18 C
Yerevan

Պատմության Կրկներգը

Հայ ժողո­վուրդին հոգեմտաւոր սերուցքը դարձեալ զոհա­բե­րուե­ցաւ Հայաստանն ու հայութիւնը գլխա­տե­լու ահաւոր ոճրա­գործութեան մը, բայց այս անգամ արդէն ոչ-թուրք, այլ հայա­նուն եւ հայութե­նէ պարպուած պոլշեւիկ չեկիստնե­րու ձեռամբ։

Նազա­րեթ Բերբերյան

ՄԵՐ ՈՒՂԻՆ

Յուշա­տետր

10–11 ԱՊՐԻԼ 1938.
ՊՈԼՇԵՒԻԶՄԸ ԽԱՉԵՑ ՀԱՅՈՒՆ ՀԱՒԱՏՔԸ
(Ամե­նայն Հայոց Խորէն Ա. Մուրադբե­գեան Կաթո­ղի­կոս խեղդա­մահ եղաւ չեկիստնե­րու ձեռամբ)

Ն. Պէրպէ­րեան

Տակաւ կը բացա­յայտուին մութ ծալքե­րը այն անլուր ողբերգութեան, որ 10–11 Ապրիլ 1938ի գիշե­րը պատա­հե­ցաւ Ս. Էջմիածնի մէջ, օրուան Ամե­նայն Հայոց Խորէն Ա. Մուրադբե­գեան Կաթո­ղի­կո­սի ննջա­սե­նեա­կէն ներս։
Այդուհանդերձ՝ ատե­նին իսկ բացա­յայտուած պատմա­կան փաստ եւ դաժա­նա­գոյն իրո­ղութիւն է, որ այդ գիշեր Հայոց Վեհա­փա­ռը խեղդա­մահ գտնուե­ցաւ իր անկողնին մէջ։
Եւ իրա­կա­նութեան մասին աշխարհ կրնար լուր անգամ չունե­նալ, եթէ Հայոց Հաւատքը խաչե­լու ելած խորհրդա­յին Չեկան գիտնար եւ կարե­նար սանձ դնել իր մոլեգնութեան։
Նորա­կազմ Խորհրդա­յին Միութիւնը փաստօ­րէն վերա­ծուած էր երկա­թէ վարա­գոյրնե­րով աշխարհէն կտրուած մեծ ճամբա­րի մը, ուր թափանցե­լու եւ միլիո­նաւոր մարդոց իրա­զե­կե­լու կամ լուսա­բա­նե­լու անյաղթա­հա­րե­լի դժուա­րութիւն կը դիմագրաւէին արտա­սահմա­նեան մամուլն ու ձայնասփիւռը։
Իսկ խորհրդա­յին ճամբա­րին մէջ տեղի ունե­ցող իրա­դարձութեանց կամ զարգա­ցումնե­րուն մասին հաւա­սա­րա­պէս ե՛ւ սեփա­կան հանրութեան, ե՛ւ արտա­սահմա­նի հանրա­յին կարծի­քին կը փոխանցուէր միայն պաշտօ­նա­պէս արտօ­նուա­ծը՝ գրաքննուած լրա­տուութիւնը։

*

  • *

Նման տեղե­կա­տուա­կան շրջա­փակման պայմաննե­րուն մէջ, հասկնա­լիօ­րէն, խորհրդա­յիննե­րը բնա­կան մահուան վերագրե­ցին Ամե­նայն Հայոց Խորէն Առա­ջին Վեհա­փա­ռի վախճա­նումը։
Այդպի­սով ալ կրնար փակուիլ թղթածրա­րը․․․
Բայց որովհե­տեւ նոյն օրե­րուն — եւ անկա­խա­բար Հայոց Կաթո­ղի­կո­սի սպա­նութեան սրբապղծութե­նէն — խորհրդա­յիննե­րը ձեռնարկած էին տասնեակ հազա­րաւոր պարսկահպա­տակներ զանգուա­ծա­բար Հայաստա­նէն վտա­րե­լու քայլին, անոնց շարքին նաեւ հայրե­նիք վերա­դարձած գաղթա­կան հայութիւնը, Չեկան ակա­մայ արտօ­նած եղաւ… տեղե­կութեանց անհա­կակշռե­լի հոսքը դէպի արտա­սահման։ Թաւրիզ հասնող հայ վտա­րանդի­նե­րը ակա­նա­տե­սի եւ ականջա­լուրի իրենց վկա­յութիւննե­րը փոխանցե­ցին Ատրպա­տա­կա­նի Հայոց Առաջնորդ Ներսէս Արք. Մելիք-Թանգեա­նին։
Իսկ Հայաստա­նեայց Եկե­ղեցւոյ քաջա­րի այդ հովիւը նման սրբապղծութիւն ո՛չ ներողն էր, ոչ ալ այդ մասին լուռ մնա­ցողն էր…

*

  • *

Ստա­լի­նեան անխնայ մաքրա­գործումնե­րու եւ սպի­տակ եղեռնի ահաւոր ժամա­նա­կաշրջան եղան 1935–1938 տարի­նե­րը։
Հայ ժողո­վուրդին հոգեմտաւոր սերուցքը դարձեալ զոհա­բե­րուե­ցաւ Հայաստանն ու հայութիւնը գլխա­տե­լու ահաւոր ոճրա­գործութեան մը, բայց այս անգամ արդէն ոչ-թուրք, այլ հայա­նուն եւ հայութե­նէ պարպուած պոլշեւիկ չեկիստնե­րու ձեռամբ։
Բանտա­յին խոշտանգումի տակ սպաննուած Չարենցի ողբերգա­կան վախճա­նով խորհրդանշուած խորհրդա­յին այդ եղեռնա­գործութիւնը փաստօ­րէն բաւա­րար չնկա­տուե­ցաւ յաչս Ստա­լի­նի, ինչպէս եւ անոր ձեռնա­սուն չեկա­յա­պետ Բերիա­յի ճիրաննե­րուն տակ ինկած Քրեմլի­նի ղեկա­վա­րութեան, որ 1920էն սկսեալ փորձեց եւ անընդհատ հետապնդեց խորհրդայնա­ցումը Հայաստա­նի ու հայութեան…
Պոլշեւի­կեան այդ մոլուցքը միշտ ալ Հայաստա­նի եւ հայութեան մէջ գտաւ ինչ-որ «ազգայնա­կան», «պուրժուա» եւ մանաւանդ… «դաշնա­կիստ» բան մը, որուն արմա­տա­խիլ «մաքրագործում»ը հռչա­կեց պետա­կան եւ, այսպէս կոչուած, կուսակցա­կան իր շահե­րուն «գերա­գոյն առաջնահերթութիւն»ը։
Քաղա­քա­կան եւ հասա­րա­կա­կան այդօ­րի­նակ մոլեգնութեան հետեւանքով էր, ահա՛, որ խորհրդա­յիննե­րը դիմե­ցին նաեւ Հայուն Հաւատքը խաչե­լու քայլին՝ Ամե­նայն Հայոց Կաթո­ղի­կո­սը խեղդա­մահ սպաննե­լու սրբապղծութեան։

*

  • *

Խորէն Ա. Մուրադբե­գեան Կաթո­ղի­կոս ընտրուած էր 1932ին եւ համա­խոհ ու սերտ գործա­կից էր այդ օրե­րուն Խ. Հայաստա­նի իշխա­նաւոր Աղա­սի Խանջեա­նի, որ բախտի հեգնանքով՝ քանի մը տարի ետք իր հերթին — եւ իբրեւ խորհրդա­յին կարգե­րու դէմ հայոց դժգո­հութեան գլխաւոր պատասխա­նա­տու — թիրախ պիտի դառնար ստա­լի­նեան «մաքրա­գործումնե­րու» խորշա­կին։
Անշուշտ Քրեմլի­նի հաշիւնե­րը շատ անդին կ’անցնէին Խորէն Առա­ջին Հայրա­պե­տի կամ Աղա­սի Խանջեա­նի անձե­րէն եւ անոնց ներկա­յա­ցուցած… ընդդի­մադրութե­նէն։
Քրեմլի­նի համար ամբողջ խորհրդա­յին տարածքին եկե­ղե­ցին դատա­պարտուած էր. պէտք էր քայքա­յուէր ու անհե­տա­նար, ինչպէս որ ազգե­րը պէտք էր աստի­ճա­նա­բար ձուլուէին… «խորհրդա­յին ազգ»ի մէջ։
Հայաստա­նեայց Եկե­ղեցւոյ պարա­գա­յին կար, սակայն, նրբե­րանգա­յին այն նկա­տա­ռումը, որ Ս. Էջմիա­ծի­նը կը հանդի­սա­նար նաեւ տարա­գիր հայութեան հոգեւոր կեդրո­նը եւ, իբրեւ այդպի­սին, կրնար օգտա­կար զէնք մը դառնալ խորհրդա­յին արտա­քին քաղա­քա­կա­նութեան ձեռին՝ արտա­սահմա­նեան երկիրնե­րու մէջ ազդե­ցութեան տեղա­կան լծակներ ապա­հո­վե­լու ուղղութեամբ։
Հետեւա­բար, հարկ էր Խորէն Առա­ջի­նի օրի­նա­կով հոգեւո­րա­կաննե­րէ գլխա­տել Հայաստա­նեայց Եկե­ղե­ցին, որպէսզի Չեկա­յի դրա­ծոյ կղե­րով Քրեմլին կարե­նայ իր արտա­քին քաղա­քա­կա­նութեան հաշւոյն օգտա­գործե­լի զէնքի վերա­ծել Ս. Էջմիա­ծի­նը։
Խորհրդա­յին այդ դաժան քաղա­քա­կա­նութեան դառնա­գոյն գինն էր, որ Խորէն Ա. Մուրադբե­գեան Կաթո­ղի­կոս վճա­րեց իր կեանքով։

*

  • *

Հակա­ռակ անոր, որ Էջմիածնի Գահա­կա­լին «գլխատման» Չեկա­յի գործո­ղութեան մասին խորհրդա­յիննե­րը հետեւո­ղա­կա­նօ­րէն լռութիւն պահե­ցին՝ Հայոց Հայրա­պե­տին մահը բնա­կան պատճառնե­րու վերագրե­լով, այսուհանդերձ՝ չկրցան լռութեան մատնել սրբա­պիղծ «Հայրասպա­նութիւնը» բացա­յայտե­լու Մելիք-Թանգեան Արքե­պիսկո­պո­սին նոյնքան եւ աւե­լի հետեւո­ղա­կան, այլեւ՝ յանդուգն ու անվե­հեր ձայնը։
Աւելի՛ն․ Հայոց Հայրա­պե­տի խեղդա­մահ սպա­նութեան եւ անոր շուրջ պաշտօ­նա­պէս պարտադրուած ապա­տե­ղե­կա­տուութեան հետեւանքը եղաւ, յատկա­պէս սփիւռքի տարածքին, հայ ժողո­վուրդի ներքին պառակտուա­ծութեան աւե­լիով խորա­ցումը։
Խորէն Կաթո­ղի­կո­սի վախճա­նումը բնա­կան պատճառնե­րու վերագրող խորհրդա­յին քարոզչութեան կամա­կա­տար հետեւորդնե­րը, ի հակադրութիւն սփիւռքեան գաղութնե­րու մէջ առա­ջա­ցած խոր ընդվզումին, փորձե­ցին կատա­րուած սրբապղծութիւնը ծածկել՝ հակա­դաշնակցա­կան պայքա­րի սաստկացման նոր ալի­քի մը տակ հերքումի ելքեր փնտռե­լով…
Եւ այդպէ՛ս, Ս. Էջմիածնի մէջ 10–11 Ապրիլ 1938ին գործուած սրբա­պիղծ ոճրա­գործութիւնը բացա­յայտող ու դատա­պարտող Ատրպա­տա­կա­նի Հայոց Էջմիածնա­կան թեմի Առաջնորդին հետեւո­ղա­կան պնդումներն ու հրա­պա­րա­կած մերկա­ցումնե­րը պաշտօ­նա­կան Երեւա­նի կողմէ հռչա­կուե­ցան․․․ «դաշնակցա­կան յերիւրանք»։
Իսկ Ամե­նայն Հայոց Կաթո­ղի­կո­սութիւնը փաստօ­րէն մնաց թափուր աւե­լի քան ութ տարի։ Խորհրդա­յիննե­րը Կաթո­ղի­կո­սա­կան Տեղա­պահ նշա­նա­կե­ցին Գէորգ Չէօ­րէքճեան Սրբա­զա­նին, բայց ո՛չ կրցան Ազգա­յին Ընդհա­նուր Ժողով գումա­րել, ոչ ալ համա­խո­հութիւն առա­ջացնել իրենց կաթո­ղի­կո­սա­կան այդ թեկնա­ծուին շուրջ։

*

  • *

Հայութեան ներքնա­պէս պառակտե­լու պոլշեւի­կեան սադրանքնե­րը շարունա­կուե­ցան նաեւ Երկրորդ Աշխարհա­մարտի աւարտէն ետք, երբ աշխարհա­քա­ղա­քա­կան նոր պայմաննե­րէն օգտուե­լով՝ Քրեմլի­նի վարիչնե­րը ի վերջոյ կրցան Գէորգ Զ. Կաթո­ղի­կո­սի ընտրութեան համար Ազգա­յին Ընդհա­նուր Ժողո­վը գումա­րել տալ։
Պառակտումը խորա­ցաւ ու յանգե­ցաւ 1956ի Մեծի Տանն Կիլի­կիոյ Կաթո­ղի­կո­սա­կան ընտրութեանց առի­թով թափ առած ներ-սփիւռքեան բուռն, մինչեւ իսկ եղբայրասպան արիւնա­հե­ղութեան յանգած պայքա­րին։
Բայց ընդհա­նուր ողբերգութեան այդ երե­սը առանձին յուշա­տետրի էջ է, սեւ ու մռայլ։
Այսօր Ապրիլ 11 է եւ հայութիւնը վերստին կը յիշէ 1938ի եղե­րա­կան Ապրիլ 10–11ի այն գիշե­րը, երբ չեկա­յա­կան մոլա­գարնե­րու ձեռամբ Հայոց Կաթո­ղի­կո­սը խեղդա­մահ եղաւ նոյնինքն Ս. Էջմիածնի մէջ։
Աշխարհով մէկ հայ ժողո­վուրդը կը շարունա­կէ Ապրիլ ամսու այս օրը ոգե­կո­չել նահա­տա­կութիւնը իր Հաւատքը առաջնորդե­լու կոչուած Ամե­նայն Հայոց Խորէն Ա. Մուրադբե­գեան Կաթո­ղի­կո­սին՝
Որպէսզի երբեք չկրկնուի ազգա­յին մեր յիշո­ղութիւնը խարա­նած նման Ողբերգութիւնը։

Գրա­ռումը՝ Նազա­րեթ Բերբերյանի ֆեյսբուքյան էջից։

Առնչվող Հոդվածներ