16.3 C
Yerevan

Հայաստա­նի Հանրա­պե­տություն․ Մայի­սեան Խռո­վութեանց Եւ Հայրե­նա­դաւութեան Դառնա­գոյն Էջը

Քանի մը օր առաջ՝ 28 Ապրի­լին յանկարծ «խորհրդա­յին» դարձած Ատրպէյճա­նի «պոլշեւիկ» իշխա­նութիւննե­րը վերջնա­գիր յղած էին Հ.Հ. վարչա­պետ Ալ. Խատի­սեա­նի կառա­վա­րութեան՝ պահանջե­լով, որ հայկա­կան բանա­կը պարպէ Ղարա­բաղն ու Զանգե­զուրը Կարմիր Բանա­կի զինուորնե­րու մուտքին առջեւ։

Նազա­րեթ Բերբերյան

ՄԵՐ ՈՒՂԻՆ

Վերևի նյութը մասե­րով է պետք ներկա­յացնել։ Ուղարկում եմ առա­ջին մասը։ Դնել այնպես ինչպես սովո­րա­բար դրվում է Նազո­յի նյութը։ Կարե­լի է նաև նույն նկա­րով

Յուշա­տետր

1–5 Մայիս 1920․

ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԻՒՆ․
Մայի­սեան խռո­վութեանց եւ հայրե­նա­դաւութեան դառնա­գոյն էջը

Ն. Պէրպէ­րեան

Մաս առա­ջին

Մայիս ամսու առա­ջին օրե­րը, 103 տարի առաջ, պատմա­կան նշա­նա­կութեամբ եւ ազգա­յին-քաղա­քա­կան տարո­ղութեամբ ծանր ու դաժան, տագնա­պա­լի եւ դառնա­գոյն օրեր եղան Հայաստա­նի ու հայութեան համար։
1¬5 Մայիս 1920ի օրե­րուն Հայաստա­նի տարածքին ծաւա­լած «Մայի­սեան խռովութիւններ»ը հանդի­սա­ցան գործադրութեան առա­ջին փուլը Լենի­նի եւ Քեմա­լի միասնա­կան ճիգե­րով պատրաստուած նորանկախ Հայաստա­նի Հանրա­պե­տութիւնը տապա­լե­լու եւ կործա­նե­լու դաւա­դիր ծրագրին։

Մայիս Մէկի Աշխա­տաւո­րա­կան Օրուան տօնախմբութիւննե­րը, 1920ին, Երեւա­նի մէջ սկսան արտա­սո­վոր ծանր մթնո­լորտի մէջ։
Քանի մը օր առաջ՝ 28 Ապրի­լին յանկարծ «խորհրդա­յին» դարձած Ատրպէյճա­նի «պոլշեւիկ» իշխա­նութիւննե­րը վերջնա­գիր յղած էին Հ.Հ. վարչա­պետ Ալ. Խատի­սեա­նի կառա­վա­րութեան՝ պահանջե­լով, որ հայկա­կան բանա­կը պարպէ Ղարա­բաղն ու Զանգե­զուրը Կարմիր Բանա­կի զինուորնե­րու մուտքին առջեւ։
Երեւա­նի կեդրո­նա­կան հրա­պա­րա­կին վրայ կառավարական¬պաշտօնական շուքով կատա­րուող Մայիս Մէկի հանդի­սութեանց հետեւող ժողովրդա­յին խուռնե­րամ բազմութիւնը անձկութեամբ կը սպա­սէր Խատի­սեա­նի կառա­վա­րութեան պատասխա­նին՝ Կարմիրնե­րու կողմէ յղուած վերջնագրին։
Կասկած չկար, որ հայկա­կան բանա­կը պիտի չլքէր հայրե­նի հողը, ընդհա­կա­ռակն՝ ամէն գնով պիտի պաշտպա­նէր Ղարա­բա­ղի եւ Զանգե­զուրի հայութիւնը ատրպէյճա­նա­կան ներխուժումին դէմ։
Բայց նաեւ դաժան ու դառն իրո­ղութիւն էր, որ Ատրպէյճան արդէն Կարմիր Ռուսաստա­նի դրօ­շը պարզած էր եւ անոր անունով յայտա­րա­րուած էր Հայաստա­նի ուղղուած անձնա­տուութեան վերջնա­գի­րը…

Հայաստանն ու հայութիւնը կրնայի՞ն արհա­մարհել Ռուսաստա­նի… վերջնա­գի­րը։
Հայկա­կան անձկութիւնը ունէր նաեւ ներքին անհանգստութեան աղբիւր մը։ Աշխա­տաւո­րա­կան իրաւունքնե­րու պաշտպա­նութեան միջազգա­յին Օրը տօնող հայ աշխա­տաւորնե­րու, յատկա­պէս գիւղա­ցի­նե­րու բազմա­հա­զա­րա­նոց բազմութեան մէջ ներկայ էին եւ արտա­կարգ աշխուժութիւն կը դրսեւո­րէին Մարքսի ու Լենի­նի նկարներ պարզած հայ պոլշեւիկնե­րու փոքրա­թիւ խումբե­րը։
Այս վերջիննե­րը՝ հայ պոլշեւիկնե­րը, Կարմիր Ռուսաստա­նին ուղղուած զօրակցա­կան կարգա­խօսքե­րու շարքին, նաե՛ւ Հայաստա­նի կառա­վա­րութեան տապա­լումն ու խորհրդա­յին կարգե­րու հաստա­տումը պահանջող կոչեր կը վանկարկէին…

Մայիս Մէկի երեւա­նեան հաւա­քը անշուշտ անտե­սեց հայ պոլշեւիկնե­րու անհե­թեթ կոչե­րը։
Հաւա­քը ցուցադրա­կա­նօ­րէն, հրապակա՛ւ, որդեգրեց համա­ժո­ղովրդա­յին բանա­ձեւ մը, որ նախ Հայաստա­նի կառա­վա­րութե­նէն կը պահանջէր տեղի չտալ Խորհրդա­յին Ատրպէյճա­նի կողմէ հնչած վերջնա­գի­րին առջեւ, ապա՝ համո­զում եւ յոյս կը յայտնէր, որ Կարմիր Ռուսաստա­նը ի վերջոյ ընթացք չի տար ատրպէյճա­նա­կան հակա­հայ գրգռութեանց։
Լենի­նեան Ռուսաստա­նին կապուած այդօ­րի­նակ յոյսերն ու ակնկա­լութիւննե­րը անհիմն էին եւ ապարդիւն անցան, բնականաբա՛ր։

Առնչվող Հոդվածներ