց տնտեսական եւ քաղաքական շահամոլութիւնը – գաղութատիրութիւն, կայսերապաշտութիւն, ռազմապաշտութիւն, ընկերային-տնտեսական դրութեանց բռնի պարտադրանք եւայլն -, այս բոլորը զանազան ձեւերով պատճառ դարձած են, որ նաեւ ամբողջ ժողովուրդներ ենթարկուին շահագործող սակաւապետութեան մը սանձարձակ քմայքին կամ յաճախ անմարդկային վերաբերմունքին»։
Ազգային Հարցի ընկալման եւ արժեւորման մէջ դաշնակցականօրէն մտածելու եւ ըստ այնմ առաջնորդուելու մեկնակէտ է, միաժամանակ, Հ.Յ.Դ. Ծրագրով իսկ կատարուած այս վերլուծումը՝ աշխարհակալութեան կազմաւորման եղելոյթին մասին։
Այսինքն՝ Ազգային Հարցի ծագումը մենք չենք կապեր քաղքենի հասարակարգի ձեւաւորումին հետ, որովհետեւ ազգերու շահագործման երեւոյթը ընկերացած է մարդկային քաղաքակրթութեան բոլոր հանգրուաններուն։
Միաժամանակ՝ չենք ընդունիր Ազգային Հարցը ինքնաբերաբար լուծուած յայտարարելու գաղափարախօսութիւնը բոլոր անոնց, որոնք ընկերվարութեան համար մղուող պայքարներու ընթացքին նախապայմանի արժէք չեն տար ազգերու անկախութեան իրաւունքին։
Ազգերու անկախութեան իրաւունքին համընդհանուր նուիրագործումովը միայն ընկերվարութիւնը կրնայ իրագործել բոլոր ճնշեալներու ազատագրման ծառայող շարժումի իր կոչումը։
Եւ միայն ա՛յս մեկնակէտով ազգերու շահագործումը արժանի իր տեղը կը գտնէ շարքին այն չարիքներուն, որոնք կ’արգելակեն տնտեսաքաղաքական եւ ընկերամշակութային իրաւունքներու եւ առիթներու միջեւ հաւասարութեան ձգտող ազատատենչ մարդկութեան երթը։
Գրառումը՝ Նազարեթ Բերբերյանի ֆեյսբուքյխն էջից։