16.3 C
Yerevan

Մայիս Մէկ․ Աշխա­տաւո­րութեան Ու Աշխա­տանքի Ազա­տագրութեան Տեսլա­կա­նը

Սկզբնա­պէս Եւրո­պա­յով սահմա­նա­փա­կուե­ցաւ ութժա­մեայ աշխա­տանքա­յին օրուան, աշխա­տա­վարձե­րու արդար գնա­հատման եւ աշխա­տա­տե­ղի­նե­րու մէջ աւե­լի յարմար պայմաննե­րու ապա­հովման պահանջնե­րով թափ առած շարժումը։

Նազա­րեթ Բերբերյան

ՄԵՐ ՈՒՂԻՆ

Յուշա­տետր

ՄԱՅԻՍ ՄԷԿ․
Աշխա­տաւո­րութեան ու Աշխա­տանքի Ազա­տագրութեան ՏԵՍԼԱ­ԿԱ­Նը

Ն. Պէրպէ­րեան

Մայիս Մէկ է այսօր եւ որեւէ յուշա­տետրի Մայիս ամսու առա­ջին օրուան յատկա­ցուած էջը անպայմա­նօ­րէն, մօտէն կամ հեռուէն, ուղղա­կի թէ անուղղա­կի կ’ա­ռընչուի Աշխա­տանքի ազա­տագրութեան եւ յատկա­պէս Աշխա­տաւո­րա­կան Իրաւունքնե­րու պաշտպա­նութեան մեծ դատին։
Գաղա­փա­րա­կան ի՛նչ համո­զումի եւ աշխարհա­յեացքի, կամ հասա­րա­կա­կան թէ ազգա­յին ի՛նչ պատկա­նե­լիութեան տէր ալ ըլլայ մարդ, ընկերվա­րա­կան հակումներ ունե­նայ թէ ոչ, ազգա­յին թէ քաղա­քակրթա­կան իր ժառանգութեան մէջ վստա­հա­բար կը գտնէ յիշարժան պահեր, որոնք աղերս ունին ՄԱՅԻՍ ՄԷԿի իմաստին ու պատգա­մին հետ։
Մայիս Մէկի ԳԱՂԱՓԱՐԱԿԱՆ ԱՒԱՆԴը ըստ ամե­նայնի նոյնա­ցած է մարդ անհա­տին եւ ամբողջ հասա­րա­կութիւննե­րու աշխա­տանք ունե­նա­լու, սեփա­կան աշխա­տանքին պտուղնե­րը ազա­տօ­րէն վայե­լե­լու եւ արդա­րօ­րէն արժեւո­րուած տեսնե­լու, աշխա­տանքա­յին կեանքի պայմաննե­րը էապէս բարե­լաւե­լու տիե­զե­րա­կան իրաւունքին ձեռքբերման ՄԵԾ ՊԱՅՔԱՐԻՆ հետ։

Քաղա­քա­կան, գաղա­փա­րա­կան եւ հասա­րա­կա­կան շատ երկար ճամբայ կտրած է մարդկութիւնը 1886ի Մայիս Մէկէն ասդին, երբ Մ. Նահանգնե­րու ճարտա­րա­րուեստա­կան կեդրոննե­րէն Շիքա­կո­յի մէջ ոստի­կա­նութիւնը կրակ բացաւ աշխա­տանքա­յին իրենց պայմաննե­րու բարե­լաւումը պահանջող աշխա­տաւորնե­րու ցոյցին վրայ՝ վիրաւորներ եւ զոհեր խլե­լով։
Շիքա­կո­յի աշխա­տաւորնե­րուն եւ անոնց դատին, զոհե­րուն եւ շարունա­կուող պայքա­րին զօրակցե­լու նպա­տա­կով՝ 1889ին, Ֆրանսա­կան Մեծ Յեղա­փո­խութեան 100ամեակին առի­թով գումա­րուած Ընկերվա­րա­կան Երկրորդ Միջազգայնա­կա­նի առա­ջին համա­գումա­րին, որո­շուե­ցաւ ՄԱՅԻՍ ՄԷԿը հռչա­կել ԱՇԽԱՏԱՒՈՐՈՒԹԵԱՆ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՕՐ։
Եւ այդպէս սկսաւ Մայիս Մէկի միջազգա­յին շարժման կենսագրութիւնը։
Սկզբնա­պէս Եւրո­պա­յով սահմա­նա­փա­կուե­ցաւ ութժա­մեայ աշխա­տանքա­յին օրուան, աշխա­տա­վարձե­րու արդար գնա­հատման եւ աշխա­տա­տե­ղի­նե­րու մէջ աւե­լի յարմար պայմաննե­րու ապա­հովման պահանջնե­րով թափ առած շարժումը։
Բայց որովհե­տեւ 19րդ դարու վերջին տասնա­մեա­կէն սկսած աշխարհով մէկ վարա­կիչ դարձած էին ազգա­յին եւ ընկե­րա­յին ազա­տագրումի յեղա­փո­խա­կան շարժումնե­րը, Մայիս Մէկի ոգե­կո­չումներն ու տօնախմբութիւննե­րը շատ արագ ամէ­նուր վերա­ծուե­ցան բողո­քի եւ ցոյցի պոռթկումնե­րու՝ իշխա­նութեանց եւ ժողովրդա­յին խաւե­րու միջեւ բախումի առիթնե­րու։
Նոյնքան արա­գութեամբ զուտ աշխա­տաւո­րա­կան պահանջնե­րու վրայ գումա­րուե­ցան ազգա­յին եւ կրօ­նա­կան, մշա­կութա­յին եւ հասա­րա­կա­կան ազա­տագրումի առա­ջադրանքներ։
Այդպէ՛ս շարունա­կուե­ցան՝ մինչեւ որ — տասնա­մեա­կէ տասնա­մեակ յարա­ճուն թափ ապա­հո­վե­լով — Մայիս Մէկի ելոյթնե­րը ընդգրկե­ցին լայնա­գոյն հասկա­ցո­ղութեամբ Իրաւունքի պաշտպա­նութեան եւ Արդա­րութեան ձգտող ամէն կարգի պահանջ

Մայիս Մէկը այսօր եւս կը պահպա­նէ, անշո՛ւշտ, շեշտա­կիօ­րէն Աշխա­տանքի եւ Աշխա­տաւո­րութեան Միջազգա­յին Օրուան իր նշա­նա­կութիւնը։
Բայց այսօր արդէն Աշխա­տանքն ու Աշխա­տաւո­րութիւնը շատ բան կորսնցուցած են նեղ‘ զուտ դասա­կարգա­յին իրենց սկզբնա­կան իմաստէն եւ արժէ­քէն։
Ընդհա­կա­ռակն՝ համա­պարփակ իմաստ ստա­ցած են եւ ընդգրկած են ցեղա­յին ու սեռա­յին հաւա­սա­րութեան, ազգա­յին պաշտպա­նուա­ծութեան եւ արդա­րութեան, ժողովրդա­վա­րա­կան յարա­բե­րութիւննե­րու եւ հակակշիռնե­րու ընդլայնման, կենսո­լորտի անխա­թար պահպանման եւ կրօ­նա­կան ու քաղա­քակրթա­կան ինքնուրոյնութեան ազատ զարգացման պահանջնե­րը։
Փաստօ­րէն հասա­րա­կա­կան ու ազգա­յին համընդհա­նուր ազա­տագրման պայքարնե­րու ամբողջ հորի­զո­նը լայն բացուած է Մայիս Մէկի իմաստին եւ արժէ­քին առջեւ։

Որո­շա­պէս հայ ժողո­վուրդի կեանքին մէջ եւս, սկիզբէն իսկ՝ 19րդ դարա­վերջէն սկսեալ, Մայիս Մէկը ոչ միայն հայ գրողնե­րու՝ Վարուժաննե­րու եւ Վարանդեաննե­րու ու անոնց գաղա­փա­րա­կան ենթա­հո­ղը կազմող հայ ազգային¬ազատագրական շարժման ներշնչման աղբիւրը դարձաւ։
Այլեւ՝ Մայիս Մէկը հետեւո­ղա­կա­նօ­րէն մղում տուաւ զուտ եւ նեղ դասա­կարգա­յին մօտե­ցումնե­րը մերժե­լու ազգա­յին-գաղա­փա­րա­կան ԶԱՐԹՕՆՔի եւ ԲՈՂՈ­Քի ՇԱՐԺՈՒՄին՝ համազգա­յին ու համա­մարդկա­յին մեծ իտէալնե­րով առաջնորդուե­լու սկզբունքայնութեամբ։
Այդ զգայնութեամբ էր, նաե՛ւ, որ հայ ժողո­վուրդը 20րդ դարասկիզբին կրցաւ ինքզինք պաշտպա­նել եւ կուլ չերթալ ընկերվա­րա­կան շարժումը դաւա­նա­մո­լութեան առաջնորդող պոլշեւի­կեան խորշա­կի այլա­սերման ու դաւա­նա­մո­լութեան վտանգին։
Խորհրդա­յին ամբողջա­տի­րութեան ամբողջ եօթա­նա­սուն տարուան թունաւո­րումէն ետք անգամ՝ հայ քաղա­քա­կան միտքը կրցաւ ընկերվա­րա­կան իր ազգա­յին ժառանգութեան հարա­զատ ակունքնե­րով վերա­կանգնիլ։
Եւ ամէն Մայիս Մէկի հետ, մերօ­րեայ հայութիւնը աշխարհով մէկ կը վերա­նո­րո­գէ արեւուն տակ իր ազգա­յին եւ ընկե­րա­յին ազատ ու արդար կեանքը նուա­ճե­լու ուխտը՝
Ազգա­յին եւ ընկե­րա­յին բողո­քի ու ազա­տագրումի իր պայքարնե­րը զուգա­հե­ռա­բար, այլեւ փոխ-ազդե­ցութեան եւ փոխ-հզօ­րացման հունով առաջնորդե­լու գաղա­փա­րա­կան ՅԱՆՁՆԱ­ՌՈՒԹԻՒՆը։

Մայիս Մէկի խորհուրդը, այդպէ՛ս, այսօր մաքրազտուած է յանուն ընկերվա­րութեան կատա­րուած իբր «աշխա­տաւո­րա­կան պետութեան», «աշխա­տաւո­րա­կան բռնա­կա­լութեան» եւ նմա­նա­տիպ կարգա­խօսնե­րու գաղա­փա­րա­խօ­սա­կան չարա­շա­հումնե­րէն։
Վերա­հաստա­տուած է Մայիս Մէկի մարդկայնա­կան՝ Իրաւունքի եւ Արդա­րութեան համար մղուող պայքա­րի իմաստը։
Վերա­թարմա­ցած է Աշխա­տաւո­րութեան ու Աշխա­տանքի ազա­տագրութեան զօրակցե­լու Մայիս Մէկի ՏԵՍԼԱ­ԿԱ­Նը։

Գրա­ռումը՝ Նազա­րեթ Բերբերյանի ֆեյսբուքյան էջից։

Առնչվող Հոդվածներ