ՄԵՐ ՈՒՂԻՆ

Հայաստանի Հանրապետություն․ Մայիսեան Խռովութեանց Եւ Հայրենադաւութեան Դառնագոյն Էջը

Քանի մը օր առաջ՝ 28 Ապրիլին յանկարծ «խորհրդային» դարձած Ատրպէյճանի «պոլշեւիկ» իշխանութիւնները վերջնագիր յղած էին Հ.Հ. վարչապետ Ալ. Խատիսեանի կառավարութեան՝ պահանջելով, որ հայկական բանակը պարպէ Ղարաբաղն ու Զանգեզուրը Կարմիր Բանակի զինուորներու մուտքին առջեւ։

Նազարեթ Բերբերյան

ՄԵՐ ՈՒՂԻՆ

Վերևի նյութը մասերով է պետք ներկայացնել։ Ուղարկում եմ առաջին մասը։ Դնել այնպես ինչպես սովորաբար դրվում է Նազոյի նյութը։ Կարելի է նաև նույն նկարով

Յուշատետր

1-5 Մայիս 1920․

ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԻՒՆ․
Մայիսեան խռովութեանց եւ հայրենադաւութեան դառնագոյն էջը

Ն. Պէրպէրեան

Մաս առաջին

Մայիս ամսու առաջին օրերը, 103 տարի առաջ, պատմական նշանակութեամբ եւ ազգային-քաղաքական տարողութեամբ ծանր ու դաժան, տագնապալի եւ դառնագոյն օրեր եղան Հայաստանի ու հայութեան համար։
1¬5 Մայիս 1920ի օրերուն Հայաստանի տարածքին ծաւալած «Մայիսեան խռովութիւններ»ը հանդիսացան գործադրութեան առաջին փուլը Լենինի եւ Քեմալի միասնական ճիգերով պատրաստուած նորանկախ Հայաստանի Հանրապետութիւնը տապալելու եւ կործանելու դաւադիր ծրագրին։

Մայիս Մէկի Աշխատաւորական Օրուան տօնախմբութիւնները, 1920ին, Երեւանի մէջ սկսան արտասովոր ծանր մթնոլորտի մէջ։
Քանի մը օր առաջ՝ 28 Ապրիլին յանկարծ «խորհրդային» դարձած Ատրպէյճանի «պոլշեւիկ» իշխանութիւնները վերջնագիր յղած էին Հ.Հ. վարչապետ Ալ. Խատիսեանի կառավարութեան՝ պահանջելով, որ հայկական բանակը պարպէ Ղարաբաղն ու Զանգեզուրը Կարմիր Բանակի զինուորներու մուտքին առջեւ։
Երեւանի կեդրոնական հրապարակին վրայ կառավարական¬պաշտօնական շուքով կատարուող Մայիս Մէկի հանդիսութեանց հետեւող ժողովրդային խուռներամ բազմութիւնը անձկութեամբ կը սպասէր Խատիսեանի կառավարութեան պատասխանին՝ Կարմիրներու կողմէ յղուած վերջնագրին։
Կասկած չկար, որ հայկական բանակը պիտի չլքէր հայրենի հողը, ընդհակառակն՝ ամէն գնով պիտի պաշտպանէր Ղարաբաղի եւ Զանգեզուրի հայութիւնը ատրպէյճանական ներխուժումին դէմ։
Բայց նաեւ դաժան ու դառն իրողութիւն էր, որ Ատրպէյճան արդէն Կարմիր Ռուսաստանի դրօշը պարզած էր եւ անոր անունով յայտարարուած էր Հայաստանի ուղղուած անձնատուութեան վերջնագիրը…

Հայաստանն ու հայութիւնը կրնայի՞ն արհամարհել Ռուսաստանի… վերջնագիրը։
Հայկական անձկութիւնը ունէր նաեւ ներքին անհանգստութեան աղբիւր մը։ Աշխատաւորական իրաւունքներու պաշտպանութեան միջազգային Օրը տօնող հայ աշխատաւորներու, յատկապէս գիւղացիներու բազմահազարանոց բազմութեան մէջ ներկայ էին եւ արտակարգ աշխուժութիւն կը դրսեւորէին Մարքսի ու Լենինի նկարներ պարզած հայ պոլշեւիկներու փոքրաթիւ խումբերը։
Այս վերջինները՝ հայ պոլշեւիկները, Կարմիր Ռուսաստանին ուղղուած զօրակցական կարգախօսքերու շարքին, նաե՛ւ Հայաստանի կառավարութեան տապալումն ու խորհրդային կարգերու հաստատումը պահանջող կոչեր կը վանկարկէին…

Մայիս Մէկի երեւանեան հաւաքը անշուշտ անտեսեց հայ պոլշեւիկներու անհեթեթ կոչերը։
Հաւաքը ցուցադրականօրէն, հրապակա՛ւ, որդեգրեց համաժողովրդային բանաձեւ մը, որ նախ Հայաստանի կառավարութենէն կը պահանջէր տեղի չտալ Խորհրդային Ատրպէյճանի կողմէ հնչած վերջնագիրին առջեւ, ապա՝ համոզում եւ յոյս կը յայտնէր, որ Կարմիր Ռուսաստանը ի վերջոյ ընթացք չի տար ատրպէյճանական հակահայ գրգռութեանց։
Լենինեան Ռուսաստանին կապուած այդօրինակ յոյսերն ու ակնկալութիւնները անհիմն էին եւ ապարդիւն անցան, բնականաբա՛ր։

    

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *