16.5 C
Yerevan

Պետութեան Իրաւա­կա­նութիւնը

Տակաւին կը պակսի հայ քաղա­քա­կան մտա­ծո­ղութեան այն դպրո­ցը, որ կը մշա­կէ քաղա­քա­կա­նութիւն եւ զարգա­ցում միտքե­րու շաղկա­պումը եւ կը հետեւի այդ միտքե­րու ուժա­կան ամբողջութեան։

Ռազմիկ Շիրի­նեան

Դժուար եղած է ազգո­վին շալկել արկածնե­րով լեցուն մեր ճակա­տա­գի­րին բեռը եւ դէպի պետա­կա­նութիւն քալել։ Սովո­րա­բար հետեւած ենք մեր նկա­րա­գի­րը բնութագրող կեդրո­նա­խոյս երեւոյթի մը եւ ընտրած ենք մասնա­կի նախա­սի­րութիւննե­րու ճամբան։ Ասի­կա աւե­լի դիւրին եղած է եւ, հետեւա­բար, քաղա­քա­կան մեր ինքնա­կեդրոն նախընտրութիւննե­րով միայն հետեւած ենք պետա­կա­նութիւն կառուցե­լու տրա­մա­բա­նութեան։ Դժբախտա­բար, սակայն,  մեր մասնա­կի նախընտրութիւննե­րը տակաւին չեն գտած իրենց հասա­րա­կաց քաղա­քա­կան տրա­մա­բա­նութիւնը՝ ազգա­յին եւ պետա­կան մեր մտա­ծո­ղութեան մէջ։ Այդ նախընտրութիւննե­րը կառուցուած են կուսակցա­կան մեր կեանքի տարե­րա­յին ընթացքին մէջ եւ կազմաւո­րած են քաղա­քա­կան մեր տրա­մա­բա­նութիւնը։ Այդ տրա­մա­բա­նութեան պարունա­կին մէջ, պարփա­կած ենք ազգա­յին մեր շահե­րու սահմա­նումը, այդ պարունա­կին մէջ մտա­ծած ենք, վարքա­գիծ ճշդած ենք, ընդդի­մա­ցած եւ պայքա­րած ենք եւ քաղա­քա­կան մեր մասնա­կի շահե­րը հարկադրա­բար ու յաճախ բռնի նոյնա­ցուցած ենք ազգա­յին շահե­րուն հետ։

Ընդդի­մութիւն եւ իշխա­նութիւն պայքա­րին մէջ, օրի­նակ, մեր նախընտրութիւննե­րը չեն զիջած պետութիւն կառուցե­լու գաղա­փա­րին եւ շարունա­կած են իրենց ընթացքը կուսակցա­կան նախընտրութիւննե­րուն ճշդած ուղղութեան մը պարունա­կին մէջ։

Ազգա­յին գոյա­տեւման մեր հարցին մէջ, հիմնա­կան յատկա­նիշնե­րէն եղած է քաղա­քա­կան մեր գործընթա­ցին միա­կողմա­նի, յաճախ կարճա­տես, յամառ եւ անփո­փոխ ուղղութեան մը հետեւե­լու վարքա­գի­ծը։ Այդ պատճա­ռով ալ, քաղա­քա­կան մեր մասնա­կի նախընտրութիւննե­րը փոխանցիչ չեն եղած եւ փոխազդե­ցութեամբ չեն զարգա­ցած։ Իշխա­նութիւն եւ ընդդի­մութիւն յարա­բե­րութիւննե­րը, օրի­նակ, կամ գոյութիւն ունե­ցող հակադրութիւննե­րը  չեն նպաստած պետութիւն հաստա­տե­լու գործընթա­ցին։

Տակաւին չենք գտած հակադրութիւննե­րու համադրման եզրը եւ, հետեւա­բար, պետութիւն կառուցե­լու մեր գործը բնա­կան իր շաղկա­պումը չէ ունե­ցած երկրի քաղա­քա­կան զարգա­ցումին հետ։ Կարե­լի է նոյնիսկ հաստա­տել, որ ժողո­վուրդը քաղա­քա­կան իր ազա­տութիւնը չէ ապրած՝ զարգացման իր ընթացքը գտնե­լու համար։ Յետ պատե­րազմ եւ Արցա­խեան տագնա­պի ներկայ ժամա­նակնե­րուն, կարեւոր մեր նիւթը քաղա­քա­կան զարգա­ցում եւ պետութիւն կառուցե­լու զոյգ ընթացքին շաղկա­պումն է։ Նոյնն է երբ կը խօսինք ենթա­կա­ռոյց եւ պետա­կան կառոյց շաղկա­պումին մասին, կամ ժողո­վուրդ եւ պետութիւն համարկման քաղա­քա­կա­նութեան մասին։ Այս շաղկա­պումին մէջ է որ պետա­կա­նութիւն կը կառուցուի եւ քաղա­քա­կա­նութիւն կը զարգա­նայ։

Տակաւին կը պակսի հայ քաղա­քա­կան մտա­ծո­ղութեան այն դպրո­ցը, որ կը մշա­կէ քաղա­քա­կա­նութիւն եւ զարգա­ցում միտքե­րու շաղկա­պումը եւ կը հետեւի այդ միտքե­րու ուժա­կան ամբողջութեան։

Ընդունինք, որ մեր հիմնա­կան նիւթը այսօր Հայաստա­նի պետա­կա­նութեան կերտումն է, այսինքն ինքնիշխան պետութիւն մը‘ իր բնա­կան զարգա­ցումի ընթացքին մէջ, ձերբա­զա­տած քաղա­քա­կան եւ տնտե­սա­կան փտախտէն։

Նման պետութիւն մը հաստա­տե­լու համար, նախ կարեւոր է ընդունիլ պետութիւնը ներկա­յացնող կառա­վա­րութեան իրաւա­կա­նութիւնը։ Որքան ալ հակադրուած ըլլանք անոր քաղա­քա­կան դիրքո­րո­շումնե­րուն, պայքա­րինք եւ մերժենք անոր որո­շումնե­րը, կարե­լի չէ արժեզրկել պետութեան իրաւա­կա­նութիւնը։

Մեզի համար ասի­կա պետա­կա­նութիւն հաստա­տե­լու հիմնա­կան տուեալնե­րէն մէկն է։ Ասի­կա նաեւ ժողովրդա­վա­րութեան յաջո­ղութեան պայմաննե­րէն մէկն է։ Ազգա­յին ժողո­վի պատգա­մաւորնե­րը, օրի­նակ, նախ իրենք պէտք է արժեւո­րեն կառա­վա­րութեան իրաւա­կա­նութիւնը, որպէսզի կառչած մնան ժողովրդա­վա­րութեամբ պետութիւն  հաստա­տե­լու գործին։

Վերջին հաշիւով, ընդունինք, որ դիւա­նա­գի­տա­կան յարա­բե­րութիւննե­րուն մէջ պէտք եղած ազդե­ցութիւնը չենք ունե­ցած, լաւա­գոյն պարա­գա­յին դրա­կան խօսքեր լսած ենք։ Դիպուկ օրի­նակ է Սլո­վա­քիոյ Ազգա­յին խորհուրդի արտա­քին յանձնա­ժո­ղո­վի նախա­գահ Մարիան Քերիի վերջին արտա­յայտութիւնը, որ «դժբախտա­բար, մինչ օրս Ատրպէյճա­նի ռազմա­կան յանցա­գործութիւննե­րը կը շարունա­կուին մարդկութեան դէմ»… Լսե­ցինք, ուրա­խա­ցանք … եւ այդքան։

Ընդունինք նաեւ, որ պատե­րազմ յաղթե­լու կարո­ղութիւնը չունինք (ներկայ պայմաննե­րուն մէջ), ուրեմն, մեր միակ կարո­ղութիւնը եւ ազդե­ցութիւնը՝ իշխա­նութեան իրաւա­կա­նութիւնը արժեւո­րե­լով եւ գոյութիւն ունե­ցող մեր ներազգա­յին ուժե­րով՝ պետութիւն կառուցե­լու գործին մէջ է։

Հոդվա­ծը՝ Asbarez.am կայքից։

Առնչվող Հոդվածներ