ՄԵՐ ՈՒՂԻՆ

Ընկերական Զրոյցներ

Որեւէ կուսակցութեան, բայց մանաւանդ գաղափարական շարժում կենսագործող կուսակցութեանց պարագային, ընդհանրապէս, կազմակերպական ընկրկումներու ճամբայ հարթող գլխաւոր վտանգը կը շեշտուի, երբ ներքին միութիւն առաջացնելու հակակշիռը կը շարժի միայն մէկ ուղղութեամբ, այսինքն՝ երբ ի գործ կը դրուի առաւելաբար ղեկավարութեան կողմէ՝ շարքերը միակամ պահելու ուղղութեամբ։

Նազարեթ Բերբերյան

ՄԵՐ ՈՒՂԻՆ

Ընկերական Զրոյցներ

ՀԱԿԱԿՇԻՌ ԵՐԿՈՒ ՈՒՂՂՈՒԹԵԱՄԲ…

ԽԱԺԱԿ

Կուսակցութեան մը շարքերուն ներքին՝ գաղափարական միութիւնն ու միասնութիւնը կարեւորագոյն աղբիւրն են անոր կազմակերպական զօրութեան եւ քաղաքական ինքնավստահութեան։
Յատկապէս յեղափոխական վերիվայրումներու եւ քաղաքական ուղիներու վերանայման ու վերադասաւորման վճռորոշ պահերուն, պատմութիւնը կը սորվեցնէ, թէ վերջնական խօսքը կը պատկանի այն կուսակցութիւններուն, որոնք, յարաբերաբար ուրիշներու նուազ ժողովրդականութիւն ունենալով հանդերձ՝ պայքարի դաշտ կը ներկայանան կազմակերպ կուռ շարքերով։
Բայց կուսակցական շարքերուն ներշնչուած գաղափարական-բարոյական նոյն այդ կեդրոնացումին մէջ թաքնուած է, նաեւ, տուեալ կուսակցութեան մը կազմակերպական վէրքերուն գլխաւորը։
Գլխաւոր Չարիք մը՝ որ ուրիշ բան չէ, եթէ ոչ կուսակցութեան մը մոլորումն ու թաւալումը դէպի անդունդը բացառաբար միայն վերէն վար գործող հրահանգչական հակակշիռներու կազմակերպական մեքենականութեան։

Որեւէ կուսակցութեան, բայց մանաւանդ գաղափարական շարժում կենսագործող կուսակցութեանց պարագային, ընդհանրապէս, կազմակերպական ընկրկումներու ճամբայ հարթող գլխաւոր վտանգը կը շեշտուի, երբ ներքին միութիւն առաջացնելու հակակշիռը կը շարժի միայն մէկ ուղղութեամբ, այսինքն՝ երբ ի գործ կը դրուի առաւելաբար ղեկավարութեան կողմէ՝ շարքերը միակամ պահելու ուղղութեամբ։
Փատօրէն կուսակցութիւն մը կը վերածուի գաղափարական կենսունակ շարժումի եւ, իբրեւ այդպիսին, կը դիմադրէ ժամանակի փորձութիւններուն, երբ կը կարողանայ իր ծոցին մէջ առաջքը առնել իշխանատենչութեան վարակիչ ախտին։
Կուսակցութիւն մը, գաղափարական իր կենսունակութիւնը վարար պահելու համար, պէտք է ունենայ ներքին ուժականութիւնը՝ պաշտպանուելու իր բարոյական հիւսուածքը խոցող ու թունաւորող ցեցերուն դէմ։
Մանաւանդ պէտք է կարենայ չէզոքացնել իշխանատենչութենէ վարակուած ղեկավար ընտրանիներու ձեւաւորման վտանգը՝ կուսակցութեան մէջ ներքին հակակշիռներու մեքենականութեան հաւասարապէս մասնակից ու տէր դարձնելով թէ՛ շարքերը, եւ թէ՛ ղեկավար մարմինները։

Կուսակցութիւն մը ամէնէն կարճ ճամբէն կը մատնուի ամբողջատիրական կամ բռնակալական կազմակերպութեան մը վերածուելու փորձութեան, երբ անոր մէջ կը սկսի տկարանալ կամ ի սպառ դադրիլ գործելէ ուղղահայեաց թէ հորիզոնական առումներով փոխադարձ հակակշիռներու հաւասարակշռութիւնը։
Գաղափարական իր նկարագիրէն կը պարպուի եւ մասնակցողական ժողովրդավարութեան կռուանէն կը զրկուի այն կուսակցութիւնը, որուն անդամները անձնատուր կ՚ըլլան ամբոխային այն տրամաբանութեան, թէ իրենք միայն զինուոր են, թէ՝ այդպէ՛ս ալ պէտք է ըլլան, եւ թէ՝ միայն ղեկավարութեան պէտք է վերապահուի կազմակերպութեան կեանքն ու գործը՝ ընթա՛ցքը հակակշռելու իրաւասութիւնը։
Այդ պարագային արդէն աւելորդ է խօսիլ կուսակցութեան մը գաղափարական միութեան ու կազմակերպական ներքին միասնութեան մասին, որովհետեւ ըստ ձեւի եւ ըստ էութեան կը սկսի ամբողջատիրական փորձութիւնը…

Ամբողջատիրական փորձութեան այդ ընդհանրական վտանգին առաջքը առնելու հետեւողական տրամաբանութիւն մը իր անջնջելի դրոշմը դրած է գաղափարական մեր շարժումին, յատկապէս Հ.Յ.Դաշնակցութեան կազմակերպական կառոյցին վրայ։
Դաշնակցութիւնը փոխադարձաբար իրարու վրայ ներգործող ուժերու եւ հակակշիռներու կանոնագրային հաւասարակշռութիւն մը հաստատած է դաշնակցական խումբերուն եւ անոնցմէ բխած ժողովներուն ու մարմիններուն միջեւ։
Հայոց նորագոյն պատմութեան տաք ու պաղ բոլոր վերիվայրումներու բովէն անցնելէ ետք, կանոնագրային այդ հաւասարակշռութիւնը շատոնց կտրած է տեսական սկզբունքի մը սահմանը։
Անիկա կեանքի հաստատ ու շօշափելի ուժ տուած է նոյնինքն ապակեդրոնացումին մէջ գաղափարական միութիւն պահպանելու մեր գործելակերպին։
Ինչպէս անհատ Դաշնակցականը՝ յարաբերաբար իր պատկանած կուսակցական խումբին, այնպէս ալ Դաշնակցական խումբը՝ յարաբերաբար իր կոմիտէին եւ այնպէս, հետեւողաբար, մինչեւ Դաշնակցութեան բարձրագոյն մարմինը, կազմակերպական մեր կառոյցը կը բիւրեղանայ այնպէ՛ս, որ ներքին միութիւնը միաժամանակ յառաջացնէ թէ՛ կուռ, կարգապահ շարքեր, եւ թէ սեփական շարքերուն հաշիւ տալու պատասխանատուութեան ոգիով գործող հեղինակաւոր մարմիններ։

Դաշնակցութեան մէջ ապակեդրոնացումը կը խթանէ Յեղափոխականի անսակարկ զոհաբերումը եւ անոր կը ներշնչէ, անձնուիրումի ճամբով, ամբողջ կազմակերպութեան տէր կանգնելու բարոյական պարտաւորութիւնն ու իրաւունքը։
Մինչ զուգահեռաբար՝ գաղափարական միասնութեան մղումը Դաշնակցութիւնը կը զինէ ապակեդրոն գործող բջիջներու միջեւ զարգացող փոխ-ներգործական եւ մասնակցողական հակակշիռներով։
Այդպէ՛ս կը հասունանայ Դաշնակցական Գիծը միասնական պահելու եւ աւելիով խորացնելու ապակեդրոնացման ողջ կենսունակութիւնը։

Հակակշիռներու հաւասարակշռութեան այդ երաշխիքով Դաշնակցութիւնը յաջողած է իր շարքերուն գաղափարական միասնութիւնը վերածել ապակեդրոն կազմակերպ ուժի մշտանորոգ աղբիւրի։
Անոր նպաստով է, որ մենք յաջողած ենք վերականգնիլ Դաշնակցութիւնը այլատեսակ «Դաշնակցութիւն»ներու վերածելու այլասերիչ թափանցումներէն։
Դարձեալ անոր նպաստով է, որ մենք յաջողած ենք վերապրիլ Դաշնակցութիւնը մենակալական իշխանութեան ենթարկելու եւ, այդ ճամբով, Դաշնակցութիւնը դուրսէն հակակշռելու եւ ղեկավարելու տարականոն փորձութիւններէն։
Ահա թէ ինչո՛ւ կազմակերպական մեր կեանքին առաջնորդող սկզբունքը կը մնայ, այլեւ ժամանակին հետ աւելի ու աւելի կ՚արմատանայ գաղափարական մեր միութիւնը երկու ուղղութեամբ՝ մարմիններու եւ շարքերու փոխադարձ պարտաւորութիւններով եւ փոխ-ներգործութեամբ հակակշռելու հրամայականը։
Գրառումը՝ Նազարեթ Բերբերյանի ֆեյսբուքյան էջից։

    

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *