ՄԵՐ ՈՒՂԻՆ

18 Ապրիլ 1921. Արցախի Մէջ Վերջ Գտաւ Թևան Ստեփանեանի Պատմահռչակ Ապստամբութիւնը

Դժուար է ստուգապէս բացատրել, թէ տարագիր հայութիւնը ինչո՛ւ նման մոռացութեան մատնեց Թեւան Ստեփանեանի անունն ու անոր ղեկավարած ժողովրդային ապստամբութիւնը, որ իր ամբողջութեան մէջ անբաժանելի մասը կը կազմէ Լեռնահայաստանի հայացման ու անկախացման համար Դաշնակցութեան մղած հերոսական պայքարին՝ Գարեգին Նժդեհի ղեկավարութեան տակ։

Նազարեթ Բերբերյան

ՄԵՐ ՈՒՂԻՆ

Յուշատետր

18 ԱՊՐԻԼ 1921.
Արցախի մէջ վերջ գտաւ ԹԵՒԱՆ ՍՏԵՓԱՆԵԱՆի պատմահռչակ ապստամբութիւնը

Ն. Պէրպէրեան

1921 թուականի Ապրիլ ամիսը ծանրագոյն, այլեւ բախտորոշ ժամանակաշրջան մը եղաւ հայ ժողովուրդի եւ Հայաստանի պատմութեան մէջ։
28 Մայիս 1918ին հիմնուած ազատ ու անկախ Հայաստանի Հանրապետութիւնը 18 Ապրիլ 2021ին ինկաւ՝ երկրորդ անգամ ըլլալով – եւ այլեւս 70 տարուան համար – խորհրդային լուծի տակ։
18 Փետրուար 1921ին շղթայազերծուած համաժողովրդային ապստամբութիւնը Հայաստանի Հանրապետութեան վերջին վարչապետին՝ Սիմոն Վրացեանի գլխաւորած Հայրենիքի Փրկութեան Կոմիտէին վերադարձուցած էր 3 Դեկտեմբեր 1920ին խորհրդայնացուած Հայաստանի պետական իշխանութեան ղեկը։
Յիսնօրեայ ուժեղ դիմադրութիւն ցուցաբերելէ ետք Կարմիր Բանակի գրոհներուն դէմ, Հայրենիքի Փրկութեան Կոմիտէն ի վերջոյ տեղի տուաւ եւ Ապրիլ 12ին, Զանգեզուրի վրայով ու շուրջ 12 հազար ժողովուրդով, անցաւ Պարսկաստան.

Շատ աւելի ծանր եղաւ դրութիւնը Արցախի հայութեան, որ Դեկտեմբեր 1920էն սկսեալ, Թեւան Ստեփանեանի հրամանատարութեամբ, ապստամբութեան դրօշ պարզած էր խորհրդայիններուն դէմ՝ ի խնդիր Հայաստանի եւ անոր անբաժանելի մասը հռչակուած Արցախի անկախութեան պահպանումին:
Արցախի հայութեան ապստամբական շարժումը եւս, 1921ի Ապրիլի 18ին, իր կարգին պարտաւորուեցաւ տեղի տալու Կարմիր Բանակի ասպատակումներուն առջեւ եւ վար դնելու… իր զէնքերը։
Միայն Զանգեզուրը շարունակեց դիմադրել Կարմիր Բանակի խուժումին՝ Գարեգին Նժդեհի եւ անոր հրամանատարութեան տակ դրուած Հայրենիքի Փրկութեան Կոմիտէի զինուորական ուժին շնորհիւ։
Բայց Զանգեզուրը եւս միայն որոշ ժամանակի համար կրցաւ դիմադրել՝ մինչեւ որ Յուլիս 1921ին Հայոց Սպարապետը իր կարգին հատեց հայ-պարսկական սահմանը եւ միացաւ անկախ Հայաստանի Հանրապետութեան տարագիր ղեկավարութեան։
Այսպէ՛ս, 102 տարի առաջ, Ապրիլ 18ի այս օրը, վերջ գտաւ նաեւ Արցախի հայութեան ապստամբութիւնը խորհրդային կարգերուն դէմ։

Արցախի հայութեան ազգային-ազատագրական պոռթկումներու եւ ապստամբական շարժումներու բազմադարեան պատմութեան մէջ, 1920-1921 տարիներու այդ ապստամբութիւնը հռչակուեցաւ «Թեւանի Ապստամբութիւն» որակումով։
Այսուհանդերձ՝ մինչեւ Արցախի մերօրեայ իրողական ազատագրումն ու Հայաստանի վերանկախացումը, ընդհանրապէս մոռացութեան տրուեցաւ Հայկական Ազատամարտի այս փայլուն էջը։
Մոռացութեան տրուեցաւ նաեւ ու մանաւանդ անոր առասպելական հերոս ղեկավարը՝ Թեւան Ստեփանեանը, որուն կենսագրութեան մասին տարրական տեղեկութիւններն իսկ հանրագիտական շրջանառութեան մէջ դրուած չեն։
Դժուար է ստուգապէս բացատրել, թէ տարագիր հայութիւնը ինչո՛ւ նման մոռացութեան մատնեց Թեւան Ստեփանեանի անունն ու անոր ղեկավարած ժողովրդային ապստամբութիւնը, որ իր ամբողջութեան մէջ անբաժանելի մասը կը կազմէ Լեռնահայաստանի հայացման ու անկախացման համար Դաշնակցութեան մղած հերոսական պայքարին՝ Գարեգին Նժդեհի ղեկավարութեան տակ։


Այսուհանդերձ՝ ստոյգ է, որ խորհրդայինները իրե՛նք, ուղղակիօրէն եւ բառին ամէնէն հակահայ իմաստով, ամբողջ 70 տարի փորձեցին իբրեւ «ժողովուրդի թշնամի» վարկազրկել ու բանադրել Թեւան Ստեփանեանը։
Խորհրդայինները ամբողջ 70ամեակ մը իբրեւ «Թեվանիստներ»ու վարկաբեկել փորձեցին եւ այդ «մեղադրանք»ով պարբերաբար հալածանքի ենթարկեցին ու սիպիրեան աքսորի դատապարտեցին Արցախի այն բոլոր գործիչները, որոնք խորհրդային տարիներուն դոյզն համարձակութիւնը ունեցան Արցախի հայկական դիմագծին եւ ազգային իրաւունքներուն պահանջատէր ներկայանալու։
Աւելի՛ն. ինչպէս Նժդեհի պարագային, նոյնպէս եւ Պարսկաստան ապաստանած ու հոնկէ երբեք դուրս չեկած Թեւանի նկատմամբ՝ խորհրդայինները միշտ ունեցան «հաշուեյարդար» կատարելու պետական որոշում…
Եւ Երկրորդ Աշխարհամարտին, երբ կարճ ժամանակով Կարմիր Բանակը կրցաւ Պարսկաստան մտնել, իրականացուցին այդ… որոշումը․

  • Թաւրիզի մէջ ձերբակալեցին եւ Պաքու տանելով գնդակահարեցին Հատրութի (պատմական Դիզակ գաւառի) հերոսածին զաւակ Թեւանը։

Խորհրդայինները բնաւ չներեցին Արցախի քաջարի զաւակ Թեւան Ստեփանեան անունով տումեցի հերոսին, որ Ապրիլ 1920ի վերջերէն, երբ ատրպէյճանցիք մուսաւաթական իրենց դէմքը փոխարինեցին կարմիր-բանակայիններու համազգեստով, անխնայ պայքար յայտարարեց պոլշեւիկեան դրօշի տակ Արցախը բռնագրաւելու ելած թրքական վտանգին դէմ։
Այդ ժամանակէն սկսեալ, Թեւան դարձաւ ահուսարսափը խորհրդային Չեկայի ազերի թէ հայ ծառայամիտներուն։
Իբրեւ այդպիսին ալ՝ Թեւան հակախորհրդային պայքարի «խորհրդանիշ»ի վերածուեցաւ պոլշեւիկեան քարոզչութեան կողմէ։
Այդ առումով՝ իր կարգին Դիզակի (Հատրութ) զաւակ, Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան Գերագոյն Խորհուրդի անդրանիկ նախագահ Արթուր Մկրտչեանը, աւելի քան քսան տարի առաջ անդրադառնալով Թեւան Ստեփանեանի անձին ու գործին, բանասիրական գիտութիւններու մասնագէտի մը գնահատականէն աւելին կը կատարէր, երբ կը գրէր.-
«Մեր Հայրենիքի համար ամենատարաբախտ շրջափուլի ժամանակ, երբ սպառւում էին հայոց անկախ պետութեան գոյութեան հնարաւորութիւնները, Գարեգին Նժդեհը Դիզակում իր տեղապետ է կարգում Թեւան Ստեփանեանին։
«Տումեցի հերոսը դառնալու էր, այնուհետեւ, ադրբեջանական չեկիստ հրոսակների հոգէառը, Դիզակի հայութեան անձնազոհ պաշտպանը (որակումը՝ Բագրատ Ուլուբաբեանի):
«Թեւանի անունն, անկասկած, փառաւորելի է Արցախի այնպիսի հերոսների անուանց հետ, ինչպիսիք են Արամ Մանուկեանը, Նիկոլ Դումանը, Վանայ Իշխանը»։

Թեւան Ստեփանեանի առաջացուցած եւ ղեկավարած ապստամբութիւնը ինքնագլուխ քայլ մը չէր։
Պատմաբանները կը վկայեն, որ «1919ի Օգոստոսին կայացած Արցախահայութեան եօթներորդ Համագումարում որոշուել էր, մինչեւ Փարիզի Հաշտութեան Վեհաժողովում Արցախի հարցի վերջնական լուծումը, ժամանակաւորապէս ընդունել Ադրբեջանի իշխանութիւնը: «Չնայած համաձայնագրի 26 կէտերից մէկը ադրբեջանական զինուժին Արցախ չմտնելու մասին էր, անգլիացիների կողմից Ղարաբաղի եւ Զանգեզուրի գեներալ-նահանգապետ նշանակուած Սուլթանովը հրահանգում է ռազմակալել Արցախն ու պարտադրել ադրբեջանական իշխանութիւնը: «Արցախցիները, հասկանալով պահի օրհասական լինելը, պատրաստւում են դիմադրութեան։ «Ռումբը պայթում է 1920ի Մարտի 22ի երեկոյեան՝ մահմեդական Նովրուզ-Բայրամի օրը։ Թէժ մարտեր են ընթանում յատկապէս Վարանդայում, Ասկերանի ճակատում եւ Տումի-Խծաբերդի ու Մսուրմանլարի շրջանում։ «Ասկերանի բերդի կռիւները տեւում են 18 օր. մօտ 500 հայեր՝ 3500-4000 հոգուց բաղկացած կանոնաւոր զօրքի դէմ: «Յաղթանակի դէպքում մերոնք կտրում էին Աղդամ-Շուշի խճուղին, շրջափակում մայրաքաղաքը (Շուշին) եւ հարկադրում ադրբեջանական իշխանութիւններին անձնատուր լինել. հակառակ պարագայում կոտորածներն անխուսափելի էին»։

Ահա թէ ինչպէ՛ս, 102 տարի առաջ ալ, ազերի-թուրքը սպառեց հայ ժողովուրդին մօտ իր գտած վստահելիութեան պաշարը, երբ Արցախի հայութեան բարի-դրացիական տրամադրութեանց հակադարձեց Արցախը հայութենէ պարպելու – ի հարկին ցեղասպանութեան ճամբով – հակահայ քաղաքականութեամբ։
Ժամանակը փաստօրէն ոչ մէկ բարեփոխում առաջացուցած է ինչպէս թուրք, այնպէս ալ ազերի պետական գործիչներու քաղաքական մտածողութեան՝ ազգայնամոլութեան մէջ։
Համաթրքական բնոյթ ստանայ այդ ազգայնամոլութիւնը թէ համօսմանական, փաստօրէն իր ցնորական ծրագիրներու իրականացման համար միշտ ալ խոչընդոտ կը նկատէ Հայաստանն ու հայութիւնը։
Եւ այնքան ատեն, որ թրքական այդ ֆաշականութիւնը չէ յաղթահարուած, Թեւան Ստեփանեանի օրինակով հայ ժողովուրդի քաջարի ծնունդները միշտ պիտի կանգնին Հայաստանի եւ հայութեան ինքնապաշտպանութեան եւ ազատագրութեան առաջին դիրքերուն վրայ՝ ազատամարտիկի դրօշը միշտ բարձր պահելով։
Թեւանները կրնան ճակատամարտներ կորսնցնել, բայց յարատեւ կռուի իրենց պատգամով՝ անպայման մշտարծարծ կը պահեն ազատագրական պայքարի ջահը, մինչեւ ամբողջական ազատագրումը մեր ժողովուրդին եւ իրականացումը Միացեալ եւ Անկախ՝ Ազա՜տ Հայաստանի։

    

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *