16.3 C
Yerevan

Ընկե­րա­կան Զրոյցներ

Որեւէ կուսակցութեան, բայց մանաւանդ գաղա­փա­րա­կան շարժում կենսա­գործող կուսակցութեանց պարա­գա­յին, ընդհանրա­պէս, կազմա­կերպա­կան ընկրկումնե­րու ճամբայ հարթող գլխաւոր վտանգը կը շեշտուի, երբ ներքին միութիւն առա­ջացնե­լու հակակշի­ռը կը շարժի միայն մէկ ուղղութեամբ, այսինքն՝ երբ ի գործ կը դրուի առաւե­լա­բար ղեկա­վա­րութեան կողմէ՝ շարքե­րը միա­կամ պահե­լու ուղղութեամբ։

Նազա­րեթ Բերբերյան

ՄԵՐ ՈՒՂԻՆ

Ընկե­րա­կան Զրոյցներ

ՀԱԿԱԿՇԻՌ ԵՐԿՈՒ ՈՒՂՂՈՒԹԵԱՄԲ…

ԽԱԺԱԿ

Կուսակցութեան մը շարքե­րուն ներքին՝ գաղա­փա­րա­կան միութիւնն ու միասնութիւնը կարեւո­րա­գոյն աղբիւրն են անոր կազմա­կերպա­կան զօրութեան եւ քաղա­քա­կան ինքնավստա­հութեան։
Յատկա­պէս յեղա­փո­խա­կան վերի­վայրումնե­րու եւ քաղա­քա­կան ուղի­նե­րու վերա­նայման ու վերա­դա­սաւորման վճռո­րոշ պահե­րուն, պատմութիւնը կը սորվեցնէ, թէ վերջնա­կան խօսքը կը պատկա­նի այն կուսակցութիւննե­րուն, որոնք, յարա­բե­րա­բար ուրիշնե­րու նուազ ժողովրդա­կա­նութիւն ունե­նա­լով հանդերձ՝ պայքա­րի դաշտ կը ներկա­յա­նան կազմա­կերպ կուռ շարքե­րով։
Բայց կուսակցա­կան շարքե­րուն ներշնչուած գաղա­փա­րա­կան-բարո­յա­կան նոյն այդ կեդրո­նա­ցումին մէջ թաքնուած է, նաեւ, տուեալ կուսակցութեան մը կազմա­կերպա­կան վէրքե­րուն գլխաւո­րը։
Գլխաւոր Չարիք մը՝ որ ուրիշ բան չէ, եթէ ոչ կուսակցութեան մը մոլո­րումն ու թաւա­լումը դէպի անդունդը բացա­ռա­բար միայն վերէն վար գործող հրա­հանգչա­կան հակակշիռնե­րու կազմա­կերպա­կան մեքե­նա­կա­նութեան։

Որեւէ կուսակցութեան, բայց մանաւանդ գաղա­փա­րա­կան շարժում կենսա­գործող կուսակցութեանց պարա­գա­յին, ընդհանրա­պէս, կազմա­կերպա­կան ընկրկումնե­րու ճամբայ հարթող գլխաւոր վտանգը կը շեշտուի, երբ ներքին միութիւն առա­ջացնե­լու հակակշի­ռը կը շարժի միայն մէկ ուղղութեամբ, այսինքն՝ երբ ի գործ կը դրուի առաւե­լա­բար ղեկա­վա­րութեան կողմէ՝ շարքե­րը միա­կամ պահե­լու ուղղութեամբ։
Փատօ­րէն կուսակցութիւն մը կը վերա­ծուի գաղա­փա­րա­կան կենսունակ շարժումի եւ, իբրեւ այդպի­սին, կը դիմադրէ ժամա­նա­կի փորձութիւննե­րուն, երբ կը կարո­ղա­նայ իր ծոցին մէջ առաջքը առնել իշխա­նա­տենչութեան վարա­կիչ ախտին։
Կուսակցութիւն մը, գաղա­փա­րա­կան իր կենսունա­կութիւնը վարար պահե­լու համար, պէտք է ունե­նայ ներքին ուժա­կա­նութիւնը՝ պաշտպա­նուե­լու իր բարո­յա­կան հիւսուածքը խոցող ու թունաւո­րող ցեցե­րուն դէմ։
Մանաւանդ պէտք է կարե­նայ չէզո­քացնել իշխա­նա­տենչութե­նէ վարա­կուած ղեկա­վար ընտրա­նի­նե­րու ձեւաւորման վտանգը՝ կուսակցութեան մէջ ներքին հակակշիռնե­րու մեքե­նա­կա­նութեան հաւա­սա­րա­պէս մասնա­կից ու տէր դարձնե­լով թէ՛ շարքե­րը, եւ թէ՛ ղեկա­վար մարմիննե­րը։

Կուսակցութիւն մը ամէ­նէն կարճ ճամբէն կը մատնուի ամբողջա­տի­րա­կան կամ բռնա­կա­լա­կան կազմա­կերպութեան մը վերա­ծուե­լու փորձութեան, երբ անոր մէջ կը սկսի տկա­րա­նալ կամ ի սպառ դադրիլ գործե­լէ ուղղա­հա­յեաց թէ հորի­զո­նա­կան առումնե­րով փոխա­դարձ հակակշիռնե­րու հաւա­սա­րակշռութիւնը։
Գաղա­փա­րա­կան իր նկա­րա­գի­րէն կը պարպուի եւ մասնակցո­ղա­կան ժողովրդա­վա­րութեան կռուա­նէն կը զրկուի այն կուսակցութիւնը, որուն անդամնե­րը անձնա­տուր կ՚ըլլան ամբո­խա­յին այն տրա­մա­բա­նութեան, թէ իրենք միայն զինուոր են, թէ՝ այդպէ՛ս ալ պէտք է ըլլան, եւ թէ՝ միայն ղեկա­վա­րութեան պէտք է վերա­պա­հուի կազմա­կերպութեան կեանքն ու գործը՝ ընթա՛ցքը հակակշռե­լու իրաւա­սութիւնը։
Այդ պարա­գա­յին արդէն աւե­լորդ է խօսիլ կուսակցութեան մը գաղա­փա­րա­կան միութեան ու կազմա­կերպա­կան ներքին միասնութեան մասին, որովհե­տեւ ըստ ձեւի եւ ըստ էութեան կը սկսի ամբողջա­տի­րա­կան փորձութիւնը…

Ամբողջա­տի­րա­կան փորձութեան այդ ընդհանրա­կան վտանգին առաջքը առնե­լու հետեւո­ղա­կան տրա­մա­բա­նութիւն մը իր անջնջե­լի դրոշմը դրած է գաղա­փա­րա­կան մեր շարժումին, յատկա­պէս Հ.Յ.Դաշնակցութեան կազմա­կերպա­կան կառոյցին վրայ։
Դաշնակցութիւնը փոխա­դարձա­բար իրա­րու վրայ ներգործող ուժե­րու եւ հակակշիռնե­րու կանո­նագրա­յին հաւա­սա­րակշռութիւն մը հաստա­տած է դաշնակցա­կան խումբե­րուն եւ անոնցմէ բխած ժողովնե­րուն ու մարմիննե­րուն միջեւ։
Հայոց նորա­գոյն պատմութեան տաք ու պաղ բոլոր վերի­վայրումնե­րու բովէն անցնե­լէ ետք, կանո­նագրա­յին այդ հաւա­սա­րակշռութիւնը շատոնց կտրած է տեսա­կան սկզբունքի մը սահմա­նը։
Անի­կա կեանքի հաստատ ու շօշա­փե­լի ուժ տուած է նոյնինքն ապա­կեդրո­նա­ցումին մէջ գաղա­փա­րա­կան միութիւն պահպա­նե­լու մեր գործե­լա­կերպին։
Ինչպէս անհատ Դաշնակցա­կա­նը՝ յարա­բե­րա­բար իր պատկա­նած կուսակցա­կան խումբին, այնպէս ալ Դաշնակցա­կան խումբը՝ յարա­բե­րա­բար իր կոմի­տէին եւ այնպէս, հետեւո­ղա­բար, մինչեւ Դաշնակցութեան բարձրա­գոյն մարմի­նը, կազմա­կերպա­կան մեր կառոյցը կը բիւրե­ղա­նայ այնպէ՛ս, որ ներքին միութիւնը միա­ժա­մա­նակ յառա­ջացնէ թէ՛ կուռ, կարգա­պահ շարքեր, եւ թէ սեփա­կան շարքե­րուն հաշիւ տալու պատասխա­նա­տուութեան ոգիով գործող հեղի­նա­կաւոր մարմիններ։

Դաշնակցութեան մէջ ապա­կեդրո­նա­ցումը կը խթա­նէ Յեղա­փո­խա­կա­նի անսա­կարկ զոհա­բե­րումը եւ անոր կը ներշնչէ, անձնուի­րումի ճամբով, ամբողջ կազմա­կերպութեան տէր կանգնե­լու բարո­յա­կան պարտաւո­րութիւնն ու իրաւունքը։
Մինչ զուգա­հե­ռա­բար՝ գաղա­փա­րա­կան միասնութեան մղումը Դաշնակցութիւնը կը զինէ ապա­կեդրոն գործող բջիջնե­րու միջեւ զարգա­ցող փոխ-ներգործա­կան եւ մասնակցո­ղա­կան հակակշիռնե­րով։
Այդպէ՛ս կը հասունա­նայ Դաշնակցա­կան Գիծը միասնա­կան պահե­լու եւ աւե­լիով խորացնե­լու ապա­կեդրո­նացման ողջ կենսունա­կութիւնը։

Հակակշիռնե­րու հաւա­սա­րակշռութեան այդ երաշխի­քով Դաշնակցութիւնը յաջո­ղած է իր շարքե­րուն գաղա­փա­րա­կան միասնութիւնը վերա­ծել ապա­կեդրոն կազմա­կերպ ուժի մշտա­նո­րոգ աղբիւրի։
Անոր նպաստով է, որ մենք յաջո­ղած ենք վերա­կանգնիլ Դաշնակցութիւնը այլա­տե­սակ «Դաշնակցութիւն»ներու վերա­ծե­լու այլա­սե­րիչ թափանցումնե­րէն։
Դարձեալ անոր նպաստով է, որ մենք յաջո­ղած ենք վերապրիլ Դաշնակցութիւնը մենա­կա­լա­կան իշխա­նութեան ենթարկե­լու եւ, այդ ճամբով, Դաշնակցութիւնը դուրսէն հակակշռե­լու եւ ղեկա­վա­րե­լու տարա­կա­նոն փորձութիւննե­րէն։
Ահա թէ ինչո՛ւ կազմա­կերպա­կան մեր կեանքին առաջնորդող սկզբունքը կը մնայ, այլեւ ժամա­նա­կին հետ աւե­լի ու աւե­լի կ՚արմատանայ գաղա­փա­րա­կան մեր միութիւնը երկու ուղղութեամբ՝ մարմիննե­րու եւ շարքե­րու փոխա­դարձ պարտաւո­րութիւննե­րով եւ փոխ-ներգործութեամբ հակակշռե­լու հրա­մա­յա­կա­նը։
Գրա­ռումը՝ Նազա­րեթ Բերբերյանի ֆեյսբուքյան էջից։

Առնչվող Հոդվածներ