26 C
Yerevan

Մեծ Մարդը

Մեր վերջին վեց տարուան պատմութիւնը՝
տխուր նկա­րագրութիւնը մեզ հետ կատա­րուա­ծի,
Քրիստա­փո­րի օրօք եւ նրա­նից յետոյ կը դառնայ պատմութիւնը այն բանի, ինչ որ մենք կը կատա­րենք մեր թշնա­մի­նե­րի հետ: Քրիստա­փո­րը կը փրկէ հայ պատմութեան արժա­նա­պատւութիւնը:

Գարե­գին Նժդեհ

Նժդե­հի ճառը‘ արտա­սա­նուած 1924 թուա­կա­նին,
Սոֆիա­յի գերեզմա­նա­տան մեջ,
Քրիստա­փոր Միքա­յէ­լեա­նի յուշարձա­նի բացման առթիւ:

«Մեծ մարդը.- Դա սպա­սուե­լիք օգնութիւնն է, մխի­թա­րութիւնը: Մեսիան, որ ժամա­նակնե­րի մայրը երբեմն-երբեմն աշխարհ կ’ուղարկէ այս կամ այն ժողովրդի եւ մարդկութեան համար:

Մեծ մարդը.- Պարզա­տես, վշտա­կիր, հերոս երեւա­լով հոգե­կա­նօ­րէն կը փոխի իր միջա­վայրը: Նրա­նով կ’արժէքաւորուի, կ’իմաստանայ, կը վեհա­նայ կեանքը:
Նրա խօսքը կ’ազդէ որպէս հրա­շէկ կայծբռնկեցնելով իրեն հետ առնչուղ սրտերն ու զգացումները: Նրա ներկայութիւնը կ’ազնուացնէ, կը թեւաւորէ, կը գօտեպնդէ հոգիները: Նրա շնորհիւ անկարելին կը դառնայ միայն դժուարին, դժուարինը կարե­լի: Երազնե­րը կը դառնան նպա­տակ, նպա­տակնե­րը‘ իրա­կա­նութիւն: Կը փոխէ ժողո­վուրդի հոգե­բա­նութիւնը, ճակա­տա­գի­րը, պատմութիւնը:

Մեծ մարդը.- Դա Աստուած է, միայն այն տարբե­րութեամբ,
որ դա իրեն Աստուած կը զգայ միայն իր կեանքի որոշ վայրկեաննե­րում եւ որպէս այդպի­սին կը կերտէ իր յաւերժա­կան, իր աստուա­ծարժան գործե­րը:

Այդպի­սին էր Քրիստա­փո­րը‘ Հայկա­կան Պրո­մե­թէ­յը,
մեր Յեղա­փո­խութեան արա­րի­չը, մեծ առա­քեա­լը, մեծ վրի­ժա­կը:

Քրիստա­փո­րի հոգու եւ գործի մեծութիւնը պատկե­րացնել կարե­նա­լու համար, դառնանք, մի վայրկեան, վերա­դառնանք
մեր Յեղա­փո­խութեան նախօ­րեա­կը‘ տեսնենք, թէ ի՞նչ էինք երէկ:

Աշխարհի ամե­նէն անի­ծա­պարտ բռնա­պե­տութեան
արնոտ ձեռքով կը խաչուէր հայ ժողո­վուրդը:

Գողգո­թա­յէն‘ Արեւմտա­հա­յաստա­նէն կը բարձրա­նար աղա­ղա­կը հաւա­քա­վառ խաչե­ցեա­լի.- օգնութիւն, փրկութիւն ինձ:

Իսկ մարդկութիւնը‘ յանցաւոր ու անտարբեր, կը պատասխա­նէր.

  • Ծարա՞ւ ես, արբ արցունքդ…
  • Կոտորւո՞ւմ ես, ջրի չա՞փ էլ արժէք չունի արիւնդ‘
    դու ես մեղաւոր, որովհե­տեւ թոյլ ես…
  • Կողոպտւո՞ւմ ես, տէր չե՞ս վաստա­կիդ‘
    դու ես մեղաւոր, որովհե­տեւ թոյլ ես…
  • Շղթա­նե­րի մէ՞ջ կը ծնեն, կ’ապրեն, կը մեռնեն զաւակներդ‘
    դու ես մեղաւոր, որովհե­տեւ թոյլ ես…
  • Կա՞խ է գլուխդ, խոնա՞րհ է ճակատդ, բռնութեան լծի տակ երկտակուա՞ծ է մէջքդ, պատուիդ տէրը չե՞ս, ցեղիդ սրբա­զան լեզուէն օգտուե­լու իրաւունքն իսկ չունե՞ս, վաղո՞ւց է ինչ եկե­ղե­ցի­նե­րիդ զանգե­րի քաղցր ղօղանջը չես լսում, առանց իտէա­լի եւ վեհութեան կը սողա՞ս միայն , ստրո՞ւկ ես‘
    դու ես մեղաւոր, դու. ի՞նչը մղեց քեզ միամտօ­րէն հաւա­տա­լու ցնո­րա­պաշտ Նազովրե­ցու վսեմ, բայց վտանգաւոր խօսքին:
    Ո՞վ ասաց, որ թոյլը մեղաւոր չէ, որ թոյլ է, եւ որ ուժե­ղը երախտիք չունի, որ ուժեղ է: Դու խաբուած ես, ժողո­վուրդ, որ զոհն ես քրիստո­նէա­կան բարո­յա­խօ­սութեան, որ շարունա­կում է մնալ որպէս ներկ եւ շպար, որպէս քօղ եւ դիմակ ուժեղնե­րի
    հոգու համար: Թուլութիւնը, ասում է աշխարհը, ծնուած է սնուցա­նե­լու ուժը: Ուժն է ծնում իրաւունքը:
    Ուժե­ղին է աշխարհը, հայրե­նի­քը, ազա­տութիւնը եւ ամէն ինչ:
  • Ուզո՞ւմ ես վերջ տալ գերմարդկա­յին տառա­պանքիդ,
    որի Շէյքսփի­րը դեռ չէ յայտնուել: Ուզո՞ւմ ես վերջ տալ գողգո­թա­յիդ, որի վրայ որպէս յոյսի ժողո­վուրդ, կը մեռնես
    ամէն օր եւ չես մեռնի: Ուզո՞ւմ ես փրկուիլ. — եղի՛ր ուժեղ,
    քանզի թոյլե­րը բարե­կամ չունեն աշխարհում: Իսկ ուժիդ ապա­ցոյցը տալու համար, ցոյց տուր երկու բան. — առա­ջի­նը,
    որ գիտես մեռնել գիտակցօ­րէն, կռւում գործօն եւ իմաստա­լի մահով, երկրորդըոր գիտես մեռցնել: Ապացուցեցի՞ր այդ, ունեցա՞ր այդ երկու առաքինութիւնները, մասնաւորապէս առաջինը փրկուած ես:

Այս էր աշխարհը հայկա­կան գողգո­թա­յի հանդէպ:
Այսպէս կը պատասխա­նէր մարդկութիւնը մահուան դատա­պարտուած այս ժողո­վուրդին, որը չէր ուզէր մեռնիլ,
բայց չէր կարող եւ ապրել:

90-ական թուա­կաննե­րին ուժգնօ­րէն զգա­ցուեց Քրիստա­փո­րի շունչը: Նրա դրօ­շի տակ հաւա­քուած հասա­րա­կա­կան
բանա­կը- կուսակցութիւնը արդէն խռո­վել է մահուան լռութիւնը: Հոգե­պէս կը լարուի ժողո­վուրդը: Նրա որդի­նե­րը որպէս ապստամբ կը նետուին լեռնե­րը, արիա­բար կը չափուին բանակնե­րի հետկ’անգիտանան վտանգը, կ’արհամարհեն մահը, ժպիտը երեսներին կը բարձրանան կախաղանները, բաց ու բարձր ճակատով կ’երեւան աքսորի ճանապարհներին, կը պայթին մի շարք ապստամբութիւններ մէկը միւսէն հերո­սա­կան ու հիասքանչ, տեղի կ’ունենայ արշաւանքնե­րի
մի ամբողջ շարքմէկը միւսէն յանդուգն ու փառաւոր, օրէց օր կը խորանայ պայքարը, լեռների վրայ կը բազմանան յեղափոխական խմբերը, անհաւասար կռիւներում կը դարբնուի լեգենդար ֆետային, ազատամարտը կը ծնի հերոսներ, կը հարստացնի մեր ցեղի հերոսական մարտիրոսութիւնը, նրա փառատաճարը: Ի լրումն այդ բոլորի մի օր բռնակալի որջում Ստամպո­լում կը պայթի, կը գոռայ դժո­խա­յին մեքե­նան, Սուլթա­նասպա­նութեան փորձը , ծնունդ Քրիստա­փո­րի տիտա­նա­կան մտքի եւ զգա­ցումի, մի յանդուգն մահա­փորձ,
որի մասին եւրո­պա­կան «Ֆրանքֆուրտեր Ցայտունգ»ը կ’արձանագրէր. «Հայկա­կան ուժա­նա­կը դղրդեցրեց ոչ միայն Պոլի­սը, այլեւ ամբողջ աշխարհը»:

Հետեւա՞նքը:

Կրաւո­րա­կան նահա­տա­կութեան փոխա­րէն , նշան
մեր երէ­կուան թուլութեան , պատճա­ռը օտարնե­րի դէպի մեզ տածած սպա­նիչ արգա­հա­տանքի , մեր ժողովրդի վերջին տարի­նե­րի հերո­սա­կա­նը‘ արժէ­քը անկախ հայրե­նիք ունե­նա­լու իրաւունքի:

Քրիստա­փո­րը վառե­լով մեր ժողովրդի հոգու մէջ ինքնա­յարգանքի զգա­ցումը, կը դարձնէ նրան արժա­նի մարդկութեան յարգանքին:

Մարդկութեան պատմութիւնը այլ բան չէ, քան պատմութիւնը ազգե­րի արժա­նա­պատւութեան համար մղուած պայքա­րի: Շնորհուած արժէքնե­րի եւ արժա­նա­պատւութեան փոխա­րէն, ինքնա­նուաճ ազգա­յին արժա­նա­պատւութիւն ու ինքնաստեղծ արժէքներ: Այն, ինչ որ այսօր ունինք, այն, ինչ որ մեզ տուել է քաղա­քա­կան կշիռ, այն, ինչ որ շատ բան է աւե­լացրել
մեր ազա­տութեան արժա­նի համա­րուե­լու իրաւունքին,
չէ մոռա­ցուած, չէ շնորհուած‘ դա ձեռք է բերուած երկա­րա­տեւ
եւ հերո­սա­կան պայքա­րով:

Քրիստա­փո­րի շնորհիւ քաղա­քա­կան մուրա­ցի­կը
կը դառնայ մարտիկ:

Գաղթա­կա­նութիւննե­րը կամ կը կորչին, կամ կը յարմա­րուին օտար միջա­վայրին: Հայը բնաւեր‘ չի կորցնի իր ազգա­յին դիմա­գի­ծը, նա չի ապազգայնա­նայ, որովհե­տեւ մեծ հայու շնորհիւ իր հոգու մէջ եւ իր շուրջը կը կրի հոգեւոր հայրե­նի­քը, որովհե­տեւ օտար միջա­վայրե­րում հոգե­պէս կ’ապրի
իր հայրե­նի­քում:

Մեր վերջին վեց տարուան պատմութիւնը՝
տխուր նկա­րագրութիւնը մեզ հետ կատա­րուա­ծի,
Քրիստա­փո­րի օրօք եւ նրա­նից յետոյ կը դառնայ պատմութիւնը այն բանի, ինչ որ մենք կը կատա­րենք մեր թշնա­մի­նե­րի հետ: Քրիստա­փո­րը կը փրկէ հայ պատմութեան արժա­նա­պատւութիւնը:

Սեղմ ասածշնորհիւ Քրիստափորի օտար լծերի տակ ստրկօրէն հոգեվարող հոգեւոր հօտի փոխարէն այսօր կայ անկախ եւ ստեղծագործ քաղաքական ժողովուրդը եւ յաւիտենական արժէքներից Մայիս 28‑ը: Այսօր քսա­նե­րորդ դարա­շեմքում կանգնածհայութիւնը նախայեղափոխական շրջանի ստրուկների եւ առեւտրական միջնորդների արհամարհուած հօտը չէ, որին աշխարհը կը զլանար անկախութեան իրաւունքը, այլ մարդկութեան գնահատանքին արժանացած քաղաքական մի ժողովուրդ վիրաւոր, բայց ազատ հայրե­նիքն ունե­նա­լու իրաւունքը ձեռքին: Մի ժողո­վուրդ, որ Քրիստա­փո­րի թողած անմեռ արժէքնե­րի գիտակցութեամբ եւ պաշտա­մունքով
կը շարունա­կէ գոռալ մարդկութեան երե­սին.
«Ոչ ոքի ի վնաս, իմ եւ մարդկութեան երջանկութեան համար անկախ ապրիլ կ’ուզեմ»:

Փառք հայ ժողո­վուրդի հոգե­բա­նութիւնը, ճակա­տա­գի­րը
եւ պատմութիւնը վերաստեղծող մեծ Քրիստա­փո­րին:

Թող ապրին նրա թողած արժէքնե­րը»:

Գարե­գին Նժդեհ (Տէր-Յարութիւնեան,1886–1955)

«Հայաստան», Պլովտիվ, 1924, թիւ 29

Գրա­ռումը՝ Կարպիս Եսա­յեանի ֆեյսբուքյան էջից։

Առնչվող Հոդվածներ