15.1 C
Yerevan

Ազգա­յին Վրե­ժի Հիշա­տա­կին

«Նեմեսիս»ը վրէժխնդրա­կան սովո­րա­կան գործո­ղութե­նէ մը աւե­լին էր: Դաշնակցութեան պատմութեան քաջա­ծա­նօթ որեւէ անհատ գիտէ, որ յեղա­փո­խա­կան իր գործունէութեան ընթացքին Դաշնակցութիւնը զոհա­բե­րած է իր լաւա­գոյննե­րը յեղա­փո­խա­կան կռիւնե­րուն ընթացքին, սակայն չէ ներած թուրք եւ քիւրտ դահիճնե­րը եւ հայ մատնիչնե­րը, որոնք անարգա­բար սպաննած են հայ ֆետա­յի­ներ:

Գէորգ Թորո­յեան

«Նեմեսիս»ը՝ Ազգա­յին Արժա­նա­պա­տուութեան Վերա­կանգնում

Հայոց Ցեղասպա­նութեան յիշա­տա­կումին առընթեր, մեր ենթա­գի­տակցութեան մէջ անմի­ջա­պէս կ՛ուրուագծուի «Նեմե­սիս» գործո­ղութիւնը, որ մեր պատմութեան մէջ իւրա­յա­տուկ է բազմա­թիւ իմաստնե­րով: Այս ուրուագծումը հաւա­քա­կան մեր գոյութիւնը իմաստաւո­րե­լու, հայօ­րէն ապրե­լու եւ մեր ազգա­յին նպա­տակնե­րը իրա­գործե­լու ճամբուն վրայ առնուած առա­ջին քայլն է: Աւե­լին. այդ գործո­ղութիւնը հայ ժողո­վուրդի ազգա­յին արժա­նա­պա­տուութեան վերա­կանգումն էր: Համաշխարհա­յին Ա. պատե­րազմին արեւմտա­հա­յութեան 1,500,000ը ցեղասպա­նուած էր, մնա­ցեա­լը՝ տեղա­հա­նուած, իսկ նորանկախ Հայաստա­նի Ա. Հանրա­պե­տութիւնը հոգե­վարքի մէջ էր եւ արդէն կարճ ժամա­նակ ետք պիտի վերա­նար:

Այլ խօսքով, հայութիւնը քաղա­քա­կա­նօ­րէն ամբողջա­կան պարտութիւն կրած էր եւ բարո­յա­հո­գե­բա­նա­կան ծանր դրութեան մէջ կը գտնուէր:

Դժբախտա­բար, շատե­րու մօտ թիւրըմբռնում կայ «Նեմե­սիս» գործո­ղութեան մասին: Առա­ջին գլխաւոր գործո­ղութիւնը Թալէա­թի ահա­բե­կումն էր, սակայն արդէն անոր նախորդած էին կարգ մը ջարդա­րարնե­րու ահա­բե­կումնե­րը: Ինչպէս նաեւ տարա­ծուած է այն սխալ կարծի­քը, թէ այդ գործո­ղութիւնը կազմա­կերպուած էր միմիայն Իթթի­հա­տի պարագլուխնե­րը ահա­բե­կե­լու համար:

 «Նեմե­սիս» գործո­ղութեան կազմա­կերպումը որո­շուե­ցաւ 1919ին, Երեւա­նի մէջ գումա­րուած ՀՅԴ 9րդ Ընդհա­նուր ժողո­վին: Հիմնա­կան կազմա­կերպիչնե­րը եղած են՝ Արմէն Գարօ, Շահան Նաթա­լի, Գրի­գոր Մերճա­նով եւ Հրաչ Փափա­զեան, իսկ նիւթա­կան ծախսե­րը հոգա­ցած է Ահա­րոն Սաճագլեան: Թէեւ պէտք է նշել, որ նախքան այս որո­շումը կարգ մը ահա­բե­կումներ արդէն կատա­րուած էին Դաշնակցութեան մարմիննե­րու որո­շումով, որոնք հետա­գա­յին նկա­տուե­ցան »Նեմե­սիս« գործո­ղութեան մէկ մասնի­կը:

Ահա­բե­կուած են Հայոց Ցեղասպա­նութեան եւ 1918ի Պաքուի եւ աւե­լի ուշ Շուշիի ջարդե­րուն պատասխա­նա­տու 11 թուրք եւ ատրպէյճանցի պարագլուխնե­րը: Ղասիմբէ­կով, Սարաֆով, Նասիֆ Եուսիդպէյ, Ֆաթա­լի Խան Խոյսկի, Հասան պէկ Ակաեւ, Թալէաթ, Պէհպութ խան Ճիւանշիր, Սայիտ Հալիմ, Պէհատտին Շաքիր, Ճեմալ Ազմի եւ Ճեմալ փաշա: Ահա­բե­կուած են նաեւ վեց հայեր, որոնք գործակցած են իթթի­հա­տա­կաննե­րուն հետ. Յ. Մկրտի­չեան, Վահէ Իհսան, Արշաւիր Եասեան, Հմա­յեակ Արա­մեանց, Փոլիս Կարա­պետ, զէյթունցի Կարա­պետ: 

Աշխարհագրա­կա­նօ­րէն գործո­ղութիւնը չէ սահմա­նա­փա­կուած մէկ կամ երկու քաղաքնե­րու մէջ: Վերոնշեալնե­րէն վեցը ահա­բե­կուած են Պոլսոյ մէջ, երկուքը՝ Սուրիոյ, երե­քը՝ Պերլին, մէկը՝ Հռոմ իսկ հինգը՝ Թիֆլիս: Այլ խօսքով հետապնդումնե­րը կատա­րուած են ամէն տեղ եւ հասա­նե­լիութեան վայրին մէջ՝ ահա­բե­կուած: Գործո­ղութիւննե­րու այս աշխարհագրութիւնը ցոյց կու տայ, թէ որքան հսկա­յա­ծաւալ աշխա­տանք կատա­րուած է ոճրա­գործնե­րու հետքե­րը գտնե­լու համար, որովհե­տեւ անոնց մեծա­մասնութիւնը արդա­րութե­նէ խոյս տուած ըլլա­լով, կեղծ անուննե­րով կ՛ապրէին: Հետա­խուզա­կան աշխա­տանքնե­րու կատա­րե­լու համար կը յիշա­տա­կուին Արա Սարգի­սեա­նի (քանդա­կա­գործ) եւ Աւե­տիք Իսա­հա­կեա­նի անուննե­րը: Ցարդ այլ անուններ չեն յիշուիր:

Այս եւ նման այլ կարեւոր հանգա­մանքներ ապա­ցոյց են, որ »Նեմե­սիս« գործո­ղութեան բոլոր ծալքե­րը չեն բացա­յայտուած եւ այդ գործո­ղութիւննե­րէն աւե­լի քան հարիւր տարի ետք տակաւին բոլոր մասնա­կիցնե­րուն անուննե­րը չենք գիտեր եւ լաւա­գոյն պարա­գա­յին, կրնանք ենթադրութիւններ կամ հետեւութիւններ ընել, որոնք անպայմա­նօ­րէն ճշմարտութիւնը կրնան չըլլալ:

Պէտք է ընդգծել, որ «Նեմեսիս»ը վրէժխնդրա­կան սովո­րա­կան գործո­ղութե­նէ մը աւե­լին էր: Դաշնակցութեան պատմութեան քաջա­ծա­նօթ որեւէ անհատ գիտէ, որ յեղա­փո­խա­կան իր գործունէութեան ընթացքին Դաշնակցութիւնը զոհա­բե­րած է իր լաւա­գոյննե­րը յեղա­փո­խա­կան կռիւնե­րուն ընթացքին, սակայն չէ ներած թուրք եւ քիւրտ դահիճնե­րը եւ հայ մատնիչնե­րը, որոնք անարգա­բար սպաննած են հայ ֆետա­յի­ներ: Վկայ՝ Խանա­սո­րի արշաւանքը կամ Պշա­րէ Խալի­լի սպա­նութիւնը: Ստո­րա­բար ամբողջ հայութիւնը բնաջնջե­լու ծրա­գի­րը գործադրած Իթթի­հա­տի պարագլուխնե­րը եւս պիտի արժա­նա­նա­յին իրենց նախորդնե­րու ճակա­տա­գի­րին: Այս գործո­ղութեամբ, Դաշնակցութիւնը նաեւ կը հաստա­տէր հայութեան իրաւունքնե­րը հետապնդե­լու իր վճռա­կա­մութիւնը: 

 «Նեմե­սիս» գործո­ղութիւնը մեր մտքե­րուն մէջ կը պատկե­րէ այն հերոսնե­րը, որոնք հայութեան ազգա­յին արժա­նա­պա­տուութեան, վրէժխնդրութեան եւ քաղա­քա­կան կամքի արտա­յայտողնե­րը եղան: Անոնցմէ խորհրդա­նիշ դարձած է Սողո­մոն Թեհլի­րեան, որ ահա­բե­կեց Հայասպա­նութեան գլխաւոր պատասխա­նա­տունե­րէն Թալէա­թը։ Միւս հանրա­ծա­նօթ ահա­բե­կիչներն են՝ Արշաւիր Շիրա­կեան, Արամ Երկա­նեան, Միսաք Թորլա­քեան, Ստե­փան Ծաղի­կեան, Արտա­շէս Գէորգեան, Զարեհ Մելիք Շահնա­զա­րեան, Արշակ Եզտա­նեան, Պետրոս Տէր Պօղո­սեան:

Այստեղ պէտք յիշել, որ կատա­րուած երեք ահա­բե­կումնե­րու կատա­րողնե­րու անուննե­րը կը մնան անյայտ:

Ուրա­խութեամբ պէտք է նշել, որ Ապրիլ 25ին, Երեւա­նի Օղա­կա­ձեւ այգիին մէջ բացումը կատա­րուե­ցաւ »Նեմե­սիս« գործո­ղութիւնը գործադրած այս հերոսնե­րու յիշա­տա­կը յաւերժացնող յուշա­կո­թո­ղին բացումը:

«Նեմե­սիս» գործո­ղութեան պատկե­րը աւե­լի հարա­զատ ձեւով ոչ ոք պիտի կարե­նար ներկա­յացնել, քան նոյնինքն զայն իրա­կա­նացնողնե­րը: «Կտակն Էր Նահա­տակնե­րուն» (Արշաւիր Շիրա­կեան), «Այսպէս Սպաննե­ցինք» (Արամ Երկա­նեան), «Օրե­րուս Հետ» (Միսաք Թորլա­քեան) հատորնե­րը լաւա­գոյն ձեւով կը ներկա­յացնեն այդ ահա­բե­կումնե­րուն պատմութիւննե­րը:

Իսկ նոյն այդ հերոս տղա­նե­րը, գործո­ղութեան աւարտէն ետք, քաշուե­ցան մէկ կողմ, հեռու քաղա­քա­կան եւ հանրա­յին կեանքէ եւ վէճե­րէ: Անոնք կատա­րե­ցին սրբա­զան իրենց գործը եւ լուռ մնա­ցին, հեռու հերո­սութեան կեղծ դափնի­նե­րէ: Դաշնակցա­կա­նին վայել համեստութեամբ, անոնք ապրե­ցան խիղճի հանգստութեամբ եւ միտքի անդորրութեամբ, որ կատա­րած են իրենց պարտքը: Անոնք իրենց գործո­ղութեամբ հայութեան մէջ վառ պահե­ցին պայքա­րե­լու ոգին եւ իրենց հետա­գայ համեստ եւ լուռ կեանքով էջ մը եւս աւելցուցին Դաշնակցութեան ԽՈՆԱՐՀ ՀԵՐՈՍՆԵՐ կերտող պատմութեան էջե­րուն վրայ:

Հոդվա­ծը՝ Asbarez.am կայքից։

Առնչվող Հոդվածներ