Մեծ մտաւորականին գաղափարական աշխարհը հիմնովին փուլ եկաւ եւ ան գրեց «Անցեալից» խորագրով աշխատասիրութիւնը, ուր գլխիվայր շրջուած պատկերով կը ներկայանայ Լէոյի սկզբնական շրջանի դրական արժեւորումը հայ ազգային-ազատագրական շարժման վերաբերեալ։
Նազարեթ Բերբերյան
ՄԵՐ ՈՒՂԻՆ
Յուշատետր
ԼԷՕ (Առաքել Բաբախանեան, 1860-1932).
ՄԵԾԱՎԱՍՏԱԿ ՊԱՏՄԱԲԱՆՆ ՈՒ ՀԱՅ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ՄՏՔԻ ՀԱՐՑԱԽՈՅԶ ՏԵՍԱԲԱՆԸ
Ն. Պէրպէրեան
26 Ապրիլ 2023
Ապրիլ 26ի (հին տոմարով՝ Ապրիլ 14ի) օրը, 163 տարի առաջ, Արցախի հայակերտ օրրան Շուշիի մէջ, Առաքել Գրիգորի Բաբախանեան աւազանի անուն-մականունով լոյս աշխարհ եկաւ հայ ժողովուրդի մեծարժէք եւ հեղինակաւոր դէմքերէն Լէօ։
Վաստակաշատ հեղինակութիւն է Լէօ՝ ընդհանրապէս հայ քաղաքական մտքի ուսումնասիրութեան եւ, յատկապէս, հայոց պատմութեան քննական հետազօտման ու արժեւորման առումներով։
Լէօ իր ուրոյն դրոշմը դրաւ Հայ Մտքի թէ՛ նախախորհրդային եւ թէ յետ-խորհրդային ժամանակաշրջաններու դեգերումներուն վրայ՝ գլխաւոր գաղափարախօսներէն մէկը դառնալով պատմակշիռ վերիվայրումներով յագեցած հայոց պատմութեան ամենավճռորոշ փուլին – 19րդ դարավերջին եւ 20րդ դարասկիզբի աւելի քան չորս տասնամեակներուն։
Թէեւ պատմագիտական ու ազգային-քաղաքական իր կողմնորոշումներով, յատկապէս ինքզինք հակասող տեսակէտներով՝ Լէօ միշտ բանավէճի ալիք բարձրացուց իր մտքերուն եւ դիրքորոշումներուն շուրջ, այդուհանդերձ՝ նոյնիսկ իր ընդդիմախօսները բնաւ հարցականի տակ չառին Լէոյի գիտական պաշարին ու կոթողական աշխատասիրութեանց բացառիկ արժէքը։
Բաբախանեաններու համեստ ընտանիքին մէջ ծնած ըլլալով՝ կեանքի պայմանները չօգնեցին, որպէսզի Լէօ կարենար բարձրագոյն ուսման հետեւիլ։
Ան ստիպուեցաւ բաւարարուելու Շուշիի Թեմական եւ Քաղաքային Վերակազմեալ վարժարաններու ջամբած ուսումով։
Դպրոցական ուսման շրջանը աւարտեց 1878ին եւ գնաց Պաքու՝ նոտարական աշխատանք գտնելով եւ ազատ ժամանակը լրիւ օգտագործելով թէ՛ ինքնազարգացման, թէ՛ գրական ստեղծագործութեան եւ թէ հրապարակագրութեան համար։
Այդ տարիներէն սկսեալ, Լէօ մնայուն աշխատակիցը եղաւ Գրիգոր Արծրունիի մեծահռչակ «Մշակ» թերթին՝ անմիջապէս ուշադրութիւն գրաւելով եւ ատենի ծանօթ գրողներու եւ հեղինակաւոր դէմքերու խրախուսանքին արժանանալով։
Ինքնազարգացումը դարձաւ Լէոյի կեանքին մղիչ ուժը՝ զինք դարձնելով հեղինակը աւելի քան 200 հատոր կազմող ստեղծագործութեանց եւ աշխատասիրութեանց։
Իր այդ պատկառելի վաստակը նկատի ունէին իր ժամանակակիցները, երբ կ՛ըսէին.- «Լէոն ոչ թէ գրող է, այլ գրական հիմնարկութիւն»։
Բեղմնաւոր գրիչ է Լէօ, որուն կարճ պատմուածքները, վիպակները, հրապարակագրական յօդուածները, գրախօսականները, ուղեւորագրութիւններն ու վէպերը արագօրէն յաջորդեցին իրարու՝ լոյս տեսնելով Թիֆլիսի, Պաքուի, Շուշիի, Վենետիկի, Ս.Ղազարի եւ Պոլսոյ հայ մամուլի էջերուն:
1895ին Լէօ տեղափոխուեցաւ Թիֆլիս, ուր ապրեցաւ եւ ստեղծագործեց մինչեւ 1924 թուականը, երբ հրաւիրուեցաւ Երեւան՝ իբրեւ Պետական Համալսարանի աւագ դասախօս։
Թիֆլիսեան իր գործունէութեան շրջանին, երկու տարիով, 1906էն 1908, Լէօ դասախօսական պաշտօնի կոչուեցաւ Ս. Էջմիածնի Գէորգեան Ճեմարանին մէջ։
Այլապէս՝ երկար տարիներ եղաւ «Մշակ»ի խմբագրութեան քարտուղարը, իսկ 1908էն ետք դարձաւ «Մուրճ» թերթի գլխաւոր խմբագիրը։
Լէոյի գաղափարական կազմաւորման վրայ զգալի եղաւ դրոշմը ինչպէս Գրիգոր Արծրունիի մտածողութեան, նոյնպէս եւ Րաֆֆիի ազատախոհ ուղղութեան։
Իբրեւ այդպիսին՝ Լէօ սկզբնապէս անխնայ քննադատողը եղաւ իր ժամանակաշրջանի հայ պահպանողականութեան եւ կղերամտութեան։
Դարձաւ քննադատական մտքի դասական եւ ուսանելի օրինակ մը հայ իրականութեան մէջ:
Թիֆլիսի մէջ Լէօ մեծ հռչակի տիրացաւ ոչ միայն իբրեւ գրողի, գրականագէտի, հրապարակախօսի եւ նորարար պատմագիրի, այլեւ՝ իբրեւ լայն պատրաստութեան եւ գիտութեան տէր մտաւորականի, որուն քննական արժեւորման կ՛արժանանար հայ իրականութիւնը յուզող իւրաքանչիւր հարց:
Թէեւ Լէոյի գրախօսականները ծայր աստիճան խստապահանջ էին իր ժամանակակից գրողներուն նկատմամբ, այսուհանդերձ՝ ան մեծապէս գնահատուեցաւ իր կատարած քննադատութեանց համար եւ պատահական չէր, որ Կովկասի Հայ Գրողներու Ընկերութեան եւ յատկապէս անոր նախագահ Յովհ. Թումանեանի նախաձեռնութեամբ, 1908ին եւ 1910ին մեծ շուքով նշուեցան Լէոի գրական գործունէութեան 25ամեակն ու ծննդեան 50ամեակը։
Առաջին Աշխարհամարտի ընթացքին հայ ժողովուրդին բաժին հանուած ծանրագոյն ողբերգութիւնը՝ թրքական պետութեան գործադրած հայոց ցեղասպանութիւնը ծայր աստիճան ծանր անդրադարձ ունեցաւ Լէոյի վրայ։
Մեծ մտաւորականին գաղափարական աշխարհը հիմնովին փուլ եկաւ եւ ան գրեց «Անցեալից» խորագրով աշխատասիրութիւնը, ուր գլխիվայր շրջուած պատկերով կը ներկայանայ Լէոյի սկզբնական շրջանի դրական արժեւորումը հայ ազգային-ազատագրական շարժման վերաբերեալ։
Րաֆֆիի եւ Արծրունիի յեղափոխաշունչ մտածողութեան երբեմնի արժանաւոր շառաւիղը ինքզինք հակասեց այն աստիճան, որ հայ ժողովուրդին դէմ թրքական պետութեան գործադրած մեծ ցեղասպանութեան պատասխանատուներն ու մեղաւորները Լէօ սկսաւ փնտռել նոյնինքն հայութեան մէջ՝ հետեւեալ տիպի անհիմն ու անհեթեթ եզրակացութեանց յանգելով.-
…«Մեղաւորը մտաւորականներն էին, հայ հասարակական եւ քաղաքական կազմակերպութիւններն, որոնք յիմարաբար եւ անխոհեմ հաւատացին շահամոլ բուրժուական արեւմուտքին ու Ռուսաստանին, եւ մենք՝ որ մանկամիտ ձեւով հաւատացինք լուսաւորեալ մարդկութեան հումանիզմին, ծախու եւ ստոր հաւաստիացումներին… Տարիներ շարունակ ես յանցագործ ձեւով պայքարել եմ մեր պահպանողականների դէմ, բայց նրանք աւելի իրատեսական գտնուեցին, քանի որ աւելի լաւ էին հասկացել աշխարհի ուժեղների անամօթութիւնը եւ անբարոյականությունը»:
Իսկ Հայաստանի անկախութեան կործանումէն եւ մեր երկրին պարտադրուած խորհրդայնացումէն ետք, Լէօ դրսեւորեց պատմաքաղաքական իր հայեացքներն ու արժեւորումները հիմնովին վերանայման ենթարկելու անարդարանալի վարքագիծ մը։
Խորհրդային տարիներու Լէոյի գաղափարախօսական խոտորումները, յատկապէս իր կոթողական «Հայոց Պատմութիւն» եռահատոր գործին վերջին հատորին (նորագոյն շրջանին վերաբերեալ) եզրայանգումները անընդունելի եղան այն աստիճան, որ մինչեւ իսկ «Հայկական Սովետական Հանրագիտարան»ը, 1970ականներուն, դատապարտանքով անդրադարձաւ հայ ազգային-ազատագրական շարժման հասցէին եւ դէմ Լէոյի կողմէ հնչած… անմհիմն ու անհեթեթ «մեղադրանքներուն»։
1925էն ետք գրուած իր աշխատութեանց մէջ, Լէօ փաստօրէն հայկական յեղափոխութեան վրայ բարդեց յանցանքի եւ պատասխանատուութեան ծանր բաժին մը՝ հայ ժողովուրդին դէմ թրքական պետութեան գործադրած ջարդերուն «պատճառ» նկատելով հայ յեղափոխականներու այսպէս կոչուած «յանպատրաստի» եւ «կանխահաս» պոռթկումները։
Պատմագիտական եւ գաղափարախօսական իր այդ խորհրդահաճոյ վերանայումներուն համար, օրին իսկ, Լէօ «յապաղած մարգարէ» հռչակուեցաւ Դաշնակցութեան տեսաբան Միքայէլ Վարանդեանի կողմէ։
Այդօրինակ իր խոտորումներով հանդերձ՝ Լէօ մեր ժողովուրդին յանձնեց ժառանգութիւն մը, ուր հայ քննական միտքը կը ճառագայթէ ամենայն խորիմացութեամբ ու լուսաւորող ջերմութեամբ, որոնց համար Լէօ իր մնայուն տեղը ունի հայոց մեծերու համաստեղութեան մէջ։
Խօսուն է, այս առումով, Մեծն Աւետիք Իսահակեանի գնահատականը ԼԷՕ երեւոյթին վերաբերեալ.-՝ «Մարդու հետաքրքիր օրինակ է Լէոն: Հազիւ թէ այդպիսի երկրորդը գտնուի մեր մէջ, որի հետաքրքրութիւնների ոլորտը սահման չի ունեցել»։
Լէօ իր կեանքի վերջին տարիները, 1924էն 1932, անցուց Երեւան՝ դասաւանդելով Երեւանի Պետական Համալսարանին մէջ։
Ան վախճանեցաւ 14 Նոյեմբեր 1932ին, գրեթէ կուրացած վիճակի մէջ, բայց մինչեւ վերջին շունչ գրիչը՝ ձեռքին եւ հայոց վիշտը՝ հոգիին խորը:
Իր կտակը եղաւ՝
«Երանի նրանց, որոնք մեռան միամտութեան մէջ՝ հաւատալով, որ հայոց հարցը պիտի լուծուի հայ ժողովրդի երջանկութեան համար: Ես մի մխիթարանք ունեմ այժմ, աւերուած եւ բզքտուած Հայաստանից մնացել է մի փոքրիկ հողակտոր, որը շատ մեծ գնով է ձեռք բերուել…: Բայց հայ ժողովուրդը… պիտի նորից ապրի: Ապրի այնպէս, որ հինը երբեք չկրկնուի: Ապրել ոչ միայն նորից, այլեւ նորովի ու անէծքով խափանուած ճանապարհների փոխարէն պիտի բացուեն նորերը…»:
Լէոյի աճիւնը ամփոփուած է Կոմիտասի անուան զբօսայգիի Պանթէոնին մէջ:
Մեծավաստակ պատմաբանին եւ հայ քաղաքական մտքի հեղինակաւոր տեսաբանին ծննդեան տարեդարձին՝ ընթերցողի ուշադրութեան արժանի են հայ ժողովուրդի հերոսական կեանքին մասին Լէոյի հետագայ մտորումները.
- «Հայոց պատմութիւնը մի հսկայական մարտիրոսութիւն է»։
- «Հերոսները երկնքից չեն ընկնում, հերոսները ծնւում են ժողովրդից»։
- Հայ գրերու գիւտին առիթով՝
«Մեր ամբողջ պատմութեան ընթացքին սա առաջին մեծ դէպքն է, երբ հայ ժողովուրդը ճշմարիտ, նշանաւոր յաղթանակ մը տարաւ։ Նոյնիսկ եթէ Տիգրանները աւելի սովորական երեւոյթ ըլլային մեր պատմութեան մէջ, դարձեալ անոնց յաղթանակները կարող չէին համեմատուիլ այս համեստ վարդապետի գործի հետ»։ - Մեսրոպ Մաշտոցի մասին՝
«Մեսրոպն իր կատարած գործով ամենամեծն է մեր պատմական հերոսների մէջ»։
Գրառումը՝ Նազարեթ Բերբերյանի ֆեյսբուքյան էջից։