21.9 C
Yerevan

Ապրիլ 7. Հայոց Մայրութեան Եւ Գեղեցկութեան Օրը

Ապրիլ 7ին, դարաւոր մեր աւանդութեանց մէջ պահպա­նուած Հայ Մօր սրբանկա­րին կողքին, կ’արժէ պահ մը հակիլ նաեւ սիրտ ճմլող եւ ցաւ պատճա­ռող վիճա­կագրա­կան այս մանրա­մասնութեան վրայ, որպէսզի Մայրութեան եւ Գեղեցկութեան Օրը ծառա­յէ ոչ միայն մեր անցեալ ուղին մեծա­րե­լու նպա­տա­կին, այլեւ մղիչ ուժը դառնայ մեր վաղուան պայծառ օրը նուա­ճե­լու հաւա­քա­կան պատասխա­նա­տուութեան եւ պարտաւո­րութեան։

Նազա­րեթ Բերբերյան

ՄԵՐ ՈՒՂԻՆ
Յուշա­տետր

Ն. Պէրպէ­րեան

1995ին, հայոց առա­ջին պետա­կան սահմա­նադրութեան ընդունման առի­թով, վերանկա­խա­ցեալ Հայաստա­նի Հանրա­պե­տութիւնը իր պաշտօ­նա­կան տօնե­րու շարքին Ապրի­լի 7ն հռչա­կեց «Մայրութեան եւ Գեղեցկութեան Օր»։
Նոյն առի­թով, Հայաստա­նի Հանրա­պե­տութեան նորա­հաստատ պետա­կան տօնա­ցոյցը պահպա­նեց նաեւ խորհրդա­յին ժամա­նակնե­րէն պահպա­նուած Մարտ 8ի Կանանց Միջազգա­յին Օրը։
Բայց առանձնա­յա­տուկ քայլ մըն ալ նետեց տօնը հայացնե­լու ուղղութեամբ՝ Մարտ 8էն մինչեւ Ապրիլ 7 երկա­րող միամսեա­կը ամբողջա­պէս նուի­րե­լով հայ կանանց ու մայրե­րուն։
Այսպէ՛ս, 28 տարի է ահա՛, որ հայրե­նի հողի վրայ պաշտօ­նա­պէս, իսկ սփիւռքի տարածքին անպաշտօն եղա­նա­կով՝ հայութիւնը Ապրիլ 7ին յարգանքի իր տուրքը կը մատուցա­նէ հայ մայրե­րուն։
Մայրութեան տօնը տարբեր տարա­զումնե­րով միշտ ալ նշուած ու մեծա­րուած է հայ ժողո­վուրդի կեանքին մէջ։ Մայրն ու Մայրութիւնը նախա­մե­ծար տեղ, խորհուրդ եւ նշա­նա­կութիւն ունե­ցած են հայոց հազա­րա­մեակնե­րու քաղա­քակրթա­կան պատմութեան մէջ։ Ազգա­յին մեր սրբութիւննե­րուն եւ արժէքնե­րուն անուանման մէջ անգամ, «մայր» ածանցը գերա­դաս կարեւո­րութիւն ունե­ցած է. վկայ՝ «մայրե­նի լեզու»ն, «մայր Հայաստան»ը, «մայրաքաղաք»ը, «մայր Օրէնք»ը, «մայր Աւետարան»ը եւայլն։

Միայն հայ ժողո­վուրդին յատուկ չէ Մայրութեան տօնը։
Աշխարհի բոլոր ցամա­քա­մա­սե­րուն վրայ ալ, ժողո­վուրդնե­րու մեծ մասին մօտ եւ քաղա­քակրթա­կան պատմութեան տարբեր դարաշրջաննե­րուն, Մայրութեան խորհուրդը ունե­ցած է իր տօնը, որ ընդհանրա­պէս հանդի­սա­ցած է տօնա­կան օրե­րուն ամէ­նէն իմաստա­լիցն ու գեղե­ցի­կը։
Հանրա­գի­տա­կան աղբիւրնե­րու համա­ձայն՝ հին յունա­կան եւ հռո­մէա­կան դիցա­բա­նութեանց մէջ շատ կանուխէն կը յիշա­տա­կուին հին աստուածնե­րու մայր աստուա­ծուհիին ձօնուած տօներ։ Եւ այլա­զան թուա­կաններ պահպա­նուած են հին յիշա­տա­կա­րաննե­րու մէջ՝ Մայրութեան տօնե­րուն վերա­բե­րեալ։
Ընդհանրա­պէս գարնան ամիսնե­րուն, Մարտի առա­ջին Կիրա­կիէն մինչեւ Մայի­սի երկրորդ Կիրա­կին՝ հնաւանդ ժողո­վուրդնե­րը Օր մը ձօնած են Մայրութեան։

Ուշագրաւ է, որ Մայրութեան տօնը իր արդիա­կան եւ սրբա­ցուած խորհուրդը զգե­ցաւ Քրիստո­նէութեան այգա­բա­ցին հետ։
Կոյսն Մարիա­մի Սուրբ Հոգիով յղացման քրիստո­նէա­կան Խորհուրդը հիմնո­վին յեղաշրջեց Մայրութեան ընկա­լումը մարդ էակին մօտ։
Աստուա­ծա­մօր կուսա­կա­նօ­րէն յղա­նա­լը սրբա­ցուց ոչ միայն մարդկա­յին սերնդա­գործութեան արարքը, այլեւ՝ մայրա­կան ապրումնե­րու եւ զգա­ցումնե­րու ողջ աշխարհը։
Եւ ինչ որ ալ ըլլար կնոջ վերա­պա­հուած իրա­կան տեղը տարբեր հասա­րա­կարգե­րու տակ կամ այլաբնոյթ քաղա­քակրթութեանց մէջ, ամէ­նուր կինը՝ իբրեւ մայր՝ ընկա­լուե­ցաւ ՍՈՒՐԲ ԷԱԿի պատկե­րա­ցումով։
Աւե­լի քան բնա­կան է, հետեւա­բար, որ Մայրութեան Օրը ամէ­նուր առա­ջացնէ մարդկա­յին ամէ­նէն նուի­րա­կան խորհուրդնե­րով վերա­նո­րո­գուե­լու տօնա­կան առի­թը։
Յատկա­պէս հայ ժողո­վուրդին համար, որ աշխարհա­քա­ղա­քա­կան դաժա­նա­գոյն պայմաննե­րու հետեւանքով միշտ դիմագրաւած է իր գոյա­տեւման եւ ինքնա­պահպանման սպառնա­ցող ամե­նա­ծանր վտանգներ, Հայ Մօր մաքառման եւ դիմադրա­կա­նութեան ոգին ստա­ցած է հայոց երկնա­կա­մա­րին թեւա­ծող պահա­պան հրեշտա­կի խորհուրդն ու թելադրա­կա­նութիւնը։
Միայն այն մտա­պատկե­րը, որ Տէր Զօրի անա­պա­տին կիզիչ արեւուն տակ եւ այրող աւազնե­րուն վրայ անգամ, ստոյգ մահուան դատա­պարտուած հայ մայրը իր մանուկին հայե­րէն սորվե­ցուց եւ սեփա­կան կեանքի գնով անոր գոյա­տեւումը ապա­հո­վե­լու ելք գտաւ, ինքնին բաւա­րար է, որպէսզի հայ մօր սրբութեան մեծ խորհուրդը անբա­ժան ուղե­կի­ցը, այլեւ ներշնչման աղբիւրը մնայ հայ սերունդնե­րուն։

Ապրիլ 7 է այսօր, հայոց Մայրութեան եւ Գեղեցկութեան տօնն է, որ եթէ մէկ կողմէ Հայ Մօր սրբա­ցեալ արժէ­քին ու առա­քե­լութեան առջեւ խոնարհե­լու բնա­կան մղումը կ’առթէ, միւս կողմէ նաեւ լուսարձա­կի տակ կը բերէ Հայ Մօր հասա­րա­կա­կան դժուա­րութիւննե­րուն փշոտ դափնեպսա­կը։
Ճիշդ է, որ 21րդ դարուն ամէ­նուր Մայրութեան խորհուրդը տակաւ կը տժգունի նիւթա­կա­նա­ցուած ու մեքե­նա­կա­նա­ցուած քաղա­քակրթութեան «յաղթարշաւին» հետ։
Ճիշդ է, նոյնպէս, որ ընտա­նե­կան կապե­րու եւ սրբութիւննե­րու անկումը, ամուսնա­լուծումնե­րը եւ սեռա­յին սանձարձա­կութիւննե­րը ամէ­նուր կը սպառնան Մայրութեան առա­քի­նի եւ գեղե­ցիկ խորհուրդի պահպանման։
Բայց համընդհա­նուր վտանգին առկա­յութիւնը չ’արդարացներ, որ յատկա­պէս Ապրիլ 7ին ահա­զանգը չհնչէ Հայ Մօր ազգա­յին հաստա­տութեան սպառնա­ցող վտանգին դէմ։
15 տարի առաջ՝ 2008ին Երեւան կատա­րուած վիճա­կագրութեան մը համա­ձայն, Հայաստա­նի մէջ ամուսնա­ցեալ զոյգե­րուն մէկ վեցե­րորդը ամուսնա­լուծուած էր։ Նոյն հաղորդումը կը յիշա­տա­կէր նաեւ Կանանց Իրաւունքնե­րու Հայկա­կան Կենտրո­նին վիճա­կագրա­կան այն զարհուրե­լի տուեա­լը, թէ հայուհի­նե­րու 66 տոկո­սը ենթա­կայ է հոգե­բա­նա­կան, ֆիզի­քա­կան կամ սեռա­յին բռնութեան։ Իսկ հայուհի­նե­րու 39 տոկո­սին մէջ, որ ուղղա­կի ֆիզի­քա­կան բռնութեան ենթա­կայ է, 11 տոկո­սը ծանր վնա­սուածքներ կրած է։
Ապրիլ 7ին, դարաւոր մեր աւանդութեանց մէջ պահպա­նուած Հայ Մօր սրբանկա­րին կողքին, կ’արժէ պահ մը հակիլ նաեւ սիրտ ճմլող եւ ցաւ պատճա­ռող վիճա­կագրա­կան այս մանրա­մասնութեան վրայ, որպէսզի Մայրութեան եւ Գեղեցկութեան Օրը ծառա­յէ ոչ միայն մեր անցեալ ուղին մեծա­րե­լու նպա­տա­կին, այլեւ մղիչ ուժը դառնայ մեր վաղուան պայծառ օրը նուա­ճե­լու հաւա­քա­կան պատասխա­նա­տուութեան եւ պարտաւո­րութեան։
Յանուն սերունդներ հայացնող ու զարգացնող Հայ Մօր առա­քե­լութեան վերա­նո­րո­գումին։

Հայոց շրթնե­րուն, Ապրիլ 7ի այս օրը, ամէ­նուր կ’արձագանգէ պաշտա­մունքը ՄՕՐ խորհուրդին՝ Յովհաննէս Շիրա­զի անմահ բնութագրումով.-

Մեր յոյսի դուռն է մայրս,
Մեր տան մատուռն է մայրս,
Մեր օրօ­րոցն է մայրս,
Մեր տան ամրոցն է մայրս։
Մեր հէրն ու մէրն է մայրս,
Մեր ճորտն ու տէրն է մայրս,
Մեր տան անտունն է մայրս,
Մեր արծուա­բոյնն է մայրս,
Մեր տան ծառան է մայրս,
Մեր տան արքան է մայրս,
Մեր տան անճարն է մայրս,
Մեր դեղ ու ճարն է մայրս,
Մեր տան աղբիւրն է մայրս,
Մեր ծարաւ քոյրն է մայրս,
Մեր տան անքունն է մայրս,
Մեր անուշ քունն է մայրս,
Մեր տան ճրագն է մայրս,
Մեր արե­գակն է մայրս:
Մայրս, մեր հացն է մայրս,
Մեր տան աստուածն է մայրս։

Գրա­ռումը՝ Նազա­րեթ Բերբերյանի ֆեյսբուքյան էջից։

Առնչվող Հոդվածներ