Հիմա, արժէ՞ պատասխանել, թէ “սրանից ի՞նչը կտուժեր”. “ինքնիշխանութիւն” եւ “ՀՀ արժանապատիւ քաղաքացի” բառերը յաճախ գործածել սիրող քաղաքական ուժը աս հարցումին պատասխանը գտնելու չափ խէլք չունի՞։ Իր այս առաջ քաշած տրամաբանութեան վտանգաւորութիւնը հասկնալու չափ ուղե՞ղ։
Հրակ Փափազյան
“Եթե նման արձան ՀՀ-ում չլիներ, դրանից ի՞նչը կտուժեր, եւ ի՞նչ կշահեինք մենք”, վարչապետի հարցումը ճշգրիտ եւ անկեղծ ձեւակերպուած չէ։ Հարցը, խորքին մէջ, ոչ թէ “չլիներ”ի մասին է, այլ “չթողէինք որ լիներ”ի կամ “այնպէս անէինք որ չլիներ”ի։ Այլապէս իմաստ եւ նպատակ չունի սկսած քննարկումը, որ քաղաքական կը հաւակնի ըլլալ։
Այլ խօսքով, ԱԺ ամպիոնէն, վարչապետի բերնով, Նեմեսիսը յիշատակող արձանի կառուցումը, եւ ուրեմն Թուրքիա նեղացնող նմանօրինակ այլ հաւանական եղելութիւններ եւս, (ինքնա)արգիլելու կամ (ինքնա)զսպելու “կարեւորութեան” շուրջ խորհրդածելու բնականոնացման փորձի ականատես ենք։ “Գուցէ չթողէի՞նք որ լիներ…”, “գուցէ չթողե՞նք որ լինի…”, “գուցէ չառաջարկե՞նք որ լինի…”, “գուցէ չմտածե՞նք որ լինի….”։ Յետո՞յ։ Մէկ-մէկ թուարկե՞մ թէ ուրիշ ինչեր կրնան Թուրքիոյ սրտով չըլլալ եւ անոր կողմէ որպէս պատրուակ (այո, պատրուակ) օգտագործուիլ։ Ուշադրութիւն. յատուկ՝ “արկածախնդրութեան” մէջ մեղադրելու սուրը պատեանէն դուրս քաշել սկսածներուն համար. խօսքը պետական բարձրագոյն մակարդակով ձեռնարկուող հնչեղ գործուղութեան կամ դիւանագիտական յայտարարութեան մասին իսկ չէ. խօսքը հասարակական առաջարկի հիման վրայ Երեւանի աւագանիի կողմէ ընդունուած, միջազգայինօրէն ոչ-հնչեղ, ոչ-արտաքին դիւանագիտական, գրեթէ զուտ ներքին սպառման ուղղուած որոշման-գործողութեան մասին է։
Հիմա, արժէ՞ պատասխանել, թէ “սրանից ի՞նչը կտուժեր”. “ինքնիշխանութիւն” եւ “ՀՀ արժանապատիւ քաղաքացի” բառերը յաճախ գործածել սիրող քաղաքական ուժը աս հարցումին պատասխանը գտնելու չափ խէլք չունի՞։ Իր այս առաջ քաշած տրամաբանութեան վտանգաւորութիւնը հասկնալու չափ ուղե՞ղ։
Թրքական կողմէ օդային տարածք փակելու բացառապէս նախայարձակ ակտին ի տես, փոխանակ թէկուզ զուսպ բայց դատապարտող դիւանագիտական խօսք ըսուի (այդ ալ քարոզչական իմաստով այնպիսի շահաւէտ պայմաններու պարագային, որպիսիք են՝ մէկ կողմէն այդ զգետնուած ոճրագործներու նոյնինքն Օսմանյան կառավարութեան կողմէ իսկ մահուան դատապարտուած ըլլալը, միւս կողմէն այդ ոճրագործներու անունով Թուրքիոյ մէջ այսօր գործող փողոցները, վայրերն ու պետական դպրոցները [որոնցմէ հաւանաբար տեղեակ իսկ չէք]), կը ստանանք հերթական ինքնախարազանումն ու ինքնանուաստացումը, խորքին մէջ տգէտ բայց ինքզինք շրջահայեաց ու առաջադէմ կարծողներով շրջապատուած առաքեալ-փրկիչին կողմէ։
Գրառումը՝ Հրակ Փափազյանի ֆեյսբուքյան էջից։