Տակաւին կը պակսի հայ քաղաքական մտածողութեան այն դպրոցը, որ կը մշակէ քաղաքականութիւն եւ զարգացում միտքերու շաղկապումը եւ կը հետեւի այդ միտքերու ուժական ամբողջութեան։
Ռազմիկ Շիրինեան
Դժուար եղած է ազգովին շալկել արկածներով լեցուն մեր ճակատագիրին բեռը եւ դէպի պետականութիւն քալել։ Սովորաբար հետեւած ենք մեր նկարագիրը բնութագրող կեդրոնախոյս երեւոյթի մը եւ ընտրած ենք մասնակի նախասիրութիւններու ճամբան։ Ասիկա աւելի դիւրին եղած է եւ, հետեւաբար, քաղաքական մեր ինքնակեդրոն նախընտրութիւններով միայն հետեւած ենք պետականութիւն կառուցելու տրամաբանութեան։ Դժբախտաբար, սակայն, մեր մասնակի նախընտրութիւնները տակաւին չեն գտած իրենց հասարակաց քաղաքական տրամաբանութիւնը՝ ազգային եւ պետական մեր մտածողութեան մէջ։ Այդ նախընտրութիւնները կառուցուած են կուսակցական մեր կեանքի տարերային ընթացքին մէջ եւ կազմաւորած են քաղաքական մեր տրամաբանութիւնը։ Այդ տրամաբանութեան պարունակին մէջ, պարփակած ենք ազգային մեր շահերու սահմանումը, այդ պարունակին մէջ մտածած ենք, վարքագիծ ճշդած ենք, ընդդիմացած եւ պայքարած ենք եւ քաղաքական մեր մասնակի շահերը հարկադրաբար ու յաճախ բռնի նոյնացուցած ենք ազգային շահերուն հետ։
Ընդդիմութիւն եւ իշխանութիւն պայքարին մէջ, օրինակ, մեր նախընտրութիւնները չեն զիջած պետութիւն կառուցելու գաղափարին եւ շարունակած են իրենց ընթացքը կուսակցական նախընտրութիւններուն ճշդած ուղղութեան մը պարունակին մէջ։
Ազգային գոյատեւման մեր հարցին մէջ, հիմնական յատկանիշներէն եղած է քաղաքական մեր գործընթացին միակողմանի, յաճախ կարճատես, յամառ եւ անփոփոխ ուղղութեան մը հետեւելու վարքագիծը։ Այդ պատճառով ալ, քաղաքական մեր մասնակի նախընտրութիւնները փոխանցիչ չեն եղած եւ փոխազդեցութեամբ չեն զարգացած։ Իշխանութիւն եւ ընդդիմութիւն յարաբերութիւնները, օրինակ, կամ գոյութիւն ունեցող հակադրութիւնները չեն նպաստած պետութիւն հաստատելու գործընթացին։
Տակաւին չենք գտած հակադրութիւններու համադրման եզրը եւ, հետեւաբար, պետութիւն կառուցելու մեր գործը բնական իր շաղկապումը չէ ունեցած երկրի քաղաքական զարգացումին հետ։ Կարելի է նոյնիսկ հաստատել, որ ժողովուրդը քաղաքական իր ազատութիւնը չէ ապրած՝ զարգացման իր ընթացքը գտնելու համար։ Յետ պատերազմ եւ Արցախեան տագնապի ներկայ ժամանակներուն, կարեւոր մեր նիւթը քաղաքական զարգացում եւ պետութիւն կառուցելու զոյգ ընթացքին շաղկապումն է։ Նոյնն է երբ կը խօսինք ենթակառոյց եւ պետական կառոյց շաղկապումին մասին, կամ ժողովուրդ եւ պետութիւն համարկման քաղաքականութեան մասին։ Այս շաղկապումին մէջ է որ պետականութիւն կը կառուցուի եւ քաղաքականութիւն կը զարգանայ։
Տակաւին կը պակսի հայ քաղաքական մտածողութեան այն դպրոցը, որ կը մշակէ քաղաքականութիւն եւ զարգացում միտքերու շաղկապումը եւ կը հետեւի այդ միտքերու ուժական ամբողջութեան։
Ընդունինք, որ մեր հիմնական նիւթը այսօր Հայաստանի պետականութեան կերտումն է, այսինքն ինքնիշխան պետութիւն մը` իր բնական զարգացումի ընթացքին մէջ, ձերբազատած քաղաքական եւ տնտեսական փտախտէն։
Նման պետութիւն մը հաստատելու համար, նախ կարեւոր է ընդունիլ պետութիւնը ներկայացնող կառավարութեան իրաւականութիւնը։ Որքան ալ հակադրուած ըլլանք անոր քաղաքական դիրքորոշումներուն, պայքարինք եւ մերժենք անոր որոշումները, կարելի չէ արժեզրկել պետութեան իրաւականութիւնը։
Մեզի համար ասիկա պետականութիւն հաստատելու հիմնական տուեալներէն մէկն է։ Ասիկա նաեւ ժողովրդավարութեան յաջողութեան պայմաններէն մէկն է։ Ազգային ժողովի պատգամաւորները, օրինակ, նախ իրենք պէտք է արժեւորեն կառավարութեան իրաւականութիւնը, որպէսզի կառչած մնան ժողովրդավարութեամբ պետութիւն հաստատելու գործին։
Վերջին հաշիւով, ընդունինք, որ դիւանագիտական յարաբերութիւններուն մէջ պէտք եղած ազդեցութիւնը չենք ունեցած, լաւագոյն պարագային դրական խօսքեր լսած ենք։ Դիպուկ օրինակ է Սլովաքիոյ Ազգային խորհուրդի արտաքին յանձնաժողովի նախագահ Մարիան Քերիի վերջին արտայայտութիւնը, որ «դժբախտաբար, մինչ օրս Ատրպէյճանի ռազմական յանցագործութիւնները կը շարունակուին մարդկութեան դէմ»… Լսեցինք, ուրախացանք … եւ այդքան։
Ընդունինք նաեւ, որ պատերազմ յաղթելու կարողութիւնը չունինք (ներկայ պայմաններուն մէջ), ուրեմն, մեր միակ կարողութիւնը եւ ազդեցութիւնը՝ իշխանութեան իրաւականութիւնը արժեւորելով եւ գոյութիւն ունեցող մեր ներազգային ուժերով՝ պետութիւն կառուցելու գործին մէջ է։
Հոդվածը՝ Asbarez.am կայքից։