ՄԵՐ ՈՒՂԻՆ

Մայիս Մէկ․ Աշխատաւորութեան Ու Աշխատանքի Ազատագրութեան Տեսլականը

Սկզբնապէս Եւրոպայով սահմանափակուեցաւ ութժամեայ աշխատանքային օրուան, աշխատավարձերու արդար գնահատման եւ աշխատատեղիներու մէջ աւելի յարմար պայմաններու ապահովման պահանջներով թափ առած շարժումը։

Նազարեթ Բերբերյան

ՄԵՐ ՈՒՂԻՆ

Յուշատետր

ՄԱՅԻՍ ՄԷԿ․
Աշխատաւորութեան ու Աշխատանքի Ազատագրութեան ՏԵՍԼԱԿԱՆը

Ն. Պէրպէրեան

Մայիս Մէկ է այսօր եւ որեւէ յուշատետրի Մայիս ամսու առաջին օրուան յատկացուած էջը անպայմանօրէն, մօտէն կամ հեռուէն, ուղղակի թէ անուղղակի կ’առընչուի Աշխատանքի ազատագրութեան եւ յատկապէս Աշխատաւորական Իրաւունքներու պաշտպանութեան մեծ դատին։
Գաղափարական ի՛նչ համոզումի եւ աշխարհայեացքի, կամ հասարակական թէ ազգային ի՛նչ պատկանելիութեան տէր ալ ըլլայ մարդ, ընկերվարական հակումներ ունենայ թէ ոչ, ազգային թէ քաղաքակրթական իր ժառանգութեան մէջ վստահաբար կը գտնէ յիշարժան պահեր, որոնք աղերս ունին ՄԱՅԻՍ ՄԷԿի իմաստին ու պատգամին հետ։
Մայիս Մէկի ԳԱՂԱՓԱՐԱԿԱՆ ԱՒԱՆԴը ըստ ամենայնի նոյնացած է մարդ անհատին եւ ամբողջ հասարակութիւններու աշխատանք ունենալու, սեփական աշխատանքին պտուղները ազատօրէն վայելելու եւ արդարօրէն արժեւորուած տեսնելու, աշխատանքային կեանքի պայմանները էապէս բարելաւելու տիեզերական իրաւունքին ձեռքբերման ՄԵԾ ՊԱՅՔԱՐԻՆ հետ։

Քաղաքական, գաղափարական եւ հասարակական շատ երկար ճամբայ կտրած է մարդկութիւնը 1886ի Մայիս Մէկէն ասդին, երբ Մ. Նահանգներու ճարտարարուեստական կեդրոններէն Շիքակոյի մէջ ոստիկանութիւնը կրակ բացաւ աշխատանքային իրենց պայմաններու բարելաւումը պահանջող աշխատաւորներու ցոյցին վրայ՝ վիրաւորներ եւ զոհեր խլելով։
Շիքակոյի աշխատաւորներուն եւ անոնց դատին, զոհերուն եւ շարունակուող պայքարին զօրակցելու նպատակով՝ 1889ին, Ֆրանսական Մեծ Յեղափոխութեան 100ամեակին առիթով գումարուած Ընկերվարական Երկրորդ Միջազգայնականի առաջին համագումարին, որոշուեցաւ ՄԱՅԻՍ ՄԷԿը հռչակել ԱՇԽԱՏԱՒՈՐՈՒԹԵԱՆ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՕՐ։
Եւ այդպէս սկսաւ Մայիս Մէկի միջազգային շարժման կենսագրութիւնը։
Սկզբնապէս Եւրոպայով սահմանափակուեցաւ ութժամեայ աշխատանքային օրուան, աշխատավարձերու արդար գնահատման եւ աշխատատեղիներու մէջ աւելի յարմար պայմաններու ապահովման պահանջներով թափ առած շարժումը։
Բայց որովհետեւ 19րդ դարու վերջին տասնամեակէն սկսած աշխարհով մէկ վարակիչ դարձած էին ազգային եւ ընկերային ազատագրումի յեղափոխական շարժումները, Մայիս Մէկի ոգեկոչումներն ու տօնախմբութիւնները շատ արագ ամէնուր վերածուեցան բողոքի եւ ցոյցի պոռթկումներու՝ իշխանութեանց եւ ժողովրդային խաւերու միջեւ բախումի առիթներու։
Նոյնքան արագութեամբ զուտ աշխատաւորական պահանջներու վրայ գումարուեցան ազգային եւ կրօնական, մշակութային եւ հասարակական ազատագրումի առաջադրանքներ։
Այդպէ՛ս շարունակուեցան՝ մինչեւ որ – տասնամեակէ տասնամեակ յարաճուն թափ ապահովելով – Մայիս Մէկի ելոյթները ընդգրկեցին լայնագոյն հասկացողութեամբ Իրաւունքի պաշտպանութեան եւ Արդարութեան ձգտող ամէն կարգի պահանջ

Մայիս Մէկը այսօր եւս կը պահպանէ, անշո՛ւշտ, շեշտակիօրէն Աշխատանքի եւ Աշխատաւորութեան Միջազգային Օրուան իր նշանակութիւնը։
Բայց այսօր արդէն Աշխատանքն ու Աշխատաւորութիւնը շատ բան կորսնցուցած են նեղ` զուտ դասակարգային իրենց սկզբնական իմաստէն եւ արժէքէն։
Ընդհակառակն՝ համապարփակ իմաստ ստացած են եւ ընդգրկած են ցեղային ու սեռային հաւասարութեան, ազգային պաշտպանուածութեան եւ արդարութեան, ժողովրդավարական յարաբերութիւններու եւ հակակշիռներու ընդլայնման, կենսոլորտի անխաթար պահպանման եւ կրօնական ու քաղաքակրթական ինքնուրոյնութեան ազատ զարգացման պահանջները։
Փաստօրէն հասարակական ու ազգային համընդհանուր ազատագրման պայքարներու ամբողջ հորիզոնը լայն բացուած է Մայիս Մէկի իմաստին եւ արժէքին առջեւ։

Որոշապէս հայ ժողովուրդի կեանքին մէջ եւս, սկիզբէն իսկ՝ 19րդ դարավերջէն սկսեալ, Մայիս Մէկը ոչ միայն հայ գրողներու՝ Վարուժաններու եւ Վարանդեաններու ու անոնց գաղափարական ենթահողը կազմող հայ ազգային¬ազատագրական շարժման ներշնչման աղբիւրը դարձաւ։
Այլեւ՝ Մայիս Մէկը հետեւողականօրէն մղում տուաւ զուտ եւ նեղ դասակարգային մօտեցումները մերժելու ազգային-գաղափարական ԶԱՐԹՕՆՔի եւ ԲՈՂՈՔի ՇԱՐԺՈՒՄին՝ համազգային ու համամարդկային մեծ իտէալներով առաջնորդուելու սկզբունքայնութեամբ։
Այդ զգայնութեամբ էր, նաե՛ւ, որ հայ ժողովուրդը 20րդ դարասկիզբին կրցաւ ինքզինք պաշտպանել եւ կուլ չերթալ ընկերվարական շարժումը դաւանամոլութեան առաջնորդող պոլշեւիկեան խորշակի այլասերման ու դաւանամոլութեան վտանգին։
Խորհրդային ամբողջատիրութեան ամբողջ եօթանասուն տարուան թունաւորումէն ետք անգամ՝ հայ քաղաքական միտքը կրցաւ ընկերվարական իր ազգային ժառանգութեան հարազատ ակունքներով վերականգնիլ։
Եւ ամէն Մայիս Մէկի հետ, մերօրեայ հայութիւնը աշխարհով մէկ կը վերանորոգէ արեւուն տակ իր ազգային եւ ընկերային ազատ ու արդար կեանքը նուաճելու ուխտը՝
Ազգային եւ ընկերային բողոքի ու ազատագրումի իր պայքարները զուգահեռաբար, այլեւ փոխ-ազդեցութեան եւ փոխ-հզօրացման հունով առաջնորդելու գաղափարական ՅԱՆՁՆԱՌՈՒԹԻՒՆը։

Մայիս Մէկի խորհուրդը, այդպէ՛ս, այսօր մաքրազտուած է յանուն ընկերվարութեան կատարուած իբր «աշխատաւորական պետութեան», «աշխատաւորական բռնակալութեան» եւ նմանատիպ կարգախօսներու գաղափարախօսական չարաշահումներէն։
Վերահաստատուած է Մայիս Մէկի մարդկայնական՝ Իրաւունքի եւ Արդարութեան համար մղուող պայքարի իմաստը։
Վերաթարմացած է Աշխատաւորութեան ու Աշխատանքի ազատագրութեան զօրակցելու Մայիս Մէկի ՏԵՍԼԱԿԱՆը։

Գրառումը՝ Նազարեթ Բերբերյանի ֆեյսբուքյան էջից։

    

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *