«Նեմեսիս»ը վրէժխնդրական սովորական գործողութենէ մը աւելին էր: Դաշնակցութեան պատմութեան քաջածանօթ որեւէ անհատ գիտէ, որ յեղափոխական իր գործունէութեան ընթացքին Դաշնակցութիւնը զոհաբերած է իր լաւագոյնները յեղափոխական կռիւներուն ընթացքին, սակայն չէ ներած թուրք եւ քիւրտ դահիճները եւ հայ մատնիչները, որոնք անարգաբար սպաննած են հայ ֆետայիներ:
Գէորգ Թորոյեան
«Նեմեսիս»ը՝ Ազգային Արժանապատուութեան Վերականգնում
Հայոց Ցեղասպանութեան յիշատակումին առընթեր, մեր ենթագիտակցութեան մէջ անմիջապէս կ՛ուրուագծուի «Նեմեսիս» գործողութիւնը, որ մեր պատմութեան մէջ իւրայատուկ է բազմաթիւ իմաստներով: Այս ուրուագծումը հաւաքական մեր գոյութիւնը իմաստաւորելու, հայօրէն ապրելու եւ մեր ազգային նպատակները իրագործելու ճամբուն վրայ առնուած առաջին քայլն է: Աւելին. այդ գործողութիւնը հայ ժողովուրդի ազգային արժանապատուութեան վերականգումն էր: Համաշխարհային Ա. պատերազմին արեւմտահայութեան 1,500,000ը ցեղասպանուած էր, մնացեալը՝ տեղահանուած, իսկ նորանկախ Հայաստանի Ա. Հանրապետութիւնը հոգեվարքի մէջ էր եւ արդէն կարճ ժամանակ ետք պիտի վերանար:
Այլ խօսքով, հայութիւնը քաղաքականօրէն ամբողջական պարտութիւն կրած էր եւ բարոյահոգեբանական ծանր դրութեան մէջ կը գտնուէր:
Դժբախտաբար, շատերու մօտ թիւրըմբռնում կայ «Նեմեսիս» գործողութեան մասին: Առաջին գլխաւոր գործողութիւնը Թալէաթի ահաբեկումն էր, սակայն արդէն անոր նախորդած էին կարգ մը ջարդարարներու ահաբեկումները: Ինչպէս նաեւ տարածուած է այն սխալ կարծիքը, թէ այդ գործողութիւնը կազմակերպուած էր միմիայն Իթթիհատի պարագլուխները ահաբեկելու համար:
«Նեմեսիս» գործողութեան կազմակերպումը որոշուեցաւ 1919ին, Երեւանի մէջ գումարուած ՀՅԴ 9րդ Ընդհանուր ժողովին: Հիմնական կազմակերպիչները եղած են՝ Արմէն Գարօ, Շահան Նաթալի, Գրիգոր Մերճանով եւ Հրաչ Փափազեան, իսկ նիւթական ծախսերը հոգացած է Ահարոն Սաճագլեան: Թէեւ պէտք է նշել, որ նախքան այս որոշումը կարգ մը ահաբեկումներ արդէն կատարուած էին Դաշնակցութեան մարմիններու որոշումով, որոնք հետագային նկատուեցան »Նեմեսիս« գործողութեան մէկ մասնիկը:
Ահաբեկուած են Հայոց Ցեղասպանութեան եւ 1918ի Պաքուի եւ աւելի ուշ Շուշիի ջարդերուն պատասխանատու 11 թուրք եւ ատրպէյճանցի պարագլուխները: Ղասիմբէկով, Սարաֆով, Նասիֆ Եուսիդպէյ, Ֆաթալի Խան Խոյսկի, Հասան պէկ Ակաեւ, Թալէաթ, Պէհպութ խան Ճիւանշիր, Սայիտ Հալիմ, Պէհատտին Շաքիր, Ճեմալ Ազմի եւ Ճեմալ փաշա: Ահաբեկուած են նաեւ վեց հայեր, որոնք գործակցած են իթթիհատականներուն հետ. Յ. Մկրտիչեան, Վահէ Իհսան, Արշաւիր Եասեան, Հմայեակ Արամեանց, Փոլիս Կարապետ, զէյթունցի Կարապետ:
Աշխարհագրականօրէն գործողութիւնը չէ սահմանափակուած մէկ կամ երկու քաղաքներու մէջ: Վերոնշեալներէն վեցը ահաբեկուած են Պոլսոյ մէջ, երկուքը՝ Սուրիոյ, երեքը՝ Պերլին, մէկը՝ Հռոմ իսկ հինգը՝ Թիֆլիս: Այլ խօսքով հետապնդումները կատարուած են ամէն տեղ եւ հասանելիութեան վայրին մէջ՝ ահաբեկուած: Գործողութիւններու այս աշխարհագրութիւնը ցոյց կու տայ, թէ որքան հսկայածաւալ աշխատանք կատարուած է ոճրագործներու հետքերը գտնելու համար, որովհետեւ անոնց մեծամասնութիւնը արդարութենէ խոյս տուած ըլլալով, կեղծ անուններով կ՛ապրէին: Հետախուզական աշխատանքներու կատարելու համար կը յիշատակուին Արա Սարգիսեանի (քանդակագործ) եւ Աւետիք Իսահակեանի անունները: Ցարդ այլ անուններ չեն յիշուիր:
Այս եւ նման այլ կարեւոր հանգամանքներ ապացոյց են, որ »Նեմեսիս« գործողութեան բոլոր ծալքերը չեն բացայայտուած եւ այդ գործողութիւններէն աւելի քան հարիւր տարի ետք տակաւին բոլոր մասնակիցներուն անունները չենք գիտեր եւ լաւագոյն պարագային, կրնանք ենթադրութիւններ կամ հետեւութիւններ ընել, որոնք անպայմանօրէն ճշմարտութիւնը կրնան չըլլալ:
Պէտք է ընդգծել, որ «Նեմեսիս»ը վրէժխնդրական սովորական գործողութենէ մը աւելին էր: Դաշնակցութեան պատմութեան քաջածանօթ որեւէ անհատ գիտէ, որ յեղափոխական իր գործունէութեան ընթացքին Դաշնակցութիւնը զոհաբերած է իր լաւագոյնները յեղափոխական կռիւներուն ընթացքին, սակայն չէ ներած թուրք եւ քիւրտ դահիճները եւ հայ մատնիչները, որոնք անարգաբար սպաննած են հայ ֆետայիներ: Վկայ՝ Խանասորի արշաւանքը կամ Պշարէ Խալիլի սպանութիւնը: Ստորաբար ամբողջ հայութիւնը բնաջնջելու ծրագիրը գործադրած Իթթիհատի պարագլուխները եւս պիտի արժանանային իրենց նախորդներու ճակատագիրին: Այս գործողութեամբ, Դաշնակցութիւնը նաեւ կը հաստատէր հայութեան իրաւունքները հետապնդելու իր վճռակամութիւնը:
«Նեմեսիս» գործողութիւնը մեր մտքերուն մէջ կը պատկերէ այն հերոսները, որոնք հայութեան ազգային արժանապատուութեան, վրէժխնդրութեան եւ քաղաքական կամքի արտայայտողները եղան: Անոնցմէ խորհրդանիշ դարձած է Սողոմոն Թեհլիրեան, որ ահաբեկեց Հայասպանութեան գլխաւոր պատասխանատուներէն Թալէաթը։ Միւս հանրածանօթ ահաբեկիչներն են՝ Արշաւիր Շիրակեան, Արամ Երկանեան, Միսաք Թորլաքեան, Ստեփան Ծաղիկեան, Արտաշէս Գէորգեան, Զարեհ Մելիք Շահնազարեան, Արշակ Եզտանեան, Պետրոս Տէր Պօղոսեան:
Այստեղ պէտք յիշել, որ կատարուած երեք ահաբեկումներու կատարողներու անունները կը մնան անյայտ:
Ուրախութեամբ պէտք է նշել, որ Ապրիլ 25ին, Երեւանի Օղակաձեւ այգիին մէջ բացումը կատարուեցաւ »Նեմեսիս« գործողութիւնը գործադրած այս հերոսներու յիշատակը յաւերժացնող յուշակոթողին բացումը:
«Նեմեսիս» գործողութեան պատկերը աւելի հարազատ ձեւով ոչ ոք պիտի կարենար ներկայացնել, քան նոյնինքն զայն իրականացնողները: «Կտակն Էր Նահատակներուն» (Արշաւիր Շիրակեան), «Այսպէս Սպաննեցինք» (Արամ Երկանեան), «Օրերուս Հետ» (Միսաք Թորլաքեան) հատորները լաւագոյն ձեւով կը ներկայացնեն այդ ահաբեկումներուն պատմութիւնները:
Իսկ նոյն այդ հերոս տղաները, գործողութեան աւարտէն ետք, քաշուեցան մէկ կողմ, հեռու քաղաքական եւ հանրային կեանքէ եւ վէճերէ: Անոնք կատարեցին սրբազան իրենց գործը եւ լուռ մնացին, հեռու հերոսութեան կեղծ դափնիներէ: Դաշնակցականին վայել համեստութեամբ, անոնք ապրեցան խիղճի հանգստութեամբ եւ միտքի անդորրութեամբ, որ կատարած են իրենց պարտքը: Անոնք իրենց գործողութեամբ հայութեան մէջ վառ պահեցին պայքարելու ոգին եւ իրենց հետագայ համեստ եւ լուռ կեանքով էջ մը եւս աւելցուցին Դաշնակցութեան ԽՈՆԱՐՀ ՀԵՐՈՍՆԵՐ կերտող պատմութեան էջերուն վրայ:
Հոդվածը՝ Asbarez.am կայքից։