18 C
Yerevan

Մեծա­վաստակ Պատմա­բանն Ու Հայ Քաղա­քա­կան Մտքի Հարցա­խոյզ Տեսա­բա­նը

Մեծ մտաւո­րա­կա­նին գաղա­փա­րա­կան աշխարհը հիմնո­վին փուլ եկաւ եւ ան գրեց «Անցեա­լից» խորագրով աշխա­տա­սի­րութիւնը, ուր գլխի­վայր շրջուած պատկե­րով կը ներկա­յա­նայ Լէո­յի սկզբնա­կան շրջա­նի դրա­կան արժեւո­րումը հայ ազգա­յին-ազա­տագրա­կան շարժման վերա­բե­րեալ։

Նազա­րեթ Բերբերյան

ՄԵՐ ՈՒՂԻՆ

Յուշա­տետր

ԼԷՕ (Առա­քել Բաբա­խա­նեան, 1860–1932).
ՄԵԾԱՎԱՍՏԱԿ ՊԱՏՄԱԲԱՆՆ ՈՒ ՀԱՅ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ՄՏՔԻ ՀԱՐՑԱԽՈՅԶ ՏԵՍԱԲԱՆԸ

Ն. Պէրպէ­րեան

26 Ապրիլ 2023

Ապրիլ 26ի (հին տոմա­րով՝ Ապրիլ 14ի) օրը, 163 տարի առաջ, Արցա­խի հայա­կերտ օրրան Շուշիի մէջ, Առա­քել Գրի­գո­րի Բաբա­խա­նեան աւա­զա­նի անուն-մակա­նունով լոյս աշխարհ եկաւ հայ ժողո­վուրդի մեծարժէք եւ հեղի­նա­կաւոր դէմքե­րէն Լէօ։
Վաստա­կա­շատ հեղի­նա­կութիւն է Լէօ՝ ընդհանրա­պէս հայ քաղա­քա­կան մտքի ուսումնա­սի­րութեան եւ, յատկա­պէս, հայոց պատմութեան քննա­կան հետա­զօտման ու արժեւորման առումնե­րով։
Լէօ իր ուրոյն դրոշմը դրաւ Հայ Մտքի թէ՛ նախա­խորհրդա­յին եւ թէ յետ-խորհրդա­յին ժամա­նա­կաշրջաննե­րու դեգե­րումնե­րուն վրայ՝ գլխաւոր գաղա­փա­րա­խօսնե­րէն մէկը դառնա­լով պատմակշիռ վերի­վայրումնե­րով յագե­ցած հայոց պատմութեան ամե­նավճռո­րոշ փուլին — 19րդ դարա­վերջին եւ 20րդ դարասկիզբի աւե­լի քան չորս տասնա­մեակնե­րուն։
Թէեւ պատմա­գի­տա­կան ու ազգա­յին-քաղա­քա­կան իր կողմնո­րո­շումնե­րով, յատկա­պէս ինքզինք հակա­սող տեսա­կէտնե­րով՝ Լէօ միշտ բանա­վէ­ճի ալիք բարձրա­ցուց իր մտքե­րուն եւ դիրքո­րո­շումնե­րուն շուրջ, այդուհանդերձ՝ նոյնիսկ իր ընդդի­մա­խօսնե­րը բնաւ հարցա­կա­նի տակ չառին Լէո­յի գիտա­կան պաշա­րին ու կոթո­ղա­կան աշխա­տա­սի­րութեանց բացա­ռիկ արժէ­քը։

Բաբա­խա­նեաննե­րու համեստ ընտա­նի­քին մէջ ծնած ըլլա­լով՝ կեանքի պայմաննե­րը չօգնե­ցին, որպէսզի Լէօ կարե­նար բարձրա­գոյն ուսման հետեւիլ։
Ան ստի­պուե­ցաւ բաւա­րա­րուե­լու Շուշիի Թեմա­կան եւ Քաղա­քա­յին Վերա­կազմեալ վարժա­րաննե­րու ջամբած ուսումով։
Դպրո­ցա­կան ուսման շրջա­նը աւարտեց 1878ին եւ գնաց Պաքու՝ նոտա­րա­կան աշխա­տանք գտնե­լով եւ ազատ ժամա­նա­կը լրիւ օգտա­գործե­լով թէ՛ ինքնա­զարգացման, թէ՛ գրա­կան ստեղծա­գործութեան եւ թէ հրա­պա­րա­կագրութեան համար։
Այդ տարի­նե­րէն սկսեալ, Լէօ մնա­յուն աշխա­տա­կի­ցը եղաւ Գրի­գոր Արծրունիի մեծահռչակ «Մշակ» թերթին՝ անմի­ջա­պէս ուշադրութիւն գրաւե­լով եւ ատե­նի ծանօթ գրողնե­րու եւ հեղի­նա­կաւոր դէմքե­րու խրա­խուսանքին արժա­նա­նա­լով։
Ինքնա­զարգա­ցումը դարձաւ Լէո­յի կեանքին մղիչ ուժը՝ զինք դարձնե­լով հեղի­նա­կը աւե­լի քան 200 հատոր կազմող ստեղծա­գործութեանց եւ աշխա­տա­սի­րութեանց։
Իր այդ պատկա­ռե­լի վաստա­կը նկա­տի ունէին իր ժամա­նա­կա­կիցնե­րը, երբ կ՛ըսէին.- «Լէոն ոչ թէ գրող է, այլ գրա­կան հիմնարկութիւն»։

Բեղմնաւոր գրիչ է Լէօ, որուն կարճ պատմուածքնե­րը, վիպակնե­րը, հրա­պա­րա­կագրա­կան յօդուածնե­րը, գրա­խօ­սա­կաննե­րը, ուղեւո­րագրութիւններն ու վէպե­րը արա­գօ­րէն յաջորդե­ցին իրա­րու՝ լոյս տեսնե­լով Թիֆլի­սի, Պաքուի, Շուշիի, Վենե­տի­կի, Ս.Ղազարի եւ Պոլսոյ հայ մամուլի էջե­րուն:
1895ին Լէօ տեղա­փո­խուե­ցաւ Թիֆլիս, ուր ապրե­ցաւ եւ ստեղծա­գործեց մինչեւ 1924 թուա­կա­նը, երբ հրաւի­րուե­ցաւ Երեւան՝ իբրեւ Պետա­կան Համալսա­րա­նի աւագ դասա­խօս։
Թիֆլի­սեան իր գործունէութեան շրջա­նին, երկու տարիով, 1906էն 1908, Լէօ դասա­խօ­սա­կան պաշտօ­նի կոչուե­ցաւ Ս. Էջմիածնի Գէորգեան Ճեմա­րա­նին մէջ։
Այլա­պէս՝ երկար տարի­ներ եղաւ «Մշակ»ի խմբագրութեան քարտուղա­րը, իսկ 1908էն ետք դարձաւ «Մուրճ» թերթի գլխաւոր խմբա­գի­րը։

Լէո­յի գաղա­փա­րա­կան կազմաւորման վրայ զգա­լի եղաւ դրոշմը ինչպէս Գրի­գոր Արծրունիի մտա­ծո­ղութեան, նոյնպէս եւ Րաֆֆիի ազա­տա­խոհ ուղղութեան։
Իբրեւ այդպի­սին՝ Լէօ սկզբնա­պէս անխնայ քննա­դա­տո­ղը եղաւ իր ժամա­նա­կաշրջա­նի հայ պահպա­նո­ղա­կա­նութեան եւ կղե­րամտութեան։
Դարձաւ քննա­դա­տա­կան մտքի դասա­կան եւ ուսա­նե­լի օրի­նակ մը հայ իրա­կա­նութեան մէջ:
Թիֆլի­սի մէջ Լէօ մեծ հռչա­կի տիրա­ցաւ ոչ միայն իբրեւ գրո­ղի, գրա­կա­նա­գէ­տի, հրա­պա­րա­կա­խօ­սի եւ նորա­րար պատմա­գի­րի, այլեւ՝ իբրեւ լայն պատրաստութեան եւ գիտութեան տէր մտաւո­րա­կա­նի, որուն քննա­կան արժեւորման կ՛արժանանար հայ իրա­կա­նութիւնը յուզող իւրա­քանչիւր հարց:
Թէեւ Լէո­յի գրա­խօ­սա­կաննե­րը ծայր աստի­ճան խստա­պա­հանջ էին իր ժամա­նա­կա­կից գրողնե­րուն նկատմամբ, այսուհանդերձ՝ ան մեծա­պէս գնա­հա­տուե­ցաւ իր կատա­րած քննա­դա­տութեանց համար եւ պատա­հա­կան չէր, որ Կովկա­սի Հայ Գրողնե­րու Ընկե­րութեան եւ յատկա­պէս անոր նախա­գահ Յովհ. Թումա­նեա­նի նախա­ձեռնութեամբ, 1908ին եւ 1910ին մեծ շուքով նշուե­ցան Լէոի գրա­կան գործունէութեան 25ամեակն ու ծննդեան 50ամեակը։

Առա­ջին Աշխարհա­մարտի ընթացքին հայ ժողո­վուրդին բաժին հանուած ծանրա­գոյն ողբերգութիւնը՝ թրքա­կան պետութեան գործադրած հայոց ցեղասպա­նութիւնը ծայր աստի­ճան ծանր անդրա­դարձ ունե­ցաւ Լէո­յի վրայ։
Մեծ մտաւո­րա­կա­նին գաղա­փա­րա­կան աշխարհը հիմնո­վին փուլ եկաւ եւ ան գրեց «Անցեա­լից» խորագրով աշխա­տա­սի­րութիւնը, ուր գլխի­վայր շրջուած պատկե­րով կը ներկա­յա­նայ Լէո­յի սկզբնա­կան շրջա­նի դրա­կան արժեւո­րումը հայ ազգա­յին-ազա­տագրա­կան շարժման վերա­բե­րեալ։
Րաֆֆիի եւ Արծրունիի յեղա­փո­խա­շունչ մտա­ծո­ղութեան երբեմնի արժա­նաւոր շառաւի­ղը ինքզինք հակա­սեց այն աստի­ճան, որ հայ ժողո­վուրդին դէմ թրքա­կան պետութեան գործադրած մեծ ցեղասպա­նութեան պատասխա­նա­տուներն ու մեղաւորնե­րը Լէօ սկսաւ փնտռել նոյնինքն հայութեան մէջ՝ հետեւեալ տիպի անհիմն ու անհե­թեթ եզրա­կա­ցութեանց յանգե­լով.-
…«Մեղաւո­րը մտաւո­րա­կաններն էին, հայ հասա­րա­կա­կան եւ քաղա­քա­կան կազմա­կերպութիւններն, որոնք յիմա­րա­բար եւ անխո­հեմ հաւա­տա­ցին շահա­մոլ բուրժուա­կան արեւմուտքին ու Ռուսաստա­նին, եւ մենք՝ որ մանկա­միտ ձեւով հաւա­տա­ցինք լուսաւո­րեալ մարդկութեան հումա­նիզմին, ծախու եւ ստոր հաւաստիա­ցումնե­րին… Տարի­ներ շարունակ ես յանցա­գործ ձեւով պայքա­րել եմ մեր պահպա­նո­ղա­կաննե­րի դէմ, բայց նրանք աւե­լի իրա­տե­սա­կան գտնուե­ցին, քանի որ աւե­լի լաւ էին հասկա­ցել աշխարհի ուժեղնե­րի անա­մօ­թութիւնը եւ անբա­րո­յա­կա­նությունը»:

Իսկ Հայաստա­նի անկա­խութեան կործա­նումէն եւ մեր երկրին պարտադրուած խորհրդայնա­ցումէն ետք, Լէօ դրսեւո­րեց պատմա­քա­ղա­քա­կան իր հայեացքներն ու արժեւո­րումնե­րը հիմնո­վին վերա­նայման ենթարկե­լու անարդա­րա­նա­լի վարքա­գիծ մը։
Խորհրդա­յին տարի­նե­րու Լէո­յի գաղա­փա­րա­խօ­սա­կան խոտո­րումնե­րը, յատկա­պէս իր կոթո­ղա­կան «Հայոց Պատմութիւն» եռա­հա­տոր գործին վերջին հատո­րին (նորա­գոյն շրջա­նին վերա­բե­րեալ) եզրա­յանգումնե­րը անընդունե­լի եղան այն աստի­ճան, որ մինչեւ իսկ «Հայկա­կան Սովե­տա­կան Հանրագիտարան»ը, 1970ականներուն, դատա­պարտանքով անդրա­դարձաւ հայ ազգա­յին-ազա­տագրա­կան շարժման հասցէին եւ դէմ Լէո­յի կողմէ հնչած… անմհիմն ու անհե­թեթ «մեղադրանքնե­րուն»։
1925էն ետք գրուած իր աշխա­տութեանց մէջ, Լէօ փաստօ­րէն հայկա­կան յեղա­փո­խութեան վրայ բարդեց յանցանքի եւ պատասխա­նա­տուութեան ծանր բաժին մը՝ հայ ժողո­վուրդին դէմ թրքա­կան պետութեան գործադրած ջարդե­րուն «պատճառ» նկա­տե­լով հայ յեղա­փո­խա­կաննե­րու այսպէս կոչուած «յանպատրաստի» եւ «կանխա­հաս» պոռթկումնե­րը։
Պատմա­գի­տա­կան եւ գաղա­փա­րա­խօ­սա­կան իր այդ խորհրդա­հա­ճոյ վերա­նա­յումնե­րուն համար, օրին իսկ, Լէօ «յապա­ղած մարգա­րէ» հռչա­կուե­ցաւ Դաշնակցութեան տեսա­բան Միքա­յէլ Վարանդեա­նի կողմէ։

Այդօ­րի­նակ իր խոտո­րումնե­րով հանդերձ՝ Լէօ մեր ժողո­վուրդին յանձնեց ժառանգութիւն մը, ուր հայ քննա­կան միտքը կը ճառա­գայթէ ամե­նայն խորի­մա­ցութեամբ ու լուսաւո­րող ջերմութեամբ, որոնց համար Լէօ իր մնա­յուն տեղը ունի հայոց մեծե­րու համաստե­ղութեան մէջ։
Խօսուն է, այս առումով, Մեծն Աւե­տիք Իսա­հա­կեա­նի գնա­հա­տա­կա­նը ԼԷՕ երեւոյթին վերա­բե­րեալ.-՝ «Մարդու հետաքրքիր օրի­նակ է Լէոն: Հազիւ թէ այդպի­սի երկրորդը գտնուի մեր մէջ, որի հետաքրքրութիւննե­րի ոլորտը սահման չի ունե­ցել»։

Լէօ իր կեանքի վերջին տարի­նե­րը, 1924էն 1932, անցուց Երեւան՝ դասաւանդե­լով Երեւա­նի Պետա­կան Համալսա­րա­նին մէջ։
Ան վախճա­նե­ցաւ 14 Նոյեմբեր 1932ին, գրե­թէ կուրա­ցած վիճա­կի մէջ, բայց մինչեւ վերջին շունչ գրի­չը՝ ձեռքին եւ հայոց վիշտը՝ հոգիին խորը:
Իր կտա­կը եղաւ՝
«Երա­նի նրանց, որոնք մեռան միամտութեան մէջ՝ հաւա­տա­լով, որ հայոց հարցը պիտի լուծուի հայ ժողովրդի երջանկութեան համար: Ես մի մխի­թա­րանք ունեմ այժմ, աւե­րուած եւ բզքտուած Հայաստա­նից մնա­ցել է մի փոքրիկ հողակտոր, որը շատ մեծ գնով է ձեռք բերուել…: Բայց հայ ժողո­վուրդը… պիտի նորից ապրի: Ապրի այնպէս, որ հինը երբեք չկրկնուի: Ապրել ոչ միայն նորից, այլեւ նորո­վի ու անէծքով խափա­նուած ճանա­պարհնե­րի փոխա­րէն պիտի բացուեն նորե­րը…»:
Լէո­յի աճիւնը ամփո­փուած է Կոմի­տա­սի անուան զբօ­սայգիի Պանթէո­նին մէջ:
Մեծա­վաստակ պատմա­բա­նին եւ հայ քաղա­քա­կան մտքի հեղի­նա­կաւոր տեսա­բա­նին ծննդեան տարե­դարձին՝ ընթերցո­ղի ուշադրութեան արժա­նի են հայ ժողո­վուրդի հերո­սա­կան կեանքին մասին Լէո­յի հետա­գայ մտո­րումնե­րը.

  • «Հայոց պատմութիւնը մի հսկա­յա­կան մարտի­րո­սութիւն է»։
  • «Հերոսնե­րը երկնքից չեն ընկնում, հերոսնե­րը ծնւում են ժողովրդից»։
  • Հայ գրե­րու գիւտին առի­թով՝
    «Մեր ամբողջ պատմութեան ընթացքին սա առա­ջին մեծ դէպքն է, երբ հայ ժողո­վուրդը ճշմա­րիտ, նշա­նաւոր յաղթա­նակ մը տարաւ։ Նոյնիսկ եթէ Տիգրաննե­րը աւե­լի սովո­րա­կան երեւոյթ ըլլա­յին մեր պատմութեան մէջ, դարձեալ անոնց յաղթա­նակնե­րը կարող չէին համե­մա­տուիլ այս համեստ վարդա­պե­տի գործի հետ»։
  • Մեսրոպ Մաշտո­ցի մասին՝
    «Մեսրոպն իր կատա­րած գործով ամե­նա­մեծն է մեր պատմա­կան հերոսնե­րի մէջ»։

Գրա­ռումը՝ Նազա­րեթ Բերբերյանի ֆեյսբուքյան էջից։

Առնչվող Հոդվածներ